Շուրջս կիսաստուեր շէնքերուն
Փլատակը …ու մահը անոնց ետին…
Մահը որ կը հալածէ հոգին,
Ամենատարած,
Ամենատաք եւ ամենաերկիր …
Այս մահ ա կռիւին մէջ
Մինչեւ ե՞րբ հոգին պիտի լռէ,
Այս ծալք ծալք եղած քաղաքին մէջ,
Մինչեւ երբ փիսիկները պիտ շտապեն
Որսալ հինցած քերթուածներուս դեղին տետրակները ու կարկտան յուշերս ….
Ես աչքերս փակ կը գրեմ,
Անհանգիստ կը գրեմ
Մի բանաք դռները սպասումներուն
Մի խօսիք յոյսին մասին
Որ ֆէյսպուքի պատուհանիկներէն կաթիլ Արցունքի պէս կը հրէ յիշողութեան Առագաստները….
Մի՛ խօսիք աւարտներու, դժոխքներու եւ սպիտակ մահերու մասին ..
Այս բոլորը չեն զարմացներ զիս …
Այս բոլորը չեն թրջեր արտեւանունքներս
Այս բոլոր չեն յիշեցներ որ ես անմարմին խեցի եմ, Վէրք եմ, արիւն եմ ամէն գարնան ձեր մէջ նորոգուող …
Պիտի նայիք անոր աչքերուն ու յիշէք որ
Սրբութեան նախատինքը մեծ է եւ թողութիւնը կատարեալ …
Մահեր, երկիրներ, սէրէր ընկղմած ու գինիի ներքնայարկ մարաններուն մէջ թողլքուած յիշողութիւններ :
Կոյրեր որոնք հերթի են տեսնելու
Անվաւեր խուլ էակներ որ պիտ արձակեն հոգիս …
Հոգիս տարածուած …..
Սրբութեան ամէնէն վերջին ցայտին հետ …
Ուր չբուսնի երէկուան չարութիւններս …
Եւ ականջներս չդառնան կարմիր,
Այն մեղքերուն համար
Որ կ’արիւնեն ձեզ…
Ընկերներս, պօղոս առաքեալի նամակները կարդալէ ետք
Բանաստեղծութիւն պիտի հոտիք …
Ամենակուլ բանաստեղծութեան վէրքը,
Պիտի հալածէ ձեզ…
Ընկերներս,
Հացի սեղանին դրէք իմ սիրտը,
Ես անվաւեր ու կիսատ տողերէն վեր
Ես անվաւեր եւ տառապած…
Աչքերուս մէջ
Տեսէք գալիքի կարմիրը
Ներեցէք ….
Ներեցէք որ վերարկու մը չառի որբին համար…
Ներեցէք որ գինիի շիշը չդրի սեղանին…
Դրի սիրտս,
Մեղայաութեան եւ նորածին հաւատքիս Փշուրներուն
Ու հիւանդ կասկածներուս համար …
Ներեցէք այն փողոցներուն անունով որ պիտի մաշին …
……………
Պիտի կանչեմ ձեզ երբ,
Արձակեալ հոգիս բանայ ճանապարհը…
Հիմա,
Երբ բոլորը կը խօսին աւարտներու մասին,
Հիմա երբ բոլորը կը սարսափին աւարտներէն,
Հիմա երբ աշխարհը կուզէ խօսիլ հեռացող թռչուններուն անունով ..
Հիմա երբ բոպիկ են որբերը
Այս ցաւին համար
Այս ցաւին մէջէն
…
Միակ ապաւէնը , միակ շտեմարանը յոյսի,
Հոն է երբ գլխարկդ կը հանես
Ու պատին կռթնելով կը նայիս անցորդներոն
Անոնց որոնք կը սարսափին մեհեաններու փլուզումէն:
….
Հրաշալի է այս գիշերը անմեղք ու անկարօտ,
Պայծառ է այս գիշերը առանց կարօտներու,
Երբ մարմինս կը դառանայ դիմացկուն ու վայել տառապանքին…
Հարբուխէ անցած բանաստեղծութեան մը վերջին տողերը շարելու
Նամակներու պէս …
Զիս անհամբեր սպասող ընկերներուս համար ..
…..
Հիմա կատարելութեան վերջին աստիճաններէն…
Եւ հաւանականան հանդիպումներէն առաջ
Պիտի արձակել հոգին դէպի խաղաղ ափ ..
Ուր չկան մահեր:
…..
Պօղոսի նամակները կարդալէ ետք
Լաւ պիտի ըլլար լիմոնով մաքրել ձեռքերդ,
Ձեռքերդ որ յոգնեցան մեղքէն,
Ու մեղաււորներուն անունով սրճել
Ծովեզրին ….
Լիմոնով լուալ ձեռքերդ,
Գործուելիք մեղքերուն համար ….
Ու մի կասկածիր
Դժգոհ, մի՛ կասկածիր …
Որովհետեւ հոգին լոյսերու տունն էր .
Հեռու տեղ մը .
Մարմինդ շապիկ
Մարմինդ բախտ ու պատահում,
Դագաղի համար
ՈՒ ռեհանի սեւ…
…Եւ ըմպելի ջուրի բլասթիք դատարկ շիշեր …
Դատարկ շիշեր ամէն դի….
Աստուած իմ
Աստված իմ …
Դատարկ շիշեր ամէն դի :
© Սագօ Արեան, 2010