Մարուշ Երամեան | Տխուր թանկօ

ՏԽՈՒՐ ԹԱՆԿՕ

Երազի մը մահն էր այս գիշեր
թեւերուդ երազին մէջ …

մնացեր էր գիշերը
մնացեր դուն որպէս կարելիութիւն

Պարել պիտի չըլլար թաց մայթերուն վրայ ….
մշուշին մէջ արձագանգող քայլերուն հետ
կշռոյթ մը կար
որ կը յուշէր Զարիֆեանի այն խենթ տղան
ու խեղդուող իր երազը

բայց պարել պիտի չըլլար թաց քարերուն
թիթեռը պիտի խեղդուէր
եթէ չփորձէի հանել

կա՛ր կշռոյթը քայլերուն
մշուշին մէջ արձագանգող
մօտեցո՞ղ թէ հեռացող

կարեւորը արձագանգն էր
եւ երազը պարելու
ներհիւսելով մեր քայլերը
աննիւթեղէն հակոտնեայ

ցանկութիւնը աչքերուդ
հրաւիրեց զիս պարի
միջոցին մէջ ծածկուած
վարագոյրովն անձրեւի
մինչ բառերը կը թափէին
անձրեւներու փոխարէն
եւ կ՚ուղղէին քայլերս հոն
ուր դուն բնաւ չկայիր

բնաւ պիտի չըլլայիր …

 

ՈւՇԱՑԱԾ ՀԵՐԿ

անապատը պիտի հերկէիր եղեր
ծառերու պէս բաներ կային միտքիդ մէջ
ցանելու պատրաստ

վազեցիր
քակեցիր հորիզոնը
ցանկապատեցիր անապատը

արդէն պիտի ծաղկէր
միտքիդ ջրտուքով
գիշերուան աստղերուն ծորումով

եւ պիտի բեղմնաւորէր
տարածքը ամբողջ
գիրով

բայց անապատը չոր էր
հակառակ պատմական իրողութեան
հակառակ բրածոներու շունչին

մնաց հորիզոնին ցանկապատը
եւ նախշած գիրը
կեանքին

 

Sometimes I feel like a motherless child

Երբեմն
Գարնան մէջ երբ տերեւաթափ կ՚ըլլայ յուշերու
Երբ ծովը կը լռէ առանց փոթորիկ գուշակելու
Երբ ոչինչ կը կատարուի
Հաստատելու թէ տակաւին կ՚ապրիմ
Նոյնիսկ առանց արիւնս տեսնելու

Երբ լռած կ՚ըլլաս այնքան երկար
Չեղածի պէս
կը սկսիմ կասկածիլ ինքզինքիս
կասկածիլ բոլոր բաներուն
վաղուց հաստատուած

երբեմն
երբ ձմեռը կը դառնայ մեծ հօր չափ բարի
աստուծոյ պէս ողորմած

երբ աքսորուած կ՚ըլլամ ներսի
եւ դուրսի աշխարհներէն
անոնց միջեւ no man’s land-ի պէս
եդեմի մը մէջ
որ դժոխքի քրքիջ ունի

այն ատեն
անմայր զաւկի պէս
չեմ իսկ հեկեկար արդէն

պարզապէս
չեմ ըլլար

կ՚ըլլայ միայն մեղեդին
որ օր մը
դուն
էիր

 

Կինը

Որ կամաց կամաց վերածուեցաւ խոտի

 

Խաղ
Կին – կոն – կոտ – խոտ
Կինը նայեցաւ յուշերով
Կոնաձեւ էին
Կոտով չափեց ու տեսաւ
Նուազած բայց խտացած
Ճառագայթող մարգրիտ
Իսկ էութեամբ
Թրթռացող ցօղի կաթիլ
Մատղաշ ու թարմ տերեւին

Ցաւ

մոռցեր էր թարմութիւնը
անձրեւներուն գրգիռը կողերուն
գինովցնող բոյրը
մայրամուտի խարխաբին մէջ
կիսալուսին էր
չամբողջացած

ծնած էր ամենէն գեղեցիկ հովիտին մէջ
աշնանային օր մը
մոռցուած թեւակոտոր հեռացող
երազներու սէրէն
վայրի նժոյգներ կային վարգող
անոնց աչքերուն մէջ կարդացեր էր
տենդը խենթ գիշերներուն
առանց գիրերը ճանչնալու
առանց հեգելու

արեւը խանձեց զինք
լուսինը փայփայեց
եւ հողը միշտ թարմ մնաց կողերուն

եւ որովհետեւ հողը միշտ թարմ
մնաց կողերուն
ինք ալ վերածուեցաւ խոտի
եւ ամէն գարնան
նորովի կը կանաչի

Հայր Մեր

(1)

Ամէնօրեայ փառք
– ձանձրացա՞ր թէ տակաւին-
որ կþապրինք
– եթէ ապրիլ կը սեպես այս-

սրբութեանդ չեմ մօտենար

արքայութիւնդ պիտի գայ անպայման
անտեղ եւ անժամանակ
միւսները մանրամասներ են միայն

բայց մի՛ տանիր զմեզ ի անտարբերութիւն
– որ քերթեն զիս
գայլաշուներու հագցնեն ու ղրկեն
Քեզ փնտռելու

պիտի գտնեմ
անպայման

(2)
Հայր մեր. . . հեռու ես
եւ երկինքներդ կեանքէն ալ անդին
կեանքը որ տուիր
հաւասարում է բազում անյայտով
ու միակ յայտնին մարդն է ինքն իր դէմ
հարցումին՝ հարցով

Հայր մեր որ . . . լուռ ես
բայց քու փոխարէն այնքան բարբառող
ծառին ու ծաղկին ծովին ու ծերպին
ձիւնին անունով . . .
իսկ լսող չկայ
ժամանակ չունինք օ՜ բազմազբաղ ենք
հետքդ փնտռելով

Հայր մեր որ . . . զիս ես
երբ զիս իմ դէմս այդպէս կը լարես

փրկէ զիս ինձմէ

(3)

Հայր մեր . . .
կամքդ օրհնեալ ըլլայ

բայց եթէ զիս այստեղ դրիր
ի՛մ կամքս է որ պիտի ըլլայ

եւ մի՛ տանիր զմեզ
ի փորձութիւն

(4)

մեռած ձուկ մը կը ցոլանայ
T.V.ի պաստառին վրայ
կապիճներուն տակ եղջիւրներ

ես կþաղօթեմ
մանուկներուն
որ կը ծնին մահուան համար

(5)

վաղուց է կարծեմ
որ աղօթքները՝ խճճուած բառեր
ա՛լ չեն նեղեր Քեզ
եւ կամ խանգարեր հանգիստդ հեռու

բայց կը կարօտնաս երբեմն հասնող
ունկերդ շոյող
փառքի բառերուն կառչած վնկոցը
շունին անօթի
աղբակոյտին մէջ որ լուռ կը մեռնի

(6)

երբեմն գիտես
ափերս կը ցաւին
ճակատս կþարիւնի ոտքերս կը կոտտան
բայց ամենէն շատ
սիրտս կը փլի բիւրերորդ անգամ
վերյուշին առջեւ դաւաճանութեան եւ ճակատագրին
Քեզի վիճակուած

այդ պահերուն է
որ գերմարդ դարձած ցաւի շեղբին տակ
իմ մարդութեանս
երանի կու տամ

And vice verca

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *