Փափուկ արեւներ
Փափուկ լուսնահար արեւներ
Լուսնահար, դեղնախայտ սենեակներ։
Աղմկոտ մթութեան կաթիլները հաւաքած
ծովե՜ր ծովե՜ր կը շինէի.
Մեծհայր մեծմայր ամէնքս մէկ՝ Կիրակի կէսօրէ ետք
Կանաչ պատերով սենեակի քիլիմին վրայ կեդրոնացած
Յաղթ ու խռպոտ ռատիոյին դիմաց մէկական խոշոր ականջ՝
«Երեւանն է խօսում»ը մտիկ կ՚ընենք,
Մերթ ընդ մերթ կը թարգմանէ հայրս մեզի
«Հայաստանի լեզուն»։
Վարդերը կը բացուին ժամանակին,
Աքլորը թառեր է ցանկապատին, ցանկապատը՝ աթոռին,
Բարձը բծախնդիր քանըվայի գործ է, ուր աքլորը արդէն
Ծերացեր փոշոտեր է, բայց իր անթարթ կուկուլիկուն
օդին մէջն է։
Հօրաքոյրս եկեր է Պուէնոս Այրեսէն «մանչս մա՜նչս»
Ըսելով ամբողջ օրը
երկու տարեկան տղուն ետեւէն կը վազվզէ։
Վարդաքը Ուիսքանսընէն հասեր է, տեսակ տեսակ
Սեւ գլխարկներ կը դնէ
ձախ ծռած, ետեւ ծռած, եւ ոսկեգոյն գրիչով
օրագրատետրեր կը բաժնէ.
«Կարծես քի կարեւոր բաներ կ՚ընենք տա
Պիտի նստինք ամէն գիշեր գրե՜նք եղեր»,
կը քրթմնջայ միւս հօրքուրս։
Իսկ Հեղինէն Պոլիսէն թոներով անձեռոց բերեր է,
Ո՛վ որ Բարի Եկար-ի գայ՝ անձեռոց մը կը հանէ կու տայ,
վերջին եկողներուն միայն դեղին անձեռոց մնաց։
Մարի հօրաքոյրս Պոլիս հարս գացեր էր.
Յիսունվեցի Սեպտեմբերին՝ սարսափահար
«Աս թուրքերը թո՜ւրք պիտի մնան» ճչացեր է.
Իր նորօրեայ ամուսինն ու ապառիկ շունչը առեր
հասեր է Արժանթին։
Թանկօ պարել շատ կը սիրէ,
Բոլոր նկարները որ ցոյց կու տայ
Իր «պաշտելի ամուսին»ին հետ թանկօ կը պարէ,
Եթէ չպարէ՝ կար կը կարէ։
«Ճիկե՜րս» կ՚ըսէ, այնպէս կը դիտէ այդ նկարները
Որ մարդը ստիպուած դուրս կու գայ անոնցմէ
եւ լռիկ-մնջիկ տափատին ծալքերը կը շտկռտէ։
Հօրաքոյրս երկար կարմիր եղունգներով
Նկարին էն ծայրէն բռնած
ներս կը տանի որ ուրիշ բան չճմռթկի։
Եկեր է հայրը մայրը տեսնելու
«Կեանքի մէջ ի՛նչ կ՚ըլլայ չես գիտեր».
Հօրեղբօրս հետ վէճի մէջ է, ժառանգը առնել երթալ կ՚ուզէ։
Վարդաքը փաստաբանուհի է ամուսնալուծման,
Մերինները չեն հաւատար որ գործ ունի, պոլ-պոլ
դրամ կը շահի.
«Օ եա՞» կ՚ըսէ եւ կը պատմէ. ամէն մէկը աչքը լարած
զարմանքէն ափը բերնին տարած մտիկ կ՚ընէ.
«Հաւատալիք բան չէ՜, մարդը կնկան տարեդարձը
Չէ յիշած ըսելով
կինը տիվո՜րս ուզեր է եղեր»։
«Պտըլիկ չոճուխները ձգեր՝ սիրածին հետ գացեր է»։
«Ամա՜ն, ադ Ամերիկան Սոդոմ-Գոմոր է»։
Աշխարհի էն զարմանալի դէպքերը
Լարախաղացի դիւրութեամբ՝ իր վարդագոյն շրթներէն
դուրս կը հանէ Վարդաքը՝ «դեռ ինչե՜ր կան
յարմար չէ որ պատմեմ ձեզի»։
Ուիսքանսընի հարաւն են, երեք քոյր երեք եղբայր
միատեղ կ՚ապրին
դաշնակահար, իրաւաբան, ուսուցչուհի,
իրաւաբան, ագարակապան, դերձակ։
Խոհանոցը մերինները իրարու կ՚ըսեն՝
Վարդաքենք այնքան ընդարձակ հողաշերտեր ունին
Այնքան մեծ որ
շոգեկառքը իրենց հողերուն քովէն
քառո՛րդ ժամ կ՚անցնի եղեր
առռռռանց կենալու։
Իսկ Հեղինէն տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ
Ախոյեան եղած է թենիսի եւ հեծիկի.
«Պռաւօ աղջիկ, թուրքերուն մէջը դո՛ւն խլեցիր բաժակները»
կ՚ըսէ մեծմամաս։
Հեղինէն թուրքերուն մասին խօսիլ չի սիրեր.
«Դուք աստեղ կուսակցութիւն-մուսակցութիւն խաղալով
Մեզի անտեղ գիշեր-ցերեկ
սարսափի մէջ կ՚ապրեցունէք կոր» կ՚ըսէ։
Ինքը սփոր կը սիրէ, սփորն ալ՝ իր գեղաճեմ հասակը.
Ամէն առտու «հատէ՜ քեռայր» ըսելով՝ պապայիս հետ
Սէն Սիմոն կ՚ուղղուին լողալու։
Երեքն ալ Հոկտեմբերին հասեր էին մեզի,
Տունը արդուկ եւ մաքրութիւն եւ սուրճ ու կաթօ կը հոտի.
Հեղինէն բնականէն անոյշ խնձոր կը բուրէ,
Վարդաքը՝ սեւ կաշի եւ հին գիրքեր,
Հորաքոյրս՝ քառասունմէկ տեսակ ծաղիկի անուշահոտ։
Ես դաս պէտք է սերտեմ, խելքս միտքս իրենց խօսած
գացած-եկածին վրան է,
Մանաւանդ որ շաբաթ մը ետք
Նարինէն ալ Փարիզէն հասաւ իր աղջկան հետ
Որ – ըստ մեր խոհանոցային խօսակցութեան –
«շփացածութեան գագաթնակէտն է»։
Նարինէին նեղ կոնքը համեմատութիւն չունի իր ալեծածան
Կուրծքերուն հետ որ հազիւ հազ կը ծածկէ
սեւ տանթել պլուզներով.
«Ամուսինը ձգեր է իրեն, չի՜ դիմանար կոր կինը»։
Բայց շատ չանցած մերինները զգուշութեամբ
Ծեր ազգականուհիի մը տունը ճամբեցին
«էրիկմարդէ չխպնող» այդ կնկան։
Ես դասերս պէտք է սերտեմ՝ խելքս միտքս
աս հիւրերուն վրայ է։
Խեղճ հօրքուրս «մա՜նչըս» կ՚ըսէ, կարծես
տղուն անունը Մանչ է.
Անոր ոսկի գլուխը ժամը մէյ մը կը սանտրէ,
Պարտէզ կը տանի, զոռով-մոռով կը կերցնէ.
«Փաշշա՜ս» կ՚ըսէ, «քեզի այնպէս պիտի մեծցունեմ
դուն հայ ազգին նա՛խա՛գա՜հը պիտի ըլլաս»։
Հեղինէն եւ Վարդաքը ամէն օր հագուած շքուած
Սուք Թաուիլ կ՚երթան, «վիզիթա»ի կ՚երթան
լեռ կ՚երթան կու գան,
Շատ կ՚ափսոսան որ այն Սեւ Օրերուն իրենց հայրերը
«աս Պէյրուտը» չեն հաստատուած։
«Տեղացի թուրքերը մեզ չհալածեցին,
մեզի հանգի՜ստ ձգեցին» կը տրտնջայ Հեղինէն։
Հօրաքոյրս «կատարեալ եօթնօտարութեան մէջ»
Իր ընտանքէն հեռու՝ չորս զաւակ մեծցուց.
Ամենօրեայ հայ վարժարան տարաւ մեծէն մինչեւ փոքրը.
Ամէն օր շոգեկառք առաւ, մէկուկէս ժամ գնաց
մէկուկէս ժամ վերադարձաւ.
«Հայրի՛կ, անոնք աւազին վրայ՝ ես ալ շոգեկա՛ռքին մէջ
Հայերէն կը սորվեցունեմ կոր» գրեց։
Հիմա արդէն երկու փեսաները, մէկ հարսը հայ են,
թոռնիկները՝ Նազան Սարգիս Կարապետ։
«Աւելին կ՚ունենամ ամմա ասեղ քաշելով չորսէն աւելի
Չեմ կրնար հոգ տանիլ, Աստուած մեղք թող չհամարէ։
Լմմման օտարութեան մէջ բերի ես զաւակներս, բայց
Հայ ազգին օգտակար ըլլան պիտի։ Իրենց սորվեցուցած որ
օր մը անպայման պիտի երթան, պիտի կռուին մեծ եւ
անկախ Հայաստանի համար»։
Քանի մը տարի առաջ իր տալը՝ Հեղինէն եկեր էր մեզի,
Նոյն գեղեցիկ հաւկթաձեւ գլուխը, արձանակերտ մարմինը.
Առտուները հեծիկ քշեցինք
Փարամըսի Վան Սոն Փարքին մէջ։
Օր մըն ալ պատմեց իր օրերէն,
Այն օրերէն երբ հայ աղջկայ մը համար արտօնուած չէր
Սիրահար ունենալ – ան ալ՝ թուրք –
«Թուրքին մէջն ալ աղեկը կայ, դուն սա փիլիսոփաներուն
ըսածին մի՛ նայիր – ամէնը մէկ ջուրով կը լուան կոր.
Համալսարան կարդացած աղջիկ ես, միտքդ բա՛ց պիտի պահես։
Բայց տնեցիները գլուխս տարին, ա՛լ ժառանգէ պիտի զրկէին, ա՜լ դուռը վրաս կղպեցին. ինչ էղաւ նէ՝ ինծի եղաւ։ Հիմա ժամանակները փոխուեր են, նայէ՜ երկու հատ տաճիկ կայ մեր գերդաստանին մէջ. Նուռի պէս Օհանէսը հայ կնոջմէն դժգոհ մնաց, տաճիկին հետ ամուսնացաւ. պըտըլիկ Սիրենան ալ մէկ բառ հայերէն չի գիտեր, խօսիս նէ՝ պիշպիշ երեսիդ կը նայի, սիրտերնիս կ՚արիւնի ամմա միւսիւլմաններուն էրկիրը կ՚ապրինք կոր, պոչերնուն չկոխես նէ՝ քեզի հանգիստ կը թողուն։
Իմ ատենս ատ Օհանէսին հայրն ալ, աղբարներս ալ ամէնը մէկ առիւծի պէս դիմացս ցցուեր էին – ալ երբեմն կը պատահէր՝ պիտի մարի՜մ կը կարծէի։ Ես անուն ունէի, ակումբին մէջ կը յարգուէի, ինքզինքս գովել չեմ սիրեր ամա քալած ատենս մարդիկ ետեւ կը դառնային ինծի կը նայէին։ Ինքն ալ ամբողջ Պոլիսին մէջը յարգուած ճանչցուած մարդ էր։ Ես անանկ դիւրին դիւրին չեմ լար չէ՜. գլուխս բարձր բռնեցի, ընտանիքիս ալ մեղքցայ, վշտացնել չուզեցի շիտակը, մեր ամբողջ ժողովուրդին պատմութիւնը կար։ Բայց մեր հայերն ալ հանգիստ չկեցան, գրգռեցին թուրքին որջը, մարդ ճիշդը ինչ է նէ՝ անիկա պէտք է խօսի։ Քա սատեղերը որքան մժեղ կայ, Տէտէթէ մը չընե՞ն։
Մեր մտերմութիւնը տասը տարի տեւեց. ինքը կնոջը վերադարձաւ, ես ալ զարմիկներս մեծցուցի։ «Ես քեզի անձամբ ի՞նչ ըրած եմ» կ՚ըսէր։ Վեց ամիս ետքն ալ գնդակը գլխուն դրաւ, հայտէ՜, սպաննեց ինքզինքը։
Ախպօրս պզտիկ տղան Սեւանս հիմա՛ տեսնելու ես, պոյով-պոսով – դուն անոր թրքերէն խօսելուն մի նայիր, մեր էրկրին պայմանները տարբեր են – էրկու տարիէն մեքանիք պիտի ելլէ։ Հիմակուց ձեռքը ինչի որ դպցնէ՝ օսկի կը դառնայ. գիշեր ցերեկ կը կանչուի թելեվիզիոն կը նորոգէ, քիչ մը ուշանայ նէ մօրը Լուիզին սիրտը կը հատնի. Լուիզն ալ կը յիշե՞ս ինչ համով միտիա եփեց – հա՛, քեզի ձուկերու շուկան ալ տարաւ – յետոյ ալ Մարմարային Հատտէճեանը եկաւ, Երուխան- մերուխան խռսեցաք, բանաստեղծներուն գերեզմանները գացիք։ Յետոյ՝ երթանք նաւակ թիավարենք ըսի։ Չէ՛, ըսիր։ Էս հասկցայ քի սիրտ չունիս, փոխուիս ըսելով կ՚ըսէի կոր, մենք գացինք, դուն Լուիզին եւ հոքքային հետը միտիա տոլմասը շինեցիք – կը տեսնե՞ս ինչպէս պզտի՜կ-պզտիկ բաները կը յիշեմ կոր։
Լուիզն ալ իմ ճանչցածներուս մէջ էն համով ձուկ եփողն է. հայրը ձկնավաճառ էր, ա՛ն ալ տարբերութիւն կ՚ընէ, աղջկան արիւնին մէ՛ջը անցած է. ախպօրս անա՜նկ հոգ տարաւ, վերէն կերցուց՝ վարէն առաւ, Աստուած ամենուն ասանկ հարս տայ։ Հօրաքոյրդ աչքը բաց աշխատասէր էր, բայց նի՛ նեղուիր՝ թէ՛օք էր, թուրքը-մուրքը մահանա ըրաւ՝ ախպարս մեր ձեռքէն խլեց, ճէհէննեմին ճօ՛թը տարաւ։
Անցեալ տարի գացի տեսայ. կեանքը անչափ սիրող, հոլի պէս դարձող եղբայրս տիվանին վրայ էրկարած ժամերո՜վ թէլէվիզիոն կը նայի։
Գասպարին մեծը՝ Յովաննէսն ալ ամուսնացաւ, գոց շուկային մէջ ոսկերիչի պաշտօնեայ էր, վարպետը մութ գործերով՝ կարծեմ թէ ղաչախճիութեամբ բռնուեցաւ, հազիւ ազատեցինք մերինը. Աստուած մանչուն երեսը նայեցաւ, որբ չմնաց պէպէքը։
Հիմա մինչեւ որ նոր գործ մը գտնէ ես կը նայիմ կոր իրենց, հապա ո՞ր օրուան հօրքուրն եմ, ճիկերիս պէս կը սիրեմ իրեն, մէկալն ալ ի՛մ թոռնիկս է կարծես քի, ճիշդ ինծի կը նմանի, ամբողջ սէրս իրենց վրայ թափած եմ, իրենք ալ նամքէօր չեղան, աստուածավախ բարի տղաք ելան։
Մատլէն հոքա՞ն, քեզի օրեր եղաւ. կէս դարէն աւելի, յիսունհի՛նգ տարի սերունդ հասցուց, հայերէն, հայոց պատմութիւն, աչքերը ցամքեցան, գաւազանով գնաց վարժարան, «ասոնք բոլորը իմ զաւակներս են» կ՚ըսէր։ Վերջին տարիներուն հին աշակերտները կ՚օգնէին իրեն։ Մեռած օրը Աստուածածինը բերնէ բերան լեցուն էր, մինչեւ Գնալըէն շոգեկառք առեր եկեր էին։ Իրմէ ճիշդ տասը օր ետք Գասպարը գնաց – Աստուած հոգին լուսաւորէ – երկու շաբթուայ մէջ գնաց ախպարս։ Բայց թոռնիկները գրկեց սիրեց, ադքանը տեսաւ, արդէն ատկէ աւելի ի՛նչ կայ կեանքի մէջ. պարա՜պ աշխարհ է, բան մըն ալ չիկայ։ Քիչ մը շուրջիններուդ ուրախութիւն պիտի բաժնես, Աստուծոյ քով խաթեր ունիս նէ՝ ծերութեանդ քեզի մինակ չեն ձգեր»։
Ութ մղոն էր Փարամըսէն Ֆէր Լոն ու ետ,
Պարտէզը մութ կը հագուէր.
Հեղինէն եւ ես ամուր բռներ ենք
Հեծանիւին թեւերը, ուղի կը բանանք.
Հսկայ ծառերու եւ սուրացող ինքնաշարժներու միջեւ
Ամերիկեան մութը կը դիտէ
Հեղինէին խոնաւ
խորհրդանոյշ աչքերը։
Ուիսքանսընէն ամէն կաղանդին քարտ մը կու գայ
Վարդաքին ընտանիքէն,
Ամէն տարի ստորագրութիւններէն հատ մը կը պակսի,
Մնացեր են Վարդաքը եւ Ագապին։
Անցեալ տարի երկու ժամ քշեր Շիքակօ եկեր էին
իրենց «նշանաւոր ազգականը» տեսնելու։
«Անգլերէն գրէ որ մենք ալ հասկնանք» ըսին
տխուր տխուր երեսս նայելով։
«Բանաստեղծները էքսանթրիք կ՚ըլլան, ասանկ բաներ
Կը սիրեն», հնդկական հոտաւետ վզնոց մը
Երկարեց Ագապին։
Յետոյ՝ հօրաքրոջս իրենց նուէր տուած ձեռագործը
երեսունհինգ տարի ետք յանձնեցին ինծի։
Միլանի գործ է ձուկի նախշով.
Խօսէ՜, կ՚ըսեմ.
«Ձգէ լողամ, հերիք է զիս տունէ տուն փոխադրէք
Սնտուկներու մէջ բանտարկէք. ես օդ կ՚ուզեմ,
Զիս փոշոտած տեղ մի դներ, զարդ չեմ ես,
Իւրաքանչիւր թեփս ասեղ ասեղ արարուած է.
Մանկութեանս՝ յարգս գիտէին, օ՜խ, դաշնակ մտիկ կ՚ընէի,
Ծաղիկներու բոյրը կ՚առնէի,
Նոր նշանուածներու համբուրուիլը կը դիտէի,
Մանղալին քով տաքուկ տաքուկ կը քնանայի։
Հիմա ինծի հետ չէք գիտեր ի՛նչ պիտի ընէք,
Հասակիս չափ տուփ մը ճարեր՝
Ձեռքէ ձեռք, տունէ տուն կ՚անցընէք.
Հոս բարձիդ վրայ դիր, քիչ մը քնքշանամ,
Քեզի հին օրերէն պատմեմ,
Ես քու հեքիաթի ձուկդ եմ»։
«Վա՛խ եղաւ, հօրաքոյրդ ահաւոր չարչարանքներով
Աւանդեր է հոգին», ըսաւ Վարդաքը.
«Քանի՞ տարի տեւեց մինչեւ քէնսըրը տարածուի»
Հարցուց Ագապին, մազոտ կզակը
եւ առնական նայուածքը ցցելով ինծի,
աս որքա՜ն ծերացեր է։
Վարդաքը իրմէ մեծ է, բայց հասակը ուղիղ,
Ո՛չ օսթիոփերոսիս, ո՛չ արթրայթիս. փաստաբան ըլլալուն
դիւրին դիւրին չի վնասուիր.
Կը տրամաբանէ.
«Հիմա մենք Արմինիա Ֆանտին կ՚օգնենք.
Մէջտեղերը ահագին խնդիր կայ,
Նորէն փիսութիւններ կ՚ըլլան կոր,
Բայց անոնցմէ անդին պէտք է մտածենք
որ Հայաստանը ձեռքերնէս չերթայ։»
«Իմ կարծիքովս ատիկա վատնուած դրամ է»
Վճռեց Ագապին.
Յետոյ նորէն աչքերը վրաս կեդրոնացուց՝ «Հեղինէ՞ն ալ»։
«Պոլիս վերադառնալէն տարի մը ետք սարսափելի
Գլխու ցաւով անկողին ինկեր է, Երկուշաբթի գիշերը
Երեքշաբթի չէ ըրած»։
(միջոց ձգել)
Գացին, գացին, գացի՜ն։ Յանկարծամահ եղան,
Անժամանակ մեռան, խոր ծերութեան մեռան.
Երբեմն մահազդ ստացանք, երբեմն նամակով իմացանք,
Երբեմն տարիներ ետք լսեցինք
Աղաթոնին մահուան լուրին նման։
Հեղինէն Ֆրանսայի Աղաթոնին յարմար նկատուեր էր
չեմ գիտեր որո՛ւ խելապատիկէն,
Միակ նմանութիւնը՝ իրենց անուններու
երաժշտականութիւնն էր.
«Յիսունէն ետք մարդ բարեկամ կ՚ուզէ»
պնդեր էին Աղաթոնին եղբայրները,
Անոնց կիները հակառակ էին –
Աղաթոնին ժառանգը որո՞ւն պիտի մնար։
Մինչ այդ՝ երկուքին դիմանկարներն ու
Կալուածներուն նկարները
Ֆեներպահչէ-Գլամար կ՚երթեւեկէին։
Աղաթոն աղաւնիներ կը խնամէր, մրցումի կը մասնակցէին.
«Ես մէյ մը որ այդ դժոխքէն դուրս ելայ՝ հայրս մայրս
Կորսնցուցի՝ալ չե՜մ իյնար
ադ ճանավարներուն Պոլիսը» ըսաւ։
Հեղինէն ալ՝ «Ես հոս գոհ եմ
իմ զբաղումներս ունիմ» ըսաւ։
«Հօքքո՛ւր, մեզմէ մի բաժնուիր», ըսին իրեն չորս կողմէն։
Մէկը իր վանդակած թռչուններէն չբաժնուեցաւ,
Միւսը անշարժ ջուրերուն մէջ թիավարեց.
Երկուքն ալ մահացան իրենց նշանակած
սահմաններուն մէջ։
Մայիսին նորէն պիտի տեսնեմ Վարդաքը,
Անցնող Կաղանդին միայն ինք ստորագրեր էր –
Եղնիկ մը խփեր է Ագապիին ինքնաշարժին։
Ուրեմն զոհի խորհրդանիշը երբեմն ինք ալ կը սպաննէ
մէկ վիճակէն միւսը անցած պահուն.
Ան պիտի ապրի իր ոստումը, եւ չի գիտեր
Որքա՛ն թաքուն անյայտ
Յանկարծական արգելքներ կան,
Խաչաձեւումներ ու ճամբաներ որ յիշատակ կը դառնան
երբ սերունդէ սերունդ
արմատ կապած արիւնը
առանց հաշիւ տալու
սահմանները հրելով, հրելո՜վ
կը տարածուի։
Քարտը ստորագրելէ առաջ Վարդաքը տող մը եւս գրեր էր,
«Դժուար է այսքան քոյր-եղբայրներ թաղել…»
Նիւ Ճըրզի