Մեր հանդիպումները յաճախ այսպէս կը սկսէին, կը հարցնէի «Ինչպէ՞ս է վաղամեռիկ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը», ակնարկելով ատենին Միսաք Մեծարենցի մասին գրած իր մէկ գրութեան, ուր կը պատմէր, թէ փոքր տարիքին, ամէն անգամ որ բանաստեղծութիւն մը պիտի կարդար, բոլորին կը յայտարարէր որ պիտի արտասանէ վաղամեռիկ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը: Իր մանկութեան՝ իր մտքին մէջ այն կար, որ բոլոր մեծ քերթողները վաղամեռիկ ըլլալով՝ իրեն համար այս որոշիչը քերթողի մը դրական յատկանիշերէն մէկը կը հանդիսանար: Սակայն ինչպէս իր քերթուածներուն մէջ, կեանքը իր չար կատակներէն մէկը կը խաղար իր հետ – Յ. Գրիգորեանը չենք կրնար վաղամեռիկ նկատել, սակայն անկասկած անժամանակ մահով մը կը բաժնուի մեզմէ:
Իսկապէս ինծի համար անհաւատալի կը թուի, որ ինք ֆիզիքապէս չկայ: Առաջին անգամ որ իր հիւանդութեան լուրը առի՝ կապուեցայ հետը. հանգիստ կը զգար որ նիւթական պայմանները ապահովուած էին պէտք եղած խնամքը ապահովելու համար: Վերադարձին՝ նոյնպէս լաւատես էր, կամ հեռաձայնին վրայ կ’ուզէր այնպէս զգացնել: Բջիջային հեռաձաններով կապուելու այս դիւրութիւնը բարիք էր անկասկած, հակառակ անոր որ ամէն անգամ ալ կը հարցնէր, որ Երեւանէ՞ն կը խօսէի:
Հիմա չեմ կրնար հաւատալ, որ Գրողներու միութեան իր գրասենեակին մէջ չէ ինք, թէ յաջորդ անգամ զինք պիտի չգտնեմ այնտեղ, ուր իր սուրճը կը պատրաստէր այդ ելեկտրական փլաստիկէ սրճեփին մէջ եւ գլանիկ մը վառելով կը սկսէր զրոյցի:
1977-ի աւարտին «Բագին»-ի մէջ սկսած էի գրել գրախօսականներու շարք մը Հայաստանի այդ օրերու երիտասարդ բանաստեղծներուն մասին, այսինքն՝ Հենրիկ Էդոյեանի, Յովհաննէս Գրիգորեանի, Արմէն Մարտիրոսեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի, եւ սկզբնաւորութեան նոյն խմբակին պատկանող՝ Դաւիթ Յովհաննէսի: Բոլորն ալ արդէն կազմաւորուած եւ առանձին դիմագիծ կազմած քերթողներ էին արդէն, սակայն գրական հաստատութիւնը բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տար զիրենք ընդունելու, նոյնիսկ՝ տպելու: Թերեւս այս էր պատճառը, որ իրենք աւելի ամրօրէն կեցան իրենց ըմբռնումներուն վրայ եւ աւելի ամբողջական բանաստեղծական դէմքով մտան հրապարակ: Նոյն շրջանին՝ Պօղոս Սնապեանը անդրադարձաւ Հենրիկի «Սոնետների պսակ»-ին, իսկ աւելի ուշ Վահէ Օշական ընդարձակ շարք մը ստորագրեց այս սերունդին մասին: «Բագին»-ը առաջին պաշտպանողներէն մէկը հանդիսացած էր այս խմբակին եւ բնականաբար հեռակայ կարգով մտերմութիւն մը կը ստեղծուէր մեր միջեւ: Այդ օրերուն Մովսէս Հերկելեանը յաճախ կամուրջ կը հանդիսանար մեր եւ որոշ գրողներու եւ մտաւորականներու միջեւ: Բարեբախտաբար, Սարգիս Կիրակոսեանին առիթ տրուեցաւ մեր հրատարակութիւնները Խորհրդային Հայաստան տանելու, իրենց նոր գրքերը բերելու, եւ այսպէս կենդանի նոր կապ մը ստեղծելու մեր միջեւ: Աւելի ուշ, 1987-ի Նոյեմբերին, երբ UCLA-ի կազմակերպած գրական քննադատութեան նուիրուած գիտաժողովին հրաւիրուած էի, զեկուցում մը կարդացի այս սերունդին մասին, որ իր արժանի տեղը սկսած էր գրաւել հայ գրականութեան անդաստանէն ներս: Տեղին է յիշել նաեւ Գրիգոր Պըլտեանի մէկ շատ լուրջ յօդուածը «Կայք»-ի մէջ Յ. Գրիգորեանին նուիրուած (1989, թիւ 1):
Հայաստանի անկախացումէն ետք դիւրացաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի մտաւաորականներուն կապը, սակայն կեանքը զիս նետած էր Մոնրէալ: Անշուշտ հոս ալ հանդիպումներու առիթներ չէին պակսեր, սակայն այս խումբէն միայն Արտեմ Յարութիւնեանը կ’այցելէր Գանատա: 2001-ին առիթը ստեղծուեցաւ ինծի համար այքան հոգեհարազատ այս տղոց հետ Հայաստանի մէջ նստելու դէմ դիմաց եւ երկար զրուցելու, զիրար որոշ չափով անձնապէս ճանչնալու:
Անթիլիասի մայրավանքին՝ Լիբանանաի մէջ կայացած հայ գրողներու երրորդ խորհրդաժողովը երկրորդ առիթ մը ստեղծեց մտերմիկ շփումներու: Պէտք է ըսել, որ հոն շատ աւելի մեծ թուով հայաստանցի գրողներու կարելի եղաւ հանդիպիլ, քան՝ Հայաստանի մէջ: Հոն է նաեւ, որ ուղղագրական հարցին շուրջ վիճաբանութենէ մը ետք հանդիպեցանք Լեւոն Անանեանի եւ Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ, ուր ինծի հարցուցին, թէ ինչո՞ւ ներկայ չէի գտնուեր Հայաստան կայացած խորհրաժողովներուն, բայց կը մասնակցէի Լիբանան գումարուած ժողովին: Պատճառը պարզ էր՝ Հայաստանի մէջ ժողովները կը գումարուէին Յունիսին, երբ ուսանողներուս քննութիւններով ծանրաբեռնուած կ’ըլլայի, մինչ Լիբանանի մէջ քիչ մը Ծաղկազարդի-Զատկուան ազատ օրերէս օգտուած էի, քանի մը օր ալ իմ հաշուոյս առած : Խոստացան յաջորդ ժողովը գումարել Յուլիսի սկզբնաւորութեան: Հոն Յովհաննէսը դարձեալ իր Կիւմրեցիի արթնամտութեամբ ըսաւ՝ չպատահի այնպէս որ Յուլիսին գումարենք եւ Յարութիւնը դարձեալ չգայ …: Ես խոստումս յարգեցի:
2007 ամառը անոմառանալի է ինծի համար մեր կապին գծով: Բանաստեղծութեան չորրորդ հատորս՝ Սահմանները Հայաստան պիտի հրատարակէի: Գրքին շնորհահանդէսը Յովհաննէսը ուզեց վարել եւ այս մէկը շատ բնական թուեցաւ ինծի: Անկախ իր սերնդակիցներէն՝ հոն էին նաեւ այն երիտասարդ բանաստեղծներու եւ գրաքննադատներու խումբը, որոնց թէ՛ Գրական Թերթի եւ թէ՛ առանձին քննարկումներուն խնդրած էր որ մասնակցիմ: Հոն իրապէս գնահատելի էր իր գուրգուրանքն ու քաջալերանքը Յասմիկ Սիմոնեանի, Յասմիկ Խէչիկեանի, Մանէ Գրիգորեանի, Ռուզաննա Ոսկանեանի եւ շատ ուրիշներու հանդէպ:
Այդ շրջանին է որ կարդացի իր Գիշերահաւասարը: Հրաշալի հասունացում մը կը տեսնէի իր մէջ: Նախկին, քիչ մը թատերականացուած անհեթեթ իրականութիւնը աստիճանաբար սարքազմով բնորոշուող սեւ երգիծանքով մը կը փոխարինուած էր, որուն մէջ խորունկ տխրութիւն մը յաճախ կրնայիր կարդալ: Այդ օրերէն մտքիս մէջ զարմանալօրէն դրոշմուած կը մնան հետեւեալ տողերը.
Յետոյ գալիս է կիրակի օրուայ ամենահրաշալի պահը՝
ես մաքուր սափրւում եմ, հագնում եմ տօնական
կոստիւմս եւ օղակն անցկացնելով վիզս, հրում եմ
աթոռը ոտքիս տակից եւ սկսում եմ խաղաղ ճոճուել
առաստաղի կեռիկին ամրացուած պարանից, մինչեւ որ
կինս վերադառնում է խանութից, զգուշօրէն իջեցնում է
ինձ, յարմար նստեցնում է աթոռին ու միասին
անշտապ վայելում ենք
մեր իրիկնային հրաշալի սուրճը,
նայելով, թէ ինչպէս է մութը խտանում
պատուհանից այն կողմ:
Քերթողութեան կաղապարուած ձեւերը հարցադրող Յովհաննէս Գրիգորեան գտած ու բիւրեղացուցած էր բանաստեղծական արձակունակ լեզու մը, որ առիթը կու տար իրեն այնպիսի աշխարհ մը ստեղծելու, որ հարազատ էր իր ապրած իրականութեան – չոր, դաժան, անկեղծ եւ միաժամանակ՝ գեղեցիկ: Իր տողերը միշտ պիտի արձագանգեն մեր մտքերուն մէջ: Դժբախտաբար, արդի հայ քերթողութիւնը կորսնցուց իր ամենատաղանդաւոր զաւակներէն մէկը: