Վեհանոյշ Թեքեան | Պսակ եռահիւս

Նախաբան

Այբուբէնի յաջորդական տառերով սկսող այս պսակին իւրաքանչիւր տողին մէջ՝ գոնէ երեք անգամ, երբեմն աւելի, միեւնո՛յն տառը կը կրկնուի։
Քանի մը տարի չգրելէ ետք, գիշեր մը ժամը երկուքին արթնցայ եւ անմիջապէս, առանց նախապէս մտածած ըլլալու, այս բանաստեղծութիւնը հոսեցաւ։ Խորհրդանշականօրէն, Այբուբէնո՛վ վերսկսայ։
*

*******************
ՊՍԱԿ ԵՌԱՀԻՒՍ
*******************

Արեւը՝ անանկիւն ամրաբերդ,
Բնութեան հետ բերկրանքի բոյրեր,
Գուսան գետը գլգլալէն
Դաշտի դալարը կը դարպասէր։

Երկնաձիգ երազի երամներ,
Զուարթունք՝ զարթնող զմայլանք,
Է՜ ր երբեմն, էութիւն կարէվեր,
Ըղձանքի ընծայման ըմպանակ։

Թոթով թուղթերուն թաթախուած
Ժամերը ժրաջան ու ժլատ.
Իրա՞ւ է իրիկունը չիջած
Լիարծաթ լուսինը լրացաւ։

Խնկալի խորանի խորհուրդին,
Ծնծղագին Ծնունդին՝ ծնրադիր,
Կամարնե՜ ր կը կապուին, ու կուռքեր
Հեռացած, հրկիզուած հոգիներ։

Ձեռակերտ կանթեղ՝ ձմեռուայ անձէթ,
Ղենջակին մօր ՝ մատաղ գառնուկի մղձուկ.
Ճանաչման ճրա՛գն է ճանապարհը նեղ,
Մատեանը՝ մասունք, ու մատուռը՝ դուռ։

Յիսո՜ւս, յարութեան յենարան,
Նկանակ ու նուռ ու նկարչածին,
Շա՞տ էր շատրուանը որ յուշեց
Ոչինչը, ոչինչէն, ոչինչին։

Չարչարանք։ Չքացած չարխափան։
Պրկուած պարաններու պոռթկում.
Ջրամոյն ջրանոյշներու ջերմանաւ,
Ռեհանին հեռացնոր՝ բուրվառում։

Սա՛ռ է սարը, սառն չէ սիրտը,
Վեհանոյշ է վիշտն ու վէրքը,
Տաք է տունը, եւ տունկն է տաք, անտա՛ռ կենաց,
Րոպէն սակայն գոռգոռաց եւ երկիրը երերաց։

Ցորեններու ցոլցլուն դէմքեր, հացի ամպեր մթնաճեմ,
Ուրուակա՞նն է աւերակի սեւերուն։
Փողոցներէն օտարափառ եւ հայրենի ափերէն
Քա՜ղցր է մեր սէրն այս քնքշագին գիրերուն։

Օրհնեալները օղակ օղակ շո՜ւնչ կ՚ օծեն,
ֆոսֆորի ֆոնը չ՚այրիր արեւէն։

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *