Վեհանոյշ Թեքեան | Հնակարկատը, Հայկիկը եւ հայկական հարցեր

Ամբողջ Պրոտ Էվընիւի երկայնքին մէկ հատ հայ կայ, ան ալ հնակարկատ,- ըսի  մօրս։

Մայրս՝ հայուհի, գաւաթին կէսը միշտ լեցուն տեսնող, նոյնիսկ եթէ կաթիլ

մը ջուր չկայ այնտեղ, առտու կանուխ սկսած ձեռագործին համրանքը ձգեց եւ՝

-Մարդը խանութը ճաշակով շտկեր է, մաս-մաքուր խանութ, շաբաթ օրերը անգամ կը բանայ, ճակտի քրտինքով հացը կը շահի կոր, ի՛նչ կը գանգատիս։

-Ամբողջ խանութը հին կօշիկ կը հոտի։

-Մարդը խանութը քեզի ծախելու չէ ելած, ոչ ալ յայտարարութիւն դրեր է որ ներսը անուշահոտ կը ծախէ. – վերադարձաւ ձեռագործին եւ երկու վայրկեան ետք գլուխը բարձրացուց, – հայե՛րն ալ, ամէն ժողովուրդի պէս, կօշիկ կը հագուին եւ կը հինցնեն։

Մայրս հարցին արմատը բռներ էր։  Ի՛նչ ընեմ ես իր կեանք ընկալելու առողջ ձեւը, աշխարհահայեցողութիւնը, երբ դեռ՝ վերի պողոտային միակ հայը հնակարկատ է, նոյնիսկ եթէ ճակտի քրտինքով կը շահի հացը. ան ալ ա՛յս երկրին մէջ ուր քրտինքին գոյութիւնը կամ աղբիւրը չէ կարեւորը, այլ՝ ալիւրին որակը եւ քանակը։

Ինչո՞ւ սա շէն-շնորհք, Վոսփորի ցոլքը գաղթականի սնտուկին մէջ դրած հետը  բերած՝ ածուխի աչքերով ալեւորը հնակարկատ պիտի ըլլայ։  Պոլիսը պիտի երազէ Պրոտ Էվընիւի երկայնքին, իր Հայտար Փաշայի երբեմնի խանութը պիտի գովերգէ. ես պիտի սպասեմ որ թուրքերուն հասցէին բարձր հայհոյանք մը կամ զուսպ ատելութիւն մը արտայայտէ, եւ ինք կեանքէն շատ գոհ մարդու պէս՝ շինած փայլեցուցած կօշիկը պիտի երկարէ դրամարկղին լուսանցքէն, եւ արմուկը սեղանին շեղակի դրած, խոշոր ափը աջ այտին հանգչեցնելով՝ խոնաւ աչքերը պիտի բանայ ու բոլոր չ-ջ – երուն, ծ-երուն, ց-երուն եւ ձ-երուն ուրիշ ձայն տալով պիտի յոխորտայ. – Տեսա՞ր, էս օսկերիշի պէս գորզ կ՚ընեմ։

Անդարմանելի մղումով մը, որպէսզի հաշտուիմ հնակարկատին գոյութեան հետ, տղուս աստղածածկ ձեռքը բռնած՝ մանկութեանս սորված երգ մը կ՚երգէի, որուն առաջին մասը դասարանի տղաները կ՚երգէին, երկրորդ մասին կը ձայնակցէին աղջիկները։ Այն ժամանակ կիներու հաւասարութիւնը  օդին մէջ իսկ չէր։  Ուրեմն այդ խաւար օրերուն՝ այսպիսի լուսաւոր երգ մը կար.

                       Փողոցէ մը օր մը անցայ

                       Պատուհանէն ներս նայեցայ

                       Տեսայ մարդ մը կօշիկ առեր

                       Հա՜ կը կարէր, կօշիիիիիիկ կարէր։

                       Թիքը թաք թաք, թիքը թաք թիք

                       Ահա այսպէս՝ շիներ է կօշիկ։

 Պատկերը դիւրին էր, գետնայարկ կամ փողոցի կողին առանձնացած նկուղ մը, պատերը անծեփ։  Ձեղունէն բարակ թելով մը՝ մշտագոյ արթուն լամբը, որուն մէջէն ելեկտրական բարակուկ ոլորուն թելեր կ՚երեւան – իջած ճիշդ հնակարկատին գլխուն վրայ, ճակատագրի պէս։

Աչքերուն՝ կլոր, դեղնաւուն երիզով մաշած ակնոց, մոխրագոյն տաբատ մը՝ ծունկերը գոց մոխրագոյնով կարկտնուած, իսկ ձմեռը՝ շապիկին վրայէն քազակ մը։  ու յետոյ նեղ փողոցին ընտանի ձայնը՝ թիքը թաք թաք, թիքը թաք թիք։ Եւ աւելի ընտանի՝ սեմին պառկած մոխրագոյնով ճերմակ փիսիկը – սրճագոյնով կաթնագոյնն ալ կ՚ըլլայ։  Պրոտ Էվընիւի հնակարկատը այս բաները չունէր. դուրսը՝ նէոնէ լոյսեր, ներսը ծանուցումներ, սեւ մեծկակ մեքենաներ, եւ զոյգէն բաժնուած կօշիկներու շուարուն շարքեր։

-ՆեՖէսս կտրի նէ՝ իշտէ լրագիր կը կարդամ, էս քառսուն տարիէ՝ առանս  լրագիրի շեմ ապրիր։ Ղուսուրիս մի նայիր։

«Հայրենիք»ներու դէզեր շարուեր էին փողոց նայող ցուցափեղկին առջեւ  հանդիսաւոր ճառախօսներու պէս, «Հայրենիք»ներ կային կանացի կրունկներու շարքերուն քով, չարաճճի տղոց նման։

-«Մարմարա»ն ալ մեր էրկրէն թէք-թուք կը հասնի։ Դուն հայերէն-մայերէն կը  կարդա՞ս։

 

 Այդ օր տղաս եւ աղջիկս հետս տարեր էի, աղջիկս դեռ մանկական կառքին մէջ էր. անունները հարցուց։  Հայկ եւ Նայիրի, ըսի։

– Ամերկասի ճուտի կը նմանին կոր, ըսի քի պէլքի Քրիս-Տորոթի-Մորոթի դրեր էք։

Վայրկեան մը ետք կուրծքը մօտեցուց տիրոջ եւ յաճախորդի բաժանման պատին, ակնոցները իջեցուց քիթին ծայրը եւ՝

-Տէհիշէ՜թ հայկական անուններ ընտրեր էք, – ըսաւ զարմացած։

Որպէսզի միանգամընդմիշտ փարատի իր թերահաւատութիւնը, կամ անունները  դիպուածի արդիւնք չհամարէ, ըսի՝

-Երկրորդ անուն մը չդրինք, ո՛չ հայկական, ո՛չ ալ օտար։

Կարծես ֆորմիւլա մը տուեր էի, զոր մէկ ակնթարթի մէջ ըմբռնեց. եւ անբացատրելի գիտութիւն մը որ հայը կը կապէ հայուն՝ կայծակի արագութեամբ ինկաւ տարածուեցաւ մեր միջեւ։  Այլեւս աւագ, փորձառու մարդն էր որ կը թարթէր խոշոր աչքերը, ուրկէ անգոյն տրտմութիւն մը կը յորդէր.

-Քուրը՛ս, դուն օտք կոխէ, հա՛յ պիտի մեզնան ըսէ, չըլլար քի՜, վաղը կը տեսնես։

Անկէ ի վեր կօշիկի նորոգութեան հարցը երկրորդական էր։  Այն օրէն որ

բացատրեց ինծի կաշիին եւ ձգախեժին տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր հնակարկատներուն արհեստաւոր ըլլալն ու իր վարպե՛տութիւնը կօշիկ ձեւել կտրել կարելու մէջ՝ ա՛լ ուրիշ բան հարցնելու պէտք չունէի։  Նոյն գործին համար օր մը երկու տոլար կ՚ուզէր, օր մը հինգ, օր մը ութը, օրուան կարիքին համաձայն։ Եւ հարցումս չամբողջացուցած՝ ձեռքը օդին մէջ շեղակի տանելով՝ կ՚իջեցնէր իր ճակատագրական վճիռը, – Քուրըս, դուն հարուստ մնասիր, էս ախքա՛տ մնամ։

Այն օրը հարցուց որ՝ շոճուխը ինչո՞ւ չբերիր։  Ըսի որ դպրոցն է։ Վերի՞ դպրոսը, հարցուց։ Ո՛չ, հայկական դպրոց, ըսի։ Երբոր յօնքերը պռստեց՝ բացատրեցի որ Նիւ Միլֆըրտ թաղամասին մէջ հայկական դպրոց մը կայ։

-Այսինքն տնօրէն-մնօրէն հա՞յ է։

Դեռ տեղ չէր ըներ իր պատկերացումին մէջ, իր գիտցած Նիւ Ճըրզիին մէջ հայերը  միայն եկեղեցի շիներ էին։

-Ըսել է անանկ հա՞, հայերը դպրոս շիներ են։ Մերինները էտեւ-էտեւի փակուին կոր, Պատրիարքն ալ հազար փարշա կ՚ըլլայ կոր, աշ խօսի սախ խօսի՝ օգուտ շունի՜….

Յետոյ վերադարձաւ իրմէ քանի մը թաղամաս անդին գտնուող հայկական  վարժարանի մը իմաստին եւ ամենէն առաջ՝ հրաշքին, ըսել է ասանկ հա՞։

Այդ պահուն կին մը ինքնաշարժը վառած պահած մտաւ խանութ եւ կօշիկը ուզեց, աչքը ինքնաշարժին յառած։  Մարդը անդրադարձած էր անոր աճապարանքին, բայց ըսելի՛ք ունէր. հետեւաբար կօշիկները պահած էր դեռ ձեռքերուն մէջ. եւ ամենայն խանդաղատանքով, հատիկ-հատիկ.

-Քոյրի՛կ, ըսաւ, կեսի՛ր քեզի բան մը ըսեմ, աս տիկի՛նն ալ հայ է։

Ըսաւ այնպիսի թոնով մը, մէկ նախադասութեամբ ամէն բան ըսած աւարտածի գոհունակութեամբ։ Ոչ անուն, ոչ մականուն, ոչ ծանօթութիւն։  Աստուած Սէր է ըսելու պէս, հակիրճ եւ ամբողջական։ Աս տիկինն ալ Հայ է, դուն ալ Հայ ես, ես ալ Հայ եմ, քիչ մը անդին հայկական դպրոց հիմնուած է, մանչուկին անունը Հայկիկ է. ես Հայ եմ, Պրոտ Էվընիւի այս անկիւնին մէջ երեքս ալ հայ ենք, աշխարհի ամենէն հպարտառիթ մենաշնորհը։  Ուրեմն պէտք է ըսեր այդ նախատինք-յորդորը, որ տարիներով – մինչեւ հիմա- ոչ ոքի ըսած էր հաւանաբար.

-Հէյ Տիկին, ի՛նշ ելեր ես Անգլիերէն կը խօսիս կոր հետս։

Կինը շուարելուն համար աւելի լայն ժպտեցաւ ու դուրս ելաւ։  Հնակարկատը մնաց իր հրուանդանին վրայ, մանաւանդ որ հիմա՝ հրուանդանին միւս ծայրը հայկական վարժարան մը կար. «Շալը՜մ պիտի ընեն, էրկու թիզ շոճուխին հետ անգլիերէ՛ն կը խօսին կոր»։

Չեմ գիտեր ամերիկացիները ինչ էին իրեն համար, բայց ինծի հետ խօսած պահուն անոնք ղըվըր-զըվըր էին։ «Ադ ղըվըր-զըվըր ամերկասիները տղուդ նամակ գրեսի՞ն մը»։   Յիշեցի, օր մը երբ իր «լրագիրը կարդասի՞ր» հարցումին պատասխանեցի թէ կ՚աճապարեմ, նամակատուն պիտի երթամ, որովհետեւ Հայկիկը նամակ պիտի ղրկէ Կաղանդ Պապային. «Փաշաս, ըսաւ, տուր է՛ս սգեմ», եւ առաւ նամակը։

            Իրեն ցտեսութիւն ըսինք եւ քովի բանջարեղէն ծախող քորէացիին խանութը մտանք։  Նախ որովհետեւ՝ աշխարհի ամենէն լայն ժպիտներէն մէկը վաճառորդուհիին դէմքին վրայ կը խայտայ, նոյնիսկ եթէ օդը ամպոտ ըլլայ եւ բոլոր Պրոտ պողոտայի անցորդները ամպի մասին գլգլան։ Երկրորդ՝ փլասթիքէ տոպրակը կ՚առնես եւ՝ աս խնձորը ինկե՜ր է, ասի՝ կողէն զարնուեր է, այս մէկը պէտք եղածէն աւելի կարմիր է, ասոր ձեւը չսիրեցի, կ՚ընտրե՜ս ու կ՚ընտրես։

Այն օրը վաճառողուհին նորէն անգլերէն խօսեցաւ Հայկիկին հետ, եւ տղաս որ կը կարծէր թէ այդ օր աշխարհը այլեւս բնականոն դարձեր է ու բոլոր խանութպանները որոշած են մեր լեզուով խօսիլ՝ յանկարծ շշմեցաւ.

– Ինչո՞ւ հայերէն չի խօսիր

– Քանի որ քորէացի է

– Ամերիկացի չէ՞։

– Չեմ գիտեր, ըսի։

– Ինչո՞ւ իր լեզուն չի խօսիր։

– Քանի որ հոս ժողովուրդը իրար հետ անգլերէն կը խօսի, ամէն մարդ քիչ թէ շատ անգլերէն գիտէ, այդ լեզուով զիրար կը հասկնան։

– Բոլորը անգլերէն կը խօսին, հապա ինչո՞ւ ադ մարդը հայերէն խօսեցաւ։

– Քանի որ հայ է եւ մենք ալ հայ ենք։

– Մեր տունին վարի նանի՞կն ալ հայ է։

– Այո, – ըսի գլխուս գալիքը կռահելով։

– Ինչո՞ւ մեզի պէս չի խօսիր։

– Որովհետեւ Պոլիսէն եկած է։

– Թուրքերը իր տունը առին վռնտեցի՞ն սպաննեցի՞ն։

– Ոչ, տղաս, ինք իր տունը ծախեց եւ առանց չարչարուելու եկաւ Ամերիկա։

– Քանի որ թուրքերը իրեն չի չարչարեցին, թուրքերուն կը սիրէ՞։

– Չեմ կարծեր, քանի որ թուրքերը առաջ շատ շա՜տ հայերու չարչարած են։

– Ինչո՞ւ Սասունցի Դաւիթը Հայաստանէն Թուրքիա չի գնաց. ջարդէ՜ր ջարդէր ադ չարերը մեռցնէր։

– Սասունցի Դաւիթը շատ ընկերներ ունէր , – բացատրեցի-, անոնք կռուեցան թուրքերուն դէմ եւ հայերէն մաս մը փրկեցին, մեղք որ քիչ էին։  Անոնք ֆետայի կը կոչուին, հայերէնով՝ կամաւոր։

– Զինուո՞ր։

– Զինուորէն աւելի։  Չեն սպասեր որ կառավարութիւնը բան մը ուզէ իրենցմէ։ Իրենք կ՚որոշեն կռուիլ իրենց ազգը պաշտպանելու համար։

– Յետոյ ի՞նչ կ՚ընեն ադ … անաւորները։

– Երկինք կ՚երթան, կամաւորները։

– Կը կռուին, յետոյ շիտակ  երկի՞նք։

– Շիփ-շիտակ։

– Է, Աստուած Պապան զօրաւոր է, չեն կրնար յաղթել։

– Աստուած Պապան բարի է. անոր դէմ կռուելու պէտք չունին։ Հոն հանգիստ կ՚ընեն։

– Որքա՞ն հանգիստ կ՚ընեն։

– Մինչեւ որ… մինչեւ որ դո՛ւն թոռնիկ ունենաս։

– Ես քաջերը շատ կը սիրեմ,- բնազանցականի մասը բնազդաբար ջնջեց Հայկիկը եւ իր երեւակայութեան ձին հեծաւ։

Օր մը երբ իրեն բացատրեցի թէ աշխարհի մէջ շատ երկիրներ կան ուր հայեր կ՚ապրին – Ֆրանսայի մէջ ապրող հայերը հայերէն գիտեն, առաւել ֆրանսերէն գիտեն։ Լիբանանի մէջ ապրող հայերը հայերէն գիտեն, առաւել արաբերէն գիտեն. Ամերիկայի մէջ ապրող հայերը հայերէն գիտեն, առաւել՝ անգլերէն գիտեն։

– Հայաստանը աշխարհի մէ՞ջ է, հարցուց, – ուրեմն այնտեղ հայերը միայն հայերէ՞ն գիտեն։

– Հայերէն եւ ռուսերէն գիտեն, ըսի։

– Աս աշխարհը իմ ֆութպոլի գնդակիս պէ՞ս է։

– Այո, բայց շատ աւելի մեծ։

Այստեղ Հայկիկը աչքերը խոշորցուց, եւ տեսայ որ աշխարհի խոշորութենէն մաս մը տեսաւ, բայց կ՚երեւի չսիրեց հայերուն ամէն կողմ գտնուիլը։Ինչո՞ւ բոլոր հայերը Փալիզէյտծ Փարք չեն ապրիր։

-Բոլոր հայերը Հայաստան պէտք է ապրին, ըսի։

-Լա՛ւ, ինչո՛ւ բոլոր հայերը Հայաստանի մէջ չեն։

-Այդ հարցը, այդ հարցը… գիտե՞ս այդ հարցը Աստուած Պապային հարցնելու է. կը յիշե՞ս այն բանաստեղծը, ճերմակ մազերով, որ օր մը մեզի եկաւ…

-Ժագ Յակոբեա՞նը, – հարցուց անմիջապէս։

-Այո, անոր հարցուր, անիկա Աստուած Պապպային հետ դիւրին-դիւրին կը խօսի։

-Անգլերէ՞ն կը խօսի։

-Ոչ, շատ մաքուր հայերէն։

-Գիտե՞ս ինքը մեզի ինչ, ի՜նչ աղուոր պատմութիւններ պատմեց, երբոր դուն նանիկին համար հիւանդանոց գացեր էիր։ Նորէ՛ն թող գայ։

-Շատ հեռու կը բնակի։

-Աստուած Պապայի՞ն քով։ Գիտե՞ս Կաղանդ Պապային կը նմանի, միայն թէ նիհար է։

Այն պահուն յիշեց կ՚երեւի որ Կաղանդ Պապան Հայաստանէն կու գայ։

-Ինծի չափ տղաները դպրոց չե՞ն երթար,- հարցուց ուրախութեամբ։

-Ինչո՞ւ կը կարծես որ չեն երթար, – զարմացայ։

-Անոնք ամէն օր Կաղանդ Պապան կը տեսնեն։

-Կաղանդ Պապան Մասիսի լանջին կ՚ապրի։

-Է՜, հեռուէն երբոր կարմիր բան մը տեսնեն եւ սրճագոյն բան մը՝ Կաղանդ Պապան եւ իր սայլն է չե՞ն կարծեր։

Նայիրին այն ատեն դեռ լեզու ելած չէր, կարմրուկ ժագէթին վրայի փիսիկէ կոճակներուն հետ խաղալով «Կաղանդ Պապա, սարերուն վրայէն կուգայ» կ՚երգէր։ Հայկիկը հարցուց.

-Կաղանդ Պապան իրենց կը ծեծէ՞։

-Ոչ, եթէ պէտք է՝ կը պատժէ։

-Կը ծեծէ՜, ըսաւ, – ձեռքը գաւազան ունի, չի տեսա՞ր երբոր եկաւ մեզի։

Մտքիս մէջ՝ Կաղանդ Պապային հանդերձանքին մաս կազմող գաւազանը դուրս ձգեզի եկող տարիներուն համար. այդքան առոյգ պարող Կաղանդ Պապային ինչպէ՞ս ծեր ըսես։ Բայց Հայկիկը դեռ Հայաստանի ընկերները կ՚երազեր։

-Ինչո՞ւ Կաղանդ Պապան ադ պզտիկ ընկերներս մեր տունը չի բերեր հետը. այս անգամ անանկ գրենք նամակիս մէջ։

-Տղաս, պզտիկ ընկերներդ կ՚ուզեն որ դուն հոն երթաս։

-Հայաստանի ընկերներս զիս շա՞տ կը սիրեն։

-Այո։

-Ես իրենց մէկական Քըրմիթ պիտ ղրկեմ, Նայիրին ալ Միս Փիկի թող ղրկէ։ Նայիրին ալ պիտի երթա՞յ։

-Անշուշտ։

Վազեց Նայիրիին քով որ իր աթոռին մէջ նստած, խորանարթներ կը շարէր ետեւ-ետեւի։

-Նայիրի, եթէ դասերս լաւ սորվիմ «շատ ապրիս, շատ ապրիս» առնեմ՝ Հայաստան պիտի երթանք։

Յետոյ եկաւ քովս.

-Նայիրին Միս Փիկի թող չի ղրկէ։

-Ինչո՞ւ։

-Չեմ կարծեր որ Միս Փիկին հայերէն սորվի, քիչ մը շատ յամառ է։ Կաղանդ Պապան ալ ռուսերէն գիտէ՞։

-Այո։

-Եւ շատ խնձոր կ՚ուտէ, անո՞ր համար երեսները կարմրուկ են։ Խնձորին ի՞նչ կ՚ըսեն ռուսերէն։

-Չեմ գիտեր, երբոր երթանք կը հարցնենք, կը սորվինք։

-Միւս մամաները գիտե՞ն ռուսերէն։

-Ընդհանրապէս այո, գիտեն։

Այդ պահուն Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող հեռաւորութիւնները եւ

անոնց մէջ կախուած լեզուներու բազմութիւնը խռնուեցան Հայկիկին ուղեղին մէջ, ու երեսը կարմրած, բարկացած պարզեց թնճուկը.

-Դո՛ւն ինչու միւս մամաներուն պէս չես գիտեր ռուսերէն ի՜նչ կ՚ըսեն խնձորին։

Ինչո՛ւդ պէտք, հայր, ելար Հայաստանէն բերիր մեր մանկութեան Կաղանդ Պապան։  Անկէ ի վեր ես ալ հաւատացեր եմ որ եթէ Կաղանդ Պապան կու գայ՝ Հայաստանէ՛ն կու գայ։ Այսօր աւելի հաստատուն գետին մը կրնայի կոխել. կրնայի ըսել որ , օրինակ, Կաղանդ Պապան մէկ տարի լման կը դիտէ՝ հայերը բարի՞ են թէ չար են, յետոյ կա՛մ նուէր կու տայ, կամ կը պատժէ։  Կամ ալ հեռու տեղ մը նստած կը մտածէ, յետոյ Նոր Տարիին կ՚ելլէ եւ հայերուն իր մտածածը կ՚ըսէ, կրնայ նաեւ իր մտածածը միմիայն պզտիկ տղաներուն եւ աղջիկներուն ըսել։  Մինչեւ իսկ կրնայի ըսել թէ ամբողջ տարին նուէր կը շինէ եւ նամակ կը կարդայ։ Ոչ, տրամաբանական բացատրութիւն չըլլար, Կաղանդ Պապան Հայաստանէն կու գայ, Մասիսի կատարէ՜ն։

Նիւ ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիին մէջ Վարդանանց կը տօնուէր։ Կէսօրուայ մօտ էր եւ արդէն Վարդանը վարի սրահին մէջ իր սուրը կախած՝ կը սպասէր։ Քիչ ետք պիտի Շապուհ Արքային մեր ճակատագրական վճիռը դարբնէր։ Բաւական համբերելէ ետք Հայկիկը հարցուց որ՝ Տէր Պապան աղօթելէ ետք ամէն մարդ իր տո՞ւնը պիտի երթայ։ Գլխով հաստատական նշան տուի։ «Աստուած Պապա՞ն ալ իր տունը պիտի երթայ»։  Աստուած Պապային տունը հո՛ս է, ըսի աւետարանական դաստիարակութեանս վստահած։ «Է, այն ատեն ինչո՞ւ չի գար չի հարցներ կոր որ՝ Հայկի՛կ, անօթի՞ ես, սանտուիչ մը բերե՞մ»։

            Չորսուկէս տարեկան էր այն ատեն, անցեալ տարի, եւ վերացական բաներու մասին կը լսէր։ Հոս Միացեալ Նահանգներ է, քու ծննդավայրդ է, բայց մեր բուն հայրենիքը Հայաստանն է, ամենէն գեղեցիկ երկիրն է, Ամերիկայէն շա՜տ շատ աւելի հին, իսկ մօրդ ծննդավայրը Պէյրութ է։  Հիմէնը կ՚ուզէր որ ինք ալ Սասունցի Դաւիթին պէս հայ ըլլար ու Հայաստան ապրէր, Հիմէնը չար մարդոց դէմ կռուիլ ու յաղթել գիտէ, ամէն մարդ չի գիտեր կամ հոգը չ՚ըներ։ Այո, չարեր կան եւ զօրաւոր են, ուզենք կամ չուզենք։ Աստուած երկինքին մէջ է, ոչ, մերկ չէ, չեմ գիտեր հագուստը ուրկէ՛ կը ճարէ. թերեւս հրեշտակները կը կարեն։  Երկինքն ալ աս օդէն վեր վեր վեր տեղ մըն է։ Աստուած զօրաւոր հոգի մըն է, մենք չկայինք՝ Ինք մեզ ստեղծեց։  Ճիշդ ես, թեւերը մինչեւ երկիր հասնելու են, որ երբ մանուկները Իր քովէն աշխարհ իջնեն՝ չեն մեռնիր։ Օ՜, հրաշալի մեծհայր ունէիր, Պէյրութ կ՚ապրէր, սրտի տագնապով մեռաւ։ Երբոր մէկը մեռնի, ճիշդ ես, վիզն ալ չկրնար շարժել։  Մահ եւ Աստուած եւ Կաղանդ եւ Մասիս սար։

            Կաղանդ Պապայէն պատասխան եկած էր. Հազիւ մեզ տեսած եկաւ կայնեցաւ կօշկակարը իր սովորական տեղը եւ գլուխը ութ-տասը անգամ ճօճեց «ըսել է այսպէ՜ս» ըսելու պէս, յետոյ շարունակեց. «Աշխարհի վրայ ին-տիման շէ մնասեր, ժըզըր ժըզըր այրեսին մեզի՝ տահա «դո՛ւք մեզի մեռսուսիք» կ՚ըսեն կոր։ Վալլահի ան տղաները աստուզոյ պէս պաշտելու է, էրկրպագելու է, մեր ասգին պատիւը կը փրկեն կոր։ Ի՞նշ  բերեր ես փաշաս։»

-Կաղանդ Պապայէն նամակ եկաւ,- ըսաւ Հայկիկը։

Մարդը թերահաւատ նայեցաւ ինծի, յետոյ բացաւ նամակը։

Սիրելի Հայկ,

Շատ ուրախ եմ որ այս նամակը կը գրեմ քեզի Կաղանդի առիթով, եւ յուսամ որ ուրախ-ուրախ կը կարդաս նոր խաղալիքներովդ շրջապատուած։
Ամբողջ տարին հետեւեալ լաւ բաները լսեցի քու մասիդ.
-Սիրած բաներդ կը բաժնեկցիս քրոջդ եւ ընկերներուդ հետ
-Կը սիրես նոր բաներ սորվիլ
– Շնորհակալութիւն կը յայտնես մարդոց որոնք լաւ կը վարուին հետդ
-Կը ջանաս օգնել բոլորին
-Ճշմարտութիւնը կ՚ըսես, չես ստեր
-Գիտես անուշիկ ժպտիլ եւ շուրջիններդ ալ զուարթացնել
Կրնայի դեռ շատ աւելի բաներ գրել քու մասիդ, բայց դեռ բաւական գործ ունիմ հասցնելիք Կաղանդէն առաջ։
Լա՛ւ եղիր։ Բարի Կաղանդ։
                             Բարեկամդ՝
                                                            Կաղանդ Պապա

Յ.Գ.  Հաճիս ըսէ հայ ընկերներուդ որ չեմ կրնար ամէն երեխայի գրել Կաղանդի առթիւ, եւ ամենուն իրենց ուզած խաղալիքները չեմ կրնար բերել, քանի որ այլեւս սայլս կը ծանրանայ եւ եղնիկները չեն կրնար քշել զայն։

Աստուած Պապային ըսի որ ձեր վերի շուկային խանութպանները հայ ըլլան, ինչպէս նաեւ գոց շուկային Կաղանդ Պապան։  Ամբողջ աշխարհին Հայ ըլլալը լաւ բան մը չէ, որովհետեւ նախընտրելի է որ զանազանութիւն ըլլայ ծաղկեփունջի պէս, Հայեր եւ ոչ-Հայեր։

Այս տարի նամակ չգրեցինք։ Երկու ամիս է երբեմն մեր նամակատուփին մէջ պահարան մը դրած կ՚ըլլայ Հայկիկը, վրան՝ հայոց թագաւորներէն մէկուն դրոշմաթուղթը։  Նամակ չգրեր, գծագրութիւններ կը ղրկէ որպէսզի Կաղանդ Պապան տեսնէ թէ Հայկիկը որքա՜ն ներկելիք ունի։

Անցած օր Փարամըս Փարք Մոլի Կաղանդ Պապան եկաւ. Ելեկտրական աստիճաններուն գագաթէն սկսաւ իջնել իր Հո՛ -հո՛- հո՜-ով թնդացնելով մոլը։  Երեխաները ցնծագին քալեցին կարմրազգեստ հերոսին ետեւէն, ափ-ափ ձիւն տեղացնելով բակին մէջ։  Քիչ ետք երբ Կաղանդ Պապան նստաւ ձիւնապատ տնակին առջեւ, Հայկիկը աճապարանքով գնաց կեցաւ Կաղանդ Պապային դիմաց եւ առանց բարեւի հարցուց.

-Դուն այլեւս հա՞յ ես։

-Լրագիրը կը կարդար՝ տէօվրիւլմուշ եղաւ, – ըսաւ կօշկակարին սեւազգեստ կինը Դեկտեմբերին, – պիտի ծախեմ աս խանութը, սիրտս թունդ կ՚ելլայ կոր, մարդս քսաներկու տարի փաշայի պէս գնաց-եկաւ։ Ի՛նչ կու տան թող տան, պիտի ծախեմ։

Անկարելի էր պատկերացնել այդ յատուկ տեղը, դրամարկղին քովի կիսադուռը առանց մեր դրացի հնակարկատին, որ իր հոգին չծախեց։  Հաւանաբար հիմա վերը քանի մը հերոսի ճակատէն պագած է «Էս ալ Հայ եմ» յայտարարելով։  Հայկիկին բան չըսի։

            Հիմա դուրսը կը խաղան զաւակներս դրացիներուն հետ, մէկը արաբ տիւրզի, միւսը՝ հրեայ, միւս երկուքը՝ յոյն։  Հայկիկը անոնց կը բացատրէ որ մեր Կաղանդ Պապան Հոկտեմբերին իջած է Մասիս սարէն եւ Դեկտեմբեր 31-ին կը հասնի մեր տունը։

-Ուրկէ՞ պիտի գայ,- կը հարցնէ Րամզին երկար թարթիչները թափահարելով։

-Արմինիա, չէ՞ք գիտեր, Արմի՛նիա։

Այս որ լսեցի՝ նստայ նամակ մը գրելու։

Ամբողջ աշխարհի Կաղանդ Պապային,

                        Քանի որ Հայկիկը պզտիկ տղայ մըն է՝ կը հաւատայ որ դուն կաս։ Փարամըս Փարք Մոլէն վերադարձին վճռեց որ երբ ինք մեծնայ մոլ մը պիտի շինէ, մեեեեծ մոլ, մէջը ցատկող ջուր պիտի ըլլայ, եւ տուտ-տուտ շոգեկառք, եւ Քիտծ Ար Աս-ի խանութ, եւ աւելի մեծ փիծծաներ շինելիք խանութ, եւ հո՜ն, եւ հո՜ն, ըսաւ դէմքը պրկած ու վարդագոյն, հոն հա՛յ Կաղանդ Պապա պիտի գայ։

Մինչ այդ շատ ջուրեր պիտի անցնին։ Բայց այլեւս եկուր, ուրկէ կ՚ուզես երբ կ՚ուզես եկուր, ձմրան կամ գարնան, ձմրան սայլերը աւելի վիպական են, նաեւ մշտական ժամանումները ձմրան կ՚ըլլան։ Եկուր, որպէսզի այս աշխարհի իւրաքանչիւր անհատ՝ Նիւ Եորքի Ռոքըֆելլըր Կեդրոնի մէջ թեւածող հրեշտակներուն թեթեւութիւնը ապրի պահ մը։

Թէպէտ որքան ալ զօրաւոր ըլլաս՝ այս նամակը պիտի չկարենաս բռնել, որովհետեւ այս աշխարհի երկրային եւ անդրերկրային յիմար պատերազմներու մէջ ապրող անհատի մը գաղտագողի կաթած արտօսրին ահեղութիւնը ունի։  Կը խնդրեմ որ հազալու փոխարէն՝ հազի դեղ մը առնես եւ մեր նուէրները լաւ փաթթես, որպէսզի այլեւս ուրիշին կոտրած պուպրիկ չտաս։ Հակառակ որ բացատրած էիր ինծի այն ատեն, որ ճամբան ուրիշ մանուկներ յափշտակած են խաղալիքներդ, բայց դուն իմ պուպրիկս կոտրելու իրաւունք չունէիր, Կաղանդ Պապա։

Գիտեմ որ հիւանդներուն առողջութիւն չես կրնար բաշխել, գոնէ սփոփէ։  Թող աշխարհի բոլոր անօթիները գիտնան ոռնալ, եւ հոգեպէս ցաւողները կարենան ապտակել։  Թող մեր բարեկամները մեր հոգիներուն հանգիստը մեր մահէն ետք չմտածեն, այլ՝ մեր կեանքի ընթացքին։

Այլեւս աղաւնի մի՛ բերեր, այլ՝ խաղաղութիւն։  Պահէ պահպանէ մեր բազում հայրենիքները, եւ մեր մինուճարը՝ Հայաստանը։  Այս անգամ այնպէս եկուր որ այլեւս քեզմէ բան մը չուզենք. Կաղանդ Պապա, մեզի մեր մե՜ծ, ազատ, անկախ Հայաստանը տո՛ւր։

 

Դեկտեմբեր 10, 1985

Փարամըս, Նիւ Ճըրզի

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *