Գրական երկարամեայ կեանքիս ընթացքին, չեմ յիշեր հանդիպած ըլլալ գրողի մը, հոգ չէ թէ ինչ սեռի, գոյնի եւ ցեղային պատկանելիութեան, որ գաղտնօրէն չփայփայէ տիրական մեծ լեզուներու թարգմանուելով՝ իր խօսքը հնչեցնել ու հասցնել միջազգային ընթերցող հասարակութեան։ Տարբեր հարց, թէ անոր ստեղծագործութեան թափը տիեզերական չափանիշ ու հնչեղութիւն ունի՞, թէ մեծերու «գլոնինկ»ով յագեցած տեղայնական ցած մակարդակի է։
Հոգ չէ թէ գրող մը Ալասքեան սառնամանիքներու տակ կորած ձիւնածածկ խրճիթի մը մէջ, սպիտակ արջի մորթին վրայ ծալլապատիկ նստած՝ կը տանի ստեղծագործական իր աշխատանքը, թէ՝ Ափրիկեան անտառին խորը կտուած հողաշէն իր խրճիթին մէջ, կիսամերկ վիճակով, վագրի մորթին վրայ ծնկաչոք, քարիւղէ կանթեղին արձակած աղոտ լոյսով։ Եւ տակաւին Նիւ Եորք երկնաքերի մը հարիւրերորդ յարկը, համակարգիչին դիմաց նստած՝ ականջը Պրահմզի ջութակի «գոնչերդոյին» բողոքի կանչերուն։ Մէկ է, անոնց ստեղծագործական քուրայէն յառնող բանն ու բառը, գեղեցի՛կը երկնողը պիտի փորձուի թեւերը լայն-լայն տարածելով ամէն գոյնի մարդիկն ու տիեզերգը գրկել:
Այո, Ափրիկէի խորերը ստեղծագործող գրողը կ՛ուզէ իր ուրոյն խօսքին արձագանգը հասցնել, հնչեցնել մինչեւ տիեզերքի չորս ծագերը։ Քարանձաւեան իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր, մարդ էակը յարաճուն պահանջքը զգացած է խաւարէն դուրս սողոսկելով՝ անծանօթին, աշխարհին բացուելու։ Հայ գրողը չէ, որ իր խոշոր «Ես»ով բացառութիւն պիտի կազմէր։
Առ այդ, պէտք է խոստովանիլ, թէ հայ ժողովուրդը իր ծոցէն, հեռաւոր ու անմիջական անցեալին, առատ հունձք տուած է արուեստներու եւ գրականութեան բնագաւառներէն ներս՝ մարդկութեան ընծայելով Աստուածատուր տաղանդով ու համամարդկային զգացումներով տոգորուած բազմաթիւ տիտաններ։ Մասնաւորելով մեր խօսքը գրականութեան բնագաւառին՝ հոն ալ փայլատակած է հայու ստեղծագործական հանճարը, հակառակ անմիջական մեր անցեալին, իր դէմ շղթայազերծուած խժդժութիւններուն, խոշտանգումներուն եւ զինք իր բնօրրանէն բնաջինջ ընելու փորձերուն։ Իսկ անոնք, որոնք հրաշքով մը մազապուրծ ազատեցան ցեղասպան թուրքին եաթաղանէն, հայ ժողովուրդի բնատուր հանճարով վերընձիւղուեցան, ծաղկեցան ու հակառակ անապատէն փչող խորշակին, անոնց յաջողուեցաւ համամարդկային խորքով ու միջազգային ջափանիշով գրական գործեր երկնել։
Վաղ անցեալէն, միջնադարեան հանճարեղ մեր նախորդներէն՝ Նարեկացիէն ու Շնորհալիէն սկսելով, անցնող դարու մեր դասականները, նախաեղեռնեան ու յետեղեռնեան սերունդները, հետագային ասոնց հոյլին միացող Խորհրդային ժամանակաշրջանին ծաղկած խոշորագոյն տաղանդները, յետեղեռնեան Սփիւռքի հսկաները, երբեմն ընկերային ու քաղաքական վատթարագոյն պայմաններու տակ յաջողեցան մեզի տալ միջազգային մակարդակով գրական գլուխգործոցներ։
Նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները համամիութենական լեզուներու թարգմանուելով՝ դուրս ելան Հայաստանի սահմաններէն, հասնելու միլիոնաւոր ընթերցողներուն։ Սակայն, յաճախ զլացուեցաւ անոնց միջազգային տիրական լեզուներու թարգմանուելով՝ նուաճել նաեւ գրականութեան միջազգային շուկան։ Փոխարէնը, սակայն, տարբեր եղաւ օտարագիր հայ գրողներուն ճակատագիրը։
Արդարեւ, երբ վաթսունականներու սկիզբը ոտք կը դնէինք Ափրիկեան ցամաքամաս, տեղացիները ծանօթ չէին հայու մեր ինքնութեան։ Յաճախ կարճ ու դիւրին միջոցը գտած էինք մեր ինքնութիւնը յայտնելու՝ իբրեւ Ուիլեըմ Սարոյեանի ցեղակից։ Հէգ գրողին վայելած ճանաչումն ու ժողովրդականութիւնը՝ իբրեւ անձագիր կը գործածէինք։ Սիւրմելեանին ու Մայքըլ Արլենին անունները նուազ ծանօթ էին Սեւ ցամաքամասի ընթերցողներուն։
Վստահ ենք, որ սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերող գրչակից եղբայրներս ու քոյրերս, հայրենի ու սփիւռքահայ գրողները համաձայն պիտի ըլլան, թէ անցեալին, ինչպէս ներկայիս, հայ գրողին տաղանդը, երեւակայութիւնն ու համամարդկային գաղափարները չեն պակսած։ Այլ միջազգային շուկայ բացուելու առիթն ու բախտը զլացուեցաւ անոր։ Առանց հարցը ազգային սնափառութեան վերածելու, այս բեմէն լիաթոք կարելի է յայտարարել, թէ բնութիւնը մեր ժողովուրդին զաւակները օժտած է ստեղծագործական անուրանալի տաղանդով ու թռիչքով։ Թէ հայ արգանդը այսօր ալ կարող է հանճարներ ծնիլ արուեստներու բոլոր բնագաւառներուն։
Արդ, ամերիկեան երեսուն տարիներու փորձառութենէն մեկնելով՝ պիտի փորձեմ իմ ալ տեսակէտս պարզել ու համեստ ներդրումս բերել ծրագրուած այն աշխատանքին, որ հայ գրողին ստեղծագործութիւնը արեւմտեան տիրական լեզուներու թարգմանելով՝ «պեսթ սելլըր» պիտի դարձնէ զայն, միջազգային շուկան նուաճել տալով անոր։ Թէ ինչպիսի՞ մեքանիզմ մը հարկաւոր է հայ գրականութեան միջազգայնացումը ապահովելու համար՝ ստորեւ քանի մը կէտերով պիտի փորձեմ յայտնել միտքս։
Միջազգային շուկան նուաճելու համար, նախ եւ առաջ հայ գրողը համամարդկային թեմաներ պիտի շօշափէ։ Եւ դարձեալ առանց սնապարծութեան մէջ սայթաքելու, շեշտեմ, թէ մեծ թիւ կը կազմեն յատկապէս այն արձակագիրները, որոնք ոչ միայն համամարդկային թեմաներ եւ արդի գրելաոճ կը գործածեն, այլ նաեւ թեմաթիկ առումով, իրենց օտար ժամանակակիցներէն բաւական առաջ կը միտին մարդկութիւնը յուզող տագնապներուններուն։
Թոյլ տուէք, սիրելի գրչակիցներ, խօսքս անմիջական ու հատու դարձնելու համար, սեփական օրինակներով բացայայտել միտքս։ Երեսուն հինգ տարիներ առաջ «Ադամանդի պատմութիւն մը» խորագրուած ափրիկեան թեմայով պատմուածք մը գրած էի։ Ձեզմէ շատեր, վստահ եմ, առիթը ունեցան դիտելու երկու տարի առաջ հոլիվուտեան պաստառները նուաճող «Պլոոտ Տիամոնտ» անունով հրապարակ հանուած ժապաւէնը։ Ֆիլմը դիտելէ ետք հասայ այն համոզումին, թէ անգլերէն հատորս խմբագրող ամերկուհին, որ հոլիվուտեան սցենարներ գրելու մասնագէտ մըն էր, եւ ինծի ժամանակին յայտնած էր, թէ ափրիկեան պատմուածքներս սցենարի ոսկեհանք էին, այո՛, համոզուած էի, թէ այդ կնոջ խողովակով, Հոլիվուտը յայտնաբերած էր այդ թեման։ Բարեկամներս թելադրեցին, որ դատի տամ ֆիլմը արտադրող «Սթիւտիոն»։ Հոգեկանս չխանգարելու համար, մերժեցի ընթացք տալ անոնց փափաքին։ Ըստ օսքարակիր բեմադրիչ մանչիս՝ սցենարի մասնագէտները պէտք չունին ամբողջ գրուածքը ընդօրինակելու։ Անոնց հետաքրքրողը թեմա՛ն, գաղափա՛րն ու մի՛տքն է։
Նոյնը պատահեցաւ «Պատի Բարդց» եւ «Աւաթար» ժապաւէններուն հետ, որոնց թեմաներով պատմուածքներ գրած եմ 1992ին։ Դարձեալ կը կրկնեմ, փաստ չունիմ, թէ անծանօթ սցենարիստը անպայմանօրէն իմ գործերէս օգտուած է։ Կրնայ նաեւ պարզ զուգադիպութիւն ըլլալ, ինչ որ հաւանականութիւն է գոնէ «Աւաթար» ժապաւէնի պարագային։ Սակայն այս պահուս զարգացուցած թէզս այն է, որ հայ ստեղծագործ միտքը բանով մը չի զիջիր օտարներուն, եւ նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու, անոնցմէ տասնամեակներով առաջ կը մատչի մարդկութիւնը խոցող ցաւերուն ու հիմնահարցերուն։
Տեսանք թէ հայ գրողը արդէն իսկ դարուս ոգիով ու ոճով կը ստեղծագործէ։ Սակայն անոր նոր գործը կամ բնաւ չի հասնիր օտար ընթերցողին, երբեմն ալ յապաղումով կը հասնի եւ Deja Vue-ի «Գլոնինկ»ի կամ կրկնութեան տպաւորութիւն կը թողու անոր վրայ։
Այսօր միջազգայինին հասնելու համար, գրող թարգմանիչներու հոյլի մը կարեւորութիւնը կը զգացուի։ Վերջերս, երբ բանավէճ կը սաստկանար Հայաստանի մէջ օտար համալսարաններ հիմնելու գաղափարին շուրջ, հակառակ ազկայնական գաղափարաբանութեանս, պահ մը փորձուեցայ սատանային բարձրախօսը հանդիսանալով եւ այդ օտար կրթական օճախներէն վկայուող հայ տղոց մէջ տեսնելով ապագայի փայլուն օտարալեզու մեր թարգմանիչները, որ հայերէնը աղքատ Ղազարոսի կարգավիճակին չմատնուի։ Գրական գործ մը թարգմանելու համար, թարգմանիչը գրողին չափ կամ աւելի տաղանդ պիտի դրսեւորէ, ու տիրապետէ զոյգ լեզուներուն։
Այս պահուս հայ գրողը մտահոգող հիմնական հարցը թարգմանիչի պակասն է ու անոր վճարուելիք գումարներուն չգոյութիւնը։
Փորձեցի «Փտախտ» վէպս անձամբ անգլերէնի թարգմանել։ Բաւական յաջող դուրս եկաւ։ Սակայն նախքան տպագրութեան յանձնելս, լեզուագէտ խմբագիրի մը պէտք ունէի։ Տակաւին խմբագիրին վճարուելիք գումարին վրայ պիտի աւելցնել օտար հրատարակչականէ մը հրատարակուիլը, որ իր կարգին, ափ մը փողի կը նայի։
Դարձեալ անձնական փորձառութեամբ պիտի խօսիմ։ Ամերիկայի մէջ գիրք մը «Պեսթ Սելլըր» դարձնելու համար, գոնէ կէս միլիոն տոլարի ծանուցման պէտք ունի հեղինակը, կամ գիրքի կողքին կանգնող միլիոնատէր մեկենասի։ «Ափրիկեան Համանուագ« գործիս անգլերէն թարգմանութիւնն ու օտար, հանրածանօթ հրատարակչատունէ մը լոյս ընծայուիլը, գոնէ տասը հազար տոլարի նայեցաւ, իսկ ապագային գիրքը ընթերցողին հասցնելու համար «Նիւ Եորք Թայմզ» ի պէս տարածուն թերթերու մէջ կատարուելիք ծանուցումներուն եթէ տնտեսական կարողութիւն ունենայի վճարելու, ապա ծախսը մինչեւ հիմա 100էն 150 հազար տոլարը պիտի անցնէր, սակայն ընթացքին, գիրքն ու անոր հեղինակը հանրածանօթ անուն կրնային դառնալ:
Արդ, միայն տաղանդով ու յաջող գործ մը գրելով չի վերջանար հայ գրականութեան միջազգայնացումը։ Մեր բնակած դրամատիրական դրախտի տարածքին լաւ գրուած գիրքը միջազգային հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար, արդիական մեքանիզմ մը պիտի հաստատենք՝ հետեւեալ կէտերով յագեցնելով զայն.
Ա. Դարուս ոգիով ու ոճով պիտի գրուին մեր վէպերը՝ մտահան չընելով գրուած վէպը օր մը սպիտակ պաստառ հանելու հաւանականութիւնը։ Այսօր զօրաւոր հոսանք մը սկսած է, երբ նոր սերունդը, գրական գործ մը գիրքի «ֆորմաթ»ով ընթերցելու փոխարէն, կը նախընտրէ պատկերներու լեզուով սպիտակ պաստառին վրայ դիտել նոյն վէպին խտացած տարբերակը։ Եւ որպէսզի վէպ մը պաստառ հանուելու բախտին արժանանայ, պէտք է յագեցուած ըլլայ պատկերներով ու արագ ընթացող դիպաշարով: Իբրեւ օրինակ, այստեղ թոյլ տուէք յիշել Ա. Թոփջեանի վերջին երկու վէպերը՝ «Եւ անգամ մահից յետոյ»ն եւ «Պանք Օթթոման»ը։ Կարծեմ իմ վերջին երեք վէպերս՝ «Փասփորթ»ը, «Փտախտ»ը եւ անտիպ «Միշըն թու Մարաշ»ը, կը մօտենան այդ ժանրին։
Բ. Վէպը տաղանդաւոր թարգմանիչներու պիտի յանձնուի՝ տիրող օտար լեզուներով լոյս տեսնելու համար։ Ապա՝ միջազգային առաջատար հրատարակչատուն մը։ Առանց խնայելու հրատարակիչներուն կողմէ յարմար նկատուած մեծ թերթերուն մէջ վճարովի լոյս տեսնելիք ծանուցումներն ու գրախօսականները։
Գ. Հսկայ այս ծախսերուն ետին պիտի կանգնի «Հայ գիրքի բարեկամներ»ու նորակազմ հզօր միութիւնը, որուն ժրաջան անդամները տասական ու քսանական օրինակ պիտի գնեն նոր հրատարակուած գիրքէն՝ զայն քանի մը շաբթուան ընթացքին «Պեսթ Սելլըր»ներու ցանկը անցնելու համար։
Ամերիկայի տարածքին ամէն օր ականատեսը կը դառնանք վերոյիշեալ գործելակերպին։ Վերջին օրինակը Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահութեան թեկնածու Սերա Փէյլընի հատորն էր, երբ աջակողմեան ու հանրապետական կամաւորներ, երկար շարքեր կազմեցին ու խլեցին նոր օրերու հանճարեղ գրողին եւ ուշացած «մեսիա»ին ինքնակենսագրական հատորը։ Նոյն գործելակերպը կ՛որդեգրէ նաեւ բողոքական աջը՝ իր պատուելիներուն եւ բարոյախօսներուն գործերը «պեսթ սելլըր» դարձնելու համար։ Արեւմուտքին մէջ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար ամերիկեան շուկայի վրայ, ամէն ինչ լաւ չափուած ու ձեւուած «պիզնես» է։ Նոյնը կարելի է ըսել նոր հրատարակուած գիրքերուն մասին։
Իսկ հայերս, բացի Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի սեւ շունը« եղեռնեան հատորը «պեսթ սելլըր» դարձնելու նախադէպը ստեղծող Յարութ Սասունեան-Քըրք Քըրքորեան զոյգի յաջող փորձէն, դեռ աստղային տարիներով ետ մնացած ենք, երբ հարցը հայ գրողը գնահատելու մարտահրաւէրին կը վերաբերի։
Յաճախ ազգովին միամտութեան շղարշին տակ պահուըտելով՝ չտեսնելու կու տանք միւս խմբակցութիւններուն կիրարկած գործելաձեւը ու իր բախտին կը թողունք խեղճ գրողը։ Երբ այս միտքերը գրի կ՛առնէի, Նոպելեան թուրք մրցանակակիր Օրհան Փամուկի անունը գրչիս տակ ինկաւ։ Անոր յաջողութեան մէջ գործադրուած են վերոյիշեալ «պիզնես»ային տուեալները։ Անձամբ գրախօսած եմ թուրք այլախոհ գրողին խնդրոյ առարկայ՝ «Ձիւնը» մրցանակակիր հատորը։ Առանց վարանելու կրնամ ըսել, թէ կատարեալ գործ մը չէր, եւ գրախօսականիս երկայնքին մատնանշած եմ վէպին խոցելի կէտերը։ Այլ խօսք, թէ ի՛նչ հաշիւներէ մեկնելով՝ անոր յանձնեցին Նոպելեան գրական մրցանակը…
Մեզմէ անոնք, որոնք ծանօթ են միջազգային հրատարակչատուներու գործելակերպին, պիտի վկայեն, թէ յաճախ աշխարհով մէկ ծանուցուող «պեսթ սելլըր» մը բնաւ կապ չ՛ունենար գիրքին ու հանճարափայլ անոր հեղինակին ստեղծագործական մակարդակին, նաեւ անոր ունեցած կամ չունեցած տաղանդին հետ։
Այս պահուս, ժամանակակից հայ գրականութեան միջազգայնացումը, որքա՛ն կախում ունի գրողէն ու անոր արժանաւոր թարգմանիչէն, նոյնքան ալ՝ գրողին նեցուկ կանգնող տնտեսական կազմակերպեալ ուժէն։ Մնացածը սեւականներու կռիւ է՝ մութ թունելի մէջ:
Granishe arden xelagarnerin e tpagrum?
Հա, գիտակիցներից հույս չկա…
Կարելի է ավելի կորրեկտ արտահայտվել: Այս նյութը այնքան էլ վատ չէ, ուղղակի լավ կլինի գրողները համեստ լինեն…