Երազ աղջիկը պատուհանին քով
Քիչ մը մութ է, քիչ մը լոյս
Իր նստած սեղանին վրայ
Երկու գիրք կայ՝ մէկը բարակ, մէկը հաստ
Երկու գաւաթ՝ մէկը պարպուած, միւսը լեցուն
Երկու մոմ կայ, մէկը կ՚երգէ, միւսը լուռ է
Երկու թաղար, մէկուն՝ նազանի դաշտածաղիկ
Միւսին մէջ կուռ փշածաղիկ
Երկու մատիտ, մէկը կանաչ, մէկը սեւ
Երկու բարձեր, մէկր կարմիր, միւսը սեւ
Այս բոլորը կ՚երեւնան որովհետեւ
Սիւնը լոյսի՝ փողոցը կը կտրէ, պատուհանին կը հասնի
Մինչ այդ երազը կը հաւաքուի, կը տարածուի
Սահմանները կ՚անտեսէ, անկիւն մը կը պահուըտի
Առտուան՝ իրականութիւնը դիմաւորէ պիտի
Պէտք է ընտրութիւն կատարէ այդ «մէկ»երէն ո՞ր մէկը կ՚ուզէ
Երազազէն աղջիկը
Ի՛ր երազածը կ՚ուզէ
Խնդրեմ մարդիկ, օգնեցէք
Որ երազկոտ աղջնակը ալ անմուրազ չմնայ
Չէ՞ որ նստաւ պատուհանին առջեւ
Ու շոյեց իր գիրուկ կատուն զոր դեռ ոչ ոք տեսած էր
Կատուն մլաւած չէր
Ինքը խայտացած չէր,
Երազը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ
Ա՛յդ ալ չէր գիտեր։
Ապրիլ, 2024