ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ | Արարատը լրտեսեցի

Իշխան Չիֆթճեան

-Ի՞նչ էք նկարում: Նկարելն արգելուած է: Անշուշտ «վ»եւով արգելված է լուսանկարելը: Ամփոփ ու կարճահասակ «ու»ն չի բաւեր խոշոր զանգուածին համար: «Արգելված»ին «գ»իմն ալ շնորհքով «ք»է կը հնչէ, հակառակ հնչիւնական համակարգի օրէնքին, զոր արեւելահայերէնը պահած է եղեր: (Բայց մենք ականջ չունինք լսելու): Եւ ի՞նչ նկարել, ի՞նչ կրնայ ասքան զանգուածային կանգնիլ, նստականգուն տարածուիլ, նկարաբանիլ, որ առաջին անգամ ըլլալով աչքերու կը դպնայ ու աչքեր կը յղանան: Ի՞նչ կայ հոն որ նկարեմ՝ պէտք է հարցումով դիմէի իրեն: Դուք բան մը կը տեսնէ՞ք հոն՝ էնտե՛ղ: Լեռնական այդ զանգուածը, որուն անունը միայն գիտէիր. եւ հիմա գիտես նաեւ անհունը: Որ, սակայն, ինչպէս կ’ուզէ բացատրել, զգալի քաղաքավարութեամբ հասկնալի դարձնել ապահովութեան այս նիհարակազմ պաշտօնեան՝ արգելված է նկարել:
-Արարատն եմ նկարում, կեանքումս առաջին անգամն եմ Արարատը տեսնում:
Դուն որ ամէն օր հոս ես իբրեւ պաշտօնեայ, տեսնես ալ, չտեսնես ալ՝ «միեւնոյնն է», ինչպէս ասում էք՝ մի եւ նոյն, կ’անցնիս-կը դառնաս, կ’աշխատի՜ս, – յիշեցնեմ որ յատուկ աշխատանք ալ ունիս, – բայց մանաւանդ ու առաւելաբար գործընկերներուդ հետ կը ծիծաղիս եւ ժամանակդ կը գլորես քեզմէ առաջ տակառի մը պէս, որ երթայ ի վերջոյ, եթէ դուն չես լքած, գոնէ ժամանակը լքէ երկիրդ…դուն հարկը չունիս դիտելու այս պատկերը: Ասիկա տեսանելի պատկեր իսկ չէ: Դուն մի եւ նոյնն ես այս միութեան առջեւ, ախպեր ջան: Բայց անշուշտ գործդ պիտի ընես: Եւ իրաւունքով ես բնականաբար: Ու գործդ զգուշութիւնն է, ապահովութիւնը: Երկիրը ի վերջոյ ապահով է: Արարատը պատկերելն ալ ապահովագրման սահմաններէդ ներս ա՛ռ, հաւաքէ՛ զայն: Մարդոց ապահովութիւնը երկրորդական է:
-Այստեղ մեքենայ է կանգնել: Մեքենան որ թռի՝ կարող էք Արարատը նկարել:
Վա՜յ ասուն անբան: Ես այդ մեքենան, որ օդանա՞ւ է, նա՞ւ է՝ չեմ ալ տեսած: (Ամէն պարագայի գոհ եմ որ «սամալյոտ» բառը չգործածեցիր): Տեսնեմ իսկ՝ չեմ տեսներ ու չեմ ուզեր նկարել: Ուքրանական օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, ձախին, այնքան փոքր երեւցող, լեռնէն հեռու մանրութեամբ մը բացակայ: Բայց մարդը գործը կ’ընէ, պէտք է ես ինծի հասկցնեմ քանի մը անգամ: Եւ գործը զգուշութիւն կը կոչուի: Ո՞վ գիտէ, թերեւս օդանաւեր նկարելով տեղ պիտի հասցնեմ այդ լուսանկարները, ըսելով, որ տեսէ՛ք, Հայաստանի մէջ ուքրանական օդանաւով զէնք կը մտնէ կամ չեմ գիտեր ու՞ր ի՞նչ կը մտնէ: Թերեւս օդանաւը աչքերուս մէջ զէնքի վերածուի: Իրապէս ալ օդանաւը ինքնին զէնք մըն է այս օրերս, վերածուելու պէտք ալ չունի: Ամէն ինչ կարելի է: Ես բան մը տեսած ու լրտեսած չունիմ, սակայն, հաւատացէ՛ք, Պարոն Ֆըրֆըրեան, կ’ըսեմ ես ինծի: Ուքրանական օդանաւը հոն, լերան քարանաւուն հեռու ստորոտը կանգնած չէ ինծի համար: Կ’անտեսեմ զայն, լուռտես եմ թերեւս, եւ ինք հսկողութեան իր պաշտօնն է որ պիտի կատարէ: Եւ իրաւունք ալ ունի, դարձեալ կ’ըսեմ: Քեզի ի՞նչ: Լաւ է որ իր պարտականութեան մէջ թերի չէ: Թերի տեղեր բաւական կան, գոնէ այս տեղերը թող լաւ գործեն: Վայ այն զբօսաշրջիկներուն, որոնք օդանաւ կամ օդանաւակայան լուսանկարելու հիւանդութենէ կը տառապին: Ինչպէս գերմանացի ամբողջ դասակարգ մը կայ, որ գիշեր-ցերեկ շոգեկառք կը լուսանկարէ: Քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր կը ճամբորդեն մարդիկ, որպէսզի այսինչ տարուան արտադրութիւն եղող այնինչ տեսակ շոգեկառքին այնինչ գոյնի վակոնը կամ վակոնին այս կամ այն մասը լուսանկարեն, եւ իրենց հաւաքածոն ամբողջանայ, պակաս բան չմնայ: Երբեմն նոյնիսկ ամբողջ ճամբորդութիւն մը միայն այդ նպատակին նուիրուած կ’ըլլայ: Մասնագիտական հակումի մը կիրքով կ’երթայ ու շոգեկառք կը նկարէ: Ամենայն լրջութեամբ: Ոմանք նոյնիսկ ժամերով կը սպասեն որ հիմա, կէս ժամ ետք, մէկ ժամ ետք այս գիծէն այսինչ շոգեկառքը անցնի: Երթանք, տեղ բռնենք ու նկարենք զայն, կ’ըսեն: Ոմանց այս հակումը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Դանիէլը իր հօրեղբօր հետ անգամ մը շոգեկառք լուսանկարելու համար Լեհաստան գացած էր: Ինչպէս ժամանակին Յիսուսը տեսնելու համար Զաքկէոսը ծառ բարձրացաւ կամ հաւատացեալ կին մը Յիսուսին քղանցքին դպաւ ու առողջացաւ, այդպէս ալ մաքնիս մը կայ, որ զիրենք կ’ուղղէ այս կամ այն շոգեկառքը:
Ես այդպիսի հիւանդութիւն մը չունիմ: Սա այն լեռն է, այո, սահմանէն աստանդական, որ շատերուն հիւանդութիւն կը պատճառէ, ուրիշներուն ալ հիւանդութիւնը կ’առնէ, կը տանի տարբեր ուղղութիւններով կամ ալ կը բուժէ զիրենք ամբողջապէս: Հայաստան առաջին անգամ մեկնող երիտասարդ ուսանողուհիի մը ուղղելով խօսքը, ատենին, կ’ըսէր ծեր բանաստեղծը. «Լաւ է, լաւ, կ’երթաս, Արարատը կը տեսնես»: Հայաստան երթալը ատ կը նշանակէր կամ այդ էր առաջին ըսուածը «Պարոն, Հայաստան պիտի երթամ» ըսող ուսանողուհիին: Առաջին պատգա՞մ: Գնա՛, այսինքն՝ տե՛ս Արարատը, ոչ ուրիշ բան:
Այս է, հոս կեցած է ահա, զոր հայ բանաստեղծները մեծէն մինչեւ պզտիկ պարտաւոր են բռնաբարել, իւրաքանչիւրը իր հասկցած ձեւով, այլապէս կարելի չէ բանաստեղծ կոչուիլ: «Հերթը հիմա քոնն է», ոչ իմը: Եւ իսկապէս ալ հերթը եկած, հասած էր քովս: Իմս չէր եղած երբեք: Բայց իրապէս հերթաբար եկած ու անցած չե՞ն հոսկէ, ասոր առջեւէն, ահա առաւել քան քսան տարի, ժողովներու, համաժողովներու, համաքէֆերու ու մանաւանդ յամառ համագինովութեանց ի խնդիր: Բայց Արարատը լուռ է. լուր չունի կարծեմ. ինքն իր լրտեսը չէ եղած. կամ ալ չ’ըսեր պարզապէս, դիւանագիտօրէն՝ ո՞վ եկած է, ի՞նչ ըրած է: Նայա՞ծ է իր սէգ գագաթին, թքա՞ծ է: «Մեղա՜յ Արարատին»: Մէկը կը հայհոյէ, միւսը կը սիրահարի: Ամէն մարդ ինքզինք կը յեսանէ անոր վրայ: Նոյնիսկ Եղեռնի նուիրուած ֆիլմ մը կրնայ այդ անունը կրել, որպէսզի սխալմամբ ուրիշ ցեղասպանութեան հետ շփոթելի չըլլայ մերը: Իսահակեանն ալ չկայ որ մարդերուն հետ դարերը հաշուէ, դարերէն աւելի տարիքոտ մարդերը: Իսահակեանին տեղ ապահովութեան այս պաշտօնեան կը խաղայ պաշտպանութեան ու հաշուապահի դերը, ըստ երեւոյթին: Եթէ ասոր պաշտպանութեան մնացած ենք ու բոլոր բանաստեղծները ձայնեղ են, լռողներ չեն մնացած, ուրեմն մտահոգութիւնը իմաստ մը ունենալու է:
Այսպիսի յատկանիշերով օժտուած այդ զանգուածը ծածկուած էր քանի մը օր: Մշուշի անյայտութեան մէջ կորսուած: Ծանօթ աստիճաններուն մինչեւ գագաթը կը բարձրանաս, հոնկէ կարելի է տեսնել, ամենէն յարմար տեղն է: Եթէ պիտի երեւի, հոնկէ անպայման կ’երեւի՝ կը բացատրէր սեւաչեայ Երեւանուհին: Ու բարձրացայ առաւօտ մը: Շատ պայծառ չէր օդը: Երբ պանդոկին դռնապանին հարցուցի, թէ արդեօք տեսանելի կրնա՞ր ըլլալ ան այսօր. «Մի քիչ ամպոտ է էսօր, բայց հնարաւոր է՝ երեւի»: Չուզեց կ’երեւի յոյսս կտրել: Ասքան ճամբան եկած է մարդը, ըսաւ ինքն իրեն, թող երթայ ու իր փորձը ընէ: Ամէն մարդ իր ձեռքով կը տեսնէ այդ լեռը: Ես ալ յոյսս առի ու շալկեցի մինչեւ աստիճաններուն գագաթը: Տասներեք տարի առաջ ծունկի բարձրացեր եմ Հռոմի մէջ այն փայտածածկ աստիճաններէն, որոնք Յիսուսի դատավարութեան աստիճաններն են ըստ աւանդութեան, Երուսաղէմէն քար առ քար փոխադրուած. փայտածածկ, որպէսզի քարը չվնասուի: Օրական ո՞վ գիտէ քանի՞ հոգի ծունկ կը չոքէ անոնց վրայ ու ամէն աստիճանի տարբեր աղօթք մը մրմնջելով կը բարձրանայ մինչեւ վեր, ուր անշուշտ խորան մը պէտք էր ըլլար: Չեմ յիշեր ճիշդ: Հռոմի աստիճաններէն, ուրեմն, համեմատութեան օրէնքով ու կարգով կը հասնինք այստեղի աստիճանները: (Չէի՞ր հաշուած մերօրեայ վիպագիրին մէկ գործին մէջ «ինչպէս»ները: Ինչպէս ան ամէն ինչ կը համեմատէր): Ատպիսի ուխտ ու խորան, փայտ ու աղօթք չկան հոս: Աստիճանները շատ հանգստաւէտ են, առանց զգալու կը բարձրանաս: Կը բարձրանաս, սակայն նպատակդ կամ այն ինչ որ կ’ուզես տեսնել, ետեւդ կը մնայ: Հակառակ ուղղութեամբ կ’ելլես: Բայց կ’ելլես վեր, որպէսզի հեռանաս նպատակէդ, ետեւ դառնաս ու դիտես, դէմ ըլլաս դիմաց, առնես պարզուելիք տեսարանը, Օփերայէն անդին ու վեր: Երկինքը բռնած կամ անոր հեծցուած տեսիլքը: Եթէ բախտ ունիս: Բախտ կը նշանակէ հոս՝ տեսնել կարենալ լերան ներկայութիւնը: Ոչ, այդ օր ջնջուած էր ան: Ուրիշներ պիտի ըսէին, ամէն հեղինակութիւն իրենք իրենց վերապահելով աստուածապէս՝ ջնջած էր ինքզինք: Գացած էր կ’երեւի դրացի Թուրքիա, ինչպէս կատակեցի վարը, թաքսիի վարորդին հետ: Թերեւս սուրճի կամ բանակցութեան կանչեր էին: Մինչեւ մենք շարժինք, թուրքերը լեռներն իսկ շարժել կու տան: Բայց կը կարծեմ որ լեռն ալ իր ազատ զբօսանքն ունի: Մարդերը կը հեռանան, ինք ինչու՞ տեղը կենայ: Հապա հայրենիքներու սահմանները ինչպէ՞ս կը գծուէին ի վերջոյ: Ցեղախումբ մը կը հաւաքուէր ու կը մեկնէր այլուր ու հոն կը հաստատէր իր հայրենիքը: Անոնք իրենց լեռները չէին կրնար տանիլ իրենց հետ: Բայց մենք կրնանք, որովհետեւ «մենք ենք մեր սարերը»: Մե՞նք կը հետեւինք Արարատին թէ՞ ան մեզի: Կամ ալ՝ փո՞խն ի փոխ:
Երեւան գալու համար կ’ուզէ ծածկուիլ, մեկնիլ, մեկնաբանուիլ, վստահ եմ: Կրնաս գծել մեծ ու փոքր բուրգերը քով-քովի, հայր ու որդի, մայր ու որդի կամ երկու եղբայր՝ ինչպէս որ կ’ուզես: Մշուշի անապատին վրայ ազատ պէտք է զգաս ինքզինքդ ու Արարատդ սեփականագծես: Որ առանց այդ երկու եռանկիւններուն չանհայանաս: Չզրկես ինքզինքդ: Որբացումէն վեր կանգնիս: Մշուշին թելադրածը այս է կարծեմ: Տրուած պարապ էջը մանկապարտէզի աշակերտին, որ երկու գագաթները ու մէջտեղէն ծագող արեգակը պէտք է գծագրէ, – երկու բարտիի ծառեր ալ տնկուած լեռներուն ճեղքին, ու այդ ճեղքէն յորդ կը հոսի, ի՞նչ կրնայ հոսիլ եթէ ոչ Արաքս գետ մը, – ընդօրինակէ ուսուցչուհիին գծածը գրատախտակին վրայ: Օրիորդ…ի՞նչ էր անունը: Բայց ինչու՞ արեւն ու բարտիները անբաժան ըլլային պատկերէն: Ինչու՞ էր այդ կողմէն կատարուած դիտումը միականի ու նոյնիսկ փակաչք: Բայց ստիպուած էինք այդ տարիքին այդ ընդօրինակութիւնը կատարելու: Եթէ չգծէիր՝ ու՞ր է արեւը, ու՞ր են ծառերն ու գետը, աչք չունի՞ս, կրնար հարցնել ուսուցչուհին, ինքն ալ Արարատը միայն պատկերներով, աչքով տեսած: (Թերեւս նոյն այդ չտեսութեանս պատճառաւ չզգացի ուքրանական օդանաւին ներկայութիւնը): Ու այդ պակսող արեւը, ծառերն ու գետը գնահատողի դեր ունեցող նիշիդ վրայ կրնային ազդեցութիւն ունենալ: Թերեւս պատիժ ալ սահմանուէր ու դուրս դրուէիր դասարանին երկրէն: Ոչ, այդ խստութիւնը գոնէ գծագրութեան պահերուն չկար: Բայց կար նախատուեալը եւ ընդօրինակութեան օրէնքը: Միայն ա՛յդ ձեւով կարելի էր տեսնել այդ զանգուածը: Չտեսութիւնը դասարանին մէջ արգիլուած էր, ինչպէս հոս:
Հիմա կ’երեւի մեծցանք ու կրնանք Պարսկաստանէն ալ, Թուրքիայէն ալ նոյն Արարատը տեսնել: Վերէն ալ, օդէն դիտուած պատկերներ ալ կը բաշխուին: Համացանցը ողջ ըլլայ: Այնպէս որ, սիրելի Պարոն՝ ապահովութեան նիհարակազմ պաշտօնեայ կամ նիհարակազմ ապահովութեան պաշտօնեայ, կախեալ չենք արտօնութենէդ կամ ուքրանական օդանաւու ներկայութենէն: Եթէ կախեալ ենք, թերեւս միայն այս զանգուածէն, ինչպէս դուն ալ՝ պաշտօնէդ: Անոր կ’ուղղուինք ու զայն կը փնտռենք: Կորսուած ամբողջութեան երեւելի ներկայացուցչի՞ն պէտք ունինք: Բոլորիս ալ գործը չտես լրտեսութիւնն է:

Ապրիլ, 2013

Share Button

Նշանաբառ՝

1 Կարծիք

  • Րաֆֆի Միքայէլեան says:

    Գրիչդ անսպառ սիրելի Իշխան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *