Արեւը ի՞նչ կ՚ուզէ։ Ըստ իս՝ պարտիզպան կ՚ուզէ։ Շառայլ շռայլութենէն աչքերը կուրցեր են, զոյգ աչք չէ, այլ հազարումէկ աչքերը կուրցեր են միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին։ Ես մինակս ի՛նչ պիտի ընեմ այսքան լոյսը, կ՚ըսէ, երկրագո՛ւնդը պարուրեմ ջերմացնեմ։ Եթէ Կապոյտ Մոլորակը կենսունականայ, ծաղծաղկի, մարդիկ տունը չեն փակուիր. դուրս ելլեմ արեւ մը առնեմ, կ՚ըսեն։ Մելամաղձոտութիւնը կը փախի, մեղեդին կը հասնի։ Հապա ինչո՞ւ երաժիշտները լրջախոհ ու ծանրաքայլ յօրինումներէ ետք թռվռուն գարունի կենսաբեր ձայներ կը նօթագրեն։ Մարդու սիրտը կը բացուի։
Ո՞վ չգիտեր որ երկու արեւ կայ. մէկը գարնան յատուկ է, միւսը՝ մնացեալ եղանակերուն։ Երեք եղանակները գիտենք։ Իսկ ամէն անձ ուրիշ գաղտնի եղանակ մըն ալ ունի, որուն անունը միայն ինքը գիտէ։
Ըսել չէ որ միւս եղանակներուն գարունը կը հեռանայ. Ոչ, ամենեւին։ Գարնան ժպիտը կայ ու կա՛յ։ Ամպերուն ետեւէն կը դիտէ, համբերութեամբ կը սպասէ որ տերեւները հալին, ձիւները հալին, ցուրտը հալի, կատղած կայծակները փշրուին, պարտէզները շո՜ւնչ քաշեն։ Այն ատեն այդ միւս արեւին կարգը կուգայ, ան ոչ միայն կ՚երեւայ, այլ՝ սիրամարգի պէս ծիածան ալ կը կապէ, ծիածանին ետեւը երկինք, գլխուն վրայ թափանցիկ երկնամպեր։ Քեզի՛ համար եկեր եմ կ՚ըսէ։
Եթէ թոռնիկիս Արմէնիկին պէս ես, ամէն կողմ ներկած ծիածաններդ կը փակցնես, թուղթէ, փայտէ, կաւէ, կտաւէ ծիածաններով կը լեցնես։ Կիսակլոր գոյներ բարի-բարի շարուած, հրմշտուքով շարուած, բայց երբեք իրենց յաջորդականութիւնը եւ կորաձեւութիւնը չփոխած։ Այդքան գեղագոյն ծիածանը ինչո՞ւ հեռուները պիտի ըլլայ, տո՛ւնս թող գայ մնայ։
Այն անձը որ իր ծնած օրէն ճանչցած է արեւը, ամենէն աւելի կը վայելէ զայն։ Երբ իր շողն ու շաղը ամէն առաւօտ կը կաթեցնէ տանիքներու, պարտէզներու, պատշգամներու, ճամբաներու վրայ՝ ինչպէ՞ս կը դիմանաս։ Արեւ կը սիրես, պարտէզ կը սիրես, պարտիզպա՛ն կ՚ ըլլաս։
Մարդիկ կան որ վիշտի ահաւորութենէն ալքոհոլ կը խմեն կը թեթեւնան, կան որ թղթախաղի մոլի կ՚ըլլան, քազինոյէ քազինոյ կերթան, կան որ ետեւ ետեւի կը ծխեն կամ ինչ կայ-չկայ կ՚ուտեն, կան որ սեռամոլութեան լափիւրինթոսին մէջ կ՚իյնան, կան որ հոգեբոյժերու խնամքին կը դիմեն, կան որ ինքզինքնուն հետ կը խօսին, կան որ համրացած՝ մէկ կէտի վրայ սեւեռած կը մնան, կան որ թմրեցուցիչներու առթած երանութան յոյսով ջրհոր կիյնան։
Իսկ ե՞ս ինչ կ՚ընեմ, պարտէ՛զ կը մշակեմ, ծառ ու ծւծւուն կամ յուզուած ծաղիկ, թուփ ու ծնծղայ կը ցանեմ։ Ամէն անգամ որ մտահոգիչ կամ տխուր պատճառով մը տունէն դուրս ելլեմ , անպայման տեղէ մը թուփիկ, ծառիկ, ծաղիկ կը գնեմ տուն կու գամ։ Այնպէս որ պարտէզիս փարթամութիւնը ուղիղ համեմատութիւն ունի վիշտերուս փարթամութեան հետ։
Լիբանանի պատերազմէն մազապուրծ այս երկիրը եկայ եւ ապշեցայ որ արհաւիրք ու աւերակ, թշնամի ու նահատակ չկայ։ Տեղացիներուն պէս leave a better world for our children իտէալին մէջ թաթխուեցայ։ Գեղեցկագիտութեան կողմը նախընտրեցի։
Ադամ-Եւայէն սկսայ ։ Իմ եդեմս շինեցի։ Առանց օձի։ Բայց առանց թզենիի չէր ըլլար։
Նախ ցանկապատ դրի չորս կողմը որպէսզի յարգուին սահմաններս ու ոտնձգութիւն չըլլայ։ Ասիկա մտածուած ծրագրուած պարտէզ է, խելքիս փչածը չեմ դրած հոն։
Ամբողջ եղածը տասը տարուայ պարտէզ էր, շատ անխնամ էր։ Նախկին տանտէրերը էրիկ-կնիկ կռիւ ըրեր են վեց տարի, յետոյ բաժնուեր են, պարտէզը որբ-որբ մեծցեր էր։
Չորս կողմը սնոպարի ծառեր էին. ամէն անգամ որ զօրաւոր փոթորիկ կ՚ելլէր՝ ծառերէն մէկը կը տապալէր. դրացիներունը կը մնար, միայն հայուն ծառը կ՚իյնար. այս արմատները տոկուն չեն ըլլար, հայուն հողին վրայ չեն դիմանար։ Վերջինն ալ երեք տարի առաջ կտրել տուի։ Ազատեցայ սնոպարներէն եւ անոնց սիրահարուած սկիւռներէն։
Հողը պատրաստելու համար կը փորէի կը փորէի, որովհետեւ պարտէզին մէկ անկիւնը տակը ջրոտ ըլլալուն՝ հողին տակը հսկայ, այսինքն՝ հսկա՛յ քարեր դրուած էին որ ջուրը ազատ-համարձակ չ՚երթեւեկէ։ Այդ հողամոյն պարիսպներու կտորները դուրս կը հանէի – արդի՞ւնքը – ողնայարս տկարացաւ։ Քեզմէ զօրաւոր բնութեան ոյժին հետ եթէ գլուխ ելլել ուզես, միշտ չէ որ կը յաղթես։ Միսմինակս, խնդրե՜մ – ոսկորի փոշի, թրիք, փիթմոս, յատուկ չափերով կը խառնէի՝ եւ բոլորակը պարարտ հողով կը լեցուէր։
Յիշատակավայրով սկսայ։ Նախ երախտապարտ զաւակ՝ ծնողքիս յիշատակը յաւերժացնելու ձեւ մը հնարեցի։
Աջին՝ Մօրս յիշատակի բոլորակ մը կայ, վարդագոյն, իր սիրած վարդերով եւ ատալիաներով, կեռասի վարդագոյն թիթեռնիկէ տերեւներով, հոսթաներով – որոնք եղնիկները աղցան կարծեցին կերան։
Հօրս յիշատակին բոլորակ մը կայ պարտէզին միւս կողմը։ Սպիտակ cherry tree –ով մարգարտածաղիկներով եւ նարնջագոյն զանգակի նմանող երկարահասակ թուփով որ վիզը կը բարձրացնէ կը բարձրացնէ, եւ վերջաւորութեան՝ գլուխը կը կախէ։
Դիմացի մասը ջրառատ ըլլալուն զոյգ մը ուռենի տնկեր էի։ Անկիւն մը կը տատանին գեղահմայ ուռենիները, տարին մէկ անգամ Անուշը կու գայ կը թափառի։ Չուզեցի մինչեւ աստեղերը գալ սակայն եկայ, կ՚ըսէ, ինծի մուշ-մուշ կը նայի, գիտեմ ինչ կը մտածէ։ Այդ ուռենիները՝ նրբօրէն փարթամ, երկինքէն իջած նրբաթել ձեռագործներ են։ Ա. Արփինէն կը հիանա՜ր, խորհրդաւոր է, կ՚ըսէր ու վճիտ աչքերով կը դիտէր։։
Պատի մը պաշտպանութեան ապաւինած է մակնոլիայի ծառը։ Այս մէկը Յակոբ Կարապենցին էն սիրած ծաղիկը ունէր։
Ծառե՜ր ծառեր սաղարթախիտ, գոց կանաչ, բայց կանաչ, բացը-գոցը իրար խառնուած, դարչնագոյն, սրճագոյն ու դեղնագոյն ։
Թուզի ծառերը, որ Յակոբ Ասատուրեանը յանձնարարեր էր, ապերախտ ելան։ Եղեր պէտք է քանի մը տարի ձմեռները պատանքեմ, կամ գլուխը հողին մէջ խրեմ. է ես բանտարկող մա՞րդ եմ։ Պաշտպանած էի ցուրտի բուքի հոսանքէն, ալ գլուխնուդ ճարին նայեցէք, ըսի. մէկը չորցաւ, միւսը միայն մէկ թուզ թուաւ։ Յետոյ ա՛ն ալ շատ գտաւ։
Գրեթէ մասնագէտի ճարտարութեամբ գեղանկարի վերածեր էի եդեմս– արեւուն տակ պսպղացող աւաններ, խիտ ստուերի տակ փսփսացող հարեւաններ, բամբասելէ յոգնած վարդեր, եւ ուրախ-զուարթ ապրող թուփեր – կարճը, երկարը, գէրը, նիհարը։ Նոր-Սիս, Նոր-Այնթապ չկայ այստեղ։ Կան նոր գեղասփռուած համայնքներ։ Ժագ Յակոբեանը կը խնդա՜ր երբ աւանները կը բացատրէի։ Կը սիրէր ճեմել պարտէզիս մէջ եւ յետոյ փայտէ նստարանին վրայ հանգչիլ։ Խնձոր կը բերէի իրեն , Եդեմին խնձոր կը վայելէ կ՚ըսէի։ Քիչ մըն ալ լոլիկ։ Ի՞նչ կը յանգաւորուի ըսաւ – Ֆրի՛կ, ըսի։
Կը սիրեմ թեթեւ ծաղիկները, ոչ թէ ինքնագոհները։ Օ՜ մանաւանդ թուփերը, որովհետեւ անոնք չեն վախնար ձմրան ցուրտէն։ Կը դիմանա՛ն։
Կան շուքի մէջ ապրող ծաղիկներ, ուժով արեւի տակ քրտնող ծաղիկներ, դիւանագէտ ծաղիկներ՝ կէս արեւ կէս լոյս։ Պատի տակ ամչցող ծաղիկներ, հարսի պէս ճիշդ մէջտեղը ժպտաբողբոջ ծաղիկներ։
Իսկ գետնի վրայ տարածուողները եթէ տեղերնին սիրե՜ն չարաճճի կը դառնան, պատերէն ալ կը բարձրանան, դպրոց կը շինեն , եկեղեցի կը շինեն։ Շուտով կը բազմանան գաղութ կը դառնան, մեծ թուփերու տակը կ՚ապաստանին եւ ողջ կը մնան։
Իսկ կեռասի ծառ կոչուածը որ գարնան վարդագոյն ծաղիկներով կը պարուրուի՝ խիղճ չունի անպիտանը, մէկ շաբաթէն ծաղիկները վար կը սահին գետինը կը վարագուրեն, յետոյ ալ կը շուարին ինչ պիտի ընեն, գոյներնին կը նետեն։ Հիացումդ երկար չտեւէր, կը հիասթափեցնեն։
Գարնան օր մը, մինինիկ, երկու ոտնաչափ թուփեր քով-քովի շարուեցան մանկապարտէզի աշակերտներու պէս, հիմա՝ տասը տարի ետք արդէն տոքթորայի վկայական ունին։
Կը սիրեմ բաց կանաչը եւ դարչնագոյնը մօտ դնել իրարու. Սա ողորկ դարչնագոյն ծառը տնկեմ ըսի հիմա ան հսկայ ծառ մը եղած է սմբուկի գոյն – գիշերային ծառ կը կոչեմ։
Օր մըն ալ փոստով նամակ ստացայ դրացիէս, մեր պարտէզները իրարու փակած են։
«Անկիւնի ծառը ձեր ցանկապատէն մեր ցանկապատին վրայ ծռած է, եթէ օր մը իյնայ դուք պատասխանատու կը նկատուիք ծախսը հոգալու։» Ծառահատը՝ շատ տոկուն ծառ է մեղք է, ըսաւ։ Միայն վերի մասը կտրեց, հոն ուր կայծակը թիրախաւորեր էր երկու շաբաթ առաջ։ Ծառը «վախ կէսս գնաց» ողբալով չմեռաւ, վերստին ընձիւղուեզաւ։ Գլուխէն հարուածուած կտրուած ծառը խըրս ելած էր, այնքան արագ աճեցաւ հպարտ-հպարտ ճիւղերը բացաւ։
Իսկ հիմա գործ-բան չունեցող դրացիս որ իր ցանկապատին անկիւնը ունի փարթամ ծառ մը մէկ ոտքի վրայ կայնած, մէկ թեւը իր կողմն է, միւսն ալ իմ կողմս։ Բայց ես իրեն նամակ չեմ գրեր որ՝ եթէ հո՜վ գայ եթէ ճակատագի՜րը հարուածէ, ի՜նչ իրաւունքով իմ սահմաններէս ներս մտեր է, չեմ ըսեր։ Կռուազան չեմ։ Խօսքը մէջերնիս, այդ ծառը գեղեցկուհի է։
Պարտէզիս մէկ թաղը բանջարանոց էր, իր իբրեւ թէ արգելակող ցանկապատով. բայց տեսայ որ կենդանիները հոն կերուխում կը սարքեն, հիմա միայն լոլիկ կը ցանեմ (հոտը կը վանէ կենդանիները) սեւ լոլիկ տեսա՞ծ ես։ Եւ herbs, սկսած ռեհանէն, ներշնչուած Գրիգոր Զոհրապի ռեհանի պատմութենէն։
Յատուկ շինուած ձօղակերտ չորս քառակուսի մեթրի մէջ արիշը կը տեղաւորուէր։ Առատ տերեւներ տաք ու բարակ ու կակուղ։ Սարմաներուն վերջը չկար։ Սակայն նազենի կախուող խաղողները դեռ ազոխ՝ սկիւռներն ու թռչունները – մէկը միւսէն արագաշարժ – մէ՛կ գիշերուայ մէջ խրախճանքի կ՚անցնէին, առտուան միայն կոթերը «կոթո՞ւն) մնացած կ՚ըլլային։ Ինչ տխուր էր, կողոպտուած անդաստան։ Արմատէ՛ն կտրեցի որթատունկը, նորէն սկսաւ, յամառօրէն կտրեցի մինչեւ որ այդ ցեղը բնաջինջ ըրի։ Կենդանախնամութիւնս ալ կէսի իջեցուցի։ Հիմա այս մերկ ձօղերուն վրայ եթէ կապիկներ գան, շատ հաճելի ժամանակ կ՚անցընեն։
Ուզեմ-չուզեմ՝ անասուններու բարերար դարձայ։ Նապաստակը կու գայ, համարձակ է երբ իր ենթադրած ճաշին առջեւ կայնի, վախկոտ է երբ շշուկ մը լսէ. կը սուրայ, ցանկապատին տակէն ալ կ՚անցնի լեղապատար։
Սկիւռը կու գայ բարակ սըվ-սըվով, թիթեռնիկները կը թրթռան, ճնճղուկները կը ծվծվան։ Առնէտները կը տռտռան (սուտ եմ, առնէտ չկայ)։ Չէ՜, մեղուները չեն տզտզար։ Ահռելի բարկացոտ են անոնք։ Օր մը ուզեցի պարպիքուի փուռին մէջի իրենց բոյնը քանդել։ Կափարիչը բացի մեղուները խոշոր բոյն մը շիներ էին, յատուկ ցողիչով հազիւ մէկ անգամ զանոնք սպաննող դեղը սրսկած՝ մեծ, սուր ցաւ մը սիրտս ոլոր-ոլոր դարձուց. կարծես խմոր էր կը շաղախուէր, երկու վայրկեան տեւեց, անցաւ -բան մը չէ- ի պէս էր։ Երբոր արմուկէս վար դաստակս ուռիլ սկսաւ, սահման չէր որոշած կ՚ուռէր ու կուռէր. կարծես մէջը թթխմոր դրուած էր, երբ կրկնակի չափն ալ անցաւ – մամայիս խորհուրդները՝ – սխտոր դիր, ակռայի դեռ դիր- օգուտ չունեցան, շունչս առի հիւանդանոց։ Երկու ժամ եւս սպասած ըլլայիր՝ լման մարմինդ կը թունաւորուեր, ըսին։
Խայթոց կայ մէկուն կը յիշեցնէ, խայթոց կայ կը խայտառակէ, կայ որ աչքերը դուրս կը հանէ, կայ որ յաւիտեան կը քնացնէ։
Դեռ ուրիշ հարց մըն ալ կայ։ Եղնիկները շատ կը սիրեն տանս առջեւ ծունկի գալ։ Երբ հիւր կուգայ կը հեռաձայնեն որ եղնիկ կայ դուրսը։ Երբ դուռը բանամ՝ անոնք մարդ չեն որ ներս մտնեն, մարդերէ կը վախնան կը փախին։
Այս եղնիկները անյայտութենէ եկան՝ թաղեցի դարձան։ Նախ միայնակ եղնիկ մը յայտնուեցաւ փողոցին ծայրէն։ Անկիւնի դպրոցի բակի եզրին անտառ մը կայ, կարծես օդապարիկ մը զայն հոն իջեցուցած գացած է։ Յաջորդ տարի օդապարիկը էգ եղնիկ մը բերաւ անոր։ Անկէ ետք օդապարիկը գործ չունէր այլեւս, անոնք իրենց գործը գիտէին։
Հետեւաբար այս զոյգը ընտանիք դարձան, երեքով յայտնուեցան։
Յետոյ Քովիտը եկաւ ու աշխարհի նիստուկացը խանգարեց։ Ժպիտը զէրօ եղաւ, լացը՝ հարիւր։ Չինական ջղջիկները մարդկութիւնը բնաջնջելու ելեր էին։ Գիշեր ցերեկ աշխատեցանք. Դեղ շինեցինք իրենց դէմ։ Կէսը գնաց կէսը մնաց, մնացողին ալ մարմնական տարբեր ցաւեր մնացին
Մինչ այդ հինգ եղան եղնիկները։ Գիշերները սերենատի կ՚ելլեն, չես գիտեր ինչու ետեւ ետեւի կը քալեն ։ Մայթերէն ալ չեն քալեր, պարտէզներէն կ՚անցնին աջ-ձախ որոշ բոյսեր կ՚ուտէին, հիմա ինչ գտնեն մինչեւ իսկ հոսթաները կ՚ուտեն։ Քուռակի հասակ ունին, եւ հակառակ սովին մութին տակաւին աչքերնին գիշերները արծաթ դգալի պէս փայլի։
Գիշեր մըն ալ տեսայ որ դիմացի չինացի դրացիիս մուտքին երկայնքին ցանկապատի դեր կատարող թուփերը կ՚ուտէին։ Գոգնոց չէին կապած որ մէջտեղերը չթափթփեն, հակառակ որ իրենց կօշիկները ձայն չեն հաներ, սուսիկ փուսիկ հեռացան գացին։ Մինչ այդ տան շունը կը հաջէր ու կը հաջէր, մարդը դուռը բացաւ, սանդուխներուն գլուխէն վար նայեցաւ տեսաւ որ կտրտուած խոտերով ծածկուած էր իր բակը։ Զարմացած այս կողմ նայեցաւ, այն կողմ նայեցաւ, իջաւ ցանցնուած կտրտուած խոտերուն նայեցաւ կարծես սալաթացու էին։ Գլուխը շարժելով մտաւ ներս, դուռը կղպեց, դուրսի լոյսը վառեց։
Այս նոյն Չինացին գաղտագողի թուփերս կը կտրէր կը տանէր, տուն կու գայի որ նորէն թուփ մը ճիշդ կէսէն ուղղահայեաց կտրուեր է։ Այն ջրառատ անկիւնը ուռենի մը տնկեցի որ մէկ տարիէն հասակ նետեց, երկար պոյով կայնեցաւ առինքնող ու գեղատեսիլ, մինչեւ որ չինացին նորէն հասաւ այս անգամ հարցուց եթէ կրնայ նմուշ մը առնել։ Ժամ մը ետք ծառիս երեք գլխաւոր հսկայ ճիւղերէ մէկը վեց-եօթը մեթր, ուսին դրած շիտակ իր տունը կ՚ուղղուէր։ Իր կինը եւ ես կայնած կը խօսակցէինք։ Ապշեցայ մնացի։ Կինը ամչցաւ, անշուշտ «բարով վայելէք» ըսի, անմիջապէս գնաց իրենց պարտէզէն խոփխոշոր չինական դդում մը բերաւ, երկար կլոր բարձի չափ։ Երեսուն հոգի կը կշտացնէ։
Այս աղուոր կինը, երիտասարդ, մեռաւ երեք օրուայ մէջ. Մալարիա եղեր է գլուխը անդադար ուռեր է, ամուսինը զինք ուշ տարեր է հիւանդանոց։ Հինգշաբթի էր, սեւազգեստներ հաւաքուեր էին իրենց բակը։ Տեսածդ չտեսնելուպէտք է գաս, որպէսզի ուրիշով հետաքրքրուելու վատ համբաւ չունենաս։
Այս դէպքէն ի վեր մարդը ոչ թէ թուփերս՝ այլ միայն իր վիշտը կը կիսէ հետս։ Բոլոր դրացիներուն անտեսեց, միայն ինծի յայտնեց կնոջ մահանալը. ես լուր տուի թաղեցիներուն։ Այստեղ «գլուխդ ողջ ըլլայ»ի, երեխայի ակռայ հանելուն ցորենահատիկի հաւաքոյթի, «մէկ բարձի վրայ ծերանաք»ի այցելութիւններ չկան։ Օդին մասին խօսակցութիւն՝ ուզածիդ չափ։
Բայց քանի մը անգամ, իր մեքենայով, ինքնակամ, իմ ձիւնս ալ մաքրեց, մինչեւ որ նոր կին մը ունեցաւ, մեղքերը քաւուած համարեց։
Երկու տուն անդին, կապոյտ տունի տիրուհին ճիշդ հրեշտակի կը նմանի, բայց սատանայ աղջիկ մը ունի։ «Կը սպասէ որ մեռնիմ որ այս տունը գայ ապրի»։ Անտառներու տնակներուն մէջ կ՚ապրի, փրփրադէզ գետերու մէջ կը նաւարկէ (փոխաբերական չէ)։ Մայրն ալ՝ չմեռնելու համար տեսակ-տեսակ մարզանք կ՚ընէ, եոկա կընէ, դրացիին խոտերը գիշերանց կը կտրէ որ մարդ չտեսնէ թէ դրամ կը վաստկի։ Ահա քեզի վաստակի տեսակ մը որ ճակտի քրտինքով է։ Լուսնի լոյսով։
Չմոռնամ պատշգամին կռթնած գեղատեսիլ, խորհրդաբոյր wisteria-ն (աս բոլորին հայերէնները գիտնալու է դիմատետրի իր էջը գրաւիչ բոյսերով զարդարող Աննա Ճիրճիրեանը). Քիուիի գոյն թուփերը, ինչպէս որ լաւ աշակերտի տետրակին ծաղիկ կը փակցնէ ուուցչուհին նոյնպէս այս խիտ թուփերուն իւրաքանչիւր ճղիկին ծայրը սպիտակ աստղածաղիկ մը կը փայլի։
Ծաղկող եղանակին՝ ամենէն առաջ այս մէկը կը յայտնուի մանրահատիկ, գլխիվայր, գոյնով մը որ չե՜ս մոռնար, բոյրով մը որ չե՜ս դիմանար։ Նրբահիւսան խաղողի պէս կը կախուի։ Տարի մը մէ՛կ ծաղիկ կուտայ, յաջորդ տարին՝ գոյնի շռայլանք ու բոյրի անմահութեան։ Մարդ չկրնար գիտնալ թէ իր ամբողջ կեանքը զղջալ-չզղջալու միջե՞ւ կ՚անցնէ։ Լինե՞լ թէ չլինել մտածելով կ՚անցընէ, յետոյ կը յայտնուի արքայական հանդերձանքով, սակայն ինք իր շուքէն ամչնալով։
Դեռ չեմ խօսիր այն լուսահեղեղեղ սենեակին մասին որուն երեք պատերը պատուհան են, առաստաղին ալ երեք պատուհաններ բացուած են։ Արեւ հիւրընկալող այդ ընդարձակ պատուհաններուն առջեւ տեղաւոտուած են փշածաղիկներ, փուշը շատ, ծաղիկը քիչ։
Կան բոյսեր որոնք եթէ արեւի ճառագայթի հետ ուղղակի յարաբերութիւն ունենան՝ կը խամրին կը մեռնին։
Բոյսին կլիման պիտի յարգես, ծարաւը յագեցնելու պահն ու չափը պիտի գիտնաս, եթէ մորթին վրայ բիծեր տեսնես պիտի դեղես։ Հողը հինցեր է՝ պիտի փոխես։ Անոնք քեզ կը յիշեն, ըրած բարիքդ պարապի չ՚երթար։ Երկար կ՚ապրին բացի անոնցմէ որ թիթեռնիկի ձեւ ունին, օր մըն ալ՝ յոգնեցայ կ՚ըսեն, թեւերնին կը կախեն։
Անցեալ տարի եօթանասունվեց տարեկան էի, ճիշդ նոյնքան թաղար կար։
Զիս հմայելէ անկախ՝ նաեւ քովնտի մէկ հարցս ալ կը լուծեն։
Գարնան իրենց գլխիկները հողէն դուրս հանելու համար՝ աշնան ցանուած հունտերը (հողին խրուած չորս մատնաչափ խորութեամբ) կենդանիները կը փորէին կ՚ուտէին։ Լուծումս այն եղաւ որ փշածաղիկներ երկար փշապատ թեւերով, կը կտրտեմ ու հունտ պահպանող հողամասերը կը ծածկեմ ։ Կրնա՛ն նէ թող փորեն։
Վարդագոյն պտըտիկ թուփ մը կայ տան մուտքին որ միայն երեք շաբաթ կը բացուի։ Նկարեմ ըսի, վա՜յ ընդամէնը երկու աստիճանէ ինկայ եւհիւանդանոց հասայ։ Գլխուս մէջ արիւնահոսում տեսան։ Իր կարճուկ- մարճուկ հալով՝ կեանքս պիտի կարճցընէր նուաղկոտ, վարդագոյն այտերով թուփը։
Ամէն վայրկան ուշադրութիւն կ՚ընէր բուժքոյր մը. եթէ գլուխս ուռիլ սկսէր կամ ես զառանցէի բժիշկը պիտի գար գլուխս ծակէր։Վտանգը մեծ էր։ Յարութիւն Քիւրքճեանը գրեց՝ ի՛նչ պէտք ունէիր այդ վերջին ծաղիկն ալ նկարելու։
«Ծաղիկը զիս փորձանքի մէջ ձգեեց ինքը տեղը մնաց, ես հիւանդանոց հասայ» գրեր էի։
Մեծամտաբար ըսեմ նաեւ որ թաղեցիները կ՚ուզէին պարտէզս շրջագայիլ, կը հարցնէին ի՛նչ բոյս տնկել՝ ո՛ւր տնկել։ Մանաւանդ քովի իտալացի մոտելի պէս դրացուհիս կու գայ «ուա՜ու, այս մէկը պիտի ցանեմ. օլալա ասկէ ալ պիտի ցանեմ,» կը խանդավառուի։ Մնացեալ ժամանակը տուներ կը ծախէ։
Նիւ Ճըրզին կը կոչուի «Պարտէզի Նահանգ»։ Այստեղ պարտիզպանի ինքնաշարժին վրայ գրուած կ՚ըլլայ՝ Կարտըն Տաքթըր։ Տաքթըր բառը հպարտօրէն կը գործածուի արհեստաւորներու քով – Միջատի տաքթըր, Խողովակի տաքթըր։ Այլեւս դարմանատուներու ճակատին գրելու են՝ մարդկային մարմնի տաքթըր։
Զարմանալի բան շատ կայ, բայց այս մէկը զարմանելագոյնն է։
Պարտէզիս մէջ այլակերպում մըն ալ պատահեցաւ
Փոքր սրածայր տերեւներով չորս ոտնաչափ մոխրագոյն ծառ մը գնեցի պարզապէս որովհետեւ պարոյկի ձեւ ունէր Գիտցած պարոյկդ։ Ծառը հիւնէր ունի եղեր. պարոյկը հետզհետէ իր կլորութիւնը թօթափեց երկինք նայեցա՜ւ ու նայեցաւ, մէյ մըն ալ հասակը շեղակի երկարիլ սկսաւ, բարձրացան վիզն ու գլուխը, յետոյ գլուխը հակեց, մտախոհ երեւոյթ առաւ։ Պատկառելի պատմուճանով փիլիսոփայ կը յիշեցնէ։
Բայց քանի որ լայն տարածութեան մէջ կ՚ապրի առաւելաբար տայնոզաւրի կը նմանի։ ժամանակի ընթացքին իր խորհրդաւոր հարցումին ի՛նքը պատասխանեց։ Նախադարեանը եղափոխութեամբ տարբերացաւ մեր աչքերուն առջեւ։ Մնաց խորհրդալի ու անպարտելի։
Հիմա պարտիզպանութեան յիշատակը մնաց։ Յիշատակներու կենսամեռ գետէն դուրս ելած եմ եւ լճակի մը եզերքը նստած։ Լճակ մը որ ապշած չէ. տաքուկ հեղուկ թեւերուն մէջ կ՚ընդելուզէ զիս։ Արեւուն բաժակ մը ջուրն է։ Այլեւս լճակին ծայրը դարձած՝ կը խօսիմ։ Ու կը փայլին իր ալեակք։
Եւ հիմա բոլորակը ամբողջացնելու համար՝ եթէ Արեւը չըլլար ասոնցմէ որեւէ բան գոյութիւն կ՚ունենա՞ր։ Եթէ պարտիզպանութիւնս չըլլար, ձեզի համար գրած այս պատումս կ՚ըլլա՞ր։ Բնութիւնը եւ մարդը շաղկապուած կ՚ըլլայի՞ն։
Փառք Արարիչին, Տիեզերքի ոյժին,
Մարդկային աստուածարեալ դողին, ու հողի համբոյրին։
Ո՞ւր է, ո՞ւր է երեք խնձոր պիտի իյնային երկինքէն։
Եկա՞ն, բայց չկան հիմա, ուրեմն եղնիկները տարեր են։
Ով ինչ կ՚ուզէ թող ճաշակէ, հալա՜լ ըլլայ
Բայց իմ հեքիաթի սա ծառազինեալ, ծաղկածնեալ բուրաստանս թող ծիծաղկուն մնայ։
