ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ | Մանտրաներ

Մանտրա ԼԲ
Անժողովուրդ լեզու

1
աղ կերանք
աւազ
յետոյ փաթիլները սեւ ձիւնին

լեռներու վրայ
հիմա
ցամաք ցուրտը ցաւող մինչեւ չքացում

կռնծած
ձեռքերով
կակազող
անվհատ
հերքուած
վկան
ոչինչի

2
ջուրը
աճեցաւ մինչեւ կոկորդ մը հուրէ
Ապրիլը կը բուրէ դիակ այրածի
եւ ահա լոյսը պատառուն կ’ըլլայ
դէմք մորթազերծ
թիթեղի սփիւռք
շունչս տուի զգետնուած քերթուածին

3
աչքերուդ խորքին
պահէ՛
անտեսանելին
կու գայ
նոյն ցերեկով ամեն տարի
ամեն օր
կրակը վառող մութ
բեւեռ
դէմէդ բիբիդ մէջ

ո՛չ ականջ ո՛չ բռունցք
ո՛չ սուգ
ցասում ու ողբ
կամ մարգարէաշունչ փսփսուք
ոչինչ

ան որ
կու գայ ծէսով ամեն րոպէ
կը բոլորուիս անոր շուրջ
կը ջերմանաս այդ շունչով մեռելի
որ կը պատմէ ու կզրկէ քեզ իրմէ
կը վերանայ
մինչեւ կակազում

հոն
ո՛չ առաջ ո՛չ ետ
պարապ երկինք մը արջասպ
որ աստուածներ միայն կը փրկէ
կը հակի վրադ կը խոնարհի
դաշոյնի շկահիւնով
փայլը քեզ կուրցնող մոխիր

ան որ կու գայ
ամեն զարկի
նոյն հերքումով բառին
անդաշնութիւն մարմիններու գերաններէն
առկախ
եւ զենիթն ի վեր
ձայնիդ մէջ համըր
շրջադարձը արեւուն դէպի ճամբաներ նախճիրի

կը հոլովուի շուրջդ ինչ որ մնաց անանուն
ինչ որ գնաց
հեւք հիմա հոս
վերջին ամայք
բերնիդ մէջ կը բռնկի չորցած լեզուդ
օ դուն ամենատեղ քնացող ու բանտարկեալ չքացման

4
չորցանք
տղա՛ս
ատ արեւներէն ջուրերէն
օսկոր ու քար էղանք
խօսէ՛ մեզի
միւս շուքերէն
միւս դիէն խօսէ՛
եթէ կրնաս
եթէ դեռ կաս դուն
կ’ըսեմ
ինչպէս կայիր
դեռ մինչեւ ե՞րբ
պիտի ըլլաս
քու ձայնովդ այդ չանցնող արեւները փռես
խօսքերուն վրայ
դուն գիտես
օհ
հալեցանք
լեզու երազ փսխեցինք աւազին
մսեցանք տղա՛ս ատ տարմատարմ լոյսին մէջ
հիմա
խօսքդ մորճիկ ըլլայ թող
ըլլայ փայտ ու գերան երդիկ ու անտառ որ ծնինք
բայց անցնի թող կանաչ արեւներէն ու ջուրերէն
դեռ մինչեւ ո՞ւր
պիտի ըլլանք
շան սատակ վկայ
կռնծումէն
մոռցիր
տղաս
որ չմոռնաս

երկրին հետ կորսուեցաւ ամէն պատկեր

5
չեմ գիտեր ո՞վ
մէկը
ձեր լեզուն կտրեց ձեր բերնին մէջ
հատեց իմաստը լեզուէս
եղաւ
կանաչ խաղաղութի՜ւն
կատարներուն վրայ երկրին
եղաւ պարզկայ լուսին երկփեղկ
կոկորդի մէջ թխմուած
եթէ խօսիմ
կը մխրճուիմ ճիչի մէջ դատարկութեան

չեմ գիտեր ո՞ւր
հողի՞ն
երկնքի՞ն մէջ
երբ հանդիպիս մեռելներու
մեռած աստուածին
չըլլաս յարալեզ ու լէշի տարփաւոր
խզէ՛ իր հետ դաշնութիւնն սկզբնական

խլէ՛ անոնց
կը ճանչնաս
անոնց մարմինը որդնոտած
որպէսզի դադրիմ
լսելէ
աղմուկը կատարներու երգին
ընտրեց զիս երկիր մը ոչինչ

եթէ իմաստը կը պակսի
թաղէ՛
դիակն ապրողներու
թերի բառերուն մէջ
մնացորդ
համր անապահով նեխող
հոտով սատկուած աղուէսի

