Յասմիկին ու Արմինէին
«Չգիտեմ երբ, չեմ յիշում ո՜վ
Անցնում էր լուռ այս աշխարհով։»
Խորհուրդ էր խոր ու մեծաքանչ,
Տիեզերքի ձեռքը բռնած
Ան լուռ չանցա՛ւ այս աշխարհէն։
Ծննդավայրն էր ծիածան,
Ծիածանը՝ կախարդական պարեգօտ,
Հայոց աշխարհը՝ հոգետուն,
Սփիւռքը լայն առագաստ
Ամենակուլ հողմի դիմաց կուրծքը պարզած
Իր վայրն ու դերը երկնող։
Հացը շաղեց մեղր ու շողով,
Քաշեց կեղեւը անցեալի
Առասպելի, դիցութեան,
Ու Ռոսլինեան ճգնութեամբ
Մութնուլուսին՝ պարկը ուսին
Ապառաժը շրջապատող մշուշն աւրեց,
ու փորագրեց
Շշնջածոր բառեր, ցօղաշողշող տաղեր,
Հայոց անմահութեան սիրաճառագ աստղեր։
Ու արիասիրտ սրինգով
Թաւշապարուր իր ձայնով
Ջութակի պէս նրբազգաց
Հայաշխարհի չորս ծագերուն
Ծնծղաներով շնկշնկան
Շոգիի պէս բարձրացաւ
Զերթ կայծակ յայտնուեցաւ,
Բայց ան երբեք
Ցաւի, սուգի, թոյնի դիմաց փողի նման չորոտաց։
Խորխորատ են թէ՜ լեռ, թէ՜վիհ
Վառարաններ սիրոյ տունի,
Ու համաափիւռ սէր ու յարգանք։
Բայց մորմոքի յոռեգոյնը հասաւ իրեն,
Մահուան անցած զաւկին ցաւը
Յուշավարար հոգեպատար
Յարաբորբոք ու անամոք,
Ո՞վ կարդալ գիտէ սիրտը։
Ճամբաներէն խորտուբորտ
Քալեց գիտակ ու խրոխտ,
Ու երբ կեանքի մատներէն ինկաւ մահուան ճիրանին
Անհուն վիշտի վիհին մէջ՝ հաշտ աւանդեց իր հոգին։
Մեծ Պառնիի արփանուագ հովերը,
Կեղեւները մարդաբնակ ծառերու,
Ու վետվետուն ալիքները բառերու,
Սիրահագագ թախիծով
Տարի՜ն քերթողն ութսունամեայ
Լոյս ծերպերուն տիեզերքի,
Որ ալ հանգչի մարմինն անոր
Սիրով, ցաւով պարտասուն։
Բայց ան թաքուն օր մը նորէն պիտի գայ
Գիրքերու պարկը ուսին,
Բաշխելով Բանը կենաց
Մխիթարանքը անհուն՝
Զրկեալին ու վիրաւորին
Թշուառին ու նահատակին։
Բարձրահմայ ուրուական
Ոչ մթութիւն, ոչ թոյն, ոչ սուգ կը բերէ,
Ոչ երկրաշարժ, ոչ հողի կորուստ։
Այսքան սուտէ ու սուգէ ետք
Թող ալ հասնին հոյլ հոյլ, մէկ-մէկ
մերթ մեղսավառ, մերթ անմեղ
Առաքեալները լուսոյ,
Մեզի րնծայուած
Քերթողները իմաստութեան աստուծոյ։
Թող Հողն ըլլայ մայրական գիրկ,
Ու երկինքը խաղաղ երդիք,
Խոհածորան Հայկեան որդի՛ ոսկեհունչ։
Յունուար 13