-Պարոն Չիֆթճյան, Դուք բլոգի երեքամյա տարելիցի օրը (8 ապրիլ 2019) գրառում էիք կատարել և երախտագիտություն հայտնել այն հարյուրավոր մարդկանց, որոնք աշխատակցում են բլոգին, սակայն ինձ հետաքրքիր է` ի սկզբանե ո՞ւմն է եղել մտահղացումը և ինչպե՞ս կարողացաք տարածել Ձեր գաղափարը աշխարհով մեկ:
Նախ կ’ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս անոր համար, որ այս հարցումները Հայաստանէն ու արեւելահայերէնով կու գան։ 8 Ապրիլ 2016ին տեղադրած ենք մեր առաջին գրութիւնը Հայերէն Blogին վրայ։ Այս թուականը նաեւ մեր հիմնադրութեան օրը կը դաւանինք եւ իւրաքանչիւր ամսուան 8ին կը ներկայացնենք նախորդ ամսուան ընթացքին հրապարակուած գրութիւններուն ցանկը։
Միշտ ալ միտքիս մէջ շարժիչ հանգամանքով մը ներկայ է 2 Ապրիլ 2016 ին սկիզբ առած Արցախի քառօրեայ պատերազմը, որուն շունչին հետ կապուած կը մնայ, յիշողութեանս մէջ, մեր կայքէջին հիմնադրութիւնը։
Զիս միշտ մտահոգած է ու կը մտահոգէ արեւմտահայերէնին բացակայութիւնը մանաւանդ մեր առօրեային մէջ։ Նկատի չունիմ Հայաստանը։ Լեզու մը միջավայրի մը արտադրանքն է։ Ատենին կային այդ աշխարհագրական միջավայր-կեդրոնները, հիմա ալ կան անոնցմէ ոմանք․ ներկաները բացականերէն դուք զատեցէք․ Կ․ Պոլիս, Զմիւռնիա, Երուսաղէմ, Պէյրութ, Հալէպ, Վենետիկ, Վիեննա, Փարիզ եւ այլն։ Հիմա սակայն հարստացած ենք մեծազօր համացանցով, ու աշխարհագրականին կողքին ու անկէ անկախ ցանցային հարթավայր մը յառաջացած է մեզի համար, ուր մեր լեզուով գրաւոր ու բանաւոր փոխանակում տեղի կ’ունենայ, տեղադրումներուն քովն ի վեր, գրողներ կը կարդան մէկզմէկու գրածները, իրարու կը ծանօթանան, ու այդ փոխանակումը միաժամանակ կ’ունենայ գրական մակարդակ։
Դուք գիտնալու էք, թէ այսօր քանի՞ հաստատութիւն ու կազմակերպութիւն,– հոս անուններ տալու կարիքն իսկ չկայ, որովհետեւ անոնք հայ մամուլի էջերուն երկայնքին կ’երթեւեկեն, – «լծուած» են արեւմտահայերէնի զարգացման ու, ըսենք, կենդանացման աշխատանքին։ Ոմանք նոյնիսկ կը յաւակնին գերարդի մասնագիտական միջոցներով հանդէս եկած ըլլալ։ Անոնց բոլորին ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Ցոյց տուէք, խնդրեմ, այդ բոլորին մէջ մէկ հատիկ կազմակերպութիւն, որ արեւմտահայերէնով կայքէջ մը ունի, ուր գրեթէ առօրեայ դրութեամբ նոր նիւթ կը տեղադրէ, – ոչ թէ կը վերահրատարակէ կամ աջէն-ձախէն կը ժողվէ,– բերելով մեր լեզուին այսօրուան վիճակին մասին վկայութիւն։
Ինծի համար այլեւս երգիծանքի առարկայ են համախմբումներ ու դասախօսութիւններ, ուր կ’արծարծուին նման հարցեր. «Ի՞նչ պէտք է ընել, որ արեւմտահայերէնը կենդանանայ, վերակենդանանայ»։ Եթէ բան մը ընել կրցող կայ՝ ինչի՞ կը սպասէ։
Կը հարցնէք «մեր գաղափարը աշխարհով մէկ տարածելուն» մասին։ Այդ հարցումը ես ալ կ’ուղղեմ յաճախ ես ինծի, երբ աշխարհի որեւէ անկիւնէն անձի մը ու մեր միջեւ յանկարծ անակնկալ համագործակցութիւն մը կը սկսի։ Երբեմն կարելի է յիսուն էջ գաղափար ու ծրագիր գրել, սակայն անկարող ըլլալ այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու, ո՛ւր մնաց տարածելու, այնքան ատեն որ տեսիլքը կը բացակայի։ Տեսիլքը կապ ունի գալիքը տեսնելուն եւ միաժամանակ չտեսնելուն, ու այդպիսով՝ տեսնել-չտեսնելով պատահելիքին հոտառութիւնը մշակելուն հետ։ Ես կը խորհիմ, որ «գաղափարներու տարածում»ը այս հոտառութեան մշակումին հետ կապուած է եւ ճիշդ այդ է, որ կը պակսի ինչ-ինչ կազմակերպութիւններու, որոնք «փայլատակող» հանդիսութիւններ ու դրամահաւաք կազմակերպելով, նախագահ ու նախարար հրաւիրելով, խորհրդակցութիւններ կատարելով, տպագիր կամ առցանց հատորներու հրատարակութիւններով ու տրամադրումով կը կարծեն արեւմտահայերէնը բեմ հանած ըլլալ։ Արեւմտահայերէնը հարկ է, որ անյապաղ այդ տեսակի բոլոր «բեմերէն» վար իջնէ ու առօրեայ կիրարկման ենթակայ ըլլայ։ Մեր փորձածը այդ է։
– Մուշեղ Իշխանն ասում էր` «Հայ լեզուն տունն է հայուն»: Արդյոք հայ լինելու միակ ցուցիչը հայերե՞նն է:
Նոյնիսկ եթէ երեւանցիները թերեւս ընդունելու դժուարութիւն ունենան՝ հայ ըլլալու տարբեր ձեւեր կան։ Ասիկա մեր պատմութիւնն է, որ մեզի կը սորվեցնէ եւ մենք չենք կրնար ըլլալ այնքան ինքնավստահ ու կոյր, որ մենք մեր պատմութեան դաս սորվեցնենք։ Հայերէն խօսող հայերն ու չխօսողները մաս կը կազմեն հայութեան մեծ ընտանիքին։ Ընկերաբանները կրնան խօսիլ այդ մանրամասնութիւններուն մասին։ Ամէն անգամ, որ, տարբեր երկիրներու մէջ, լեզուներ փոխելով հայերու հետ խօսելու փորձառութիւնը ունեցած եմ, զգացած եմ անոնց բերած ու բերելիք նպաստը հայկականին, ու նոյնիսկ հայերէնին, որոնք՝ հայկականն ու հայերէնը բազմաշերտ են։
Ես «ազգային դատաւոր» չեմ, որ հոս հայ ըլլալու ցուցանիշեր սահմանեմ։ Ես կրնամ սակայն խօսիլ բաղձանքի մասին ու խստօրէն քննադատել ալ, օրինակ, որ սփիւռքեան համայնքներ ու հայագիտական կեդրոններ, տասնամեակներ շարունակ, ու յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, լեզուն մէկդի շպրտած են, չեն սորված ու չեն սորվեցուցած, դասական ու ծանօթ շրջանակներէ դուրս լեզուն գործածելու միջավայր չեն ստեղծած, կամ լաւագոյն պարագային՝ շնչատ, ժամանակաւոր, անարմատ ձեռնարկներ բերած ու տարած են։ Այս կեցուածքն է պատճառը, ոչ Սփիւռքի սփիւռքեան իրավիճակը, որ լեզուն անտեսուած է մեր համայնքային ու ակադեմական շրջանակներուն կողմէ ու այսօր փաստօրէն «հալածեալ»ի կարգավիճակ մը ունի։ Որքան անմշակոյթ պէտք է ըլլայ համայնքային շրջանակ մը, որ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հարիւր հազարներու թիւ հաշուէ եւ «իր» լեզուին համար հաստատութիւն կառուցելու տեսիլք չունենայ։ Ինծի ծանօթ է Եւրոպական Միութեան հակալեզու քաղաքականութիւնը, սակայն կան հազարումէկ միջոցներ, անձնական հիմնադրամներով յառաջ երթալու։ Սակայն՝ ոչ։ Ես տեսիլք չեմ տեսներ։
Դուք, հայաստանցիներդ, սովորաբար այս կացութիւնը կը վերագրէք հայրենի հող ու պետութիւն չունենալու սփիւռքեան վիճակին։ Մեծապէս կը սխալիք։ Առանց հողի ու պետութեան հայութեան մեծագոյն իրագործումները կատարուած են։ Անհայրենիք միջավայրի մէջ ծլած ու զարգացում արձանագրած են արեւմտահայերէնը, ինչպէս եւ արեւելահայերէնը։
-Ես տեսնում եմ, որ Ձեր բլոգը անմիջականորեն է արձագանքում աշխարհի իրադարձություններին, օրինակ, Նոտր Դամի այրումից մի քանի ժամ անց «Հայերէն» բլոգում համանուն բանաստեղծություն և նյութեր հայտնվեցին: Ամենօրյա այս ընթացքի մեջ բլոգում նկատո՞ւմ եք կենդանի լեզվի փոփոխությունները:
Մենք ոչ միայն կենդանի լեզուին փոփոխութիւնները կը նկատենք, այլ այդ փոփոխութիւնները կը կազմակերպենք ու կեանքի կը կոչենք։ Այս կազմակերպումն ու կեանքի կոչումը առօրեայ իրականութիւններ են։ Ամէնօրեայ տեղադրումներն ու ընթերցումները լեզուին առօրեայ կերպարանափոխումին հաղորդակից կը դարձնեն մեզ։ Հոն ի յայտ կու գան տարբեր գաղութներու մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլուր) առկայ խօսակցական ու գրական փորձերն ու զարգացումները։ Մեր փոխանակումները նաեւ տեղական գունաւորումներու յայտնաբերումը կը կատարեն յաճախ։ «Իմանալ»ը պոլսահայերուն համար «լսել»ն է եւ ոչ «հասկնալ»ը։
Աշխատակիցներու ցանկը (https://hayerenblog.wordpress.com/category/աշխատակիցներ/) կրնայ գաղափար մը տալ կայքէջին աշխարհագրական պատկերին մասին, որ էապէս համացանցային է, եւ մենք մեր աշխատակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութեան անձամբ ծանօթ չենք։ Անոնք կը բնակին 23 երկիրներու մէջ՝ Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Իսրայէլ, Յորդանան, Եգիպտոս, Քուէյթ, Թուրքիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Զուիցերիա, Հոլանտա, Յունաստան, Կիպրոս, Ռուսիա, Ռումանիա, Լեհաստան, Գանատա, Մ․ Նահանգներ, Արժանթին, Ուրուկուէյ։
Առիթով մը յարգելի գիտնական մը «մշակութային գործունէութիւն» կ’որակէր սփիւռքեան գաղութի մը մէջ ամիսը անգամ մը մանուկներ ու պատանիներ հաւաքելով հայերէն երգուպար սորվեցելը անոնց, շատ հաւանաբար ալ՝ անգլերէնի միջնորդութեամբ։ Ուրիշ շատ մը տեղեր տարին անգամ մը երիտասարդական կամ ճամբարային այլ համախմբումներ տեղի կ’ունենան, տարիներէ, երբեմն տասնամեակներէ ի վեր։ Ես չեմ կրնար երեւակայել, որ մարդիկ ամիսը կամ տարին անգամ մը միայն մարմնական սնունդ ստանան։ Իսկ եթէ լեզուն ամսական կամ տարեկան՝ տօնական սնունդ է միայն, կամ զարդ, որ ամիսը կամ տարին անգամ մը կը կրես ու պահարանին մէջ կը պահես, աւելի լաւ է, որ այդ զարդը պակաս ըլլայ։ Առանց այդ զարդին ալ կարելի է ապրիլ։ Եւ այս է արդէն պատճառը, որ լեզուն, իբրեւ «աւելորդ զարդ», մեր առօրեայէն դուրս շպրտուած է։
Գոյութիւն ունին համացանցային համալսարաններ, որոնց շօշափելի արդիւնքին մասին դժբախտաբար որեւէ տեղեկութիւն չունիմ․ անոնց շրջանաւարտները, որոնք վկայականներ ալ կը ստանան, կը շոգիանան ու երկի՞նք կը բարձրանան։ Ի վերջոյ ո՞ւր կը կիրարկեն անոնք իրենց սորված հայերէնը։ Չկիրարկելո՞ւ համար կը սորվին։ Երբեմն կը լսեմ հազարաւոր շրջանաւարտներու մասին, որոնցմէ մէկ հոգին անգամ համացանցային նոր թերթ մը (տպագիրները արդէն միայն փակուելու սովորութիւն ունին) հիմնելու նախաձեռնութեան չէ դիմած, ըստ երեւոյթին։ Լեզուն իմաստ չունի այլեւս մեր առօրեային համար։ Այս է բացարձակ ճշմարտութիւնը։ Եւ այս ճշմարտութեան դէմ է, որ մենք կ’աշխատինք գիշեր-ցերեկ։
-Ի՞նչ դժվարությունների է հանդիպում արևմտահայ լեզվակիրն այսօր: Մտածում եմ, որ եթե արևելահայերենը սակրալանալու, կենդանի մնալու խնդիր չունի, քանի որ ամենօրյա գործածության մեջ այն ազատ է նաև նորություններ ընդունել, արևմտահայ լեզվի պահպանությունը շատ ավելի բարդ է: Ինչպե՞ս կարող ենք այնպես անել, որ արևմտահայերենը ոչ ուծացվի, ոչ էլ մեռած, անկենդան լեզվի նմանվի: Կա՞ այդ սահմանը:
Նախ չմոռնանք մեր կայքէջին ունեցած դժուարութիւնները, որոնք բնական են, անոնց յաղթահարումը յաճախ ծանր, մեր գլխէն վեր միջոցներ կը պահանջէ։ Եթէ նիւթական կարելիութիւններ ունենայինք, կրնայինք հսկայական աշխատանք յառաջ տանիլ, քանի մը կայքէջի ծաւալով եւ յատուկ ծրագրերով։ Դժբախտաբար, սակայն, արեւմտահայերէնով եւ ընդհանրապէս գրականութեամբ լրջօրէն հետաքրքրուող հաստատութիւններ չկան,– Հայաստան ալ պարագան շատ տարբեր չէ, հակառակ պետական բոլոր լծակներուն, եւ մենք պէտք է ի վերջոյ գիտակցինք, որ եւրոպացի ժողովուրդ մըն ալ չենք, որ մշակութային հիմնադրամներ ունի, հակառակ այն իրողութեան, որ Արեւմուտքի բնակիչ ենք,– եղածներն ալ կողմնորոշումի լուրջ դժուարութիւններ ունին․ մասնագէտներ կը մէկտեղուին, կը խորհրդակցին, կը ծրագրեն, սակայն ձեռնունայն կը ցրուին, ոմանք կուրաբար կը գործեն, շատ մը տեղեր պատճառ դառնալով արեւմտահայերէնի «կենդանի սպանութեան»։ Հսկայական մսխումներու վկան ենք։ Դժգոհ չենք, ոչ ալ կը բողոքենք։ Բայց այս անպատասխանատու կացութիւնը մեզ դժուարութիւններու առջեւ կը դնէ։
Թացի եւ չորի տարբերութիւնը շատ կարեւոր է որեւէ լեզուի զարգացման համար։ Մենք գոհունակութեամբ կը շարունակենք մեր ճամբան, որովհետեւ կրցած ենք արեւմտահայերէնին սերմերը ցանել հո՛ն, ուր դատարկապորտ հրապարակագիրներ անապատ կը տեսնեն, կրցած ենք կայծին տալ օթեւան, երբ անկարող ծրագրողներ մարդուժի պակասի մասին կը խօսին բեմերէն։ Շատերու կողմէ մեզի ուղղուած հետեւեալ հաստատումը աւելի քան մխիթարանք է, ինչ որ կը համարենք մեր աշխատանքին ամենէն վաւերական գնահատանքը․ «Եթէ դուք չըլլայիք, մենք չէինք քաջալերուեր»։
Եթէ դուք Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնին կ’ուզէք սատարել՝ կրնաք պարզապէս արեւմտահայերէն կարդալ։ Ուրախութեամբ կ’ուզեմ արձանագրել, որ վերջին տարիներուն Երեւանի քանի մը հրատարակչատուները արեւմտահայերէնով ու աւանդական ուղղագրութեամբ հատորներ լոյս ընծայած են։ Ուրախութեանս չափ ալ տխուր եմ, քանի գիտեմ, որ այդ հատորները Հայաստանի մէջ երկու տասնեակէ աւելի ընթերցող չունին՝ լաւագոյն պարագային։
Արեւմտահայերէնին ապագան կը գտնուի լեզուախօսին ու լեզուագիրին ձեռքը։ Անոնք են, որ պիտի ապրեցնեն կամ մեռցնեն զայն։ Անոնց կամքէն կախեալ է ամէն ինչ։ Մեր կատարած փորձը ցանցային միջավայր մը ստեղծելն է։ Հայաստանը, մանաւանդ ներկայիս, ոտքի կանգնելու հսկայական դժուարութիւններ ունի եւ մինչեւ այսօր ոչ մէկ լուրջ քայլ ու ծրագիր ներկայացուցած է արեւմտահայերէնին համար, ներառեալ այսպէս կոչուած Սփիւռքի նախարարութեան տասնամեայ գործունէութիւնը։
Արտօնեցէք ինծի հոս ընել հետեւեալ մատնանշումը․ վերջին տարիներուն Երեւանի մէջ իբր թէ յանուն արեւմտահայերէնի ձեռնարկումներ տեղի կ’ունենան, արեւմտահայերէնով կայքէջեր կը բուսնին, հեռատեսիլի հաղորդումներ կը սփռուին, հանրային եթերէն արեւմտահայերէնով լուրեր կը ձայնասփռուին, Ուիքիփետիան արեւմտահայերէնով յօդուածներ լոյս կ’ընծայէ եւ այլն եւ այլն։ Այս բոլոր ձեռնարկները, առանց բացառութեան, կը կատարեն ծուռ արեւմտահայերէնի մը տարածումը մեր հայրենիքին մէջ։ Ասիկա ահաւոր աղէտ մըն է, որ տեղի կ’ունենայ մեր աչքին առջեւ։
Հոս տեղը չէ մանրամասնութիւններ նշելու, որոնք կրնան հատորներ լեցնել, բայց որոնք ոչ մէկ կողմի պատիւ կրնան բերել։ Եւ աս «լեզուն» իբրեւ արեւմտահայերէն կը մատուցուի արեւմտահայերէնին անտեղեակ երեւանցիին կամ արեւելահայուն ընդհանրապէս։ Դժուա՞ր է հասկնալ, թէ արեւմտահայերէնին անտեղեակ մարդիկ չեն կրնար անոր նեցուկ կանգնիլ։ Անոնք կրնան միայն անոր զարգացումը խանգարել։
Մեր ձեռնարկը այդ խանգարումին դէմ աշխատանք մը կրնաք համարել։
Երեւանի մէջ կան արեւմտահայերէնով հրատարակութիւններ կատարելու յաւակնութիւններ։ Քիչ մը մանրամասնեմ։ Սովետական շրջանին այստեղ հրամցուած խոցոտուած արեւմտահայերէնին մասին վկայութիւններէն մէկն է (ի միջի այլոց, իմ իսկ առաջարկովս, քսաներեք տարի առաջ գրի առնուած) Ա․ Ալիքեանի ուշագրաւ գրախօսականը Դ․ Վարուժանի երեւանեան ակադեմական եռահատորին մասին։ Ներկայիս Երեւանի մէջ կան խողխողուած արեւմտահայերէնով լոյս տեսնող խեղճուկրակ լրատուամիջոցներ ու կայքէջեր, ինչպէս արդէն յիշեցի, որոնք կը զբաղին լեզուին սպանութեամբ։ Այսպիսիներ կը կարծեն, որ արեւմտահայերէնին օգտակար կը դառնան, մինչդեռ անոր թաղումն է, որ կը կազմակերպեն։ Իսկ Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնով զբաղող կամ արեւմտահայերէնի գիտակ որեւէ ձեռներէցութիւն (ուրիշ բառ չեմ ուզեր գործածել) չկայ, որ զբաղի այնտեղ գոյութեան կոչուող տարօրինակութիւններով։ Գրական հանդէս մը, օրինակ մը տալու համար, այլապէս՝ հետաքրքրական, արեւմտահայերէնի բազմաթիւ սխալներով արեւմտահայերէն նիւթեր կը հրապարակէ։ Քանիցս դիմած ենք խմբագիրին։ Կը յուսանք, որ արդիւնք կու տան մեր դիմումները։ Յանուն արեւմտահայերէնի կարելի է աւերներ գործել եւ ըսել, որ արեւմտահայերէնի «դատ»ը կը պաշտպանուի։ Այս բոլորին աղիտալի արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ կ’ունենանք խեղուած արեւմտահայերէնով հրապարակումներ, որոնք «իբրեւ արեւմտահայերէն» կ’օգտագործուին, կը մէջբերուին ալ․․․։
Արեւելահայերէնախառն արեւմտահայերէն մը չի կրնար արեւմտահայերէնին ապագան ըլլալ։ Մենք խորապէս կը գիտակցինք, որ պատահականութեան ու ճակատագրին յանձնուած լեզու մը չի զարգանար։ Սպանութիւնը զարգացում չէ։ Լեզուն կայ ամէնուրեք ու կը բացակայի ամէնուրեք։ Մեր աշխատանքը կը վերաբերի լեզուին ներկայութիւնը զօրաւոր հիմերու վրայ դնելուն մէջ։ Մենք կ’աշխատինք գիշեր ու ցերեկ, որպէսզի արեւմտահայերէնը դառնայ սիրելի, համակրելի, բնական, գործածելի, ոչ թէ զարդ, ոչ ալ անընդհատ իր փաստաբաններուն բերնին նայող դատարկապորտ դատապարտեալ։
Հոս չեմ ուզեր խօսիլ արեւելահայերէնին դժուարութիւններուն մասին, որոնց տեղեակ եմ, միայն կ’ուզեմ յիշեցնել, որ լեզուի մը զարգացումը անոր հող ունենալուն հետ կապ չունի միշտ։ Արեւմտահայերէնը «անհող» վիճակով շատ աւելի լաւ փորձառութիւն ունի ու շատ աւելի երկար ճամբայ կտրած է, օրինակի մը համար, օտար բառերու հայացումներ առաջարկելու իմաստով, քան արեւելահայերէնը, որ օտար բառը եղածին պէս իւրացնելու հակամէտ է․ գործողութիւն մը, որ բառամթերքը ծուլութեան կ’առաջնորդէ։ Այլ օրինակ մը․ անհող քրտերէնը իր քանի մը տարբերակներով եւրոպական համալսարաններու մէջ իսկ կը դասաւանդուի, մինչ մենք արեւմտահայերէնին հայրենիքի մէջ տեղ տալու մասին իսկ չենք մտածած։ Այս է մեր ճակատագիրը։ Ոմանք կը հաշտուին անոր հետ, ուրիշներ կը պայքարին անոր դէմ։ Ես երկրորդներէն եմ։
– Հայերէն բլոգը կարծես դուրս է եկել օնլայն տիրույթից, նկատեցի, որ Ձեր բլոգի խմբագիրները նաև ուսուցչությամբ են զբաղվում, հայերեն խաչբառերի ստեղծման աշխատանքներին են մասնակցել: Առաջիկայում այդօրինակ ի՞նչ նախագծեր ունեք` հայերեն ուսուցանելու, տարածելու կամ որևէ այլ հայանպաստ ոլորտում:
Որպէսզի արեւմտահայերէնը ապագայ ունենայ, անիկա պէտք է գրուի նաեւ պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ։ Ասիկա մեր հաւատամքին կարեւոր կէտերէն է։ Մեր աշխատակիցներուն մէջ կան ուսուցչուհիներ, ինչպէս նկատած էք, այո, որոնք կը մղեն իրենց աշակերտ-աշակերտուհիները դասարանային պարտականութիւններէն ու պատերէն դուրս ելլելու, գրութեամբ ու խաղերով մասնակցելու մեր էջին։ Այս մասնակցութենէն անդին կը ծրագրենք յառաջիկային տարբեր գաղութներու դասարանները, անոնց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ ու գործակցութեամբ, իրարու հետ կապի մէջ դնել։ Կրնան նաեւ այլ գաղափարներ կեանքի կոչուիլ։
Հազարումի ձեւեր կան լեզուն դասէն, դասարանէն ու մանաւանդ դպրոցէն ետք ի գործ ածելու, սակայն մեր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու անմիութիւնները հետաքրքրութեան նուազագոյն աստիճան իսկ ցոյց չեն տար ցարդ։ Գիտէք, ես անձամբ ալ դիմած եմ անհատներու։ Ինծի կը թուի, որ լեզուն այդ կառոյցներուն համար կենսական իմաստ չունի, գոնէ վերջին քանի մը տասնամեակներուն։
Հայերէնի ուսուցումը եւ տարածումը բազմակողմանի իմաստ ունին մեր էջին համար եւ փոխանակման վրայ հիմնուած են։ Կարդացէք մեր էջին ԲԱՌ ՈՒ ԲԱՆ ու ԲԱՐԲԱՌ բաժինները, գաղափար կազմելու համար։
-Նյութերի ընտրության ի՞նչ չափանիշներ են գործում, վարչությո՞ւնն է հաստատում նյութերի ընտրությունը, թե՞ յուրաքանչյուր հոդվածագիր ի՞նքն է ընտրում:
Սկզբնական շրջանին մենք միայն կը դիմէինք կազմաւորուած կամ սկսնակ գրողներու։ Այժմ նաեւ դիմումներ կը ստանանք, պատահմամբ համացանցի վրայ մարդիկ կը հանդիպին մեր էջին, բարեբախտաբար, եւ անոր գիւտը կը կատարեն։ Կը հետաքրքրուին, կը քաջալերուին, որ նման ձեռնարկ մը կայ, կը գնահատեն մեր աշխատանքը ու աշխատակցութիւն կ’առաջարկեն։ Մէյ մը մենք կ’ընտրենք հեղինակները, մէյ մըն ալ կ’ընտրուինք, եթէ կ’ուզէք։
Ընտրելէն եւ ընտրուելէն անդին, Հայերէն Blogին բարեմասնութիւնը, սակայն, ոչ միայն կազմաւորեալ եւ սկսնակ գրողներու համար բեմ դառնալ է, այլեւ չգրողները գրելու մղելը, անյայտները յայտնաբերելը։ Ասիկա շատ վտանգաւոր աշխատանք է, որովհետեւ մենք ամէն ճաշակ գոհացնելու ձգտում չունինք․ ոչ հիւանդանոց, ոչ ալ բարեգործական միութիւն բացած ենք։ Մենք կ’աշխատինք անհատ գրիչներու հետ, երբեմն զերոյէն սկսելով, որոշ ճաշակի մը զարգացման համար։ (Չափանիշէ աւելի կը փափաքիմ ճաշակի մասին խօսիլ)։ Գրական այլազան մակարդակներու առկայութիւնը մեր քով պարզապէս այն պատճառով է, որ համոզուած ենք, որ արեւմտահայերէնին իրաւունքն է ունենալ այդ բոլոր մակարդակները, մանաւանդ մեր այս ժամանակաշրջանին, ուր արեւմտահայերէնով այս կամ այն մակարդակով արտայայտուիլը անկարելի կը համարուի, «չունինք»ներու շարան մը կը փռուի մեր առջեւ։ Անընդհատ «չունինք» կրկնողները հարկին առջեւ կը գտնուին գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ունենա՛լ․․․։
Պիտի ուզեմ այստեղ շեշտել ուժականութիւն մը, որ մեր աշխատակիցներուն միջեւ կ’երթեւեկէ։ Այլապէս կարելի է գրական հանդէսի մը իբրեւ գրող, հասուն գրող կամ նորելուկ գրող նիւթ մատակարարել, հրատարակուիլ կամ մերժուիլ։ Գրական պարբերական մը, սակայն, տեսիլք ու նպատակ հետապնդելու է։ Տեսիլք ու նպատակ ինքնածանուցում չեն նշանակեր։ Համացանցի այս դարաշրջանին երկրէ երկիր պտոյտները կարելի է նուազեցնել, խնայել այդ շրջագայութիւնները, եթէ անոնք ինքնին նպատակ չեն։ Այսօր լսատեսողական հազարումէկ միջոցներ կան հանդիպումներ կազմակերպելու։
Մենք շեշտը դրած ենք ինքնաշխատութեան վրայ, որ երբեմն փակ դռներու ետեւ տեղի կ’ունենայ, որուն արդիւնքը սակայն փակ դռներու ետեւ չի մնար։
-Այսօր ժամանակակից ի՞նչ գրականություն է ըստ Ձեզ ստեղծվում, հետևո՞ւմ եք, ունե՞ք սիրելի հեղինակներ:
Շատ մեծ հարցում է ասիկա։ Տիրապետած լեզուներովս կը հետեւիմ նորութիւններու, որքան որ կրնամ։ Տարբեր արուեստներու, նոյնպէս ալ գրականութեան մէջ, աշխարհագրական, մշակութային, լեզուական սահմանազանցումներու եւ խառնումներու արդիւնք եղող «գործեր», որոնք անցեալ դարուն արդէն արտադրուած իրողութիւններ էին, այսօր մտած են արագավազ ընթացքի մը մէջ, համացանցայինն ու հնարագիտականը կը տիրապետեն։
Օրինակ մը տամ․ Հանս Մակնուս Էնցենզպերկեր անունով գերմանացի բանաստեղծը 2000ին ստեղծած է «Լանտպերկի Բանաստեղծական Մեքենա»ն (Landberger Poesieautomat), որ վեցտողեայ մշտանորոգելի քերթուած-տախտակ-մեքենայ մըն է, ուր ամէն ընթերցող կրնայ ըստ կամս բառերու տեղադրումով տողերը եւ բառաշարը ընդմիշտ փոփոխութեան ենթարկել, բանաստեղծական կամ անբանաստեղծական նոր տողեր ստեղծելով, թէեւ «ստեղծում»ի այս պարագան բաւական քննարկումներու պատճառ դարձաւ ատենին։ Այս ցուցատախտակ-մեքենան 2006 թուականէն ի վեր կը գտնուի ու կը ցուցադրուի Գերմանիոյ Մարպախ քաղաքի «Արդիականութեան Գրական Թանգարան»ին մէջ։
Այս օրինակով կարելի է տեսնել, թէ ընթերցողը մաս կը կազմէ երկին գոյութեան ու գոյառման իսկ, որ լինելաքայքայման մշտական ընթացք մըն է։ Մեր ապրած «թուայնացած ժամանակաշրջան»ը, համացանցային այս դարաշրջանը ամէն սահման, ժամանակ, կառուցում ու քայքայում փոխնիփոխ լքող ու հաստատող իր նկարագրով թերեւս ըսելիք ունենայ նաեւ հայ գրականութեան։
– Իսկ Գրանիշ կարդո՞ւմ եք:
Գրանիշ-ին կը հետեւիմ, ոչ միշտ, աշխատակցելու եւ համագործակցելու առիթներ ալ ունեցած եմ։
-Ի՞նչ կմաղթեք մեր ընթերցողներին:
Գրանիշ-ին կը մաղթեմ, որ առաւել արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրականութիւն տեղադրէ, որպէսզի ընթերցողներն ալ արեւելահայերէնի կողքին յաճախ նաեւ արեւմտահայերէն նիւթեր կարդալու առիթ ունենան։
Հարցազրույցը վարեց՝ Անի Հովնանը