ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ | Կարօտի Պոլիս

Սագո Արեան

Կարճ բանաստեղծութիւն թիւ մէկ

Ամբողջ գիշեր Պոլիսը գրկած
Ափերուս մէջ պինդ պահած
Քնացայ
Պոլիսը մեծ էր ափերս պզտիկ
Քնացայ
Պոլիսը թանձր էր, Ճերմակ մօրուք էր ու սեփ -սեւ աչքեր
Ես թախիծիս խառնեցի
Յետոյ քնացայ
Անոր ծոցին եղած երազները կարմիր էին
Թէյը կաս-կարմիր
Ու շոգենաւերը վիշտ կը փոխադրէին
Կեցայ պահ մը Հայտար փաշայ կայարանի առջեւ
Ձեռքով ըրի հեռացողներուն
Հազար բարեւ տարէք Ատանա ըսի ու
Ետ դարձիս Օսման պէյին մօտ
Սեւ բաժակով սեփ-սեւ սուրճ խմեցի:
Ամէն տեղէ վիշտը կոկորդս կը խցկէր
Հին ու նոր անուններ կը հանդիպէին
Հին ու նոր երազներ կը բացուէին
Ու ես շուարած
Մայթերէն անծանօթներու հետ երկու թրքերէն բառ փախցուցի
Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանեցի
Հայերէն խօսողին
Աչք ըրի, ժպիտ տուի
Ըսի մեղքերս տանիմ արդուկեմ
Շապիկս փոխեմ, վէրքերս մաքրեմ
Խնդաց վրաս օտարականը
Սեւ աչքեր ունեցող օտարականը խնդաց:
-Հիմա նոր աշխարհ կը մտնենք, ըսաւ
Պիտի բարձրանանք Պոլսոյ ամէնէն բարձր աշտարակը
Պահ մը նայիր շոգենաւերուն մէջ
Դէպի հեռուն գացող հարազատներուդ
Ձեռքով ըրէ
Չես գիտեր երբ մէյ մըն ալ զանոնք տեսնելու բախտը պիտ ունենաս
Մայթը թաց էր, հոգիս թաց էր
Ժամանակը վերջացաւ շոգենաւը հեռացաւ
Այս բանաստեղծութեան պէս
Կարճ բանաստեղծութեան
Պոլիսն ալ գնաց հեռու- հեռու:

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *