«Էրեբունի- Երեւանի՝ 2800 ամեակին»
Առաջին իջեւանը, ուր տասնեւութ ամեայ պատանուհին գիշերեց իր հայրենի հողի իւրայատուկ շերտին վրայ, ինչպէս՝ Նոյ իր տապանով առաջին անգամ իջեւանեց Արարատ լերան վրայ։
1985 թուի Օգոստոսի 31ն է։ Զգացումներու համար բառերը անիմաստ գոյնզգոյն խաւաքարտեր կը թուին։ Ո՛չ Հրատ մոլորակ ժամանելու, ո՛չ ալ Լուսին հասնելու զգացողութիւնը կ՛ունենամ, ինչպէս որ նախապէս կը կարծէի թէ՝ կրնայի զգալ․․․։18 տարիներ սիրահարուած ըլլալ գոյութեան մը, առանց զայն տեսած ըլլալու ․․․
Եւ․․․
Գիշեր է։ Էյրոֆլոթի ինքնաթիռէն դուրս կուգամ սպառած։ Գլուխս անտանելիօրէն կը ցաւի։ Պատէ-պատ զարնուած, մաքսատունէն դուրս կ՛ելլեմ ապտակ մը ստացածի պէս, հիւանդ, յոգնած եւ ուժասպառ։ Բոլոր իրերս առանց բացառութեան կը զննուին, որպէսզի կարենամ ոտք դնել հէքիաթներու աշխարհէս ներս։
Մութին մէջ, ձայն մը՝ -Մարիանան դուք է՞ք-, կ՛ըսէ։
Գիտէի, որ ազգականներս՝ հօրս հօրեղբօրորդւոյն ընտանիքը, որ չէի ճանչնար, պիտի գային զիս դիմաւորելու․․․
Մութ է տեսահորիզոնս․ յայտնուած դիմագիծերը անծանօթ․ քիչ մը կը մօտենամ, կը փաթթուին, ճամպրուկս կը վերցնեն ու զիս կ՛առաջնորդեն դէպի իրենց Լատա մակնիշի ինքնաշարժը։
Հօրս զարմիկներն են, միեւնոյն ազգանունը կը կրենք։ Իրենց տաներէցին՝ 1946 թուին վիճակուած էր ներգաղթել «աւետեաց երկիր», իսկ իմինին՝ ոչ․․․
Հօրեղբօրս անունը մերժուած էր ներգաղթողներու ցանկէն, հօրեղբայրս, որ հօր մը դերակատարութիւնը ունեցած էր հօրս համար, քանի որ հայրս որբ մնացած էր փոքր տարիքէն՝ մերժումի լուրը ստանալուն պէս, կաթուածահար եղած ու մահացած էր։ Անոր հայրենաբաղձութիւնը փոխանցուած էր մեզի, իսկ հիմա իմ հայրենիք ժամանումս, նախանձելի կրնար ըլլալ այնտեղ մնացողներուն համար ․․․
Մայր ու որդի, հարսը,թոռները մեծ սրտբացութեամբ կը դիմաւորեն զիս։
Կարեւոր հարց պատասխաններէ ետք, կը յարեն՝ -Մինչեւ Վարդաշէն հասնիլը պէտք է անպայման Լենինի Հրապարակէն անցնինք, որ տեսնես մեր երգեցիկ շատրուանները։
Սիրած էակ Երեւանս։ Հիմա ցաւի, անհանգստութեան, անորոշութեան զգացումներու տարափին տակ, քեզի հանդէպ ունեցած սիրահարուածութեան ամենագեղեցիկ զգացումս՝ հարուած կը ստանայ։ Յուզումն ու յոգնաբեկութիւնը, ապագայի նկատմամբ վախը, տունէն առաջին անգամ բաժնուելու՝ անապահովութեան զգացումը, նոր ծանօթացած մարդոց տուն ուղեւորուիլս այնտեղ մնալու համար, ոչ միայն կը ջլատեն 18 ամեայ երիտասարդուհիի մարմնական ուժերս, նաեւ ուղեղիս զգացական բաժինը իրենց իշխանութեան տակ կ՛առնեն։
Կը հասնինք Վարդաշէն։
Ուշ գիշեր է։
-Վաղը առաւօտեան անպայման Էրեբունի ամրոց-բերդ պէտք է այցելես-, կը շեշտէ նորայայտ ազգականս՝ Հայկը։- Որ հիմա անցանք կողքով-, կ՛աւելցնէ մայրը՝ Երուսաղէմացի Օսանը՝ հօրս հօրեղբօրորդւոյն տիկինը։
Կը հասնինք իրենց տուն։Պարզ, կոկիկ, տարօրինակ յատուկ բոյրով տուն մը՝ որ միայն նոր եւ օտար տան մը, քաղաքի մը գոյութիւնը կը յիշեցնէ ինծի (հետագային այս նոյն բոյրին պիտի հանդիպէի իւրաքանչիւր Երեւանեան տան մէջ)։
Ընթրիքէն ետք կը փորձեմ քնանալ։ Կողքի տարածքը հարսանիք կայ, իսկ իմ, օդանաւէն սկսեալ ամբողջ օր մը տեւած (միկրէն)ս կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Երկար ժամեր թրքական անորակ ռապիզը կը շարունակէ քունքերուս մէջ նուագել ․․․ անընդհատ կը կրկնեմ․- ես ո՞ւր եկայ ․․․։
Իսկ հիմա երբ այլեւս չկան այդ բարի մարդիկը, երբ չկան Օսանն ու Սարգիս ամմօն, երբ չկան հայրս ու մեծերը, ես ոչ միայն բարեգութ հայեացքով, հապա կարօտով կը նայիմ այդ բոլորին։ Ոչ միայն չեմ տեսներ երբեմնի այդ մանր մունր թերութիւնները, հապա կը պաշտպանեմ զանոնք իմ իսկ չար նայուածքէս։ Ես, ես ինձմէ կը պաշտպանեմ իմ սիրելի Երեւանիս բոլոր մանրամասները։ Մեղաւորներ չեմ փնտռեր, կը փորձեմ հասկնալ եւ արդարացնել, հիւանդութեան ուրկէ սպրդած ըլլալը գիտնալ փորձելով։ Հեռուներէն երբ կը դիտեմ, կը հասկնամ, որ միայն ու միայն զոհեր կան այնտեղ եւ հատ ու կենտ զարտուղի ու օրէնսդրուժ մարդիկ, եւ ոչ անպայման գիտակցուած սխալներ կամ թերութիւններ։ Կը փորձեմ գտնել ճեղքը ուրկէ սպրդած էր ցաւը, կը ծեփեմ մատներովս ու երեւակայական վիրակապերով կը փաթթեմ վէրքը որ բժշկուի։ Կը թաղեմ չարն ու վատը այնտեղ իրենց գերեզմանին մէջ՝ ուր ցցուած էին, լաւն ու բարին անոնց տեղ բուսած տեսնելու ակնկալութեամբ։
Անցնող 33 տարիները չեն վազած դէպի յետսամաս մութ խորոչ, աղօտ յուշեր ձգելով ներկային վրայ։ Անցեալն ու ներկան պատահաբար չէ որ իրար կը խառնեմ․ անցեալը ներկային մէջ ապրող այն կիսատ ապրուած բաժինն է, որ պիտի շարունակուի տակաւին, ու ես բնաւ անաւարտ չեմ ուզեր ձգել այդ բոլորը օդին մէջ։ Անցեալին մէջ, տակաւին թաքուն ձգուած գործ եւ երջանկութիւն կայ, որ զիս կը կանչէ ապրելու եւ շարունակելու այդ բոլորը։-Կիսատ մի՛ թողուր սկսած երջանկութիւնդ -, ձայն մը յստակ կը գոչէ․․․
․․․․
2018 թուական ամառ։
Աւարտին հասած է արդէն աղջկաս երազային հարսանիքը։ Երազային անոր համար, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ եւ պատճառ դարձաւ բոլոր հարազատներուն Երեւան մէկտեղուելուն․ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով իրենց ոտքերը դրին Նոյի, Հայկի, Արգիշտիի ու Արամի երկրին վրայ, իմ երկրիս, քու երկրիդ, մեր երկրին, ո՛չ օտարին։ Մօր, հօր, զաւկի հետ միասին ըլլալու պէս բան մը․․․։ Ու հարսանիքի աւարտով, Երեւանեան փողոցներուն, թաղերուն, շատրուաններուն, ծառերու սօսափին հետ ունեցած միամսեայ սիրաբանութիւնը, ալ՝ աւարտին հասնելու դատապարտուեցաւ։ Ամբողջ ուժով կը պայքարիմ որ մնամ նոյն հարթակին վրայ եւ ո՛չ վաղուան․․։ Մէկ օր ետք, միամսեայ գինովութենէ ետք, Հալէպ կ՛ըլլամ, բոլորովին տարբեր մոլորակ, նախկին որջ, ու կրկին ամէն գեղեցիկ յուշ կը սահի երազէ վարագոյրին ետեւ, մինչ յաջորդ նոր հանդիպում․․․
Համացանցային աշխարհը, որ անիրական կը թուի եւ խաբուսիկ, այսօր հակառակը կը փաստէ ինծի։
Երեւանի թիւ քսանհինգ գրադարանին հետ դիմատետրի վրայ ընկերներ ենք, չեմ յիշեր երբուընէ։ Անոնց առօրեան, գործունէութիւնը ինծի համար անծանօթ չեն։
Զարթնեցնող ներքին զանգ մը, կրկին տեղի անտեղի, կը զգուշացնէ «Միայն մէկ օր մնաց, սիրած քաղաքիդ հետ ըլլալու․․․»։
Վարդաշէն պէտք է հանդիպիմ, Էրեբունի շրջան, տեսնելու համար ազգականներս, որոնց տարեցները արդէն իսկ հեռացած են, ո՛չ միայ Վարդաշէնէն, նաեւ երկիր մոլորակէն՝ ընդհանրապէս։ Կ՛որոշեմ, նախ անցնիլ Վարդաշէնի գրադարանէն, անոնց նուիրել՝ իմ գիրքերէս։ Մեսենճրով կը կապուիմ, ճշգրիտ հասցէն կը խնդրեմ, չեն ուշանար մանրակրկիտ բացատրութեամբ մը պատասխանելու։
– Գրադարանը գտնւում է 64 դպրոցի շէնքում, բակից ձախ,ս պիտակ դուռ է։
– Էրեբունի վարչական շրջան, Վարդաշէն թաղամասի դպրոց։ Վարդաշէն 3րդ փողոց, 2րդ շէնք։ Էրեբունի ամրոցին կպած, Վարդաշէնի կողմից։
-Վարդաշէնցի չէ՞ք:
Իսկ ինչպէ՞ս ըսեմ, որ թէեւ ես Հալէպցի եմ, բայց ինքզինքս Վարդաշէնցիի պէս կը զգամ։ Վարդաշէնը այն տարածքն է ուր առաջին անգամ ոտքս դրած եմ Երեւանի վրայ եւ Նոյի պէս՝ հոգեկան ջրհեղեղէ մը ետք իջեւանած՝ երազած վայրս։ Համալսարանի առաջին դասս պատրաստած այնտեղ։
Ինչ պատասխան տամ գրադարանավարուհիին, ո՞վ եմ ես, Վարդաշէնցի չեմ եւ ինչ կ՛ուզեմ Վարդաշէնէն։ Ըսե՞մ, թէ որքան կը սիրեմ այդ փողոցը, տարածքը, բերդը, մանաւանդ որ հոնկէ անցած է նաեւ իմ պատանեկութիւնս․ իսկ բերդէն քամի մը, հոգի մը, անպայման սպրդած ներս մտած ըլլալու է գրադարան կամ կը սպասէ դպրոցի բակին մէջ ինծի պէս անձկութեամբ լեցուն հոգիի մը հետ զրոյցի բռնուելու։
Վարդաշէնը ապրած ու քնացած առաջին վայրս է, իմ Էրեբունիիս քով։
– Հասկցանք․․«աներեւոյթին լռութեան ձայնը»։
– Շատ շնորհակալ եմ, պիտի ուզէի, իմ գիրքերէս նուիրել ձեզի-, կ՛ըսեմ,- վաղը արդէն կը մեկնիմ Հալէպ։ Մինչեւ ժամը քա՞նի բաց է, գրադարանը։
– Մինչեւ հինգը, բայց օդորակիչ չունենք․․․
-Հոգ չէ-, կ՛ըսեմ
– Իսկ մենք Բերթիզլյան ազգանունով դպրոցական ունենք կողքի փողոցից-, կը յարէ դիմատետրի խօսակիցս․
– Այո, բարեկամներուս թոռը ըլլալու է հաւանաբար,- կ՛ըսեմ։
-Սիրով սպասում ենք ձեզ-, կ՛ըսէ Սուսաննան․ (ետքը կ՛իմանամ անունը)։
Գուրգէն Մահարի փողոցով թաքսին կ՛ուղղուի դէպի Վարդաշէնի դպրոց։ Յուլիսի 27 ն է, իսկ դուրսը 41 աստիճան տօթ, կէսօրէ ետք, ժամը 4ը։ Փողոցը մարդ մարդասանք չկայ։
Վարորդը կը շուարի, կը նկատեմ թէ քիչ մը աւելի յառաջացած ենք եւ կորսնցուցած դպրոցի տարածքին մուտքը։ Քիչ մը ետեւ երթալէ ետք կը գտնենք մուտքը, կը մտնեմ դպրոցի շրջաբակ, խոշոր ցուցանակի վրայ, դպրոցի դրան վրայ եռագոյն դրօշի կողքին կը կարդամ՝ Երեւան 2800։
Դպրոցը կը գտնուի պատմական վայրի մէջ։ Օդին մէջ կը շնչեմ դարաւոր հնութեան հոտը։ Ընդարձակ է տարածքը իր բակով, այգիով եւ խաղահրապարակով։
Որքան հպարտ եմ, շէնքերը այնքան մօտ են Էրեբունի բլուրին, կարծէք միահիւսուած ըլլան միասին, նոյն հողէն են, նոյն հումքէն կոփուած, քարերը հոնկէ վար սահած են դարերու ընթացքին, հսկաներու ժամանակներէն ի վեր․ տաշուած, ձուլուած մարդոց հոգիներուն եւ մշակոյթին հետ ու զետեղուած վարը այս պատուանդանին, նոյն ատաղձէն բաղկացած հողին վրայ։ Արգիշտիին եւ Մենուային ծոռներուն ծոռները, անոնց ծոռները, հաւանաբար տաշած յղկած են անկոփ քարերը եւ վերջնականապէս վերածած դպրոցի քարերու, դպրոցի սիւներու․ դպրոցի պատմութիւնը կը սկսի հոնկէ, վերէն այդ բլուրէն․ եւ ոչ՝ 1951թուականէն։
Բերդի ստորոտի ծառերը միակ պարիսպն են դպրոցի բակին եւ բերդաբլուրին միջեւ։ Նստարաններուն վրայ ուշ գիշերին, մեր նախապապերը հաւանաբար վերէն վար կը ժամանեն զրուցելու նորերուն հետ․ առաւօտեան անոնք կը հեռանան, վերը հանգստանալու համար իրենց օթեակներուն եւ օթեւաններուն մէջ։
Ու հիմա ես այնտեղ եմ արդէն, անմիջապէս զիս կը նկատեն եւ կը դիմաւորեն։
Գրադարանի մուտքին կը կարդամ, «ՀՀՔ, Երեվան-Էրեբունի Վարչական Շրջան Գրադարան ՀՈԱԿ No-25»․
Սուսաննան է՝ գրադարանավարուհին եւ երկու օգնական աղջիկներ։ Զիս կը նստեցնեն որ հանգչիմ ետքը կը ստիպեն, որ ներս մտնեմ եւ լուացուիմ։ Խորհուրդ կուտան, որ անպայման արմուկներս թրջեմ, որպէսզի նուազի մարմնիս տաքութիւնը։ Առանց բառ մը արտասանելուս կը հիւրընկալեն, նախ տաքէն ձերբազատելով եւ զովացնելով զիս։ Կը ծանօթացնեն իրենց գիրքերուն հետ։ Բարի եւ տաքուկ մարդոցմով գեղեցկացած գրադարանը կը փայլի կը շողայ ու կեդրոնացումս կը սկսի խոյս տալ ինձմէ, կրկին կը չուեմ վեր, դէպի բերդ ուրկէ կուգան կը սեռին այս գրադարանավարուհիները։ Շրջանի բնիկ մարդիկը որոնք դարերուն սանձէն բռնած վերէն դէպի վար, թիւ 64 դպրոց եւ գրադարան կ՛առաջնորդեն իրենց նախնիներու ոգին որոնք մնացած են այնտեղ վերը․․․
Նախապէս ինծի համար, ծիսական արարողութեան պէս բան մըն էր, Էրեբունի բլուր այցելելը։ Հիմա, հոգեկան վայելք է նաեւ այցելել գրադարանը այս՝ Սուսաննան իր ընկերուհիները, իրենց տաքուկ եւ լուսաւոր այս տարածքը որ կ՛իջնէ բլուրն ի վար։
Զիս նոր գիրքով մը հարստացուցած կը ճանապարհեն տուն՝ ուր պիտի շարունակուի իմ անվերջ զրոյցս նաեւ իրենց հետ, բերդի ներքնայարկի բնակիչներուն, ուր զովացաւ մարմինս եւ հոգիս։ Մօտ օրէն նոր գիրքով մը իրենց վերադառնալու խոստումով եւ յոյսով ցտեսութիւն կ՛ըսեմ այս աղուոր մարդոց։
Արգիշտի Ա-ին, Մենուային, Ռուսային եւ անոնց մնացեալ ամբողջ ազգատոհմն ու շառաւիղները տեսած ըլլալու տպաւորութեամբ եմ մինչ հիմա։ Բերդի բնակիչներուն անգիր արտասանած եւ բերնէ բերան իրար փոխանցած բանահիւսութիւնը պահպանուած է այս փոքրիկ գրադարանի հինցած պատերու դարաններուն վրայ։ Սուսաննան իր քրմուհիի գեղեցկութեամբ կը պարզուի աչքերուս առջեւ, ձեռքերուն մէջ Մեսրոպատառ հայաշունչ գիրք մը՝ կը կարդայ ու կը բացատրէ բերդի վերի բնակիչներուն։ Ոսկեծամ գեղեցկուհին, կը թեքերի մէկ վեր, մէկ վար։ Վարը կը խօսի վերի թագաւորներուն եւ անոնց ծրագիրներուն մասին։
Հալէպ եմ արդէն․ Սուսաննան է՝ մեսենճրով կը գրէ․- Բարեւ ձեզ Մարիանա, ես ձեր գրքերին եմ ծանօթանում․ Հալէպի շունչ, բնութիւն, հայրենիք, սէր․․․ խորիմաստ էք գրում, երբ ամբողջ գրուածքներին ծանօթանամ սեպտեմբերին երեխաներին կը յանձնարարեմ, միասին կկարդանք․․․ Հիմա շատ շոգ է, երեխաները արձակուրդում են, շատերը քաղաքից դուրս են հանգստանում։
Ձեր գրքերը իմ սեղանին են, ամէն օր կարդում եմ, հայրիկի մասին, տերեւների, սիրոյ, հայրենիքի, ծննդավայրի, Հալէպի շունչն եմ զգում․․․
Ու հիմա Սուսաննան իմ կապս է, Էրեբունիէն Երեւան գացող ճամբուն, անցեալէն դէպի ներկայ եկող, նոյնիսկ Վանէն՝ Մենուայի որդիին հետ դէպի մեզի եկող ծածկագիրը, որ զիս կը մղէ հայեացքս կեդրոնացնել դէպի երազանքիս տարածքին վրայ գտնուող գրադարանը, ուր տակաւին բացայատուելիք գաղտնիքներ կան․ ուր կրնան հանգրուանիլ նաեւ իմ գիրքերս, որ կրկին իմ եւ Վարդաշէնի միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութիւնը ծաղկի։
33 տարիներ առաջ, աշնանային այսպիսի օր մը, «Վարդաշէն 8-3»ի տան դրան առջեւ սորվեցայ իմ կեանքի, նոր հայրենի թուարկութեան առաջին բանաստեղծութիւնը․
Իմ սուրբ Հայրենիք
Դու սրտիս մէջ ես
Դու սրտիս մէջ ես
Ոչ լեզուիս վրայ․․․
․․․․․
Եւ հիմա կը հասկնամ, թէ՝ լեզուն ալ սրտին չափ մեծ դեր ունի մեզ կապելու անցեալին եւ ապագային հետ։
Ու գրադարանը այս, թէեւ փոքրիկ, համեստ, բայց լուսաւոր ու բաբախուն սիրտ, որ զիս կը կապէ բլուրին վրայ եղող անցեալին հետ որ ինծի համար լեզու կ՛առնէ ու կըհասնի Արգիշտիէն նոր Երեւան, Էրեբունիէն դէպի դպրոցի ու գրադարանի տարածքէն դուրս ուր կեանքը իր սովորական հունով կը շարունակուի։
Այդ օր, անտանելի տօթին, գրադարանէն վերադարձիս, քիչ մը վար, յանկարծ կը նկատեմ ժպտադէմ մարդիկ որոնք անուշավաճառի խանութէն դուրս կուգան լեցուն ձեռքերով․ ես ալ կը մտնեմ խանութ, կը վերցնեմ փուռէն նոր դուրս ելած, տաք գաթան, շիշ մը գինիով կը շտապեմ դէպի Վարդաշէն 8-3, ուր Մարիամն ու իր հայրը՝ Հայկը կիզիչ արեւուն տակ զիս կը սպասեն, ինչպէս որ տարիներ առաջ զիս կը սպասէին, Օսանն ու Սարգիս ամմօն, Մարիամի մեծ հայրն ու մայրը՝ Անդրանիկն ու Մարին, որոնք բոլորն ալ չկան հիմա։ Միասին բառ առ բառ կը կարդայինք Հայկին բանակէն՝ Վլատիվաստոքէն գրած իւրաքանչիւր նամակ ու ժամերով կը վերլուծէինք զանոնք․․․։ Հայկն ու հայը այդ օրերուն պարտաւոր էին պաշտպանելու հեռու հեռաւոր սահմաններ։
Հրաժեշտի պահուն, Մրաիամ կ՛ըսէ- հօրաքոյր, նրանք չկան, իսկ հիմա դուք՝ դու եւ հայրս էք, մեծերը․․․
Ու կ՛որոշեմ, կեանքի կիսատ ձգած մանրամասներս շարունակել ապրիլ․․․
Հալէպ Սեպտ․ 2018