Յարութիւն Պէրպէրեան | Թերեւս կ’ուզէիր

Թերեւս կ’ուզէիր

Թերեւս կ’ուզէիր, որ տաղս ըլլար
ուղղանկիւնաձեւ թղթիկ մը բարակ,
այդ բուրումնաւէտ թերթիկին նման,
որ կը կոչէին «Փափիէ տ’արմենի»,
զայն ոլորէիր կամ զայն այրէիր
քմահաճօրէն, երբ գործիդ չգար:

Թերեւս կ’ուզէիր, որ տաղս ըլլար
սոսկ կայծոռիկ մը ամրան գիշերին,
որ զինք դիտէիր հեռուէն, ապշահար,
չխանգարէր քեզ, կորսուէր մութին:

Եւ թերեւս քեզ կը խանգարէին
բառերը այնտեղ արձանագրուած,
լուռ արթնցնող՝ անթեղուած պահեր,
փորձառութիւններ,
օձաձուկի պէս խորունկ ջուրերուն
սահող ապրումներ,
եւ կամ խոստումներ՝ արդէն մոռցուած:

 

Եւ տաղը կ’ըլլայ …

Տաղը տակաւ կ’արթննայ
ընձառիւծի պէս անգութ.
կը զգաս շարժումն իր հիմա
թաւուտին մէջ կիսամութ:

Կը փնտռես զինք
Անհանդարտ,
լուռ քայլերով: Տակաւին
կը փորձես զայն դուրս մղել՝
դէպի բացատը ազատ:

Խաղը այդքան կրկնուած՝
նաեւ ծանօթ է իրեն:
Կը դեգերի ջիղերուդ,
մտածումիդ կածաններուն: Կը բանայ
այլ աշխարհ մը, անկասկած:
կը պահուըտի բառերուն
շրջագիծին մէջ արթուն,
կը կորսուի … դուրս կու գայ
վայրերու մէջ դեռ խոպան,
կը յարձակի, կը փախչի՝
շարժումներով մշտական,
կը վերածուի
թիրախի մը շարժական,
կը փորձեմ զինք իւրացնել,
բառերու մէջ թակարդել՝
կը յարձակի լեզուիս վրայ –

կը մնայ հոն ու … կ’ըլլայ:

 

Սերունդ

Քերթողներու այն սերունդին կը պատկանիմ,
որը թուրքին եաթաղանը չունէր վզին.
անապատին մէջ չքալեց,
ոչ ալ ճանչցաւ Ստալինի ցուրտ Սիպերիան,
կամ՝ թոքախտը:
Սակայն մեծցաւ
ծովուն կողքին բազմադարեան,
ապա դարձաւ մէկ այլ երկրի քաղաքացի,
վերածուեցաւ՝
կախարդուած կամ յաճախուած
ձկնորս բառի,
որուն բռնած ձկնիկն ոսկի
ո’չ թէ այդ խոր
ապականած ծովերուն մէջ կ’անհետանար,
այլ զայն փնտռող, ուտող չկար:

Արդ կը քալեմ
մէկ այլ ճերմակ տարածքի մէջ,
ուր բառերը լուռ, շնչասպառ,
ձուկերու պէս կ՝իյնան անշունչ
եւ կը դառնան
ձայն բաrբառոյ յանապատի:

 

Նիւքարին պէս

Չկարենալ գրելը
ջղային ու անհանդարտ
կը դարձնէր զիս յաճախ:
Ուսուցչութիւնը գոհացնող, բայց
կարծես երբեմն դառն հացս էր,
որ կոկորդս ի վար
կ’իջնէր որկորս քերծելով դանդաղ,
արիւնելով զիս ներսէս:

Ես, երբեմն, երազիս մէջ,
կը տեսնէի ինքզինքս՝
Նիւքարին պէս անշարժ, գամուած,
ո՛չ անպայման պարիսպին վրայ,
այլ անցքին մէջ
զոյգ սենեակներու –
անկարող առաջանալու
եւ անկարող վերադարձի …

Ամլացումը կ’օղակէր ու
կը խեղդէր զիս:

 

Գրէ՛

Գրէ մինչեւ
այն ատեն, որ
դեռ կը կարդան ու կը խօսին
այն լեզուն որ հարազատ է
քեզի այնքան,
սակայն տակաւ կը կորսուի:

Գրէ՛, գրէ՛,
քանի մարդիկ կը հասկնան
բառերդ անձայն,
որոնք կարծես կը որբանան:

Վայրկեաններ կան,
երբ կը մոռնաս
բառերը, զորս գործածած ես
դուն անցեալին
այլ վայրի մէջ, ժամանակի:

Գրէ՛ մինչեւ սահմանն այն սեւ,
երբ ժանտադէմ լռութիւնը
ամբողջովին չէ կլանած
խօսքերդ սուղ,
չես բողոքած բախտին համար անագորոյն
վիճակուած քեզ,
եւ չես նայած թախիծով խոր
սերունդի մը տարբեր, անգոյն,
իսկ գրքերը, իրենց տիրոջ զաւակներէն,
դեռ չեն դրուած տուներէն դուրս:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *