Ապրիլ ամսուան առիթով կ’ուզեմ հրատարակել՝ Ամերիկացի հանրածանօթ բանաստեղծ Մայա Անճըլույի չորս բանաստեղծութիւններու արեւմտահայերէն թարգմանութիւններս: Ան՝ իբր սեւամորթ կին ԱՄՆի մէջ կրցած է յարաբերաբար հասկնալ հակացեղային բռնութեան իմաստը եւ ստրկութեան ջախջախող ոգին: Իր բառերուն ընդմէջէն, կրնանք նմանութիւններ գտնել՝ բռնատիրութեան, կեղեքումներու ու ճնշումներու ենթարկուած բոլոր ազգերուն եւ յատկապէս ազատութեան ու գոյութեան համար պայքարած մեր ժողովուրդի հոգեվիճակին միջեւ: Թարգմանութիւնները (ցեղեասպանութեան պատճառաւ) վտանգուած լեզու` արեւմտահայերէնով են:
Այս թարգմանութիւնները կը նուիրեմ բոլոր անոնց, որոնք այսօր մեր հետ չեն, ա՛յս կամ ա՛յն, հի՛ն թէ նո՛ր, ցեղասպան-բռնակալներուն պատճառաւ:
Շահէն Արապօղլեան
Գիտեմ Ինչու Վանդակուած Թռչունը Կ’երգէ
Ազատ թռչունը կը նետուի
Հովուն կռնակին,
Եւ կը ծփայ զարիվար
Դէպի հոսանքին վերջը,
Եւ կը թաթխէ թեւերը
Նարնջագոյն ճառագայթներուն մէջ,
Եւ կը յանդգնի երկնքին տիրանալ:
Բայց թռչունը որ կը դարանի
Իր նեղ վանդակէն վար,
Հազուադէպ տեսնելով
Զայրոյթի երկաթները
Իր թեւերը՝ մկրատած,
Իր ոտքերը՝ կապած.
Ուրեմն կոկորդը կը բանայ ու կ’երգէ:
Վանդակուած թռչունը կ’երգէ
Վախկոտ գեղգեղով մը
Անյայտութեան մասին,
Բայց դեռ կարօտով,
Կը լսուի խազով,
Հեռու բլուրէ մը
Վանդակուած թռչունին
Ազատութեան երգը:
Ազատ թռչունը կը մտածէ տարբեր զեփիւռի մը մասին,
Եւ կ’ուզէ փոխանակուիլ փափուկ հովուն հետ, ծառերով ընդմէջ,
Եւ սպասող գիրուկ որդերը այգի պայծառութեան մէջ,
Եւ կ’անուանէ երկինքը՝ իրը:
Բայց վանդակուած թռչունը կանգնած է երազներու դամբարանին վրայ,
Իր շուքը մղձաւանջի ճիչեր կ’արձակէ,
Թեւերը՝ մկրատած, ոտքերը՝ կապած,
Ուրեմն կոկորդը կը բանայ ու կ’երգէ:
Վանդակուած թռչունը կ’երգէ
Վախկոտ գեղգեղով մը
Անյայտութեան մասին,
Բայց դեռ կարօտով,
Կը լսուի խազով,
Հեռու բլուրէ մը
Վանդակուած թռչունին
Ազատութեան երգը:
Մեր Մեծմամաները
Կը պառկի, մորթը թաց հողին,
Եղէգնուտին խշրտոցը,
Տերեւներուն փսփսուքը, եւ
Բարձր կարօտը շուներուն եւ
Որսորդներուն որոնումը
Եւ ճիւղերուն խշրտոցը:
Քրթմնջաց, բարձրացնելով գլուխը, հակելով դէպի
Ազատութիւն,
Ոչ, տեղէս պիտի չշարժիմ:
Հաւաքեց իր պէպէքները,
արցունքները՝ քարիւղ սեւ դէմքերուն,
անոնց փոքր աչքերը՝ քննելով առաւօտեան մոլեգնութիւնը,
Մամ, Վարպետը քեզի պիտի ծախէ՞
մեզմէ վաղը:
Այո:
Բացի եթէ աւելի արագ քալես,
եւ նուազ խօսիս:
Այո:
Բացի եթէ մեր կեանքի պաշտպանը
արձակէ զիս բոլոր պատուիրաններէն:
Այո:
Եւ ձեր կեանքերը
ոչ իմն ապրելու,
պիտի գլխատուին՝ սպաննութեան գետնին վրայ
անմեղներուն:
Բացի եթէ սիրտդ եւ բառերդ զուգորդելով,
հետս ըսես՝
Տեղէս պիտի չշարժիմ:
Վըրճինիոյ ծխախոտի դաշտերուն մէջ,
կամարին վրայ յենած
Սթայնուէյ
փիանոներու, Արքընսայի ճամբուն,
Ճորճիոյ կարմիր բլուրներուն,
դէպի իր շղթայուած ափերուն մէջ, ան
լացաւ աղէտներուն դէմ,
Փորձա՛ծ էք զիս ոչնչացնել,
եւ թէեւ օրական կը կործանիմ՝
Տեղէս պիտի չշարժիմ:
Իր տիեզերքը, յաճախ
ամփոփուած մէկ սեւ մարմնի մէջ
վերջապէս ինկաւ ծառէն` ոտքի,
լացնելով զինք ամէն անգամ նո՜ր ձայներով ընդմէջ:
Բոլոր անցեալս կը փութայ պարտութեան,
եւ օտարներ կը տիրանան սիրոյս փառքին,
Անարդարութիւնը իր անկողինին գամած է զիս:
Բայց դեռ, տեղէս պիտի չշարժիմ:
Լսեց անունները,
դարձդարձող ժապաւէններ պատմութեան հովուն՝
քած, հորթ,
մէմի, ինչք, արարած, կապիկ, շանագլուխ,
բոզ, տագ, բան, ան:
Եւ ըսաւ, Բայց իմ նկարագրութիւնս
լեզուիդ վրայ չի բաւեր, որովհետեւ
ունիմ գոյութեան ձեւս այս աշխարհին մէջ:
Ոչ, պիտի չշարժիմ, տեղէս պիտի չշարժիմ:
Անոնց ղրկեց,
Գետնին տակ, ցամաքէն, կառքով եւ
Բոպիկ:
Երբ սորվիս՝ կրթէ,
Երբ ստանաս՝ բաժնէ:
Բայց ես,
Տեղէս պիտի չշարժիմ:
Կանգնեցաւ միջ-ովկեանոս, փնտռեց ցամաք:
Որոնեց Աստծոյ դէմքը:
Ինքնավստահ,
Նուիրման բոցը տեղադրեց
խորանին վրայ, եւ թէեւ
հագած էր մաքրամաքուր հաւատարմութիւնը,
երբ ներկայացաւ տաճարին մուտքին՝
ո՛չ մէկ ընդունելութիւն.
Սեւ Մեծմամա՝ Հոսկէ մտիր:
Բախող ձայնին,
չարագործին, լացաւ,
Ոչ մէկը, ոչ, ոչ միլիոնը
կրնայ Աստուածս մերժել, ուրեմն կը շարունակեմ,
եւ կանգ կ’առնեմ իբր տասը հազար:
Աստուածայինը՝ աջիս,
կը մղէ որ յաւիտեան քաշքշեմ
դռնփակ Ազատութեան մուտքը:
Սուրբ Հոգին ձախիս՝ կ’առաջնորդէ
ոտքերս, առանց դադրելու՝ ճշմարիտ
բնակութեան եւ անկախներու վրաններուն քով:
Այս մամաներուն դէմքերը, լիմոն-դեղին, սալոր-մանիշակ,
մեղր-սրճագոյն, կնճռոտած եւ գլտորած
բուրգէն վար, տարիներով:
Աշխարհի բեմին մէջտեղը,
կ’երգէ սէրերուն եւ սիրածներուն,
թշնամուն ու չարախօսներուն՝
Ինչպէս որ կ’ընկալուիմ եւ յուսախափեմ,
ինչպէս որ տգիտութիւնս ու ունայնամտութիւնս են,
Վախերդ մէկ կողմ դիր, որովհետեւ
Տեղէս պիտի չշարժիմ:
Ծերանալու
Եթէ տեսնես զիս անձայն նստած,
Պարկի մը նման, դարակին վրայ,
Չկարծես շաղակրատութեանդ պէտք ունիմ,
Ես՝ ինծի մտիկ կ’ընեմ:
Չէ՛, կեցի՛ր, չկարեկցի՛ս,
Չէ՛, կեցո՛ւր համակրանքդ:
Երբ ոսկորներս բիրտ են ու ցաւոտ,
Եւ ոտքերս սանդուխ չբարձրանան,
Պիտի ունենամ մէկ խնդրանք՝
Օրօրուող աթոռներ դուրս չգա՛ն:
Երբ տեսնես քալելս, սայթաքիլս,
Չվերլուծես, չսխալիս,
Որովհետեւ յոգնած չի նշանակեր ծոյլ,
Եւ ամէն ցտեսուութիւն մեկնիլ չէ:
Նոյն անձն եմ՝ ով որ էի,
Քիչ մը մազ պակաս, քիչ մը քիչ կզակ,
Բաւական քիչ թոքեր եւ շատ քիչ հով:
Բայց բախտաւոր եմ, կը շնչեմ:
Դասը
Կը շարունակեմ մեռնիլ նորէն:
Երակներս կը փլուզուին, կը բացուին
Ինչպէս փոքր բռունցքները քնացող
Երեխաներուն:
Հին դամբարաններու յիշատակներ,
Փտտող մարմինն ու որդերը չեն
Համոզեր զիս ընդդէմ
Մարտահրաւէրին: Տարիները
Եւ պաղ պարտուածութիւնը կ’ապրին
Դէմքիս գիծերուն խորը:
Աչքերս կ’աղօտին, եւ
Դեռ կը շարունակեմ մեռնիլ,
Որովհետեւ կը սիրեմ ապրիլ:
Առաջբանն ու թարգմանությունը՝ Շահէն Արապօղլեանի
Սիրտըս փացուեցաւ այսօր աս թարգմանութեան համար։ Մայաին գործերը շատ կը խոսի ինծի։