Վեհանոյշ Թեքեան | ՓՈՒՌ առանց Փ-ի

ՓՈՒՌ առանց Փ-ի

Ամէն կէսօր հացը տաք-տաք կը գնէին
Արաբական Հաց կ՚ըսուէր,
Ամէն գիշեր ընտանեկան աղօթքին
«Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» աւելցաւ.
Ինչ ալ ըլլայ աղնուհացը թող անպակաս ըլլայ տունէն։

Օր մըն ալ վախը հրէշի նման՝ խուժեց թաղին մէջ
Հայրական տուներ դուռ պատուհան գոցեցին
Զօրք-զինամթերք, թակոց, կրակոց, խունկը անգամ մտահոգ էր.
Թարմ թերթերու վրայ լոզունգներ հոսեցան լորձունքի նման։

Քաղաքը կիրապատ ամպ դարձաւ,
Գինով կրակը առանց դուռերը թակելու մտաւ
Հրկիզուեցան գիրքեր, մոխրացան տան իրեր
Մահճակալներուն կմախքը մնաց միայն։
Այլեւս Ճաշասեղանին վրայ պնակ չշարուեցաւ,
Աղօթքը դարձաւ աղապատանք
Աղաղակը համրացաւ լեղապատառ
Յիշողութիւնը անթեղուած՝ կենսուրախ քաղաքին մէջ
ծաղկավաճառ չմնաց։

Անջատուեցաւ գլուխը վիզէն
Գլուխը մէկը պահանջեց, մարմինը՝ ուրիշ մը.
Դիակ իսկ չկար գոյնի ու բոյրի, մեղքի ու սրբութեան
ծննդավայրին մէջ։
Մայրեր երբեք ուժասպառ չէին,
Խմորը շաղեցին հաց շինելու. կրակ չկա՛ր։

 

ՆԿԱՐ ԱՌԱՆՑ Ն-ի

ՊԷՅՐՈՒԹ

Հիմա յեղակարծ՝ աչքերուս առջեւ
փրփրող գետակ ես
դարձդարձող ջաղացք
կուժի մէջ պարող կաթիլ մը ճառագայթ
Յուշերու թափ-թաց ցողերու վրայ գիշերաբոյր դող
ցերեկուայ կորուսեալ վարդերէ արարեալ բուրումի զեղում.
Ամառ արեգակը
կը թափահարէր լուսամուտերէ
ուր ո՛չ ապակի եւ ո՛չ ալ փեղկ կար։

Հրճուակութքի քաղա՛ք էր այդ, որ իմս էր, որ քուկդ էր
Լուսամատոյց էր ու դաւադիր, բայց չէր մոռցուեր։
Իսկ այս պահուս՝ բուք ու քամի, խուժած մրրիկ
չորս կողմը՝ խուլ փոթորիկ,
Կամաց-կամաց պատկերը կը վերածուի վանդակի
-այս տարիքիդ գիտես այլեւս թէ ճշգրիտ բառ չկայ.

Յուշաթրթի՛ռ վանդակի
Չկասող ու չմարմրող
ցաւ կը բերէ
դաւ կը լարէ
լքուած ջութակը կ՚արտասուէ
չի՜ փրկուիր բաբախումը կարօտի.
Ո՞ւր պահեմ ես այս վանդակը
ետ պատկերի չվերածուած
Ո՜ւր զետեղեմ, ուր զետեղե՜մ. խօսք մը ըսէ՛ այլեւս։

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *