Կաղանդ պապային ձանձրոյթը

Իգնա Սարըասլան

ՓԱԹԻԼՆԵՐ
Երկնուղէշ աղօթքներու մէջ երփներանգ բողոքներ
Անմեկնելի բառեր վիրաւոր ճնճղուկի մը փետուրներուն
Ահագնատեսիլ ամայութեան գոգը մզկիթներ համր
Ինքնաշարժներու անիւներուն եռանկիւն ապրումներ
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն կը տեղար
Երկու տարբեր փաթիլ էինք
Երկու տարբեր սրտէ ներս
Այս եղանակին ջուր չէք կրնար ըլլալ – կը սառիք
Չէք կրնար թափառիլ – չէք կրնար սիրաբանիլ
Այլ ձեր յոյսերուն լոյսին տակ – պանդոկի մը սենեակը
Գարուն մը կ՚երազէք արձաններու հետ – արձաններու նման
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն կը տեղայ
Երկու տարբեր փաթիլ էք
Երկու տարբեր սրտէ ներս
Ադամալոյսին կիթառի մը հեծկլտուքը պիտի լսէք
Պիտի լռէք – պիտի երգէք – պիտի լաք ակամայ
Յղի աղջամուղջին աչքերը պիտի փորէք
Վագր հորիզոնը արեւներ պիտի լափէ
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն պիտի տեղայ
Երկու տարբեր փաթիլ պիտի ըլլաք
Երկու տարբեր սրտէ ներս:

 

ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ ԼԱՄՊԱՏԱ՛

Հայր – մայր ունեցանք
Ու հայրերու – մայրերու քաղցրութեամբ
Կաղանդներ ունեցանք
Անոնք ֆոքսթրոթ պարեցին
Մենք դիտեցինք
Կէտիկփաշացի Հայկօն – ականջը խօսի –
Կաղանդ Պապա եղաւ
Տուն տուն պտտեցաւ – խաղալիքներ բաժնեց
Մենք աչքերուն նայեցանք – վախցանք
Տարիներ անցան
Հայր – մայր եղանք
Հայրերու – մայրերու քաղցրութեամբ
Կաղանդներ չունեցանք
Միշտ ուրիշներու կաղանդներ պատրաստեցինք
Ուրիշներու Յարութեան համար Գողգոթաներ ապրեցանք
Պայքարեցանք ուրիշներու յաղթանակին համար
Տքնեցանք ուրիշներու երջանկութեան համար
Ուրիշներու ցնծութեան սիրոյն
կարօտներով – առանձնութիւններով տառապեցանք
Վարդեր քաղեցինք ուրիշներու համար
Մեր ձեռքերը արիւնեցան փուշերով
Մեր սիրտերը յուշերով
Բայց այս գիշեր խոստում
Խոստում քեզի Լօրա
Այս գիշեր քեզի հետ
Քեզի եւ բոլոր մարդկութեան հետ
Ձեռք ձեռքի սիրտ սրտի
Լամպատա պիտի պարեմ

***
Կէս գիշեր էր
Դեկտեմբերի վերջին օրերը – կէս գիշերին
Սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցանք
Կաղանդը պիտի գայ ըսին
Սպասեցինք
Եւ չեկաւ

 

Խորէն Մանաւեան

ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ ՁԱՆՁՐՈՅԹԸ

Ձանձրացեր է Կաղանդ Պապան
Բամպակ շարել ծնօտին
Գդակ դնել, ծպտուիլ
Կողով կրել, պարկ կրել…
Ձանձրացեր է,
Միշտ նոյն օրը, նոյն ժամուն
Հազարաւոր մարդոց – այսպէս
Կաղապարին յարմարիլ…
Ձանձրացեր է Կաղանդ Պապան –
Երկիւղն ըլլալ միամիտին
Կամ թէ դառնալ ծաղր ու ծանակ
Հանած-վարած մանուկին…
Եւ խորհիլ թէ`
Կեանքը սուղ է
Խաղալիքը կրակի գին
Պարկն ու կողովը խոշոր…
Կաղանդ Պապան
Հազար անգամ զղջացեր է
Կաղանդ Պապա
Ըլլալուն…:

 

Զահրատ

ՏՈՊՐԱԿՆԵՐ

Պատուհանէն տեսանք
Տոպրակներ բեռցած
Սրարշաւ
կու գար սայլը Կաղանդ Պապային
Լոյսերը մարեցինք անմիջապէս
վարագոյրները քաշեցինք
կծկուեցանք մէկ մէկ անկիւն
Քիչ վերջ հարցուցի Ագապիին
– Գնա՞ց –
– Գնաց- ըսաւ Ագապին –
Լայն շունչ մը առինք –
– Աղէկ պրծանք – ըսաւ Ագապին
Լոյսերը վառեցինք
եւ ուրախ զուարթ
զիրար շնորհաւորեցինք
Առաւօտուն երբ դուռը բացինք
Սեմին
Նոր տոպրակներ կային դիզուած –
– Նոր նոր հոգեր – ըսաւ Ագապին –
– Նոր նոր հոգեր – ըսի Ագապիին –
Դուռը քաշեցինք գացինք –
– Փողոցը տոպրակներով լեցուն էր

***
Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է
ԱԼԻՒՐԻ նման
Ըսէ – Կաղանդ Պապա
Մօրուքէդ ՀԱՑ կը շինուի՞

 

ԱՌԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԻ

Ըստ ծերուկ Կաղանդ Պապային
Ներկան գոյակցութիւն է
յիշատակներու եւ մաղթանքներու
– Երբ անցեալէն ոչինչ կայ իբրեւ յուշ
Կայ ոչինչ ապագայէն ակնկալելիք –
– Չկայ ներկայ –
ու Կաղանդ Պապան կ’անցնի կ’երթայ
առանց կանգ առնելու
Գալ տարի այս ատեն
Նորէն կու գա՞յ արդեօք
– յայտնի չէ – ո՞վ գիտէ –
իսկ կարելի՞ է արդեօք մէկ տարուան մէջ
բաւականաչափ յիշատակ ամբարել
չմնալու համար առանց ներկայի
ունենալ քիչ մը ապագայի մաղթանք
Չըլլայ որ նորէն անցնի երթայ
Կաղանդ Պապան
առանց հանդիպելու

 

ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ

Կէս գիշերին պատուհանիդ լոյսը չըլլայ որ մարես
Վարագոյրին ինկած շուքդ դիտեմ գոնէ կարօտով
Ու նուէրդ զոր ամառուան արեւներէն փրցուցի
Ձգեմ սեմիդ ու հեռանամ լուսայորդ
Կէս գիշերին երազներուս լոյսը չըլլայ որ մարես

***
Կաղանդ պապա
Ո՛չ տունս, ո՛չ մօտս, ո՛չ քովս
այլ մէջս եկուր:

 

ՃԵՐՄԱԿ
Ձիւնէն – կաւիճէն ամպէն աւելի
Երբ ճերմակ ըսեմ
Ես քեզ կը յիշեմ
Եւ աչքերդ սեւ
Զոր կը թափէիր
Հարսնութեան ճերմակ հագուստիդ վրայ

 

ՍԻՐՈՅ ԿԱՂԱՆԴ

Սէր կը կանչէ
Սիրոյ Կաղանդ – որ այս գիշեր
Երկինքն ի վար կը ղօղանջէ
– Երբ ղօղանջէ
ոտնաձայն մը – ան է – ան չէ –
Սիրոյ Կաղանդ որ չի տեսներ
թէ սէրն ինչպէս զիս կը տանջէ
Սէր կը կանչէ
Սիրոյ Կաղանդ – որ այս գիշեր
լուսաճաճանչ կը ճաճանչէ
– երբ ճաճանչէ
ոտնաձայն մը – ա՞ն է – ան չէ –
Սիրոյ Կաղանդ որ չի գիտեր
թէ սէրն ինչու զիս կը տանջէ
Սիրոյ Կաղանդ – կը նահանջէ –

 

Վահան Թէքէեան

ՁԻՒՆԸ

Օ՜հ, հանդիպո՜ւմս քեզի, ձիւնին ներքեւ, այն գիշեր,
Թեթեւ ու լուռ՝ երկինքէն իջնող ձիւնին, հարսի պէս…
Տարի մ՚ամբողջ ես փախեր էի քեզմէ, քեզ սիրեր,
Ու միայն ձիւնը հիմա զիս կը մղէր դէպի քեզ…
Որքա՜ն գորով, զմայլանք, արգահատանք ու տենչանք
Քեզի համար տակաւին հոգիիս մէջ ունէի.
Որքան հրճուանք խաբուսիկ եւ իրական տառապանք՝
Արթնութեան մէջ ու քնի քեզմէ եկած էր ինձի…:
Եւ հիմա դո՛ւն էիր, դո՜ւն, որ ձիւնին տակ, ինձի հետ
Կը խօսէիր շունչ շունչի, ու կու տայիր ինձ վաղուան
Յոյսը գարուն երկնքին, պարտէզներուն ծաղկաւէտ…:
Եւ դողալով գացի տուն…: Բայց իրօք դո՞ւն էիր ան.
Ձայնդ ու խոստո՜ւմդ ինչպէս զքեզ տարբեր կ՚ընէին.
Ստուգութեան մէջ ի՜նչպէս կ՚որոնէի յոյսս հին…:

 

ՎԵՐՃԻՀԱՆ ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒ

ՀԱԼՈՒՄԱՇ ԵՐԱԶՆԵՐ
Ա.
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Վշտացած
Լմնցած
Երազ ըլլալէ դադրած են
Գաւաթի պէս ինկած գետին
Փշրուած են
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Լռած
Տարտղնուած
Երազ ըլլալէ դադրած են
Մեր ձեռքէն ինկած գետին
Կորսուած են
Հալումաշ երազները կաղանդներ չունին սիրելիս
Որովհետեւ
Կաղանդները գարունի կը նմանին
Գարունները կարճ կը տեւեն
Կու գան ու կ՛անցնին։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *