Չար արեւի աչքերուն մէջ
Երկու լորիկ հեզիկ թռան,
Եւ մշուշի հագուստի մէջ
Գիրուկ գիւղը փայփայուեցաւ.
Ակնթարթի աչքերուն մէջ
Յաւերժութեան ճամբաս կ՚երթամ,
Ծառաբունի վարակներուն
Թորոս Ռոսլին պահած կ՚երթամ։
Կախաղանէն կախեալ սուրբի
Ոտքերուն քով կեանքս կ՚օծեմ,
Եւ ծոթրինի բոյրով հարբած
Օ՜խ, Վարուժան կ՚արտասանեմ։
Ադամանդեայ երկրէն կու գամ
Զմրուխտ մայրեր, հայրեր արքայ.
Բերդէ բերդ խրոխտ ցատկել գիտեմ
Վէրքի խունկով, երգով ծնծղայ։
Մօրս գոգնոցը ներկեր եմ
Սխտոր ու կաթ բուրել գիտէր.
«Դուք շփացած սերունդ մըն էք»
Տէտէս անչափ տխուր մարդ էր։
Նէնէս բուրդով գիշեր ցերեկ
Տըզտըզ շապիկ կը պատրաստէր,
Երբոր մեռաւ՝ ճաղին վրայ
Ինծի հիւսած շապիկն էր։
Պէյրութ տաքուկ քաղաք էր, բայց
«Օտարին ցուրտ երկիր»ն էինք,
Ատլանտեանէն այս կողմ հասանք
Ազատութի՜ւն հրհռալէն,
«Հողի՜դ մեռնիմ», հոգի տուինք
Բայց չպրծանք սա Օտարէն։
Հարայ-հըրո՜ց, չորս կողմերէն
Ներգաղթով եւ արտագաղթով,
Հարստութեամբ, աղքատութեամբ,
Բարեկամի, ազգականի,
Ուսումնական հաստատութեան,
Շփոթանքի կամ արկածի օձիք բռնած
Հաւաքուեցանք ու ցրուեցանք,
Գանգատեցանք ու զարմացանք.
Մե՜ծ երկիր է, բայց մեզի ի՛նչ,
Մեր Քոչարին, մեր քեպապը չկարծրանա՜յ,
Ինչի՛ է պէտք գիրքը ընտիր
Վրան գինի՜ թափէ գնա.
Եւ ի՛նչ գրող, երաժիշտ կամ
Արուեստագէտ, եթէ պիտի –
Հաւատարի՜մ մեր պատմութեան
Սո՜ւրբ խորհուրդին –
Չզոհուի կամ տեղի չտայ,
Չպզտիկնայ, չխենթենա՜յ։
Դպրոց-մպրոց, եկեղեցի,
Հայ Դատի սուր, մամուլի դուռ,
Հուրով, սուրով, պարանոցով,
Ժողովներով յայտնի-գաղտնի՝
Դարեեեեր շնչած մեեեեծ ազգը մեր
Պիտի դարեր գոյատեւէ
Հասնի մինչեւ…
Մինչեւ հասնի՜…
Մնացեալը մոռցայ, տեսա՞ք,
Մինչեւ հասնի՞… բայց կա՞յ ուղի։
Հիմա կ՚ուզէք ետ սկսինք.-
Եր-կու լո-րիկ թը-ռան ծե-րէն,
(Թ-ն կը մսի առանց Ը-ի)։
Իսկ եթէ չէք տեսած լորիկ՝
Ի՜նչ տեսած էք, մի զրկուիք,
Կրնաք հարց տալ թէ ո՞ւր մնաց,
Արշալոյս է. առանց լորի կեանքը մութ է։
Իսկ եթէ մեր խենթուկ լորին
Յայտնուելու ճամբայ մը կար,
Հապա ինչո՞ւ պահուըտեր էր
Պատմութեան մէջ կանաչ Սարին,
Ճերմակ Սարին,
Մեծմայր Գետին,
Մեծհայր Լերան պաղ կռնակին։
Հապա ինչո՞ւ օրօր-շորոր ճուտիկները
Թողած է հոս, –
Ոչ թէ գետի՝ ովկիանոսի՛,
Ոչ թէ ափին՝ այլ ծա՜նր թաթին.
Մէկ լորիկին հետքը կորսուած
Միւս կաքաւը ագռա՛ւ դարձած,
Ագռաւացած, կէս մը գազան,
Դունչը խփած ճուտիկներու բարեւներուն
Ի՞նչ կը խաղայ Սարին գլխուն…
Եթէ կ՚ուզէք՝ պատմութիւնը վերսկսինք. –
Երկու լորիկ թռան հեզիկ։
Յետգրութիւն. –
Հետքը կորսուած լորիկը
Փնտռեցի ու գտա՛յ.
Մէջքը կոտրա՜ծ լորիկը
Փնտռեցի ու գտայ։
Ամսթերտամի իր տան մէջ
Ծաղիկներուն ջուր կու տար,
Խժապարուր երկրի մէջ
Աստղահոյլեր կը բանար։
Հայաստանի ցուրտին մէջ
Հացի, յոյսի կը կայնէր,
Կը թարգմանէր անընդհատ
Ալ հայերէն չէր գրեր։
Գանատայի թիկունքէն
Սոկրատ, Հեկել կը ճառէր.
Հարուըրտի մէջ՝ գիտնական,
Լեզուագէտ էր Օքսֆորտէն։
Միջազգային բեմերէն
Ծափ ու հռչակ կը խլէր.
Գիւտարար էր, ռահվիրայ,
Յուսահատն էր անանուն.
Ճարտարապետ էր յայտնի
Նիւ Եորքի մէջ դիրք ունէր.
Փարիզեան փողոցի մէջ
Նկար ու ֆիլմ կ՚արտադրէր։
Պէյրութի մէջ՝ չէր խօսեր,
Մի՜ւս լորերը կը յիշեր։
Եւ Միլանի տաճարին
Դուրսը քարի մը վրան
Նստած՝ աշխարհ կը դիտէր
Երբ մօտեցայ ջերմութեամբ.
-Ե՛ս ալ հայ եմ քեզի պէս։
Պիշ-պիշ ինծի նայեցաւ։
Մէջքը կոտրած լորիկին
Քովը նստայ շոյեցի,
Թռա՜ւ վիրաւոր լորիկը
Օտարաթեւ, համրախօս
Թռաւ ուրիշ երկինք մը։
Հրահաւեր կային հոս,
Եւ ագռաւներ ճառասաց,
Տարաշխարհիկ կրունկներ,
Ծիծեռնակներ որբացած,
Կային ճայեր մեծամիտ,
Սիրամարգներ ինքնասքանչ,
Փայտփորիկներ շատ էին,
Թութակներ՝ ո՜ւֆ, անհամա՛ր,
Բուեր կային ողջախոհ
Եւ աղօթող կկուներ։
Բայց հեռացած էր լո՛րը,
Ո՞վ հարուածեր էր մէջքը.
Ագռաւ դարձած կաքա՞ւը,
Փոս փորող փայտփորի՞կը,
Ալ ուժաթափ արծի՞ւը,
Եսկոտ կկո՞ւն, բոթբեր բո՞ւն,
Թէ՞ անձնասպան իր եղբօր
Մարմրող արձագանգը։
Ի՞նչ կ՚ուզէին այս լորիկէն,
Իր սա թաքուն, փոքրիկ տեղէն՝
լո՜յս կը հանէր մութ ամպերէն։
Հիմա անոր տեղը փոս է,
Լորը իր լեռնէն հեռացեր է,
առանց լորի՝ լեռը սո՜ւտ է։
Եւ ի՞նչ կ՚ընէ, կը խորհի ինք
Երբ որբաձայն
Գիշեր ցերեկ ման կու գամ. –
«Լորի՜կ ջան, լորի՛կ, լորիկ ջա՜ն։
«Սնունդ եւ Անդունդ»