Հոս ո՛չ ողջ եմ, ո՛չ՝ մեռած:
երբ այլեւս չես կրնար
գոյատեւել կամ շնչել՝
այլակերպուած աշխարհին մէջ
արտաքին,
երբ արժէքներ կը շրջուին
անընդհատ,
երբ երկիրը ոտքիդ տակէն
կը փախչի,
կը կրճատուի շարունակ,
օտարացած
դէմդ դէմքեր կը տեսնես,
երբ թռչունը թռիչքին մէջ սառած է,
երբ բառերը՝ ծովափին
անշնչացած կէտեր են,
երբ երաշտ է անձրեւի,
բայց երկիքէն ականներ
վար կը տեղան շարունակ,
ինչպէ՞ս դուրս գալ անձաւէն –
Հոս ո՛չ ողջ եմ, ո՛չ՝ մեռած,
գուցէ լաւ է մնալ այստեղ,
բանտարկուած կամ աքսորուած
ինքնակամ,
քանի ոչինչ պիտի փոխուի
երբ դուրս ելլեմ անձաւէն,
միայն ի սպառ
ապրեցնող վերջին շունչը կենսական
պիտի դառնայ … բացակայ:
27 Յունուար, 2026
Մէկ այլ աշխարհ
Հայրս ըսաւ –
հող մը, տուն մը
գնենք այնտեղ,-
ըսել կ’ուզէր Հայաստանի տարածքին,
հակառակ որ այդ տարիքին,
առողջական իր կացութեամբ,
հոն, ուր կեանք մը երազած էր,
ո՛չ, չէր կրնար ապրիլ, մնալ:
Հայրս ուզեց
նաեւ Արցախ ըլլալ, տեսնել,
բայց մարմինը չէր կրնար,
ինքնաշարժով հինգ-վեց ժամուան
ճամբորդութեան դիմանալ,
բայց ան գոհ էր
որ գոնէ,
անցագրին մէջ վիզա ունէր Արցախի:
Հիմա քունիս մէջ կ’երազեմ,
որ մահացած հայրս հոն է,
ոչ թէ Մոնթրէալի
ցուրտ հողին ննջած,
այլ անընդհատ
կը թափառի,
Հալէպի եւ Հայաստանի,
(Ամայացած Վանի՞, Արցախի՞),
Ի՛ր աշխարհի վայրերուն միջեւ,
իսկ մարմինս,
զարմանալի երազներու հետ,
կը սուզուի խորունկ
աշխարհ մը կապոյտ,
ուր կռունկներ, արագիլներ
կը թեւածեն գլխուս վերեւ:
1 Յունուար, 2026
Կորուստներ
Մեծ հայրերէս
ո՛չ մէկը ճանչցայ:
Մէկը շատ կանուխ,
պարզապէս բախտով փրկուելէ ետք
թուրք զինուորներու
կրակոցներէն՝
Ազէզի մէջ մահացած էր,
երբ հայրս միայն
եօթ տարեկան էր,
միւսը իր տան բակին մէջ
երկարած՝ լուռ մեկնած էր.
արդեօք սի՞րտը կամ ուղեղը
դաւաճանած էր երեն,
իսկ մայրս միայն
տասնվեց տարեկան էր:
Այո, ատկէ առաջ էր,
դեռ Հայֆայի փողոցներուն
չէին յարձակիր իրարու վրայ,
տեղահանութիւն
եւ ցեղային մաքրագործում
չէր սկսած:
Զուգադիպութեա՞մբ,
երկուքն ալ, Քիլիս կոչուած,
Կիլիկիոյ մէկ ծայրամասէն
կու գային,
ուրկէ քշուած
էին անդարձ:
Ես ոչ մէկուն
գերեզմանին չեմ հանդիպած.
կորսուած են:
Այդ վարերուն մէջ չեմ եղած:
քանի՞ գերեզման, դամբանաքարեր,
բնակավայրեր
կորսնցուցած ենք՝
կամայ-ակամայ:
Երբ բնաշխարհներ,
որոնք կը պահեն
նման մասունքներ
այլեւս չկան՝
յիշողութիւնը,
այնքան կենսական,
մեր արմատներուն
կապող, ագուցող,
կը կորսնցնենք:
7 Յունուար, 2026