այն ատեն
ոսկորէն կը բուսնի ծիրանենին

6
գիշերաշրջիկ ոգիներ
օր ցերեկով կու գաք
կը բնակիք
սենեակին մէջ
դատարկ
կ’ընդարձակէք պատերը խաւարով
կը լքէք ինծի ձեր մրմունջը ապաբան
երբ հակիմ սեղանին
կը գտնէք հետքն ու ձեւը ձեր մարմնին
զիս կոչեցիք արթուն
ու դարձուցիք խաւարախօս
որպէսզի տամ
ձեզի ներմարդացում խաբուսիկ
օ բռնկած ոգիներ
թեւթափ
որ չունիք հանգիստ
եւ կ’անցնիք երազէ երազ
փողէ փող ու տանիքէ տանիք
կը շոյէք ծնօտն ու այտը քնատ մանուկին
կ’ոլորէք վիզը պատմասանին աներկիր
կը խուժէք կրակին աչքին մէջ
պիտի պատմէք ձեր քայքայումը ամպ առ ամպ
երամ առ երամ կը չքանաք օդին մէջ
աստուածներու պէս թափանցիկ եւ անօգուտ
երբ կը սուրաք ձեռքէս
դէպի խօսք մը հերքիչ
ո՛չ իսկ ոգիներ
մնացէ՛ք օ հեռուն
ժողովուրդ անհետացմամբ ժողովեալ
սահմանին
խաղաղ
ձայնին մօտ օրուան հրեշտակին որ գոչէր
Ղազար
ե՛լ արտաքս
քանի ոչ ոք կը վկայէ չգոյէն
երբեք չեղան քերթողները կապուած ծառին
ու փողոտուած
մեծ հիմնոսներու քերթողահա՛յր
ոչինչ մնաց որ ըլլար հաստատելի քերթողաբար
այլ ոչինչը միայն
օ
գիշերապահներ անտէր շունչի
անդին
գացէ՛ք անդին մոռցէք զիս
քնացէք
լքեցէք լեզուահողը մահացու
ստուերներուն
ոճրապարտ օ անմեղներ
եղէք հօտաղներ աստղերու ջոլիրին
վերադարձէք երբ չըլլամ
կը փնտռեմ այս խարդախ
ծէսով
մոխիրը մորթին
ինչպէս լեզուն իր բառերը վերապրող
ես
ձեր չքացումը թարգմանող ձայնեղ գրիչ

7
պիտի չխօսին
չնային ձեզի
պիտի չներեն
փոսերուն համար
որ չկան
խիճ մը գանկի վրայ
յետոյ խիճեր աչքին մէջ խրած
մինչեւ խճճում մը մուխի
հոն անօդին մէջ անմիջոցին
անժամանակ պահուն
որքան մօտենաք
պիտի դառնաք տարագիր
անհպելի անտեսանելի անգոյ
եւ այլեւս երբեք չպիտի կարենաք
անխոցելի
զանոնք ջնջել

ինչպէ՞ս
ստեղծել
ժառանգել
յիշել անոնք
որ չծնան երբեք

8
չե՛մ
հանգի՜ստ
չեմ կրնար ըսել
հանգի՛ստ
խաղաղութիւն ամենեցուն
ո՛չ

երբեք
բնաւ ոչ մէկ
հոգեհանգիստ
անոնց որ չունեցան մարմին
ո՛չ մէկ փոս ուր ձգեմ որ իջնէք

կը լսեմ տակաւին
չէք եղած
չէք մեռած բնաւ
քանի որ կա՛մ
ես
ձեզ կը դարձնեմ բնաջինջ
ես խօսողս գետնամած

կանաչ սեղանին շուրջ
չեմ գիտեր ո՞վ կը լսեմ կը սուլէ
պրպտենք հասկնանք
զրուցենք
ե՞րբ ինչպէ՞ս ինչո՞ւ
ո՞վ
դիտում պատում խաղածիր
փոքեր տառապանքի ճողոպրումի ու խոցի
թող համրանամ
որ յայտնուիք
անհետանամ
բառերուն տակ
ձեզի պէս
ձեր հետ

գուցէ
խորտակումէն
կարենամ գոչել
ընկալ սոսա ընդ արդարս
անոնք յոգնած դադրած եւ աշխարած
ճանապարհորդութեամբ մինչեւ գետեր մեռեալ
տարագիր
մինչեւ փառաւորում փողոտուած աղիքներու

երբեք
կը հաստատենք
կը հաստատեն ո՛չ մէկ տոմար հրովարտակ կամ կտակ
երբեք չէ եղած
կինը այրած մազերով
ինկած հորին մէջ զառանցանքի
միայն քերթուածը պատշաճ է առասպելին ստահոդ

հանգիստ
չեմ կրնար
ձեզ լքել լքումին
չունիք անուն ու փառք ու տեղ
ձեզ օրհներգող մեծաղաղակ սաղմոս հիմնոս կամ վեդա
ի բարձունս եւ ի վերին Երուսաղէմ
մնացէ՛ք հոս մեր հետ հոս
ի սանդարամետս
գուցէ
ձեր օրը չէ եկած
ձեր օրը
հրդեհ մեր թարթիչները այրող
Գրիգորիոս ե՛լ արտաքս
գուցէ այլուր ծաղիկներ կան ամեն գարուն
գուցէ նաեւ այլուրը կայ
վարդապե՛տ
եկ իմ սիրելի խելառ եկ արտաքս մտացի
այդ քու խորին ամրոցէն Արտագերսի

որքան խօսիմ ձեզի
կը լսէ՞ք
կը չքացնեմ ձեզ շունչով
չէք եղած
չէք կարող նուաճել
ձեր մահը
հոն բլուրներուն վերեւ
երկինքը մերթ
կանաչ կապոյտ
մերթ նարնջագոյն
անարգել
անխոտոր հորիզոնով
եւ այդ գիծերը շռայլ ու սեւ փլուզմամբ
առանց յիշատակ անցեալի
առանց յանցանք ոճիրի
աշխարը հազիւ ու հեւ ի հեւ ծնած գրեթէ ոչինչէն
մաքուր
սրբուած
թուփեր գուցէ կ’աւետեն գարուն մը բարի

մոխիրի խաւ գուցէ սանտր մգլոտած
փոշի միայն սեւ փոշի մինչեւ երկինք եւ արշալոյս
այրման ու վերջի հետքեր չքացած

բայց ինչպէ՞ս
եւ ե՞րբ
քեզ ընդմիշտ
ի՞նչ վայր զրկեց պայծառութենէն երկրի

12
երկդիմի օ
կ’ուզէիք շքեղութիւն մը աղէտի
Սարդանապալի
Դանտոնի
նկարչագեղ միս ու ոսկոր
հիասարսուռ հեռապատկեր
շքահանդէս
մինչ նեխեցան ու կը բորբոսին
մարմինները գետափին

ջուրին վրայ հակած
աչքին մէջ` աւազամրրիկ
եւ հեզիկ տենչ մը սարսափ մը անհետացման
ծուխը դարձաւ երազանք դէպի հոն
վերը
տուները պարապ
եւ վիմափոր երկինք մը վիժած աստուծածնի
ուր քար մը կը յիշէ շուքերը որ եղանք
տարասփիւռ ոջիլներ աստղացեց

գուցէ
հեւաս
միայն բռնուած կոկորդէդ
ի սպաս բոցին
որ քեզ ցրուէր օդին մէջ
պահէր այդպէս խորշակի տարամէտ կեդրոնին
արտոյտ թպրտացող
շունչ
բզկտող դանակներու կիզակէտին
ես ու դուն
այո
բայց ոչ
ոք երբեք ոչ ոք
բնակեցար վիրապին մէջ աննինջ
կը թնդանք խորտակման ռիթմով

թերեւս
պոռաս պռո՛սխումէ
եւ ճչաս ձօն սաղմոս կամ դիւցազնավէպ
յանուն չԱստուածի մը ամենանգութ ու գեղեցիկ
կը կակազես
կը թոթովես
կը կազիս
օտարացուցին մեզ ի բնակութենէ մերմէ
եւ կամեցան մոռանալ հետք մեր
իսկ եթէ
կը խօսիմ շատաբա՛ն Սոկրատէս
ուրէմն Դիոս չես մեռած երբեք
հոգիիդ համար որոնէ՛ փչոց մը արեւմտեան արեւի
եւ ոճիրը կ’ըլլայ ոգեղէն բարձրագոյն ճանաչում

երկիր գեղեցկութեան
խարդախեալ

13
բայց գարշելին
անխառն ծագումն է
պատկերին
որ կերար

ահա կրկին անժողովուրդ լեզուն

 

Գրանի հանդես [01]

Share Button

Նշանաբառ՝

2 Կարծիք

  • Անուշ Թրվանց says:

    հրաշալի է

  • գևորգ says:

    Անդերսենի հեքիաթի մանուկը պիտի գոռար. «Թագավորը մե՜րկ է…»: Բայց ո՜վ պիտի լսի նրան…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *