Զուլալ Գազանճեան | Բաժակ ի ձեռին

 

zulal gazantsheanԿատակի պէս, փոխան նամակի՝
Բաբգէն Պօտոսեանին.-

Կորսնցուցած փառք, կրօնք ու անուն,
անտուն, անընկեր ու անհայրենիք,
բայց հայրենիքի ծխանին ծուխով
մխացող արքայ՝ մէկ մէկ Արտաշէս, –
մենք, զաւակներս Հայոց պատմութեան
երբոր կ’անցնէինք Փարիզի շքեղ
պողոտաներէն՝ տողանցելու պէս, –
«Մարսէյէզ»ը մեր՝ «Ընկա՜լ քաղցրութեամբ» …
մինչեւ Էլիզի բերուած՝ շուարած
խե՜ղճ Նարեկացի … «Առաւօտ լուսոյ»՝
երբոր գիշեր էր – Յուլիս 14:
Ի՜նչ լաւ էր, Բաբգէն, երբ զիրար գտած,
ամէն ինչ մոռցած, ամէնուն ներած,
Լուվրը՝ մեր դաշտի վերածած հիւղին,
կութքը դաշտերուն՝ բաշխած ամէնուն,
մեր տաք, ճարճատուն կրակը վառած
նստած կ’երգէինք՝ բաժակ ի ձեռին:

Մեր անկողնին մէջ տաք էր Ճոքոնտան
մեր ոչ թէ սիրոյն՝ այլ ցաւի՛ն նման:
Մեր թեւերուն մէջ Ճոքոնտան մերկ էր.
գիտէինք առնել՝ այլ երբե՛ք սիրել:
Մեր տխրութի՞ւնը … թանգարանային
միայն հնութիւն, միայն Արարատ՝
կախուած պատերէն – այլ երբե՛ք սրտէն:
Մեր տխրութիւնը կարծես մերը չէր …
Մերը չէր, Բաբգէն, մե՛ր իսկ երազը
զոր բանադրած էր Հայոց աստուածը:
Մե՛րն էր կարօտը, բայց մերն էր գինին
երբոր կ’երգէինք՝ բաժակ ի ձեռին:

Սիրելի Բաբգէն. Փրովանսի տաք
լեռներուն վրայ, հիմա կ’ենթադրեմ
ուրախ ես, հանգի՜ստ: Արեւը շռայլ
հասուն աղջկան ստինք է ափիդ
եւ սիրտդ ի վար ցօղուած բարկ գինի՝
խաղաղութիւնն ու գոյնը լեռներուն:
Լեռներուն վրայ գտար թաւուտքներ՝
կիներուն գաղտնի ծալքերն յիշեցնող,
գտար ճամբաներ՝ միշտ հեռուն կանչող,
եւ մտերմութեան մը հետ ձեռք ձեռքի
գացիր ուրտեղնե՜ր … հասար … Երեւան՝
որ ներկայ է միշտ, չես գիտեր ինչո՛ւ …:
Չգիտցար ինչու հասար Երեւան
բայց գոնէ, Բաբգէն, դուն գիտցար պատռել
պաստառդ վերջին. ուզածդ չկար …
լոյս բլուրներդ կը յիշեցնէին – օ՜ տարօրինակ
օ անմարդկայի՜ն սրբապղծութիւն –
սգաւոր, տխեղծ Արարատը մեր:
Լա՛ւ ըրիր, Բաբգէն, պատռէ՛ ամէն ինչ
որ նկար է, գիծ, այլ երբե՛ք՝ խորհուրդ,
որ մարմին՝ սակայն գգուանքներուդ տակ
չկրցաւ շարժիլ, չգիտցաւ տարփալ:
Բաբգէն, թող լեռդ եւ եկուր Փարիզ
որ զիրար գտնենք՝ բաժակ ի ձեռին:

Եկուր որ կրկին հին օրերուն պէս,
Մէկ մէկ ուրուական, մէկ մէկ Արտաշէս,
ամէնուն ներած, ամէն ինչ մոռցած,
Պուլըվարներէն անցնինք երգի պէս.
երթանք անանուն, նոր աշխարհներու:
Երեւակայէ՛ … Պուլըվարներուն մէջ
մարգագետիններ … եւ ամպե՜ր ամպե՜ր՝
թուխ աղջիկներու եբենոս կուրծքով:
Անձրեւը ի՜նչ քաղցր պիտի ըլլայ
սիրելու համար դեռ անհրաժեշտ
ցարդ մեր չթափա՛ծ արցունքներովը:
Մարգագետիններ … եւ ոսկի ցորեն
եւ բարօրութիւն. ա՛լ չքրտնող,
խորշոմ չկապող լուսաւոր ճակատ.
ալ մարդը մարդուն համ, ճաշակ ու գոյն
եւ պտուղ սիրոյ, Վահագնեան ծնունդ՝
Վեհ, աստեղացունց, շքեղ երկունքով:
Բաբգէն, ամէն օր մենք պիտի բացուինք
միշտ վերանորոգ, նո՛ր տեսիլքներու
երբ զիրար գտնենք՝ բաժակ ի ձեռին:

Ի՜նչ լաւ է, Բաբգէն, երազել այսպէս
եւ աստուծոյ պէս՝ ստեղծել ծայրէն
աշխարհ ու երկինք … ի սկզբանէ՜ …:
Երեւակայէ զարմանքը մարդոց
արեւը երբոր յանկարծ կեցընենք
ճիշդ միջօրէին. ու … ե՛տ դարձ, յառա՛ջ
դէպի արեւելք. երթայ կորսուի՛
ուրկէ որ եկաւ. եթէ արեւ է՝
որեւէ տեղէ կը ծագի հարկաւ:
Երեւակայէ բայց, պահ մը գոնէ,
զարմանքը, ամբո՜ղջ ողբերգութիւնը
հայրենի դժբախտ մեր քերթողներուն՝
երբ Արարատը տանինք … Ալասքա:
Բայց նաւասարդեան ի՜նչ խրախճանք, երբ
Շուէտի ոսկի աղջիկներն ամէն
բաժնենք Հայերուն, – թէ՝ առէք կերէ՛ք,
եւ թէ՝ աճեցէ՛ք ու բազմացարուք:
Ի՜նչ լաւ է, Բաբգէն, եթէ հարկ ըլլայ
կրկի՛ն խաչ հանել աստուծոյ որդին՝
այս անգամ Հայո՛ց փրկութեան համար:

Ինչ որ է. անցնի՛նք: Մինչեւ որ լքուած
աստուած մը գտնենք, եւ ոչ թէ Հայը
այլ՝ խեղճուկրակ այդ երանեալը
հաւատայ Հայուն եւ … փրկե՜ն զիրար:
Ինչ որ է. մինչ այդ թէ օր մը օրանց
լեռներէդ անդին փնտռելու երթաս
բանաստեղծը մեր – Յարութը գտնես
ըստ սովորութեան բաժակ ի ձեռին,
չմոռնաս, Բաբգէն, ըսել Յարութին
թէ օր մը Զուլալ կոչուած լեռնցին
լուրջ ու յոտնկայս, բաժակ ի ձեռին,
սիրային քերթուած մը ըսելու պէս
մեր Արարատին հայհոյեց այսպէ՜ս.-
թէ՝ աւելորդ բեռ, անիծի՜ց արմատ
ու ցաւ, կորսուէ՛ հոգիէս, սրտէս.
եթէ աստուած ես՝ այսօր հասկցայ
թէ աստուածի՛ն ալ ձախողածը կայ.
եթէ խորհուրդ ես՝ մնացիր անհաս, –
այս ժողովուրդին փորձանք մը պակաս.
իսկ եթէ լեռ ես՝ կեցիր լերան պէս
ծանրացած հողի՛ն, ո՛չ թէ սրտին մէջ:

Փարիզ, 26/8/1974

Յ.Գ.-
Կը ներես, Բաբգէն, մոռցայ ըսելու
թէ Ուրբաթ, ամսուն 23-ին
յուղարկաւորներն եղանք Շահնուրին:
Արցունք մը պակաս – երգ մը աւելի՛:
Բաբգէն, եթէ ոչ երկրով ու կեանքով,
հարուստ ենք, սակայն, մեր մեռելներով:
«Կենաց» չունինք, բայց … օ՛ն, յիշատակի՛ն,
յոտնկայս՝ վերջին բաժակն ի ձեռին:

 

Զուլալ Գազանճեան, Շարունակելի, Վենետիկ, 1988, էջ 111-115:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *