Ինչպէ՞ս գրել հետզհետէ աւելի ազատ, աւելի անկաշկանդ, աւելի մօտիկ էականին։ Հարցում՝ որուն կը ջանամ մնալ հաւատարիմ։ Առաջին տարիներուն (Պէյրութ 1965) թերեւս պէտք եղաւ որ գրել սորվիմ, հնարաւորին չափ։ Որքան յամառիմ սորվիլ, կ՝անդրադառնամ, որ տակաւին ոչինչ գիտեմ։ Այդ թուականէն մինչեւ երէկ հրատարակուածը կ՝ուզեմ մոռնալ։ Պերճանք է – եթէ ոչ ինքնահաճութիւն – ժամանակ վատնել նայելու համար անցեալի Մեդուսային։
Հարիւրաւոր էջեր գուցէ կազմեն գրական փորձառութիւն մը, որ կը կոչուի բանաստեղծութիւն, քննադատութիւն, ուսումնասիրութիւն, գեղարուեստական արձակ, սակայն չ՝ուզեր սահմանափակուիլ որեւէ գրական սեռի սահմաններուն մէջ։ Գրելը անկասկած զգալ-մտածել-լեզուել մըն է։ Եւ այդ մակարդակին բոլոր գրածներս կու գան նոյն յայտարարին կամ կը մեկնին նոյն կիզակէտէն։ Փորձառութիւնը շեղանցք մը չէ՞։
Յաջորդին՝ 2006ին, յուսամ՝ գեղարուեստական արձակի նոր հատոր մը՝ «Երկուք»ը, ապա Մանտրաներու նոր շարք մը, արդէն պատրաստ, վերջապէս՝ փոքր արձակներու գիրք մը, այն մէկը, որ տարիներէ ի վեր կը ձեւաւորուի «Ընդառաջում» անունին տակ, գրուող երբեմն-երբեմն, ըստ պէտքի եւ ըստ դէպքի։ Փարիզ, Պէյրութ, աշխարհը, ոչ մասնաւորաբար Սփիւռքը, ոչ մասնաւորաբար Հայաստանը։ Տեղ, մտածում, արուեստ, բազմատեսակ, բազմամակարդակ, մերթ ժամանակակից, մերթ ժառանգուած մտահոգութիւններ։
Էջեր՝ որ պիտի գրեմ այնպէս ինչպէս պիտի գրէի ուրիշ լեզուով, ուրիշցած հայերէնով, որ Երեւանի մէջ ինչպէս այլուր վարժ չեն լսելու կամ արդէն պատրաստ են թաղելու։ Բայց չե՞մ գրած ուրիշօրէն, ըսենք ուրիշերէն, երեւակայական ուրիշի մը համար։ Չեմ փարած սա կամ գաղափարախօսական հոսանքին եւ կը փորձեմ պահպանել գրագէտի անկախութիւնս նոյնիսկ «ազգային կոչուած» հարցերու մէջ։ Գրողը հայելի-դիտորդ մը չէ, քննադատ-ոսպնեակ մըն է՝ թերեւս աշխարհին հանդէպ եւ մեր՝ եթէ ի հարկէ մենք ալ աշխարհին մէջն ենք եւ ոչ անոր քովը։ Յամենայն դէպս՝ ոչ մէկ ցանկութիւն «խելօքնալու», գռեհկանալու, դառնալու պէտք եղածէն աւելի «իմաստուն» եւ ծառայելու «հայ գրականութեան», որ, ի դէպ, կը պատկանի ոչ ոքի, ոչ լրագրողներուն, ոչ միութիւններուն, ոչ ծիրանաւոր պրոֆեսորներուն։
Ամեն գրող գրականութիւնը կը սկսի առանց աւարտելու, ի վերուստ, կամ ի վարուստ։ Սակայն, նոյն ատեն, երբեք չի բնակիր լեզուով կառուցուած հանգստաւէտ տան մէջ։ Ըսած եմ անգամ մը. գրել կը նշանակէ ըլլալ դուրսը։ Ահա դուրսը՝ հինգերորդ յարկի աշնանամուտը, միջերկրականեան թուփերով, փարիզեան խոնաւ արեւմարով, մետրոյի անընդմէջ դղրդիւններով։ Փողոցէն հեռատեսիլի շատաբան խօսնակը կը գուժէ չես գիտեր քանի հազար աղէտեալ, քանի հազար անգործ, ի՞նչ ոճիր, ի՞նչ արկած, օճառի, մեքենայի, ֆաստ ֆուտի ճեպընթաց ծանուցումներու շարքին։
Ինչպէ՞ս դադրիլ ըլլալէ իր ժամանակի մարդը։