Դուք Հայաստան գացա՞ծ էք: Արարատը տեսա՞ծ էք: Այսօր զայն բարձրացողներ ալ կան, այլեւայլ կերպերով բարձրացնողներէն վերջ: Յետոյ, Էջմիածին մոմ մը վառա՞ծ էք: Սեւանի ջուրը մէյ մը մտած-ելա՞ծ էք: Իշխան ճաշակա՞ծ էք: Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալով պատշաճապէս լրջացա՞ծ էք: Օփերային շուրջ դարձա՞ծ էք: Մաշտոցի պողոտային կոկորդը բռնող Մատենադարանի բերդէն առնուա՞ծ էք: Երեւանի կեդրոնական փողոցները չափա՞ծ էք: Յատկապէս Հիւսիսային պողոտային վրայ դուք ձեզ եւրոպացի կամ եւրոպահայ կարծա՞ծ էք, սփիւռքահայ մնալով հանդերձ: Երեւանէն մի քանի օրով ալ Արցախ անցնելով հոն ալ հմայուա՞ծ էք: Այս չէ ամբողջ ապրուելիքը, հարկաւ, սակայն, կարեւոր գիծերու մէջ գոնէ ու մասամբ, այս է: Հայրենական սքանչելի փորձառութիւն:
Եթէ այս բոլորը ըրած էք, ուրեմն դուք մասամբ հայացած էք: Եթէ այս արարողութիւնները ամէն տարի կամ տարին քանի մը անգամ կը կրկնէք, աւելին՝ տուն ու կալուած ալ ունիք Երեւան, ինչ որ աւելի երկար հայրենակեցութիւն մը կ’ապահովէ ձեզի, ուրեմն շատ աւելի արագ հոլովոյթ մը ստացած ըլլալու է ձեր հայացման ներքին փորձառութիւնը՝ հողահայութիւնը: Այլեւս առաջին յափշտակութիւններուն վերադառնալու պէտք ալ չունիք, զանոնք կը ծալլէք, մէկդի կը դնէք, որովհետեւ անմիջապէս կը ճանչնաք այս ու այն կառոյցը, յուշարձանը, քարն ու ջուրը:
Եթէ, սակայն, այս բոլորէն անկախ, դուք տակաւին չէք համտեսած հայրենաբոյր արաղն ու հայրենասնունդ քեապապը՝ դուք հայ կոչուելու իսկ իրաւունք չունիք: Եթէ կը կարծէք որ ըրածս հեգնանք, չափազանցութիւն կամ աւելորդաբանութիւն է, դուք ձեզի հարց տուէք, թէ կարելի՞ է առանց այդ սնունդները ներարկած ըլլալու վերադառնալ հայրենիքէն: Փորձեցէ՛ք: Եթէ յաջողած էք կամ կրնաք յաջողիլ, – եւ եթէ, անշուշտ, առողջական պատճառներով չէք հրաժարած անոնցմէ, – ուրեմն յատուկ յարգանքի արժանի էք, բացառութիւն հռչակուելու չափ:
Հիմա արդարօրէն պէտք է հարց տալ, թէ արաղը, քէֆն ու ուրախութիւնը գէ՞շ կամ սխա՞լ բաներ են: Մենք հիւրասէր, կենսուրախ ու զուարթամիտ ժողովուրդ մըն ենք, թէեւ դժբախտ ճակատագրի ենթակայ, աւելի սիրուած բառով մը՝ զոհ. սակայն, փառք Աստուծոյ՝ կ’ուտենք-կը կերցնենք, կը խմենք-կը խմցնենք, կ’ուրախանանք-կ’ուրախացնենք, չեղած տեղէն հանելով: Այս ձեւով մենք մեզ ալ բուժած կ’ըլլանք: Ի՞նչ կայ ասոր մէջ գէշ կամ սխալ: Ըստ երեւոյթին՝ ոչինչ: Ըստ այլ երեւոյթի մը, այստեղ սննդականոնային լուրջ հարց մը կայ, որ արաղով ու քեապապով կը սահմանափակուի կամ ալ ճիշդ հակառակը՝ կ’անսահմանուի: Այդ սնունդները ստանալէ ետք կրնանք սահմաններ կտրել ու հասնիլ մինչեւ Պաքու կամ նոյնիսկ Էրզրում…բաժակաճառերուն մէջ ու անոնց միջոցաւ գծուած հայրենասիրութեան շնորհիւ: Խօսքը խանդավառութեան մը մասին է, որուն մէկ ոտքը Մասիսի ձիւներուն, միւսն ալ քեապապի ածուխին մէջ է, սեւուճերմակ համերանգութեամբ:
Վերջերս պատահած ալ էր. չորս հերոսներ Հայաստան այցելած, լաւ մը զինուած նշեալ սնունդներուն փամփուշտներով, սահմանամերձ գօտիներ թափանցած, կրակ բացած (անշուշտ միայն՝ բերաններէն), թերեւս քանի մը թշնամի ալ բնաջնջած (անշուշտ ոգելիցին ազդեցութեան տակ), տակաւին, այսպէս կոչուած բանաստեղծական ու հաղորդագրական թռիչքի ալ մարզանքներ կատարած, զանոնք արխիւագրած ու հրապարակած էին: Այսինքն, չի բաւեր որ կ’երթանք ու կ’ուրախանանք, այլ մեզի ուրախակից կը դարձնենք նաեւ մեր շրջապատը: (Քիչ մը խղճի խայթ ալ ունիմ, երբ հոս «ուրախութիւն» բառը անչակերտ կ’արձանագրեմ):
Եթէ հանէք, – եւ հանեցէ՛ք որ տեսնէ՛ք, – ճաշի սեղաններուն վրայէն հայրենասիրութեան աղբիւր հանդիսացող արաղը եւ անոր փոխարէն դնէք ուրիշ բան, այդ բանը ստեղծելով, որ ան ալ իր կարգին գինովցնէ, բայց լրջօրէ՛ն արբեցնէ, լրջութեա՛ն առաջնորդելով՝ այն ատեն թերեւս արաղահայրենասիրութեան սահմանէն անդին անցած կ’ըլլաք, այսինքն միայն անով պայմանաւոր ու բաժակներէն բարձրացած հայրենասիրութեան ճիշդ անունը կը գտնէք, որ է հայրենալլկումը: Շատ հեռուները չգացի: Այդ ձեր ոտքերուն տակ գտնուող հողը կը լլկուի, երբ (եթէ չեմ ըսեր) առանց լուրջ գինովութեան կ’ուղղուիք անոր ու ձեր ոգելիցին ոգեդատարկ աղտը միայն կը խառնէք անոր չեմ ըսեր սրբութեան, այլ ուժին: Թէ՝ ո՞վ ձեզ այդորակ «այցելութեանց» եւ «ուրախութեանց» (հիմա պէտք է չակերտներ օգնութեան հասնին, գոնէ մէկ անգամ խղճիս հաշիւն ալ ընելով) տիղմին վարժեցուց, թէ՝ շքանշաններու կիրակնօրեայ առուտուրը եւ Հայաստան-Սփիւռք աւազակակցութիւնները ե՞րբ սկսան, ե՞րբ զարգացան, ե՞րբ ձեզի հասան եւ մինչեւ ու՞ր պիտի դիմեն՝ ոչ երկնքի հրեշտակները գիտեն, ոչ ալ երկրի տէրերը:
Գէշ բան է, գուցէ եւ անվայել՝
Երկրիս մէջ՝ երկիրս փնտռել. բայց
Բաժակս լեցուն՝ երբ չեմ խմեր՝
Վերջերուն վերջն է անկասկած:
(Զուլալ Գազանճեան, Նորատուզ, Փարիզ-Վենետիկ, 1992, էջ ԺԷ):
Զուլալ Գազանճեան (պէ՞տք է ծանօթ ըլլայ. չեմ կարծեր. որովհետեւ՝ չխմելո՛ւ մասին կը խօսի, թէեւ, ո՞վ գիտէ՝ բաւարար խմելէ ետք միայն) բաժակ ի ձեռին չի խմեր զայն, լեցուն բաժակին համը, երկրին հետ, ուրիշ տեղ կը փնտռէ թերեւս: Բաժակին ուրիշ բովանդակութիւն տալու նպատակ չունի ան, սակայն, չխմելն իսկ տալ մըն է անոր բովանդակութիւն մը սրբազան, երկրին մէջ երկիրը փնտռող լիցք ու քնար, որուն մօտենալու համար ոչ այցելութիւն, ոչ ալ ուրախութիւն (չակերտաւոր կամ անչակերտ) բաւական են: Անոնք նոյնիսկ կ’ընդոտնեն մուտքը հայրենիք: Հոն մտնելու համա՞ր՝ նախ մերկանալ ու մոխիրի վրայ նստիլ: «Վերջերուն վերջն» ալ առնելու է իբրեւ բովանդակութեան նորոգում, ճիշդ ինչպէս լեցուն բաժակը չխմելը: Լեցնել ու չխմել, հասնելու համար «վերջերուն վերջ»ը, սկսելու համար պարզապէս: Սկիզբէն սկսելու:
Բայց, ձեզի պէս ես ալ գիտեմ, որ արաղահոսութիւնները կանգ պիտի չառնեն այս կամ այն գրութեան յանդիման: Գրութիւնը մրցակիցն է արաղին եւ գիտէք ո՛վ է յաղթականը: Սակայն այս մրցակիցները հակառակորդ չեն միշտ: Արաղին եւ գրութեան համբոյրն ալ տեղի կ’ունենայ, ինչ որ քիչ մը համոզումն ու պահանջքն ալ է վերի հերոսներուն, որոնք կը տեսնեն, թէ միայն այդ համբոյրն է որ հայրենքը կարելի կը դարձնէ: Առանց արաղագիր համբոյրի՝ ի՞նչ հայրենիք: Եւ աւելին, արաղն է որ կը գրէ, ան է բուն հեղինակը: Դուք ըսէք՝ արբեցում, ոգեւորութիւն, ներշնչում եւ այլն: Առանց անոր «հայրենասիրութիւն»ն ալ կը դադրի գոյանալէ, հայրենիք ալ չենք երթար, արաղը հայրենիքի վերածած ըլլալով շատոնց: Այլ խօսքով, եթէ երթաք ու առանց արաղի վերադառնաք՝ գացած չէք ըլլար, այլ հայրենիքն է որ վրանէդ անցած-գացած կ’ըլլայ: Իսկ անարաղ վերադարձողն ալ անառակ է պարզապէս:
Յունուար 2014
Սիրելի Իշխան… Ձեր «Հայրենալլկում» խոհագրութիւնը «հայրենասիրական» գրականութիւնը հերձող եւ նոյն միտումով Ինքնութիւնը վերջնականապէս կորցնող վիթխարի մի խաւի ողբերգութիւնն է բացայայտում։ Միաժամանակ հաստատում է Հայրենիք հասկացութեան աննիւթականութիւնը, ինչին գրեթէ ամբողջ մի դար փոխարինելու եկաւ մատերիալիզմը եւ իդեոլոգիան (նիւթապաշտութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը)։ Թւում է, թէ բանաստեղծի «հոգեւոր հայրենիքը» եւս՝ այսօր աղերսում է բացայայտումի այն անհրաժեշտութեամբ որ գրականութեան մէջ ներարկուած ապազգային մի մեթոդ վերջին աւելի քան հինգ տասնամեակների ընթացքին ստեղծել է այնպիսի մի պատրանք, թէ սոսկ «ձեւով ազգային» հանգամանքը բաւական է հաւատ ընծայելու հայ գրականութեան ոչ հեռու անցեալի «բերքի» նկատմամբ։
Եւ այս հայեացքով դիտելիս՝ մատերիալիզմն ու իդեոլոգիան բացառելու պարագային անմիջապէս շողշողում են այն բացառիկ արժէքները, որոնք հազուագիւտ են, բայց իրական ու ճշմարիտ Հայ գրականութեան մէջ։ Աւելին, այդ արժէքները նոյնացնում են Հայաստանեան ու Տարաշխարհի ընդհանրութիւնը, որ հէնց այս օրերին վերջնականապէս խզելու գործն են սկսել «երկու տարբեր լեզու – երկու տարբեր ժողովուրդ» քաղաքական ծրագրի adeptus-ները։