Վեհանոյշ Թեքեան | Գուրգէն Մահարի, Սարմէն, Պարոյր Սեւակ

– Պիտի այցելեմ։ Անպայման Գուրգէն Մահարիի գերեզմանը պիտի երթամ խունկ վառեմ։
Առաջին գիրքս ի՛նք խմբագրած էր, մանրահատիկ գիրերով. եւ ինքնակամ գրած յառաջաբանը։ Անկէ անկախ՝ շատ կը սիրէի իր գրականութիւնը, բարձրաձայն կը խնդայի երգիծական մասերուն։ Պատմուածքները քնքուշ աշնան մէջ թաքնուած գարուն կը բուրէին։ Բանաստեղծութիւններէն մաս մը գոց գիտէի։ Հիմա Մահարիին հանդիպելու միակ ձեւը աս էր։
– Լաւ,– ըսաւ Վահագն Դաւթեան,– կ՚երթա՛նք, իրեն շա՜տ յարմար տեղ մը թաղուած է. անդենականի մէջ երջանիկ է Մահարիդ։
– Ինչէ՞ն գիտես։
– Կ՚երթանք, կը տեսնե՜ս։
Պանթէոն անգամ թաղուած չէր։ Ընդհանուր գերեզմանատուն մըն էր. բաւական յառաջացանք, ես որ դիւրին-դիւրին չեմ լար, իր գրականութիւնը ինծի այնքան լաւ պահեր պարգեւած էր, որ ափսոսացի մահանալուն, ան ալ՝ ցաւերո՛վ։ Երբ ծաղիկները կը զետեղէի արցունքով, մէկէն արցունքս ժպիտի վերածուեցաւ. Մահարիի շիրմաքարին ճիշդ քովը պալերինայի մը գերեզմանն է եղեր. եւ պալերինային մերկ արձանը լման հասակով կայնած էր կողմնակի, յետոյքը ուղղակի դէպի Մահարին։
Վահագն Դաւթեան ձեռքովը բերանը կէս մը ծածկած կը ժպտէր։
– Էհ, գոնէ երջանիկ է։
Սիրտը հանգիստ էր բարեկամին համար։
– Կեանքին մէջ ալ երջանիկ զգալու էր, այդքան նուիրուած կին մըն էր Անտոնինան, աքսորավայրէն ի վեր։
– Բայց այս մէկը յաւիտենակա՛ն է։

*****

Նոյն օրը կէսօրէ ետք Սարմէնի յուղարկաւորութիւնն էր։ «Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն է արթուն…» Սիամանթոյի «Հայրենի տուն»-ը յիշեցնող։ Երգեր՝ բոլորովին տարբեր ձայներով։
Տարի մը առաջ Երեւան հասնելուս՝ Սիլվա Կապուտիկեանը հրաւիրած էր միասին անցընենք յաջորդ օրը։ Իր յարկաբաժինը երրորդ յարկ էր, լայն աստիճաններուն վրայէն բարձրացած պահուս երկրորդ յարկէն դուռ մը կամացուկ բացուեցաւ. նկարներէն հետեւցուցի՝ Սարմէ՛նն էր սպիտակ երկար մազերով . հովի պէս մեղմաբար փակեց դուռը։ Անհետացաւ երեւոյթը։
Յաջորդ տարի ժամանումիս Ճիշդ յաջորդ օրը դարձեա՛լ Սարմէնն էր. Յուղարկաւորութիւնը։ Ի՜նչ զուգադիպութիւն։
Քանի մը հոգի՝ Դաւթեանը, Դաւոյեանը եւ ուրիշներ, կայներ էինք Արմենիայի աստիճաններու վարի սանդխամատին վրայ։ Պէտք է սպասէինք Անահիտ Սահինեանին եւ ուրիշի մը, զոր չեմ յիշեր։ Յուղարկաւորներու ցանցառ բանակ մը կ՚ուղղուէր քովնտի փողոցէն, անվերջանալի հոսանքը հոգիդ կը լեցնէր։ Քանի մը հոգի մօտեցան աստիճանին վրայ շարքով կայնողներուս, կարճ հարցուփորձ եւ հեռացան։ Երկու կիներ բաւական յամեցան, ինծի հարցեր կու տային, կը խօսէինք լեռնէն-ձորէն, գոնէ քառորդ ժամ։ Ի վերջոյ ճիշդ դիմացս կայնող կինը ըսաւ.
– Շարժուե՞նք։
– Կը ներէք,– ըսի,– մենք Անահիտ Սահինեանին կը սպասենք։
– Անահիտ Սահինեանը ե՛ս եմ,– ըսաւ։

*****
Կը լսէինք որ Մահարին հիւանդ է ու վիճակը կը վատթարանայ. լեարդի հարց ունի, աչքերը դուրս ինկեր են։ Եթէ «վիճակը լաւ չէ» ըսուի, ետեւէն մահազդը կը հասնի։ Նստեր եմ տպարան Սեւանի խոշոր ապակեպատ գրասեղանին առջեւ, ուրիշներ ալ կան։ Կէսօր է։ Սիմոն Սիմոնեանը կ՚անցնի տպարանէն, անկիւնի սենեակէն մինչեւ գրասենեակ, կ՚երթայ կու գայ ինծի կ՚ըսէ «Խըտըրին ըսեմ՝ քեզի «քնէյֆի պժպնի» թող բերէ։ Արաբական անմահական անուշեղէն մըն է որ շատ կը սիրէի, Սիմոնեանն ալ սու պէօրէկ շատ կը սիրէր, մանաւանդ մօրս պատրաստածը, ամենէն լաւ ինքը կը պատրասէ կ՚ըսէր։ Եւ քանի որ իր տիկինը շատ զգոյշ էր, որ ամուսինը իւղոտ աղոտ բաներ չուտէ, Սիմոնեան հարցը գաղտնաբար լուծած էր. «Ես շաբաթը երեք անգամ առտուան եօթնուկէսին Խըտըրին հետ (տասնչորս տարեկան քիւրտ գործաւոր) քեզի քնէյֆի պժպնի կը ղրկեմ փուռէն տաք տաք ելած. երբոր տասը անգամ ղրկեմ՝ թող տիկին Մարին ինծի մէ՛կ տիլիմ (քառակուսի կտոր այս պարագային), միա՜յն մէկ տիլիմ սու պէօրէկ ղրկէ։»
Ալ մայրս օր մը ըսաւ.– քնէյֆին Սիմոնեանը կը ղրկէ, ես սու պէօրէկը կը շինեմ. միակ օգտուողը դո՛ւն ես։
Ամիս մը ետք հրաժարեցայ։ Կը մեղքնայի յատկապէս անմեղ դէմքով Խըտըրին, որ առտու կանուխ քառասուն վայրկեան պէտք է քալէր մեր տունը հասնելու համար։
Սակայն մայրս առիթ չէր փախցներ սու պէօրէկ շինելու. պատրաստուելու ընթացքին կը հասնի պահ մը երբ բարակ խմորը կը մկրտուի եռացած ջուրին մէջ, կը փաթթուի բարակ անձեռոցի մը մէջ եւ սեղանին վրայ կը սպասէ իր ճակատագրին։ Առտու կանուխ կը սկսէր մաման, կէսօրուան պատրաստ կ՚ըլլար։ Իսկ ուրիշ ո՞վ կ՚ակնկալէր մօրս սու պէօրէկը՝ Վահրամ Մավեանը։
Այդ օր Սիմոնեան անպայման կ՚ուզէր քնէյֆի հրամցնել։ Ըստ երեւոյթին՝ անոյշ բանի մը նախապատրաստութիւնն էր, լեղին չհասած։ Քիչ ետք նորէն եկաւ, սեղանին միւս ծայրէն վերցուց ընկալուչը, բաւական խօսելէ ետք, բերանը քովնտի ծածկելով առանց իջեցնելու ձայնը՝ ըսաւ. «Վեհանոյշը թող չլսէ բայց՝ Մահարին երէկ մահացեր է։»
Անակնկալ չէր բայց ընդունելի ալ չէր։ Մահարին կա՜ր ու կա՛ր։ Քիչ ետք Սիմոնեան պահը յարմար նկատեց որ քովի սենեակը երթամ դուռը (ապակեպատ) փակեմ չխանգարուելու համար եւ Գուրգէն Մահարիի մասին գրեմ։ Ապսպրանքի վրայ չ՚ըլլա՛ր։ Քանի մը օր ետք գրեցի։ Տպուեցաւ Սփիւռքի մէջ. հիմա ուր է չեմ գիտեր։ Իրմէ տող մըն էր բնաբանը՝ «Ծաղիկներ կան խնկուող, որոնց բոյրը չգիտես…»
Ո՞ր գրողը գիտէ լիուլի իր ծաղիկներուն բոյրը։ Միայն ընթերցողը կրնայ վայելել ամբողջութիւնը։

*****
Երազէս սահմռկած արթնցայ. կարծես իրական էր։ Բան մը պատահած եւ ամբողջ Հայաստանը բնակչութենէ պարպուած էր։ Միայն քար ու պայծառ օդ։
Տուները, դուռները անշարժ էին, իսկ պատուհանները քառակուսի բացութիւններ էին միայն, կուրցած խոշոր աչքերու պէս։ Բարձր շէնքեր չկային։ Միահարթակ եւ կատարելապէս ամայացած, քարացած՝ մէկ վայրկեանի մէջ.
Այդ օրերուն Դաւթեանին գրած նամակիս մէջ յայտնեցի տարօրինակ երազս։ Պատասխանը եկաւ՝ «Իսկ երազիդ համար ի՞նչ ասեմ, Աստուած բարին կատարի»։
Պատմեր էի նաեւ Սիմոն Սիմոնեանին, գլուխը պահ մը վերուվար շարժելէ ետք ըսած էր.– «Դուն բանաստեղծ ես, հայոց Աստուածը քեզի հետ կը խօսի՛»։
Երեք շաբաթ ետք հասաւ Պարոյր Սեւակի մահուան գոյժը։ Ցնցուեցաւ Պէյրութը, իսկական սուգ էր եւ աւաղում. ափսոսանք ու արցունք։ Ինչպէ՞ս կարելի էր, ո՛չ ատիկա արկած չէր. Սովետները այսպէս կ՚անհետացնեն ազգայնապաշտները։ Դեռ նոր ներգաղթած տասնըութ քսան տարեկան բանաստեղծ Անդրանիկ Թերզեանին նոյնը եղաւ։ Սովետները իրենց այլախոհները, մինչեւ իսկ հոգեբոյժները կա՛մ մտային հիւանդանոց կը դնեն անոնց դատողութիւնը խափանող սրսկումներ կատարելով, կա՛մ ամենէն արագ ձեւը՝ կը սպանեն, կամ ալ ամենասոփեստ ձեւերով կը թունաւորեն։ Անշուշտ միշտ կայ անձնասպան ըլլալու վարկածը։ Հայերու պարագային՝ ոչ աւելի ոչ պակաս՝ ինքնաշարժի մահացու արկած կ՚ունենան։ Շրջան մը ետք արկածը ստանձնող շարժավարն ալ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ կը մահանայ կամ կ՚անհետանայ։
Թիկնեղ, տպաւորիչ դէմքով Յակոբ Կիւլոյեանը կու լար, ինքը, որ Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»ը ծայրէ-ծայր ամեհի յիշողութեամբ արտասանած էր տարիներով, լեփ-լեցուն սրահներու մէջ։ Բանաստեղծական ալիքներով պատմութիւն եւ յուզում ու սրբազան կեանք եւ պատգամ աւետած էր, հնչեղ ձայնով։ Բեմին վրայ միս-մինակ կայնած կը մեծնար եւ Կոմիտասի կեանքին ընդմէջէն ամբողջ ազգի մը վերջին դարու հերոսութիւնը, նահատակութիւնը եւ յարութիւնը կը հաղորդէր։
Պարոյր Սեւակ հերթի չհետեւեցաւ, իր երթը, քայլերգը, ինքնատիպ փառերգութիւնը, մարդերգութիւնը, սիրերգութիւնը եւ բարոյականութեան բարձրութիւնն ու անխնայ յանդգնութիւնը թաթխեց հայոց Բանին մէջ ու հաղորդութիւն տուաւ իր ժողովուրդին։
Իր մահուան համար իսկ մարգարէացաւ։
Գացի իր ձեռքերով կերտած տունը, տեսայ իր մայրն ու հայրը։
Վայրը՝ ուր հոգին աւանդած էին ինքն ու կինը։ Լայն պողոտայ։ Բոլորակի կէսին իր ծաղկայորդ շիրիմը՝ խաչքարի նման։
Իր մէջ կային բնութեան բոլոր տարրերը՝ կրակի կայծկլտանքը, հողի հոգին, դարերու ջրվէժը եւ սիրաբոյր օդը։
Պարոյր Սեւակ՝
Անարդարութեան, գձուձութեան հանդէպ անհամերաշխ, մարդկայնութեան ու սիրոյ հանդէպ համերաշխ ու հոգատար հոգի,
որ կա՛յ, կը մնա՛յ ու դեռ՝ յաւերժանա՜յ։

Ապրիլ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *