Վեհանոյշ Թեքեան | Մայիսի 28- ի բարդոյթը

Ամէն Մայիս քսանութին վարդահեղեղ արշալոյսը կը վերաբացուէր։ Պէյրութի սրահները կ՚ողողուէին ճառախօսներով, հանդիսատենչներով, իսկ Եռագոյնը տեղ-տեղ վաստակաւոր նահապետի նման կը փառաւորուէր, ուրիշ տեղեր պարտուած զօրավարի նման աքսորուած կը մնար։
Կենարար իրականութիւնը այն է՝ որ այդ օր մեր անկախութեան պատմութեան սուրբ մատեանը կը բացուէր ու իր խորհուրդով կ՚օծէր տարագիր հայերն ու յաջորդող սերունդները։
Հայապատկան գործատեղիներն ու հաստատութիւններն ու վարժարանները որոնք կը փայփայէին անկախ Հայստանի մը գաղափարը՝ կը փակուէին։ Իսկ Աւետարանական դպրոցները դիւանագիտօրէն լուծած էին հարցը, ոչ կը փակուէին, ոչ կը բացուէին։ Այդ օրը տարեկան փիքնիքի օր նշանակուած էր։ Ուսուցչական կազմ, տնօրէնութիւն, հայսքուլի աշակերտներ առտու կանուխ պասերը նստած կ՚ուղղուէինք Լիբանանի հարաւը, ուր ծով ու գետ, դաշտ ու արօտ խաղաղօրէն ու արփագեղ կ՚ապրէին։
Մինչեւ կէսօր աղջիկները թապպուլէ-մապպուլէ կը պատրաստէին, իսկ տղաքը կը կոնծէին իրենց գաղտնաբար բերած ոգելից ըմպելիները։ Այդ նրբիկ շիշերը այնքան հպարտութեամբ կը հանէին իրենց թաքստոցներէն, որ ուսուցիչներէն ոմանք, նորընտիրները, չէին կրնար անմասն մնալ նախակերուխումէն։
Սեղանը երկար էր, օրը՝ կարճ։ Ճաշերը համով էին, պտուղները՝ աւելի համով։ Լուսանկարչական մեքենայ բերողները տեւական ուշադրութեան կ՚արժանանային։ Իսկ ամենէն հաճելին այն էր, որ սգաւորի համազգեստները զորս կը կրէինք դպրոցական տարուան իւրաքանչիւր օրը, այդ օր կրնայինք մէկդի շպրտել եւ տաբա՜տ հագնիլ։ Այդ տաբատները կը ծալլուած են գետեզրի մէկ թիզ ջուրին մէջ կայնած խմբական նկարներուն մէջ, մէյ մըն ալ երբոր ժայռերուն վրայ հեծած ենք։ Շորթ հագուիլը արգիլուած էր։ Ծխելը-խմելը արգիլուած, ներառեալ ուսուցիչներուն, անոնք սահմանուած էին «բարի օրինակ» ըլլալու։ Հայհոյելը խստիւ արգիլուած էր, ո՛վ որ գործածէր «աղտոտ լեզու» անմիջապէս կը վտարուէր դպրոցէն։
Իր ուսման մակարդակի առաջնակարգ դիրքի կողքին՝ մեր դպրոցը առաջնութիւն կը շահէր «Արգիլուած է»-ի ամենաերկար ցանկը տնօրինելուն մէջ։ Այնքան զբաղած էինք արգիլուած բաները կանխելով, որ չարգիլուածներուն ժամանակ չունէինք։
Ամսուան ընթացքին պատմութեան ուսուցիչը պատմած կ՚ըլլար վեց հարիւր տարի ետք մեր արիւնով ու անպատմելի արիութեամբ կերտած երկամեայ Անկախութեան, Սարդարապատի հերոսամարտ-ին, եւ Հայաստանի Խորհրդարանի պատկառելի անդամներու մասին։ Անոնք Անկախութեան չէզոքացումէն ետք հասեր էին Լիբանան, հայեցի կրթութեան օճախներ հիմնած էին, սերունդ կը դաստիարակէին, գրականագէտ էին, թատերագիր, պատմաբան ու յուշագիր։ Անոնց համար աշխարհը երկու բեւեռ ունէր՝ մեծն Հայաստան եւ մեծն Սփիւռք։ Մէկը առանց միւսին հեղձամահ կ՚ըլլար։ Հարկ էր տիւ ու գիշեր նկարագրել անմահ խորհուրդը՝ Ոգին, վերականգնել Ոգին, ներարկել Ոգին իբրեւ ճանաչման ու գոյատեւման կանթեղ։
Ու այսպէս, տարեկան շրջագայութիւն մը, որ աւարտեցաւ երբ շրջանաւարտ եղայ ու դէմ յանդիման եկայ Մայիս Քսանութերու մեծադղիրդ իրականութեան։

Տարիներով արտասանական մրցումներու, տօնահանդէսներու, յուշահանդէսներու, կրօնական տօներու, յոբելինական հանդէսներու արտասանելէ ետք – մայրս հաւատացուցած էր թէ ազգային պարտականութիւնս էր, Աստուծոյ տուած շնորհքը պէտք չէ աշտարակի մէջ պահէի։ Ինչո՞ւ, ի՞նչ կըլլայ։ Աստուած կը բարկանայ, փորձանք կու գայ գլխուդ։ (Ասանկ ալ, անանկ ալ՝ փորձանքը եկա՛ւ գլխուս)։
Սա պահուս չեմ յիշեր որու գաղափարն էր – մօ՞րս, Սիմոն Սիմոնեանի՞ն, բարեմիտ ընկեր-ընկերուհիներո՞ւս, թէ չարամիտ Սատանային, որոշուած էր՝ ասմունքի երեկոյ մը պիտի տայի։ Բայց սովորական, աւանդական ձեւով պիտի չներկայացնէի մեր քերթողութիւնը։ Նորարար քերթող, նորարար արտասանող։
Երաժշտագէտ Յովհաննէս Սալիպեան ստանձնեց երաժշտութեան ընկերակցութեան բաժինը, ուր Պերլիոզ մշտակայ էր։ Նշան Գազազեան լուսապատկերներու ստեղծման եւ լուսարձակման պատասխանատու եղաւ։ Սարգիս Ֆերմանեան լոյսերու խաղերու պատասխանատու, Մարկոյ Ճեմճեմեան՝ յուշարար, Հայկ Թիլպեանը՝ «ես ալ բան մը պիտի ընեմ» ըսաւ, կարգուեցաւ ընդհանուր պատասխանատու։
Փորձերը մեր տունը տեղի կ՚ունենային։ Փոքր հանդիսասրահի մը մեծութիւնը ունէր մեր հիւրասենեակը, առաւել՝ ըստ միաձայն եզրակացութեան ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կարելի էր գտնել մօրս պատրաստած ճաշերուն համադամութիւնը։

Ամիսներ առաջ Կիւլպէնկեան սրահը վարձուած էր Մայիս տասնըիննի համար։ Նոյն օրերուն՝ Լոնտոնի թատերական ակադեմիայէ մը նոր վկայուած Վարուժան Խտըշեան պիտի ներկայացնէր «Սալեմի Վհուկները»։
Իմ գիշերն ի բուն աշխատող գործակատարներս – անվճար անշուշտ – խօսած էին սրահի պատասխանատուին հետ, որ իր կարգին Խտըշեանի հետ խօսելէ ետք, հաւաստիացուցած էր իրենց թէ այդ օր բեմայարդարման բոլոր տէքորները պիտի հանուէին բեմին վրայէն. փոշի իսկ պիտի չմնար։ Մթութեան խորքէն փայլատակող ու յամեցող լոյսերու խորհրդաւոր ներկայացում մըն էր մեր ծրագրածը – ամենայն բծախնդրութեամբ ճշդուած, վերահնարուած, զգայացունց։ Տենդագին աշխատանք՝ շաբաթը հինգ օր։
Մայիս տասնըիննին ճիշդ տասը օր մնացած խախտեցաւ խոստումը ։ Լուր եկաւ թէ Խտըշեան բացարձակապէս կը մերժէր բեմին մէկ ծայրէն միւսը սեւ փայտով իր շինել տուած զառիվեր գետինը վերցնել։ Ուրեմն կա՛մ ես այդ սեւ բլուրին վրայ վեր վար պիտի երթեւեկէի, կամ ալ խոստումը լիազօր պէտք է նկատուէր։
Վերջին օրերուն այսպիսի հարց ուրիշ հարցեր կրնար ստեղծել։ «Ես արուեստագէտ եմ, բեմադրի՛չ եմ» յիշեցուց Վարուժան Խտըշեան, որուն անմիջապէս հասաւ նետը «մե՛նք ալ ենք այդ բոլորը եւ դեռ աւելին. ստեղծագո՛րծ ենք»։ «Ձեր պահանջներով ժամանակս կը վատնէք»։ Այո, մենք քսան-քսաներկու տարեկան երիտասարդներ ի՞նչ իրաւունք ունէինք մեր ծրագրին իրագործման համար խանգարելու իր առաքելութիւնը։ Ի՜նչ եռանդով հասեր է Լիբանան, Սատը սոսինձի պէս փակցուցեր է թատրերգութեան, բռներ է Սալեմի վհուկներուն ձեռքը, եւ պիտի ներկայացնէ հանրութեան։ Ոչ, տեքորը բեմին վրայէն պիտի չշարժի, պիտի երկարած մնայ բեմին վրայ. գացէք գլուխնուդ ճարին նայեցէք։
Եւ հակառակ որ իւրաքանչիւր կողմ իր առաքելութեան սահմանումները գերընդարձակեց, այդ սեւ տախտակը մնաց իր տեղը։ Գործնական լուծումը թուականի փոփոխութիւնն էր։ Պէտք է սպասէինք մինչեւ Սալեմի վհուկները անհետանային իրենց կահ-կարասիներով։
Մինչեւ Յունիս չէինք կրնար սպասել. ամավերջի քննութիւններ ունէինք յանձնելիք։ Միակ օրը որ սրահը ազատ էր՝ ոչ աւելի ոչ պակաս՝ Մայիսի քսանութն էր։ Միայն այդ թուականը ազատ է, «ալ ինչ կրնամ ընել»ի պէս ափերը բանալով յայտնեց սրահին պատասխանատու Թորոս Սարգիսեան, մեղմ ժպիտով մը որուն նշանակութիւնը յետոյ հասկցանք։

Յայտարարութիւն, հրաւիրատոմս, հրաւիրեալներ։ Գեղատիպ, թռչնագիր յայտագիր մը գծած էր graphic designer մը։ Կարելի չէր զանազանել իր գծածը՝ լուսանկարէն։ Փաստը այն էր որ տասը տարի բանտ նստած էր կեղծ թղթադրամներ գծած ըլլալուն համար։ Այս արհեստագէտն ալ ձրիօրէն պատրաստեց յայտագիրը, իր բարեկամին «խաթր»ին համար։ Այնտեղ բարեկամի խաթիրը կոտրել մահացու մեղք էր։
Օդը պայծառ էր, գիշերը անհամբեր ու յղի։ Հագած էի բաց կապոյտ իրիկնային հագուստը որ վիզէն մինչեւ մէջք կը վէտվէտար ծաղիկներու ճոխ փերթերով։ Մայրս ամենայն նրբութեամբ ասեղնագործած էր իւրաքանչիւր թերթը, ամբողջ երկու ամիս քունը զոհելով։ Ի՜նչ հաւատք եւ նուիրում պէտք է ունեցած ըլլար, հինգ զաւակներուն – բոլորը ինձմէ փոքր, – լիաժամ հոգատարութենէ ետք, այդ երեկոյի բոլոր ծալքերուն մասնակցելու համար։
Սփիւռք Գարունը, այսինքն՝ Սիմոն Սիմոնեան կը հովանաւորէր ձեռնարկը։ Սրահին մէկ անկիւնը կայնած՝ նորէն զուսպ ժպիտ մը ունէր։ Գլխուն փաթթուած էր օրուան խորհուրդին հարցը։ Թելադրուած էր իրեն թէ՝ բեմին վրայ Եռագոյնը պէտք է ծածանէր, իսկ սրահի վարչութիւնը կրկնած էր թէ այդ սրահին մէջ Եռագոյն չէր կրնար բարձրանալ։ Սիմոնեան դարձած էր Սողոմոն Իմաստուն։ Մենք Եռագոյնը տարին միայն մէկ անգամ չենք խնկեր, մեր սրտին մէջ կը պահենք ամէ՛ն օր։
Ինչ խենթ էինք, ի՜նչ խենթ էինք։ Մէկ խելացի չկար, որ բացատրէր մեր խենթութեան զրկանքները։ Կրակ ու բոց կտրած, հայ գրականութեան համն ու հոտը պիտի բաժնեկցէինք։
«Սալեմի Վհուկները» զգայացունց ներկայացում էր։ Առինքնո՛ղ։ Թարմաշունչ խաղարկութեան կողքին՝ նաեւ անոր համար որ ո՛չ կատակերգութիւն էր, ոչ ազգային գաղափարախօսութիւն կը քարոզէր, ոչ ալ հայ հեղինակ ունէր։
Չարախինդ վհուկներ եկան, հմայեցին ու գացին։ Եթէ համբերես՝ կ՚անհետի սեւ փայտը, բայց միշտ կը մնայ լուսեղէն բեմը։ Լուսապատգամ պահը։

Սրահը լեցուած էր մօտ ու հեռու ծանօթներով, «Սփիւռք»ի ընթերցողներով, թաղեցիներով, թղթակիցներով, գրողներով, նախկին տնօրէն եւ ուսուցիչներով ։ Բայց տարօրինակ բան մը կար. ոեւէ մէկը նախապէս չէր ըսած մեզի թէ Մայիս Քսանութին տեղ երթալը հակասական մեկնաբանութիւններու դուռ կրնար բանալ։ Ռամկավարներ չէին եկած, որովհետեւ այդ օր տեղ մը համախմբուիլ կը նշանակէ եղեր Մայիս Քսանութը տօնակատարել։ Դաշնակցականներ ակնբախ բացակայութիւն էին, որովհետեւ Մայիս Քսանութին ուրիշ տեղ պէտք է համախմբուին։ Կինը եկաւ՝ ամուսինը չեկաւ. Դաշնակցական էր։ Քոյրը եկաւ՝ եղբայրը չեկաւ. Ռամկավար էր ։ Հարկաւ կարեւոր չէր թէ ո՞վ չեկաւ. չգալու պատճառն էր անհեթեթը ։ Եւ ուրեմն ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը … չէզոքներու։
Ձեւով մը այդ գիշեր, խումբ մը հաւատացեալ երիտասարդներ տօնեցին հայ գրականութեան անկախութիւնը… քաղաքականութենէն։
Նախ՝ Հրաչեայ Յովհաննիսեան գինիի բաժակը բարձրացուց։ Յաջորդող մէկուկէս ժամուան ընթացքին ուրիշ քերթողներու կողքին՝ Համօ Սահեան բացատրեց թէ ի՛նչ է Հայաստանը մեր երգերուն մէջ։ Սիամանթոն պաղատեցաւ որ Անահիտ չաստուածուհին նոր Աստուած մը ծնանի։ Մեծարենց թեւածեց կիրակնալոյսի ճրագը բռնած։ Նարդոս այպանեց դասակարգային խտրականութիւնը։ Չարենց՝ Սոման առասպելի վերածած խմցուց մեզի հարբած սրտով եւ իմաստուն ուղերձով։ Վարուժան երբ առաջին մեղքը պատմեց, Եհովան պզտիկ աղջիկէն մատաղ կը պահանջէր։
Եւ ինչպէս միշտ՝ մորթուեցաւ անմեղ ուլիկը. մնաց ծոթրինի բոյրը։

«Ոստրէ» բանաստեղծութիւններու հատորս պատրաստ էր 1971-ին, սակայն տպուեցաւ 1974 ին, երբ այլեւս տպագրութեան ծախսը կրնայի հոգալ։ Ամէն ամիս վճարեցի մինչեւ պարտքը շիջեցաւ։ Եթէ չըլլար անզիջում հաւատքս կոչումիս վերաբերեալ չեմ գիտեր եթէ այնուհետեւ հրատարակուած գործ կ՚ունենայի։ Երիտասարդ ըլլալ եւ երեք տարի սպասել, աշխատիլ սակարանի մէջ որպէսզի սեփական միջոցներով կարենաս հրատարակել, յատկապէս այն գաղութին մէջ որ մշակոյթի կեդրոն կը համարուէր, ծա՛նր իրականութիւն էր։ Այս ձեւո՛վ վարժուեցանք զրկանքի, կոփուեցանք հաստատակամութեամբ, եւ սորվեցանք որեւէ ակնկալութիւն չունենալ։ Հայ գրողը որ կուսակցութեան մը թիկունքին յենած չէ՝ կ՚ապրի որբի պէս։ Բայց հպարտ որբի պէս։
Եւ եթէ հայ երիտասարդ գրողին՝ ամենատարրական անհրաժեշտութիւնը՝ հրատարակչատո՛ւն չըլլալը աւելի ծանր կշռէր քան իր նուիրումը (մինչ հայաշխարհի միւս կողմը հրատարակչատուներ կային ուր մինչեւ իսկ Առաջին Գիրք կոչուած գողտրիկ գրքոյկներ կը հրատարակուէին), ո՛ւր կը հասնէր իր գիրքը։ Ո՞ւր կը հասնէր ջահը եթէ ժամանանակից Սփիւռքի գրականութեան բոլորանուէր քաղաքացիներ չըլլային։
«Կիզակէտ»ը աւարտած էր տարի մը ետք, սակայն ես տակաւին «Ոստրէ»ի վճարումները կը շարունակէի։ Սիմոնեան առաջարկեց, որ գրեմ Ալեք Մանուկեան Մշակութային Ֆոնտի պատասխանատուին՝ հրատարակութեան ծախսը ստանձնելու։ Անմիջապէս դրական ու քաջալերական պատասխան եկաւ Պրն. Երուանդ Ազատեանէն, որ նաեւ ընդառաջեց տարի մը ետք «Ճեղքուած Մանրանկար»ի հրատարակութեան։ Սակայն անկէ ետք յուսախաբ ըրի զիրենք։ Թերեւս կարծեցին թէ պիտի դադրէի գրելէ, սակայն երբ շարունակեցի նոր գրիչներ հնարել ու շարժել, բացարձակապէս մերժեցին – երկու գիրքերս հրատարակեր են՝ կը բաւէ եղեր։ Կարծես թէ տասնեակներով ապրող գրողներ կային որոնց շարան-շարան հատորները կ՚աղերսէին հրատարակուիլ։ Ուրեմն մենք թէ՛ ապրուստի համար՝ գրականութեան անյարիր ու լիաժամ աշխատանքի պիտի լծուէինք, թէ՛ մեր սուղ ժամանակը պիտի յատկացնէինք գրելու եւ կարդալու, թէ՛ պիտի մեքենագրէինք ու յանձնէինք գրական թերթերու, թէ՛ այս բոլորին ծախսը մենք պիտի հոգայինք, վրան ալ՝ աղ ու պղպեղ, պիտի մտմտայինք ու զրկուէինք գործը հրատարակուած տեսնելու միա՜կ հրճուանքէն։
«Նշանագիր»ի ձեռագիրը ուղարկեր էի Գէորգ Մելիտենիցիի Ֆոնտով հրատարակուելու ակնկալութեամբ։ Պատասխա՛ն իսկ չեկաւ։ Աւելի ուշ՝ սեփական միջոցներով հրատարակելէ ետք՝ քանի գրախօսականներ հրատարակուեցան չեմ գիտեր. անձնապէս հանդիպեցայ քսանմէկ գրախօսականներու եւ … ներբողներու….
Գործնական գնահատանքի պակասը արհամարհելով՝ ուռճացաւ կոչումի գիտակցութիւնը։ Անոր համար կարողացանք Լիբանանի պատերազմի շառաչներուն տակ, մութ նկուղներու մէջ անգամ՝ լաւագոյն պարագային՝ մէկ մոմի լոյսով ստեղծագործել։
Մէկ մոմի լոյսը աշխարհ կ՚արժէ։

«Կիզակէտ»ը կը տպուէր Համազգայինի Վահէ Սեթեան տպարանը, որ Նշան Փալանճեան ճեմարանի համալիրին մէջ գտնուելուն՝ մօտ էր տանս։ Շաբաթը երկու անգամ կէսօրուան դադարիս հոն էի, շարուած էջերը աչքէ անցընելու։ Օր նոր՝ սրբագրութիւն նոր։ Որքան իմ բծախնդրութիւնս սահման չճանչցաւ, նոյնքան անսահման եղաւ տպարանի պատասխանատու Երուանդ Մոնոֆարեանին եւ գրաշարին համբերութիւնը։ Գրաշարը՝ Սասունցի Տօնապետեան, ասանկ փորձանքի մէջէն անցած չէր։ Երբ իրեն ըսի թէ յուսամ զինք չի տանջեր այսքան վերասրբագրութիւններով հատոր մը շարելը, կէս քմծիծաղով պատասխանեց. «Ի՞նչ ըսեմ, նախադասութիւնները՝ անթիքա, գաղափարները՝ տարօրինակ, կէտադրութիւն ըսուածը չկայ։ Շարած ատենս միտքս ինչե՜ր կու գան։»
Եւ օր մըն ալ միտքը ինչեր եկածներէն բան մը մէջտեղ փռած էր։ Բանաստեղծութեանս մէջ կային հետեւեալ երկու տողերը.
«այնքան շատ են պատգարակներու մէջ սառած դիակները
այնքան անշունչ են ջուրերու վրայ ծփացող մարմինները»
Հոս գրաշարը իր երեւակայածն ալ աւելցուցած էր.
«Եւ այնքան շա՜տ են ովկիանոսներու մէջի ձուկերը»

Այդ ձուկերը կրնայի ետ իրենց տեղը ղրկել, բայց նախապէս եղած էր ուրիշ ձուկերու պատմութիւն մը։
«Ոստրէ»ի տպագրութեան օրերուն, օր մըն ալ Պարոն Մոնոֆարեան երկու թեւերը հանգչեցուց գրասեղանին վրայ եւ լուրջ թոնով մը ըսաւ.
– Գիտես որ ես բանի մը չեմ խառնուած մինչեւ հիմա, բայց քեզի լուրջ ըսելիք մը ունիմ։ Այս բանաստեղծութեան մէջ գրեր ես «Այսօր Մայիս երեսունութն է, վաղը Մայիս երեսունութը … կէտձուկերը խումբով կ՚երթան մեռնելու»։
– Է, ի՞նչ է հարցը։
– Մայիս երեսունութը կ՚արձագանգէ Մայիս 28- ին…
Տակաւին խօսքին արձագանգը չէր մտած ուղեղիս՝ հարկ զգաց բացատրել.
– Կէտ ձուկերը հաւաքաբար անձնասպան կ՚ըլլան… Մայիս երեսունութը… անձնասպանութիւն… այս մէկը լուրջ հարց կը ստեղծէ…
– Եթէ երեսունիննը ընեմ՝ կ՚ըլլա՞յ։
– Էհ, մօտ է, բայց աւելի տանելի է, կ՚ըլլա՛յ։
– Բայց խնդիրը այն է իր Մայիս երեսունիննը չկա՜յ։
Խնդա՜ց խնդաց, սուրճ հրամցուց կրկին։ Գրասենեակ վերադարձիս գոհ էի որ գրչի մէկ հարուածով լուրջ հարց ստեղծելը կանխեր էի։ Մայիս ամսուան օրերը դարձեալ աւելցուցեր էի, եւ հիմա անարձագանգ տարածութեան մը մէջ է որ կէտձուկերը կը մնային անձնասպան։
Կ՚անդրադառնայի՞ արդեօք որ Մայիս Քսանութը այնպիսի՛ սրբութիւն էր այս մարդոց հոգիներուն մէջ, որ հեռուէն շարժող մական մը անգամ թունաւոր աղեղ կը թուէր։

Այս գրութիւնը կրնար նաեւ սկսիլ այսպէս.
Սփիւռքի օճախներուն մէջ, տարագիր ցեղի մը զաւակները, Անկախութիւնը կերտողներու հովանին իրենց վրայ, գերլարուած նուիրումով պատսպարեցին Եռագոյնը, պահեցին պահպանեցին անկախութեան երազը եւ անհետացա՜ն անոր լուսեղէն ճամբուն մէջ։
Մեր գոյատեւման ալեծուփ խորքերուն մէջ՝ ներհակ ուղղութիւններու զօրութիւնը չզիջեցաւ որեւէ տագնապի։ Ամրապինդ պահեց անկախ Հայաստանի, եւ ծովէ ծով Հայաստանի մը հաւատքը ամենակուլ աշխարհի մէջ։
Մեր սիրտը՝ Սփիւռք, մեր հոգին՝ Հայաստան։
Կ՚արձագանգէ հիմա ինչ որ գրեր էր՝ քառասուն տարի իր աչքերուն լոյսը այբուբենի կապարներով մաշեցուցած, Սասունի լեռներէն՝ Միջերկրականի ափերուն ինկած գրաշարը.
«Եւ այնքան շա՜տ են ովկիանոսներուն մէջի ձուկերը։»

ԱՄՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *