Վեհանոյշ Թեքեան | Հաւատքի շիթեր

 

1.
Ես հագած ճամբաներ մթնաբախ
Կամուրջներ ու գետեր վշտասաց
Կորսուած ծիծաղներ վիզէս կախ
Եւ ուսիս՝ ցաւի կուժը ճաթած
Հալհլած մանուկներ կռնակիս
Մէջքիս շուրջ գնացքներ հառաչի
Նահատակ դիակներ կոպերուս՝
Աստուծոյ ընդառաջ քալեցի։

Բռնեցի Իր աջը դողացող
Եւ ըսի. «մէ՜կ անգամ գէթ լսէ,
Աշխարհի մարմինը վիրաւոր
Աչքերս մոխրացնող թախիծ է,
Բաց ճամբան, Հայր Աստուած բա՜ց ճամբաս
Եւ կապոյտ մատեանդ ետ մտիր,
Օ՜, չկայ արնաներկ ցաւարան
Խորհուրդի ծոցին մէջ անպատիր։»

Ու վայրի տագնապով աներկբայ
Աշխարհի տեղը ես փոխեցի՛։
Լուսազարդ ծառերէն թռչկոտող
Նրբաթել ծիծաղներ կախեցի,
Կենսատու հաւատքի շիթերով
Մարդկութեան երազներ ցրուեցի,
Աթոմը հռչակեց գործադուլ
Ոչ լոզո՜ւնգ, ոչ դրօ՜շ, ոչ ոսկի՜…

Երազո՛ղ, աշխարհդ շինեցիր,
Այս անձայն ցնորքիդ հաւատա,
Երկրագունդին մէջ հոլի պէս դարձիր
Թող աշխարհ թմրահալ քնանայ։
Ու վաղը եթէ այս տեսիլքդ
Խլածաղկի պէս իջնէ կոպերէդ՝
Դատարկուող լացիդ մէջ մի մոռնար
Որ տեղ մը, ուրիշ մը, ցաւամերկ,
Հաւատքի նոր շիշեր բաշխելով

Որ տեղ մը… ուրիշ մը… ցաւամերկ

Եւայլն եւայլն եւայլն…

 

2.

Եւ վերջիվերջոյ ամէն վերլուծում ապարդիւն ձեւ է,
Հարցումը եռանդ, եւ պատասխանը հարցում կը դառնայ,
Տարբեր էր երեկ, տարբեր է այսօր, վաղը տարբեր է,
Բայց վերջիվերջոյ շղթան նոյնաձփւ ուրիշութիւն է։

Եւ քանի որ մենք երգեհոն ենք խորքի, յղացքի տաճար,
Զգացում մը՝ ա՛յլ զգացումով մը սրբագրել կ՚ուզենք,
Եւ հաւատքներու մեր պատկերները մարաններէ կախ
Գունատած կ՚իյնան պատրանքներու նոյն ճեղքերուն ներքեւ։

Ո՞վ կը մտածէ անցորդին մասին, անկանգ ու անտուն,
Որ գուցէ ես եմ, կամ դուն, կամ միւսը որ երէկ մեռաւ.
Որ իղձերուն մէջ թաթխեր էր ձայներ, երանգներ յոյզի,
Առողջ կիրքերու ծանրութիւն անծայր, հովագոյն ցօղեր։

Եւ քանի որ մենք հանգոյց ենք յուշի՝
Անձայն է երգը, անգոյն է լոյսը, մութ՝ երգը ցաւի,
Հեղուկ է անցեալը, ներկան շոգի է, ապագան անշարժ,
Ճարճատող հեւքով բան մը կ՚որոնենք որ վա՛ղն ալ ապրի։

Եւ վիրաւորուած թռչունի նման գլուխս ծռած
Մտիկ կ՚ընեմ մեր կեանքի եւ մահուան տեսութիւնները,
Ու չեմ հասկնար թէ ի՞նչ խորհուրդով բնազանցական
Փոքրիկ մահերու այսքան անվախճան էութիւն ենք մենք։

 

3.
Երբ չէի ուզեր մոխիրներ շոյել
Փլուզումներէն անտարազելի,
Քով-քովի դրի նոր լեզուի լարեր
Որ տրտմաթելէ հնչիւններ հագան,
Եւ օրօրուելով սայլակառքի վրայ
Գիշերուն վերջի՜ն ցիկանով անցան։

Ու մնացին ինծի
Կապոյտ հովանոցներ,
Կապոյտ հովանոցներ՝ գիշերներէն ոսկի։
Ու մնացին ինծի
Լապտերները կանաչ,
Փայլակներու բազուկով ճօճուելէ ետք անոնք
Դեռ կ՚երազեն զգալ բերկրութիւններ անանց։
Ափերուս մէջ թաքնուած կայծոռիկները հատ-հատ
Շարեցի մերկացած լռութեանս ոստին,
Որ երբ կայծակ իջնէ ինքնակորոյս ու բիրտ
Երբ ա՛լ ոսկեգոյն հորն արեւի ծածկուի՝
Ես մատուցե՜մ ձեզի թաքուն կայծոռիկներ,
Կապոյտ հովանոցներ, հին մոռցուած բաներ,
Որ ձեր լուսացնոր ցիկանը կեանքի
անհուն տխրութեամբ
գիշեր մը չանցնի

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *