Կ՚երթաս կ՚երթաս կ՚երթաս, շիփ-շիտակ կերթաս, գոնէ մղոն մը։ Յետոյ պէտք է տեղէ մը դառնաս այլեւս, աջդ առածիդ պէս՝ ճամբան երկու չէ երե՛քի կը բաժնուի, դուն աջիդ կը մնաս։ Ինչէ՞ն կը գիտնաս որ այդ մէկն է քու բռնելիք ճամբան – ըսեմ՝ միտքդ պահէ. ասֆալթին վրայ ուղղութիւն ցոյց տուող դեղին գիծերը բաւական ծուռումուռ են. գիծ ըսածդ ուղիղ պէտք է ըլլայ, բայց դուն երկար ատենէ կը քշես , կը հասկնաս վերիվարոյ թէ ինչ ըսել կ՚ուզէ, քեզ վտանգէ հեռու պահել կ՚ուզէ։ Սահման մը ըլլալն է կարեւորը, ոչ թէ իր ծուռիկութիւնը։ Կերեւի այն անձը որ հաստ դեղին գիծ ներկող կառքը կը քշէ՝ քնատ էր կամ գինով էր, կամ ալ թերեւս կառքը խանգարուած էր։ Հիմա դուն աջիդ մնացիր։ Քիչ մը երթալուդ պէս մէյ մըն ալ, նորէն աջիդ, ծովը կը տեսնես, դուն ծով կը կարծես բայց ծով չէ, լողաւազան է, ողիմպիականի աւազանի չափ։ Երեք աւազաններ կան. քովինին մէջ տարեցները էրոպիքս կընեն, իսկ էն փոքրը երկու ոտնաչափ ջուրով՝ պտըտիկներու համար է, թմբլիկ շորերով մտեր են մէջը, մամանուն կը փաթթուին, ամենուն աչուկները խոշոր-խոշոր։ Հազիւ կը դառնաս այդ կոր ճամբէն դիմացդ ապարանք մը կը ցցուի, կը կարծես որ ապարանք է, բայց ապարանք չէ, սեւով ճերմակ տուն մըն է, ուրիշ գոյն չունի։ Դուռը ճերմակ է, պատուհանները՝ սեւ։ Քիչ մըն ալ կ՚երթաս, եթէ գլուխդ ձախ դարձնես ու նայիս՝ մեծ պարտէզ մը կը տեսնես, անոր խորը տուն մը կայ, կամարներ կան սիւներ կան, խորհրդամութ ու լուսազեղ ծառեր կան, եռանդուն ծաղիկներ, ամէն ինչի վրայ ցող թառած է. կը պսպղայ։ Օդին մէջն ալ երեք եղնիկներ կը թռչին. անոնցմէ մէկը ոսկի եղնիկ է։ Դրախտ կը կարծես, բայց դրախտ չէ, տունս է։ Եթէ հրեշտակ ես երեք թեւերով, եւ ոսկի եղնիկը կը բարեւէ քեզի, հրամմէ մտիր։
ԱՆՈՒՆԸ՝ ՍԱՐԳԻՍ
Թերեւս կը մտածէք թէ ինչո՛ւ քնքուշ անունները մէկդի դրած՝ զօրաշունչ անուն մը կը կրեմ։ Բացատրեմ։
Չէ, նախ բացատրեմ մականունս։ Կեսարիոյ մօտ, Թալասի մէջ ջրհոր մը կայ եղեր։ Հսկայ ժայռաբեկոր մը ինկեր փակեր է բերանը։ Ինչպէ՞ս պիտի ջուր ճարեն։ Նախանախահայրս որ Սասունցի Դաւիթին զարմիկը ըլլալու էր, կայներ է ջրհորին առջեւ եւ մէ՛կ շարժումով քարը հաներ է. արգելքը շպրտեր է։ Օ՜հօ՜, թէք օղլու թէ՜ք ըսեր են։ Զով ջուրը խմեր ողջ մնացեր են, Թալասի սերունդները շարունակուեր են։
Այն օրէն ի վեր Թէքեանը մեր անուններուն կը յաջորդէ։ Ես միակն եմ որ Ե-ով կր գրեմ. անսացի «Սփիւռք»ի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանին, երբ բացատրեց թէ քերականօրէն Է-ն սխալ է, պէտք է Ե ըլլայ։ Է-ին ոտքերը անհետացան, Ե-ին գլուխը մեծցաւ։
Պէյրութ, 1948 մարտ 10
Անմիջապէս որ հայրս իր մօր աւետեր է թէ թոռնուհի մը ունեցաւ, մեծմայրս նեղուեր է, քիթը-բերանը կախեր է, որովհետեւ իր կրտսեր զաւկին առջինեկը աղջի՜կ է, տղայ չէ։
Հայրս ըսեր է՝ հոգ մի ըներ, քո՛ւ անունդ կը դնենք։ Ուրեմն ծնած վայրկեանէս սակարկութիւն եղած է գլխուս վրայ։ Որպէսզի ուրիշը չնեղուի՝ նորածինին կազմին անյարիր պիտակ մը դրուեր է ճակատին։ Կեանքէն դեռ բան չհասկցած՝ հիասթափեցուցեր եմ «սէֆէրպելլիք տեսած» մեծմօրս։ Ան ալ զիս պատժելու ձեւը գտեր է։
Գիտէ՞ք ինչ ըսել է Մեռելոցին գերեզմանատուն երթալ եւ շիրմաքարին վրայ կարդալ «Աստ հանգչի Վեհանուշ Թեքեան, ծնեալ ի Թալաս»։ Դեռ տասներկու տարեկան էի։
Թերեւս բարենպաստ կ՚ըլլայ եթէ ես ալ միեւնոյն ձեւը որդեգրեմ, մտածեցի։ Երբ առիթներ յայտնուեցան՝ գանգատեցայ, նեղսրտեցայ։ Բա՛ն մըն ալ չփոխուեցաւ։ Պապայիս պէս բարեմիտ մարդ չկա՜ր։
Չկարծէք թէ անունէս դժգոհ եմ։ Միայն մօրս համար կը նեղուիմ, ինք ուզեր է Սօսի անուանել եւ «ժուռնալ»ներուն մէջ այն մինինիկ հիւսկեղէններուն, հագուստներուն զորս ծրագրեր էր պատրաստել, քովը գրած է՝ Սօսիին։
Վերջ ի վերջոյ գտեր են միջին եզր մը, տնեցիները զիս կը կանչէին Նուշիկ, բայց հայրս չհրաժարեցաւ Վեհանոյշ գործածելէ։
Հայրերը յամառ են իրենց զաւկին պաշտօնական անուանումը գործածելու։ Քանի մը օրինակ ՝ ամբողջ ընտանիքը Վիոլէթ կանչէ իրենց վլվլուն աղջիկը. հայրը՝ Մանուշակ։ Ուրիշ ընտանիքի մը անդամները Մարօ կը կանչեն, հայրը՝ Մարեամ։ Սուսուն կը հալի Սրբուհիին մէջ։ Սանդոյին հայրը կը յամառի Սանդուխտ անունին վրայ– լաւ որ վերջին գիրը չմոռնար։ կամ առաջին գիրը Ս-ի փոխարէն Պ չ՚ընէր։
Ատիկը հօրը համար Ատրուշան է։ Կարօն կ՚երկարի, հօր բերնին մէջ Կարապետ կ՚ըլլայ։ Յետին նպատակը՝ անունները առանց ձեւափոխումի շարունակելն է։
Մեր երեք հարիւր տարուայ տոհմածառին վրայ ուզածիդ չափ Սարգիս -Կարապետ – Յովհաննէս կայ. յաջորդաբար անխափան կ՚ընթանան։ Երբեմն ալ Նիկողոս մը կը սպրդի։ Կիներուն միայն անունը գրուած է, մականունը փակագիծի մէջ – փառք տա՞նք որ գոնէ յիշուեր է։
Պէյրութի մեր նահապետական տան մէջ անուններու այնպիսի տագնապ մը կար, որ առօրեայ մեր կեանքին մէջ լափիւրինթոս կը ստեղծէր։ Մեծմօրս չորս զաւակներէն միայն Անահիտին եւ Նիկողոսին անունները եռապատկուած չէին։ Միւս բոլորը՝ եռափունջ էին։ Իր չորրորդ զաւակը եւ երկու փեսաներն ալ կը կոչուէին Սարգիս։ Իր միւս դուստրը եւ զոյգ հարսերուն երկո՛ւքն ալ կը կոչուէին Մարի։ Երեք Սարգիս՝ երեք Մարի նոյն տան մէջ։ Սուրբ Սարգիսին մենք երրորդութիւն ունէինք։ Սուրբ Աստւածածինին՝ երրորդութիւն քաղցր։
Որովհետեւ զարմիկս կը կրէր մեծհօր Կարապետինանունը, իսկ ես՝ մեծմօրս՝ Վեհանոյշ, ընտանեկան տարածուն լուսանկարին մէջ մենք մենաշնորհեալ էինք։ Ինք նստած էր մեծհօր գիրկը, ես ալ մեծմօրս գիրկը։ Նկարը յաւերժութիւն չէ, բայց անոր յոյսը կու տա՛յ։ Ահա նստեր ենք մենք յաւերժութեան գիրկը։
Իսկ այս մէկը չեմ կարծեր թէ կրկնօրինակ ունի հայաշխարհի որեւէ մէկ անկիւնին մէջ։ Պուէնոս Այրըսի մէջ ունիմ զարմուհի մը որուն անունը Վեհանոյշ է, մականունը՝ Թեքեան։ Իր հօր եւ մօր անուները եւ իմ հօր ու մօր անունները ճիշդ նոյնն են –Սարգիս եւ Մարի Թեքեան։ Ինք եւս մտերմօրէն կը կոչուի Նուշիկ։ Միակ տարբերութիւնը՝ ինձմէ տասներկու տարի փոքր է։
Այս բոլորը սկսաւ Թալասի ջրհորին վրայ ինկած ինքնագլուխ ժայռին պատճառով , որ մէ՛կ շարժումով անդին շպրտեց աժդահա նախահայրս, անունը՝ Սարգիս։
Սեպտեմբեր