Իր հօր՝ Դանիէլ Վարուժանի շուքին տակ չապրեցաւ. բայց շուքի՛ մէջ ապրեցաւ։ Հօր անուան փայլքը իր վրայ չսփռեց։
Գրիգոր Զոհրապի դուստրը՝ Տոլորէսն ալ կ՚ապրէր Մէնհէթընի մէջ. շքեղ ու շողշողուն կեանք մը, միլիոնատէր ամուսինին՝ գարեջրատան սեփականատէր Լիպմընի հետ։
Վերոնիքան ամբողջ կեանքը Րիզոլի, Տապլտէյ, նաեւ Նիւ Եորքի Հանրային Մատենադարանին մէջ պաշտօնավարելէ ետք, երբ հանգստեան կոչուեցաւ, Մընհէթընէն փոխադրուեցաւ գիւղի իրենց տունը։ «Արեւին հիւղակը» կը կոչէր զայն։
Հաստատ ու հեզ քալուածքով, գրեթէ թափանցիկ սպիտակ մորթով ու մեղմանոյշ աչքերով, նրբամարմին։ Թարմութիւն կը բուրէր։ Ազնուական հով մը ունէր վրան։ Հով որ այդքան նկատելի չէր երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ իրեն։
Ամբողջ գիտակից կեանքիս ընթացքին վարուժանական խորհուրդը հետս կրեր եմ, հասեր եմ Նիւ Եորք։ Եղեռնի ոգեկոչում, խօսք պիտի առնէ նաեւ Վարուժանին դուստրը։ Եկո՛ւր ալ համբերէ։
Ենթագիտակցութեանս մէջ Վարուժանի կսկծալի նահատակութեամբ վերջակէտ դրուեր էր իր կեանքին, բայց ահա անյայտ դուռ մը կար, ուրկէ կը յայտնուէր իր առջինեկը – Վարուժնակը։
Լեփ-լեցուն էր Սուրբ Վարդանանց Տաճարը։ Բարձրախօսը խանգարուած ըլլալուն իր խօսածը գրեթէ չլսուեցաւ։ Երկար-բարակ ոգեկոչում էր։ Վերջապէս դադրեցաւ եւ դուրս ելանք տաճարէն։
Հակառակ որ բարձրախօսը չէր աշխատեր, բայց ընդարձակ բակին մէջ երկարահասակ անձրեւը բարձրաղաղակ կ՚աշխատէր – յորդ, անդադրում, նպատակադրուած։ Մարդ չմնաց որ երկնահաս ջուրով չօծուէր։
Մայրս ծանօթ էր տիկին Սաֆրազեանին ընկերացող բարեկամուհիին։ Խուռներամ, խխում կտրած բազմութեան մէջ մօտեցաւ բարեկամուհին, որ իր կարգին ծանօթացուց մեզ տիկին Սաֆրազեանին։ Երկու տարեց նրբակազմ կիներ, նոյն պոյով, գլուխնին ծածկած անձրեւի սուր ու բութ ասեղներուն դէմ։ Ես հէյրան մնացած կը դիտեմ իր դիմագիծը. միակ յիշածս ան է որ հարցուցի՝ կրնա՞մ ձեզի հեռաձայնել.։ (Աստեղիններուն պէս չհարցուցի թէ կրնա՞մ «կանչել» – պիտի կանչեմ պիտի կանչես, աքաղաղ ենք կարծես)։
-Անշուշտ, – ըսաւ,- ծանօթ եմ ձեր գրութիւններուն։
Հեռաձայնեցի, մուրազիս հասայ։ Մեղմ ու յստակ ձայն էր։ Հետաքրքրուեցաւ Պէյրութով, համաձայնեցանք խօսիլ եզակիով։ Այդ համաձայնութիւնը իմ կողմէս չիրականացաւ. չէի կրնար յոգնակի չխօսիլ իր հետ։ Զրուցեցինք այժմէական հարցերու մասին, Եղեռնէն ճողոպրած Ամերիկա հաստատուած գրողներու՝ Համաստեղի, Արամ Հայկազի, Բենեամին Նուրիկեանի մասին։ Ընթրիքի ժամը հասաւ բայց մենք կուշտ ու կուռ խօսակցած էինք արդէն։
Գոնէ ամիսը անգամ մը կը հաղորդակցէինք։ Վարուժանի «Նամականի» էն տեղեակ էի թէ ի՛նչ անձուկ պայմաններու մէջ ապրած է ան Պելճիքա իր ուսանողութեան շրջանին, երբ Մխիթարեան վարժարանէն ամսական օգնութիւն պէտք է հասնէր իրեն։ Իր ընկերոջ գրած ու գանգատած էր։ Երբ Վերոնիքային հարցուցի – Բնակա՜ն է ըսաւ, այնպիսի հաշտ թոնով. Ուսանո՛ղ էր հայրս, ուսանողները միշտ նիւթական անբաւարարութիւն կ՚ունենան։
«Ես առհասարակ, – շարունակեց, – կը խուսափիմ հանդիպելէ հայերու, մանաւանդ քանի մը անհաճոյ փորձառութիւններէ ետք։ Գիտե՞ս ինչու հետդ կը խօսիմ, որովհետեւ բա՛ն մը չես ուզեր ինձմէ հօրս վերաբերեալ, միայն կը հարցնես թէ՝ բանի մը պէտք ունի՞մ»:
Իրաւ ալ, ութսուն տարեկան՝ մէջքը չէր բռներ որ ծռէր պարտէզին տերեւները հաւաքէր։ Մօտակայ եկեղեցիէն ծանօթներ կու գային օգնելու. Կաթոլիկ վարդապետը կու գար կ՚աղօթէր։ Օտարներու կը վստահէր իր կարիքները. «Հայերէն որո՛ւն հոգն է, – կ՚ըսէր, – չեն հարցներ անգամ թէ ինչպէ՞ս եմ»։
Յաջորդ անգամ նորէն թափած տերեւներու հարց կար։
Սակաւախօս, սակաւապէտ, հեռատեսիլ չէր ուզեր իր տան մէջ. «Ես պարապ բաներու ժամանակ չունիմ. չեմ սիրեր ժամերս վատնել»։
Յատկապէս կը սիրէր թատրերգութիւն։ Ի՜նչ պաշար ունէր ժամանակակից օտարալեզու գրականութեան։
Օր մըն ալ ծրագրեցինք՝ Պեքէթի երկու փոքր թատրերգութիւնները դիտելու երթալ Պրոտուէյ։
Յղի էի, համաձայնեցանք, որ աղջիկս ծնելէն երկու ամիս ետք դիտենք Պեքէթի գործերը։
Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ։ Ամուսնական դղեակս սասանեցաւ , տապալեցաւ. փախայ ապաստանեցայ հոս-հոն, յետոյ բարձրաթռիչ յարկաբաժնի մը մէջ թառեցայ, զաւակներս թեւերուս տակ, մօրս ներկայութիւնը՝ պահապան հրեշտակ։
Այն օրէն անցած էր երկու տարի. օր մըն ալ ձեռքս անցաւ հեռաձայններու զոյգ մը տետրակ։ Եւ յանկարծ՝ թիւը Վերոնիքա Սաֆրազեանին։ Հազիւ ձայնս լսած՝ առաջին հարցումը եղաւ՝ աղջիկդ ծնա՞ւ։ Խնդացինք, ինք շատ քնքուշ, ես քիչ քնքուշ։
Երեխաներս գրկած՝ Սթաթըն Այլընտի խարխուլ կամուրջը անցած, հաստատուած էինք Փալիզէյտծ Փարք, Նիւ Ճըրզի, որպէսզի քանի մը տարիէն հայկական վարժարան յաճախեն։
Զատկուան արձակուրդին Վերոնիքան իր ազգականներուն պիտի այցելէր որոնք հեռու չէին մեր տունէն։ Գացի զինք տունս բերի։ Զոյգ մը գներ էի Վարուժանի գիրքերէն, խնդրեցի որ մակագրէ, մէկը Հայկին, մէկը Նայիրիին – այն ատեն երկու եւ չորս տարեկան էին։ Ուրիշ գրողներէ ալ խնդրած եմ որ իրենց գիրքը մակագրեն զաւակներուս։ Աղուոր-աղուոր գրկեց աղջիկս եւ տղաս։
Արեւմտեան ափի Կաթողիկէ Պատրիարքը՝ Գերապատիւ Հայր Ներսէս Սէթեան ձեռնարկած էր շքեղ ճաշկերոյթ-մեծարանքի հանդէս մը Վարուժանի հարիւրամեակին նուիրուած, Հինգերորդ Պողոտայի վրայ պանդոկի մը մէջ։ Լեցուած էր սրահը. խօսք պիտի առնէին՝ Տէր եւ Տիկին Թէօլէօլեանները, փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանը եւ ես։ Ըսին որ պէտք է բարձրանանք բեմ եւ նստինք պատուոյ սեղանին առջեւ։ «Պատուոյ սեղան» գաղափարը չեմ սիրեր. միւսները անպատի՞ւ սեղաններ են, թող «յատուկ սեղան, մասնակցողներու սեղան» ըսեն։ Ընդվզեցայ, ըսի՝ եթէ գիտնայի՝ մինի ժիւփ կը հագուէի։
Երբեք չեմ մոռնար Տիկին Գոհար Թէօէօլեանին նայուածքը հանդիսութենէն ետք. «Չարաճճի՛, ուրկէ՞ ալ հնարեցիր, ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին կը յիշէի եւ խնդուքս հազիւ կը զսպէի»։
Եթէ Դանիէլ Վարուժանին աղջիկը հոս է, ուրեմն Վարուժանն ալ իր ետեւն է։ Ոսկեշուք լոյսեր, վարուժանական զուսպ փարթամութիւն մը սրահին մէջ տարածք ու հուն գտած էր։ Անոր հոգին պարուրած էր շրջապատը. երբ կը խօսէի կը զգայի թէ քերթողը մտիկ կ՚ընէ ցուցամատը քունքին։
Պատկառելի, իրեն արժանի մեծարանք։ Աւարտելէ ետք Վերոնիքան մօտեցաւ եւ իր զուսպ ժպիտով – ակռաները չէին յայտնուեր- ըսաւ.- հայրս շա՛տ հպարտ պիտի ըլլար քեզմով։
Հակառակ որ միշտ կ՚ըսէր, թէ իր բնակարանը շատ հեռու է, Վերին Նիւ Եորք, չ՚արժեր քշել, օր մը յայտնեցի թէ կ՚ուզեմ զինք այցելել։ Կիրակի արեւոտ առաւօտ էր, քշեցի ու քշեցի դէպի Փոթոմաք։ Իր ճամբուն անունը՝ Քրոթըն Ֆոլզ։ Ճամբան կը սկսէր այդ անունով յետոյ տեղ մը կը փոխուէր անունը, իր տան թիւը չկար ու չկար. Հեռաձայնեցի ըսաւ «Այո,՛ բարդ է, բայց ես ըսեր էի քեզի որ դժուար է հոս հասնիլ»։ «Ինծի համար հաճելի է դժուարը լուծել։ Կը գտնեմ հոգ մի՛ ընէք»։ Դարձայ ու դարձայ. խանութ չկար. քարիւղի կայան չկար։ Վերջապէս զոյգ մը տեսայ որ իրենց կառատան դուրսը ապրանք կը շարէին ։ Հարցուցի։ Մարդը ըսաւ.«Այսպէս պիտի չգտնես, ես հիմա ինքնաշարժով առջեւէն կ՚երթամ հետեւէ ինծի»։
Հեռաձայնեցի թէ հինգ վայրկեանէն կը հասնիմ։ Իրա՛ւ ալ հասայ. Վերոնիքան պարտէզի մուտքին կը սպասէր։ Պարտէզը երկու փարթամ ծառեր ունէր,( թափող տերեւներուն աղբիւրը). մնացեալը խճաքար։
Փայտէ երկար անցք մը կար դէպի իր տան աստիճանները տանող։ Անմիջապէս տուի մարգարիտներու փունջը. այնքան աղուոր ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ։ Անդրադարձաւ՝ միտքս պահեր էի թէ իր էն սիրած ծաղիկը մարգրիտն է – ապրիմ-մեռնիմ։ Խնդրեցի որ կայնի ճիշդ հոն եւ նկարեցի։
Դուռէն ներս լուսաւոր նախագաւիթ մը կար, յետոյ նստասենեակ, անկէ խոհանոց։ Ուզեց որ էն առաջ բան մը ուտենք։ Օ՜խ, ինչ աղուոր գիւղական խոհանոց էր –կարօտցեր էի։ Սեղանը փայտ՝ առանց ծածկոցի։ Աթոռներուն վրայ բարակ բազմոց, սպիտակ ամանի մէջ ճաշակով շարուած լոլիկ վարունգ ձիթապտուղ կանաչ պիպեռ ստեպղին։ Սառնարանէն հանեց. «Այս գինին կը սիրե՞ս», հարցուց։ Տարբերութիւն չ՚ըներ ըսի։ «Ես շատ կը սիրեմ գինի, – ըսաւ,- կեանքիս ընթացքին ամէ՛ն օր գինի կը խմեմ։ Գիտե՞ս որքան օգտակար է. թերեւս առողջութիւնս ասոր կը պարտիմ»:
Խօսեցանք մեր զաւակներուն մասին։ Մէկ-հատիկ աղջիկ ունէր, Րոննի, Ալասքա, եւ թոռնուհի մը՝ Արիզոնա։ Ցոյց տուաւ նկարները, անոնք այլեւս Քալիֆորնիա հաստատուեր էին, իր միտքը հանգիստ էր։ Աղջիկը երկարահասակ՝ աղբիւրէ մը ջուր կը խմէր։
Իսկական մայր էր, չէր ծախեր տունը, որպէսզի աղջկան ժառանգ մնայ եւ ան ուզածը տնօրինէ։ Դիւրին պիտի ըլլար իրեն համար ծերերու յատուկ հաստատութիւն մը երթալ եւ ազատիլ առանձնատուն ունեցողներու պարտադիր գործերէն – ձիւնէն, տերեւներէն, տանիք փոխելէ, ուտեստեղէն գնելէ։ Սակայն աղջկան ապագան կը մտածէր։
Նստասենեակը քանըփան մարած կանաչ էր. փոքր գրադարան մը՝ մարած կանաչ։ Մեծ գրադարան մը՝ ննջասենեակին մէջ։ Գոյները հանդարտութիւն կը բուրէին, իրեն պէս մեղմ էր մթնոլորտը։ Նստաւ թիկնաթոռին մէջ, ես՝ քանըփային։ Գլուխը քիչ մը ծռեց, նայեցաւ աչքերուս. «Կը կարդամ, հատ-հատ կը կարդամ, ոմանք նորէն կը կարդամ. լոյս կայ բանասեղծութիւններուդ մէջ։ Հայրս հպարտ պիտի ըլլար քեզմով»: «Ամբողջ ազգին հպարտութիւնն է ձեր հայրը։ Ի՞նչ կը յիշէք իրմէ», հարցուցի։
«Շատ լաւ կը յիշեմ վերջին գիշերը. Չորսուկէս տարեկան էի։ Խոհանոցի դուռին քով պզտիկ աթոռի մը վրայ նստած էի, ոստիկաններ ներս մտան, մայրս լալ սկսաւ, հայրս կը փորձէր հանդարտեցնել զինք. «Ես քանի մը ժամէն ետ կու գամ», ըսաւ։ Մինչ այդ ոստիկանները դարակներ բացին, թուղթեր առին։ Կու լար մայրս, հայրս գնաց։ Անկէ ի վեր միմիայն կը լսե՜մ հօրս մասին ։ Գիտե՞ս այս տարիքիս ե՛ս կրնայի իր մայրը համարուիլ։
Այնքան շատ կը սիրէր խաղալ մեզի հետ. Իշուկ կը խաղայինք, չորքոտանիի պէս կը քալէր գորգին վրայէն, մեզ իր կռնակին վրայ նստեցուցած։ Շատ ժամանակ կ՚անցընէր մեզի հետ։ Շա՜տ։
Այդ գիշերուընէ ետք ամբողջովին փոխուեցաւ մեր կեանքը, ուրախութիւն չկար։ Մայրս ամուսնացաւ նորէն։ Այդ մարդը պնդած է որ մենք գիշերօթիկ երթանք՝ համաձայներ է։ Ի՛նչ ընէ, միսմինակը ինչպէս պիտի խնամէր մեզ. նիւթական յենակ մը պէտք էր չէ՞։
Բայց ես կը մտածեմ թէ հօրս նման ամուսին մը ունենալէ ետք, ա՛լ պէտք չէ մայրս ուրիշ ամուսին ունենար։ Մենք մայրական գուրգուրանք չտեսանք»։
«Չէ՞ր գար ձեզի տեսնելու»։ «Կու գա՜ր. կարօտցած կ՚ըլլայինք, կ՚ուզէի որ դեռ մնայ, բայց շուտով ետ կ՚երթար։ Աբիկեանը հեռու կ՚ուզէր պահել մեզ։ Մայրս կը հետեւէր։ Թերեւս մեր բարօրութեան համար, իր պարագային դժուար էր. ինչպէ՞ս պիտի հոգար մեզի»։
Վերոնիքան եղբայրներուն Արմէնին եւ Հայկին հետ սերտ յարաբերութիւն ունէր։ Գրեթէ ամէն ձմեռ կ՚երթար Ֆրեզնօ, երբեմն ամիսներով կը մնար։ Ջերմօրէն կը խօսէր անոնց ընտանիքներուն մասին։
Երբ Հայաստան գացեր էր՝ այցելեր էր իր հօր անուան վարժարանը. երբեք չէր ըսած թէ ո՛վ է ինք։ Մեծ գումար մը նուիրեր՝ ելեր էր դուրս։ Վերստին երթալ կ՚ուզէր։ «Մեր յաւերժութիւնը միայն Հայաստանը կ՚ապահովէ»։
Յետմիջօրէի արեւը, Վերոնիքայի տանիքին զետեղուած պատուհանին մօտեցած մեղմօրէն կը դիտէր դուստրը որ հօր ներկայութիւն, մօր գուրգուրանք չունեցաւ. բայց մնաց ազնուական, ինքնամփոփ, այդ տարիքին իսկ ինքնաբաւ ու անպահանջ, փափկանկատ ու զուսպ. ճերմակ կոճղով ծառի պէս (Պըրչ թրի) որ պիտի կքի կը կարծես, բայց չերերար։
Դէմքը սպիտակ ու ողորկ մորթ, երբեք այդ տարիքը ցոյց չէր տար, ձայնը մեղմանոյշ, աչքերը մեղրագոյն, շալը ուսին, ձեռքով հիւսուած ժաքէթին բոլոր կոճակները կոճկուած, ցած կրունկ կօշիկով. ոտքը ոտքին վրայ երբեք չէր դներ։ Իսկ նայուածքով միշտ հեռաւորութիւն մը կը պահէր, այդ կորուսեալ խորհրդաւորը իրեն կը պահէր։ «Գրեթէ ամէն գիշեր կը կարդամ իր գործերէն,- ըսաւ- հայրիկս հետս կը խօսի՛։ Թէպէտեւ ինք գիւղ կը նկարագրէր բայց քաղաքի մարդ էր։ Կը տեսնեմ թէ հայրիկս գիշեր-ցերեկ կեանքի յաւերժութիւնը քանդակեց»։
Հայրը երեսումէկ տարեկան մնաց. ինք իննիսուներեք եղաւ այդ տարի. ճիշդ երեք անգամը։
Արեւը կը դիտէ այս կիները, որոնք իրենց յիշատակները կը պատմեն, ամէն մէկը իր կորուսեալ դրախտին մասին կը խօսի. երբեմն չեն խօսիր եւ զիրար կը լսեն, քանի որ գինիի կէս մնացած շիշը՝ կէս մնացած խօսքերը կը մաղէ, կը մանէ, կծիկ կծիկ կ՚ընէ, բզիկ բզիկ կ՚ընէ։ Գինի կայ՝ զայրոյթ է, գինի կայ՝ արտոյտ է։ Կայ զեղումի գինի, կայ զրկանքի գինի։ Կայ որբութեան եւ կայ սրբութեան գինի։ Կարմիր արեան յուշի եւ վառվռուն նուռի գինի։ Այս բոլորը ի մի խառնուած՝ Վարուժանի կարմրաշառայլ լոյսերուն մէջ կը փալփլին ոգեծին. մինչ իր ծննդավայր Սեբաստիայէն շատ հեռու իր դուստրը, իննիսունութ տարեկան, ճրագի հանգոյն կը հանգի ժամանակին մէջ, 2009-ի Փետրուարին։
Կենա՛ցդ, Վերոնիքա. ձմեռնային տարիքիդ մէջ իսկ գարնան աղուոր աղուոր վարդի պէս ապրեցար։ Հօրդ արեւին բոյրը ըմպեցիր, խոնարհ ու միայնակ։ Կը տեսնե՞ս, վեց վարդեր բերեր եմ քեզի, հօրդ ,մօրդ, եղբայրներուդ, եւ հօրդ կորսուած ձեռագիրներուն։ Դար մը առաջ Պոլսոյ նորակառոյց ընտանիքէն պոկուած, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի չորս ծագերուն թաղուած հանգուցեալներ, Դանիէլ Վարուժանի շունչէն ծնած։ Մեղրագոյն լոյսերու մէջ բոյրի ու համբոյրի սպիտակ վարդեր։
Փետրուար, 2022