Ծնունդի կամ Զատկի առթիւ բարեկամաց եւ ազգականաց այցելութիւններ կ՚ընդունիք։
Շատ անգամ կը պատահի, որ երեք կամ աւելի անձանց այցելութիւններն միանգամայն ընդունիք։
Սովորութիւն ունիք ասոնց խահուէ կամ անուշ կամ օշարակ կամ օղի հրամցնել։
Տանն աղջիկն ափսէ ի ձեռին կը մտնէ սենեակը։
Որո՞ւ հրամցնէ նախ եւ առաջ։
Բնականաբար ամէնէն տարիքոտին։
(Բնականաբար ամէնէն հարուստին)։
Աղջիկն կ՚ուղղէ իւր քայլերն դէպի ճերմակ մազերն, Աբիմելէք աղան։
Աբիմելէք աղան չընդունիր անուշեղէն նախապատւութիւնը ու`
—Առաջ Գաբրիէլ աղային տուր, կ՚ըսէ։
Աղջիկն կը ներկայանայ Գաբրիէլ աղային, որ կը ղրկէ զայն Համբարձում աղային։
Աղջիկը կը տնկուի Համբարձում աղային առջեւ, որ նշանացի Գաբրիէլ աղան ցոյց կու տայ անոր։
Աղջիկը կը սկսի ճամբորդութեան, Աբիմելէք աղայէն Գաբրիէլ աղային, Գաբրիէլ աղայէն Համբարձում աղային, Համբարձում աղայէն Աբիմելէք աղային։ Ճամբորդութիւնը կը կրկնուի քսան անգամ, խեղճ աղջկան թեւերուն վրայ կար եւ կարողութիւն չմնար ափսէն տանելու. այցելուք այս ճամբորդութեան միջոցին յարգանքներ կը փոխանակեն իրարու հետ։
—Կ’աղաչեմ, առէ՛ք։
—Կը խնդրեմ, հրամմեցէ՛ք, Գաբրիէլ աղային տո՛ւր, աղջի՛կս։
—Չեմ ընդունիր, Աբիմելէք աղային տա՛ր, աղջի՛կս։
—Ոտքերնիդ պագնեմ, մի՛ ընէք, աղջիկը յոգնեցուցիք. Համբարձում աղային հրամցո՛ւր, աղջի՛կս։
—Աստուած չընէ, ես ո՞վ եմ, որ ձեզմէ առաջ առնեմ. Գաբրիէլ աղային գնա՛, աղջի՛կս։
—Չեմ առներ, չեմ առներ. պարապ տեղը մի՛ գար, աղջի՛կս։
—Աբիմելէք աղան առնելու է նախ եւ առաջ։
Մոռցանք ըսելու, թէ այցելուաց մէջ չորրորդ մ՚ալ կայ, որ դասատու է եւ ուսումնական խորհրդէն վկայական ալ ունի։
—Կարելի չէ, որ ընդունիմ, կը վայլէ՞ ինձի, որ ձեզմէ առաջ հրամցուիմ, Համբարձում աղան պէտք է որ…
—Իմի՞ն խօսքս կ’ըլլայ. տէր ողորմեա, ճուրճինայի՞ պիտի ելլանք. ամէն բան կարգով, կանոնով ըլլալու է. Աբիմելէք աղային տո՛ւր, աղջի՛կս, Աբիմելէք աղան այսօր, Աստուած տայ, երեսուն հազար ոսկու տէր է, ես անոր ծառան պիլէ չեմ կրնար ըլլար որ։
—Ատ ի՞նչ պարապ խօսք է, Համբարձում աղայ, դուն պատուաւոր մարդ մ՚ես…
—Ատա՛մ, պատուաւորութիւնը ստակով կ’ըլլայ հիմա, անանկ չէ՞, պատուելի։
—Անանկ է, էֆենտիմ։
—Գաբրիէլ աղային տուէ՛ք անանկ է նէ, ան ալ թաղական է։
—Յոգնեցուցիք աղջիկս, էֆենտի՛մ…
—Իրաւ է։
—Մեղք է զաւալլըն։
—Վնաս չունի, վնաս չունի, չյոգնեցայ ես, կը պատասխանէ աղջիկն շունչ կտրած։
—Անուշ չպիտի՞ առնէք այսօր, հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ տան տէրը։
Վերջապէս Աբիմելէք աղան կը հաւանի նախապատւութիւնն ընդունիլ եւ
երկար պատմութեամբ մը պարզելէ յետոյ այն պատճառներն, որոց համար կ’ուզէր ամէնէն վերջը ուտել անուշն, կը բարեհաճի դգալ մ՚անուշ առնելու եւ աւուր պատշաճի բարեմաղթութիւններն ընելէ յետոյ անուշն ուտելու։
Կարգը Համբարձում աղային է։
—Շնորհաւոր նոր տարի, Կիրակո՜ս աղայ։
—Շնորհակալ եմ, կը պատասխանէ տան տէրը։
—Եւ բարի կաղանդ ։
—Շնորհակալ եմ։
—Եւ աստուածայայտնութիւն Տեառն մերոյ։
—Ողջ ըլլաք։
—Ուտիք է մեզ ութ օր եւ անձրեւաբեր հողմունք։
—Այո՛։
Համբարձում աղան ալ կը կատարէ իւր պաշտօնն, թէեւ կը մոռնայ Գերմանիոյ կայսեր գահակալութեան տարեդարձը յիշելու։
Գաբրիէլ աղան դգալն անուշամանի երկնցնելով կը սկսի բարեմաղթութեանց։
—Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի կաղանդ եւ աստուածայայտնութիւն։
—Շնորհակալ եմ։
—Աստուած շատ տարիներու հասցնէ խնդութեամբ։
—Բարեկամօք հանդերձ։
—Աստուած քետեր չցցունէ։
—Ամէն։
—Աստուած քեար պերեքեթ տայ։
—Ամէն։
—Տէր Աստուած Ձեր տունը շէն պահէ։
—Ողջ ըլլաք։
—Փեսաներ առնէք, հարսներ առնէք։
—Շնորհակալ եմ։
—Թագերը, պսակները պագնէք։
—Շնորհակալ եմ։
—Թոռներ ունենաք։
—Աստուծով։
—Թոռներու թոռներ ունենաք։
—Աստուած լսէ։
—Թոռներու թոռներուն թոռներն տեսնաս։
—Շնորհակալ եմ։
—Հիւանդութիւն եւ ցաւ չտեսնաք։
—Ամէն։
—Խոր ծերութեան հասնիք։
—Դուք ալ։ Անուշ ըլլայ, Գաբրիէլ աղայ։
—Շնորհակալ եմ, Կիրակո՛ս աղայ, հող բռնես, ոսկի դառնայ։
—Հրամմեցէ՛ք, պատուե՛լի։
Պատուելին պարզ թեմեննահ մ՚ընելով հազիւ թէ գդալին կը դպչի, ափսէն աղջկան ձեռքէն կ’իյնայ, եւ պատուելիին վրան գլուխը կ’անուշանայ եւ կը ջրանայ։
Հիւրերն իրար կ՚անցնին։
—Վախցա՞ր, օրիորդ։
—Մի՛ վախնար, աղջի՛կս։
—Գինիի մէջ քիչ մը կրակ մարեցէք եւ թող տուէք, որ խմէ։
—Խեղճ աղջիկ։
—Մենք պատճառ եղանք։
—Թեւէն արիւն առէ՛ք։
—Թաքլաք մը նետել տուէ՛ք։
—Ժեռոտելի բաստիլներն տուէ՛ք։
—Սինկերի կարի մեքենայ մը չունի՞ք։
—Վախցա՞ք, օրիորդ։
—Չէ, չէ, չվախցայ, բայց կը ցաւիմ, որ…
—Ցաւելու բան չկայ, օրիո՛րդ, ասանկ օրեր շատ կը պատահին, ասանկ փորձանքներ։
—Գնա՛, հանգստացի՛ր, օրիո՛րդ։
Աղջիկն դուրս կ՚ելնէ։ Դիւրին է գուշակել, թէ ինչ կ՚ըսէ մտքէն։
—Պատուելի՛, մահանայով տուշ ըրիր հէ՞…
—Քիչ մը թրջեցաւ վրան։
—Ժեռոտելի բաստիլէն քսեցէք վրան։
—Կը չորնայ, կը չորնայ։ Մնաք բարով, պատուելի։
—Երթաք բարով, էֆենտի՛մ։
—Մնաք բարով, պատուելի՛։
—Երթաք բարով, պեյըս։
—Կեցիք բարով, պատուելի՛։
—Երթաք բարով, էֆենտի՛ս։
Ա՜հ, աս քաղաքավարութեան ձեռքէն մեր քաշածը… մանաւանդ դասատուներուն քաշածը։
Բայց աս ալ բան մը չէ, աւելի սարսափելիները կան։
Մտիկ ըրէ՛ք։