Գեղամ Գրիգոր Գավաֆեան | Կորսուած վայրկեաններ

Գեղամ Գրիգոր Գավաֆեան
(1888-1859)

Արևմտահայ և սփյուռքահայ գրող, փիլիսոփա, ճարտարապետ, գիտական, կրթական, մշակութային, հասարակական-քաղաքական գործիչ: Ստեղծագործել է Օսմանյան և Հանրապետական Թուրքիայում, Ֆրանսիայում, Կանադայում:
Ծնվել է Կ. Պոլսում։ Որդին է գրող-մանկավարժ Գարեգին Գավաֆյանի։ Սովորել է Սկյուտարի Ս. Խաչ վարժարանում, ապա շարունակել ուսումը Պերպերյան վարժարանում։ Բարձրագույն կրթությունն ստացել է Փարիզում։
1910 թ. իբրև ճարտարապետ պաշտոնավարել է Բուրսայում, ապա 1911-13թթ. Պոլսի քաղաքապետարանում իբրև քաղաքաշինական ծրագրերի բաժնի ղեկավար: 1914-ից անցել է ուսուցչական աշխատանքի: 1917-27 թթ. եղել է Կ. Պոլսի Կենտրոնական վարժարանի տնօրենը, դասավանդել է փիլիսոփայության պատմություն և այլ առարկաներ։
1920-27 թթ., մանկավարժական աշխատանքին զուգահեռ, Թուրքիայում պաշտոնավարել է իբրև ճարտարագետ-ճարտարապետ, այդ տարիներին նախագծելով և կառուցելով կարևորագույն շինություններ՝ ինչպես Գատըգյուղի Թատրոնի շենքը, Վիեննայի մխիթարյան միաբանության Կ.Պոլսի վարժարանի շենքը, հասարակական, արտադրական նշանակության շինություններ, Իզմիրի հայտնի ջրամբարը և այլն:
Աշխատակցել է մամուլին, ունեցել հասարակական բեղուն գործունեություն։
Թղթակցել է Դանիել Վարուժանի, Կոստան Զարյանի, Յակոբ Քյուֆեճյանի (Օշական) 1914 թ. հիմնադրած «Մեհեան» գրական ամսաթերթին, ապա և նույն թվականին Դ. Վարուժանի և Հակոբ Սիրունու խմբագրած «Նաւասարդ» գրական տարեգրքին։
1922 թ. Կ. Պոլսում Կոստան Զարյանի, Վահան Թեքեյանի, Շահան Պերպերյանի, Հակոբ Օշականի հետ հիմնադրել է «Բարձրավանք» միամսյա գրական-գեղարվեստական հանդեսը, որի շուրջը համախմբվել էին եղեռնից փրկված մտավորականները՝ արևմտահայ հոգևոր կյանքը վերակերտելու ձգտումով։
Համագործակցել է նաև Սիամանթոյի, Դուրյան սրբազանի, Ռեթեոս Պերպերյանի, Հարություն Հինդլյանի, Տիգրան Չյոկյուրյանի, Տիրան Չրաքյանի (Ինտրա), Ռուբեն Չիլինիրյանի (Սևակ) և նշանավոր այլ դեմքերի հետ, որոնց մասին հետագայում նաև հուշեր է գրել:
Մահացել է 1959 թ., թաղված է Կ.Պոլսի Շիշլիի Հայոց գերեզմանատանը:

Աշոտ Ալեքսանյան

 

Գ Ա Ղ Ա Փ Ա Ր Ի Ն
Գերեզմաններու վրայէն՝ յառա՛ջ
ԿԷՕԹԷ

Ապագայ կեանքի մը հեռաւոր և տարտամ լուսաստուերը կը
խռովէ հոգիս, ու կարծես տարիներու խորունկէն իբր մարտազանգը մարդկային կեանքի ճգնաժամի օրերուն, կամ իբր տիեզերական գիտակցութեան մը հրամայական զարթօնը անկենդան հոգիներու զանխուլ լճացումին, Կէօթէի կոչը կ՛ոգեկոծէ միտքս. ան կը թուի ինձ իբր ադամանդեայ կայլակ մը որուն մէջ լուսածիր կ՛ընդելուզուի մարդկութեան ճիգը՝ բիւրեղացեալ. ու կը տեսնեմ յայտորոշիլն հսկայ ստուերներու՝ դէպի ցնորակէտ տեսիլին. անհուն ճիգով մը արձանացած. և լուռ շարքը անոնց որք անհամար կ՛ընթանան, անծայր ու անեզր իբր աննիւթական գործքի կենդանի խորհրդանիշ ու լուսաշող ստուերներու անվախճան կարաւան, իրենց յաւիտենական տողանցին մէջ՝ բեւեռեալ նպատակին դէպ ուղիղ: Եւ լո՛յսը որ ցոյց կու տայ ուղին, որ մերձաւոր խաւարին անթափանց սահմաններէն անդին ու անմատչելի պառաժներու ընդմէջէն հեռակայ բարձունքը կը պայծառացնէ իբր անմեկնելի տեսողութեան անդրահայեաց ճառագայթ. և ո՛յժը որ զիրենք կը վարէ, որ անդիմադրելի զօրութեամբ յորձանք կու տայ գնացքին, կը փոթորկէ անոնց ալքերը ու մինչեւ հեռաւոր հորիզոններուն կը տանի փրփուրն անոնց յուզումին և միակ կամքը կ՛ըլլայ անյեղլի ճակատագրին սրբագրիչ, որ նիւթին կեանքը կ՛ըլլայ ու դաշնակումը կեանքին. Գաղափարը՝ միշտ այլազան բայց միշտ նոյն, աննիւթ անշօշաμելի էութիւնը որ հոգիները կը զօդէ, որ իր իսկութիւնը կը թափանցէ անոնց մէջ, որ կը խմորէ, կ՛անօսրացնէ ու իր ձեւերուն մէջ կը բիւրեղացնէ զայնս և համադիր, համազանգուած կը կուտակէ ամբողջական կարողութեան ի խնդիր: Գաղափարը՝ սեւեռեալ, կոյր, անդիմադրելի, իբր խորհրդաւոր ոյժ և գերազօր վարիչ ու յաւերժական գիտակցութեան ադամանդեայ ճառագայթ, ինձ լուսասփիւռ կը խորհրդանշի մարդկային գործունէութեան ճիգի եւ փառքի օրերուն:
Ու (կը) խորհիմ ճիգի ու փառքի օրերուն որոնք մերն ալ են եղեր: Երբ հեռաւոր անցեալին մշուշապատ տարտամութեանը մէջ, այս սուրբ իրիկունին, հոգիս կը դեգերի մեծաշուք ստուերներու անմատչելի հորիզոններու եզրին անոնց կենսատարփ ջերմութեամբ պարուրուելու և լայնասփիւռ շունչովն օրօրուելու: Ցեղիս արիւնը կ՛ալեկոծէ սիրտս: Կը նայիմ այդ հեռաւոր դարերուն ուր կեանքը՝ գործ, ուր միտքը՝ լոյս ու Գաղափարը՝ ոյժ են եղեր. ուր հասարակ կիրքերէն վեր և գետնասող ուղիներէն անդին մեծ կրքեր, մեծ հոգիներ մեծ նպատակներու են վարեր, մեծ ճանապարհներէն: Ուր մարդկութեան միտքը, երիտասարդ արիւնովը առլցուն, դեռ չի կգած իր հանճարին բեռան տակ, անագահ կը շռայլէր ծնունդն իր լուսարգասիկ յղութեան: Ուր մարդկութեան սիրտը, նորաստեղծ խանդովն փրփրուն, իր մշտասփիւռ զեղմամբը անվատասեռ տակաւին, անկշիռ կը բաշխէր գանձերն իր լուսապարգեւ բարութեան: Ուր մարդկութեան գիտակցութիւնը, իր մեծութեան ինքնհայեաց ըմբռնումովը արբշիռ, իր պատրանքին դեռ եւս կոյս վարագոյրին ետեւէն, ամենուրեք անմատչելիօրէն կը սփռէր փայլն ու փառքը իր լուսատարած պայծառութեան:
Կը նայիմ այդ դարերու հրդեհին: Ան արշալոյսներու շքեղութիւնը ունի, ցերեկներու պայծառութիւնը, վերջալոյսներու ահեղութիւնը: Հորիզոններու շատրուանն է ան, միտքերու ճառագայթումը, սրտերու բոցավառումը, հոգիներու փայլն է: Մեծութիւններու հնոցն է ան յաւերժութիւններու դարբնոցը, երանութեանց դրախտը, Աստուծոյ նայուածքը:
Կը նայիմ հին դարերու հրդեհին: Քաղաքներու աւերակները բաւական մոխիր չեն ունեցեր զայն ծածկելու ու ցեղին արիւնը անկարող է եղեր զայն մարել. ան քրտինքով է օծուեր և հանճարով ճարակեր. կամարներէ ի կամար և կատարէ կատար, մինչեւ տամուկ խորշերն ու կորսուած օթեւաններն հեռակայ սահմաններուն, ու մինչեւ ստորին աստիճանը ճակատագրի սանդուխին, թափանցեր է ան, իբր իսկութիւն կեանքի, գաղափարին շունչովը արծարծուն: Ու անծանօթ անապատներու մէջ կը տեսնեմ կարաւանը մեծ զոհին, որ զգլխիչ մոլուցքէ տենդավար, անյայտ կը սուզի Բաաղի թեւերուն մէջ Գաղափարին կրակովը վառելու:
Կը նայիմ մեծ դարերու հրդեհին: Անոր ոսկեփառ կարմիրը կը սաւառնի այժմ մխացող անտառներու երկինքէն՝ սաւառնող հուրին երազատենչ: Անոր քմայքը կը յածի հոգեվարք կեանքերու շուրջ, որոնք կծկտած ու անձկութեամբ կը սպասեն անոր հպումին, անկարելի և անպատում սարսուռով թափանցուելու: Ու անոր ալիքը, դաշնակօրէն կը կուտակուի հորիզոններուն մէջ ծովեզերեալ հոգիներու՝ հին օրերու ծփանքներուն կարօտովը հայրենաբաղձ: Կը նայիմ այդ դարերու հրդեհին ու խօլ, անդիմադրելի բաղձանք մը անհուն տենչանք մը կ՛ունենամ էութեամբս յետադարձ կորսուելու անոր անսահման փառքին մէջ, անոր հուրովը լուսաւորուելու, անոր բոցովը սպառելու, անհուն ցոլքին մէկ ճառագայթը ըլլալու: Եւ երբ բարձունքէն խելացնոր ու հիասթափ կը գլորիմ ճակատագրիս ուղին, մեռելի չափ տժգոյն կը տեսնեմ հոգիս՝ աճիւններուն աւանդապահ հսկող: Ու մտիկ կ՛ընեմ հեռաւոր ձայներու անճառելի քաղցրութեան. անոնք գագաթներու պայծառութիւնը և գծերու անդորրութիւնը ունին: Անստուեր ճաճանչներու լռութիւնը, խորաններու սրբութիւնը և լռութեան վեհութիւնը: Ծանօթ ձայներու հնչիւնը ունին ու աստուածային բարբառին շեշտը. համր ու անշշուկ կը խօսին, կը գգուեն ու կ՛ահաբեկեն միանգամայն. անոնք մեծ լոյս մը ցոյց կու տան ու կ՛ըսեն. «Թող կեանքդ մէկ վայրկեանը ըլլայ Գաղափարին կեանքին ու կամքդ մէկ հանգրուանը նպատակին իրագործման. սեւեռէ՛ նայուածքդ, և քու հորիզոնդ մթագնող ամպերէն հեռուն տեսիր, ու թող խորհուրդդ չ՛այլայլի, ոյժդ չի կասի ու քաջութիւնդ չի թեթեւի խաւարին առջեւ: Յառա՛ջ քալէ: Անսահման անջրպետներու ընդմէջէն և բարձրաբերձ ապառաժներու կատարէն: Գիշերուան աղջամուղջը ճեղքող արշալոյսներուն նշոյլովը վարուած, գերեզմաններու վրայէն և գերեզմաններէն անդին՝ յառա՛ջ, Մեծ Գաղափարին»:

Հոկտեմբեր, 1913թ.

***
Ի՞նչ է ազատութիւնը մարդոց. անիկա եղծուած ամբողջականութիւն մըն է, հին յիշատակ մը, կարծես խղճահարութիւն մը անցեալ վիճակի, անհատին վերյիշումը ընկերային մարդուն մէջ, որ իր ինքնութիւնը – թերեւս դժնդակ վախճանականութիւնը – ուրացեր է հեշտագոյն կեանքի մը ի խնդիր, արուեստներու եւ գիտութեանց ի խնդիր, բնութեան հետ իր յարաբերութիւններուն աւելի դիւրին, աւելի ՙխնայողական՚ ձեւերու ի խնդիր, ընկերային վախճանին ի խնդիր: Ու գերի այսպէս՝ ան պիտի քալէ իր նոր ճակատագրի գծերէն,
կեանքին նպատակը դուրս պիտի ըլլայ իր ինքնութենէն ու եսին ու ինքն իսկ պիտի ըլլայ պարզ խորհրդանշանը այն դերին զոր կը կատարէ: Իր զօրութեան, իր կարողութեան սկիզբը դուրս պիտի ըլլայ իրմէ, անոնք պիտի ըլլան իր գրաւած դիրքին զօրութիւնը եւ կարողութիւնը, ու իր մէջը չէ որ պիտի գտնէ պատճառները իր ապիկարութեան: Ան պիտի շարժի որպէս կէտը զոր կը գրաւէ, պարտաւոր է շարժիլ, ու իշխան, տէր թէ ստրուկ ան պիտի հպատակի ճակատագրի անյեղլի օրինաց:
***
Ի՞նչ է ապա հաւասարութիւնը մարդոց, եթէ ոչ մէկը իր ազատութեան ստորոգելիներէն: Ընկերային կեանքը իր նպատակովն իսկ ձգտում մըն է դէպի առաւելոգոյն արտադրում, առաւելագոյն արդիւնաւորում մարդկային ճիգերու, ու Տիեզերքի մէջ ոչինչ կ՛արտադրի առանց լինելութեան, ոչ մէկ ճիգ կ՛արդիւնաւորի՝ առանց որ Տիեզերքը քայլ մը աւելի ընէ դէպի միահարթութիւն, հաւասարութիւն, դէպի մահ: Ու ոչ մէկ հիւլէ կը շարժի առանց որ առաւել ներդաշնակութիւն ներածի իր մէջ: Այդ է նաեւ ընկերային կեանքը. իր ստեղծիչ կարողութեանց կիրառումը զայն աւելի ընդհանուր կ՛ընէ տակաւ, տակաւ կը հարթէ անոր անհարթութիւնները, զայն տակաւ կը վերածէ աւելի միաձոյլ զանգուածներու, աւելի փոքրաթիւ կարգերու, որոնց փոխադարձ անհարթութիւնը կ՛աւելնայ կարծես, իրենց ինքնուրոյն ներդաշնակութեան զարգացմամբ, մինչեւ որ ան կատարեալ՝ ճիգի միակ կարելիութիւնն ըլլայ անոր իրերախառնումին մէջ:
Ու Տիեզերքի կեանքն ալ մահուան պատրաստութիւն մըն էայսպէս:
***
Մեր իրականութիւնը չի տար մեզի պատճառի և արդիւնքի յարակցութիւնը և հետեւաբար չէ կարող մեզ ցուցնել, թէ ինչ պիտի ըլլայ ներկայ վայրկեանին յաջորդող իրականութիւնը:
***
Գաղափարը կամ մտքի օրէնքներն են որ կը կազմեն իրականութիւնը ու բուն, նիւթական իրականութիւնը անոր պատշաճեցումն է միայն…
***
Գաղափար մը, երբ մտքին մէջ հասուն է, ալ չի կրնար պարտկիլ անձուկ սահմաններով, ու ամէն ելք բաւական լայն է իրեն որևէ կերպով արտայայտուելու համար:

***
Հէկէլ կը սահմանէ իր հոյակապ տարազին մէջ, զոր ազատօրէն կը թարգմանեմ, «Վայրկեանի մը իրականութիւնը համաձայն է այն եզրակացութեան զոր մտքի օրէնքները պիտի հետեւցնէին նախորդ վայրկեանի իրականութենէն»:
***
Ի՞նչպէս գտնել, ո՞ւր փնտռել ընդհանուր օրէնքը, որ ԱՄԲՈՂՋԸ բացատրէ, երբ իր զանազան փուլերը անմեկնելիօրէն կ՛իրերախառնուին: Այդու՝ հարկ է զատել իմանալին անիմանալիէն, հասանելին վերանցականէն…

1910-11թթ.

 

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ

Ա.
Երազ մը ունէի, ու երազիս հետ, ու երազովս
կ’ապրէի առանձինն:
Ինձ համար կեանքը պայծառ էր,
մարդկութիւնը յաւերժական եւ տիեզերքը անճառ:
Բայց տեսայ որ կեանքը մթի՜ն է,
մարդկութիւնը վայրկեանի մը թշուառութիւնն է. տիեզերքը
անյո՜ւշ է:
Ու երազս ինձ հետ մնաց, լոկ ձեւ մը միայն,
անկենդան ալիք հին օրերու սարսուռին:
Յոյս մը կ’առաջնորդէր կեանքիս, ու յոյսիս հետ,
ու յոյսովս կ’ապրէի առանձինն:
Կը հաւատայի ճիգին, կը հաւատայի գոյութեան,
կը հաւատայի սիրոյ:
Բայց զգացի թէ ճիգը աննպատակ է,
գոյութիւնը պատրանք մ’է ու սէրը պժգանք:
Եւ Յոյսս մնաց ինձ հետ, լոկ յիշատակ մը
միայն, անկենդան տեսիլք հին օրերու հաւատքին:
Անծայր պարապութիւնը եւ անայլայլ
լռութիւնը պատեցին հոգիս:
Վախցայ թէ հոգիս ալ դիակ մըն է. ուզեցի
ծիծաղիլ, ուզեցի ծիծաղիլ մահուան դէմ:
Բայց ծիծաղս դա՜ռն եւ խուլ արձագանգեց,
գերեզմաններու խորը թրթռացող գանկերու նման:
Անխորհուրդ եւ անփայլ նայուածքս կը սեւեռեմ
այժմ անջրպետներու խորը, ու անխռով կը նկատեմ դիակները,
որք կ’ընթանան, որք կ՛անհետին տակաւ, Երազիս, Յոյսիս, եւ
Հոգւոյս:

30 Սեպտեմբեր 1914

Բ.
Սեւ երիվար մը ունիմ.
Իմ երիվարս եբենոսի պէս սեւ է, եւ իր աչքերը
խաւարին մէջ ճառագայթող արեւներու շողիւնը ունին:
Իմ երիվարս ադամանդի պէս փայլուն է, եւ իր մարմինը
աննիւթական ձեւերու լրութիւնը ունի:
Իմ երիվարս աստուածի մը չափ խրոխտ է, եւ իր
գնացքը յաւերժական ճանապարհին փառքը կը պատմէ:
Սեւ երիվար մը ունիմ եւ ճերմակ Սիրուհի մը ունիմ:
Իմ Սիրուհիս ճերմակ է գիշերին մէջ պայծառացող
ամպերուն նման, եւ իր աչքերը սառած անջրպետներու խորը
թափանցող արեւներու հուրը ունին:
Իմ Սիրուհիս շողշողուն է արեւելքի արքայներու
հարճերուն նման, եւ իր իրանը անպարոյր կուսութիւններու
հմայքը ունի:
Իմ Սիրուհիս զոհաբերող քրմուհիի մը չափ խրոխտ է, եւ
իր ժպիտը յաւերժական երազներու ցանկութիւնը կը պատմէ:
Իր ժպիտը ինձ կը պատմէ բոլոր ցանկութիւնները
վայրի, ու վայե՛լքը, ու հրապո՛յրը, ու ճոխութի՛ւնը, ու
անկարելի, անբացատրելի հեշտանքը ստեղծագործ անէացման:
Բայց, անայլայլ եւ անխռով, ես կը փարիմ
աստուածագեղ Երիվարիս, անծայրածիր իտէալիս լերկ
բարձունքները թափառելու:

12 հոկտեմբեր 1914

Գ.
Վերջին ստուերներն ալ անհետացան:
Անոնք գացին դողդոչ եւ վեհերոտ գնացքով. կորսուեցա՜ն
անհորիզոն անջրպետներու խորը, կորսուեցան խաւարին
լրութեանը մէջ:
Վերջին ստուերները կորսուեցան անյիշատակ. եւ
գիտակցութեանս անեզր պարապութեանը մէջ, խուլ եւ անդորր,
մեռելներու յաւիտենական բարբառը, համր եւ անշեշտ
արձագանգեց:
Գերեզմանի տժգոյն ընծայ.
Ապառաժին վրայ կանգուն.
Եզրը ծովուն ալեխռով քու էութեանդ ամեհի.
Երբ նկատես փրփուրն արծաթ,
Յորձանապտոյտ փրփուրն անբաւ կոհակներուն որք
գալարուն,
Ապառաժին կողերէն վեր,
կը փշրուին. յաւիտենին երազանքովը սիրատարփ:
Երբ նկատես փրփուրն անթոյր,
Եզերական փրփուրն տմոյն կոհակներուն որք նուազուն,
Ապառաժին կողերէն վար,
Կ’իջնեն. ունայն տեսիլքներուն զուր հմայքէն հիասթափ:
Ու րոպէին այն փախստեայ,
Ուր կ’անհետին ձայներն նուազ, կ’անրջանան ձեւերն
անշարժ,
կը լռէ ծո՛վն ալ համօրէն.
Երբ րոպէին այդ մենաւոր խորասուզես նայուածքդ վճիտ,
Ալքերուն մէջն անթափանց ծովուն թշուառ էութեանդ,
Ու, մեռելի պէս դալկադէմ,
ցնորքներուդ տեսնես տժգոյն կարաւանին փախչիլն
անդարձ:
Երբ մթագնի քու հոգւոյդ խորը անհուն երազը կեանքին.
Երբ սպառին արշալոյսներն
Ու խաթարին գիծերն աննիւթ. գիծերն անճառ արուեստին.
Երբ այլայլին ձեւերն համայն
Ու գոլորշւոյն պէս՝ որ ցնդի մարզերուն մէջն հրաշէկ,
Իտէալիդ վսեմ տեսիլքն անհետի:
Երբ խորհուրդիդ մէջ վրդով եղծի օրէնքն ադամանդեայ
ճշմարտին
Ու տարակոյսը մռայլ,
Իր շուրջպարոյր ոլորտներուն մէջ յամրօրէն ու տակաւ,
Քու հաւատքիդ կիսանդրիներն անկարեկիր սքողէ:
Երբ մի առ մի, երբ ջահ առ ջահ մարի՜ն լոյսերը բոլոր,
Ջահերն հոգւոյդ, լոյսերն անբիծ աստուածակերտ խորանին,
Երբ նուազին շողերն անթոյր
Ու գիշերին մէջ տարուբեր, չոր տերեւի մը հանգոյն,
Դու անպարոյր, ու անստուեր, ու անհատակ վիհերուն խորը
յաւերժօրէն, յաւերժօրէ՜ն թափառիս.
Անջրպետին երբ ամայի դալկութեանցը մէջ դժխեմ
Ոչ մէկ նշոյլ, ոչ մէկ ստուեր, ոչ մէկ շշուկ կամ թախիծ,
Թափառայած գնացքիդ մէջ
ունենաս քեզ ապաւէն, քու գոյութեանդ վկայ.
եւ երբ ոչինչն, ամենակալ իր որկորին յետին զոհ,
քու մթացած, քու անխորհուրդ աչքիդ առջեւ ընկլուզէ
խաւարին սեւ տեսիլքներն, ուրուականներն խաւարին,
Ու անոր դէմ մնաս մինակ.
հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն,
մտիկ ըրէ իմ երգին:
Մտիկ ըրէ մեռելներու երգին խաղաղ, անշունչ երգին
մեռելներու:
Թող մերկանայ տժգոյն հոգիդ լուսատենչիկ հմայքէն,
Ու արհաւիրքը խաւարին
Ա°լ թող չ°ըլլայ մռայլ հսկողը դալկադէմ խորհուրդիդ.
Դո°ւ անխռով
հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն,
մտիկ ըրէ մեռելներու երգին անլուր:
թող երազի մը պէս պատիր, անհետանայ անհուն տեսիլքն
անհունին
ու նուազի թող յոյսդ բոլոր յաւերժական գոյութեան.
Դո՛ւ անայլայլ,
հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն, հեռունե՜րէն
մտի՜կ ըրէ.
Մեռելին փա՜ռքը պիտի պատմեմ:

9 Դեկտեմբեր 1914

Դ.
Չը գիտեմ ո՛ւր եմ լսեր.
Իրիկունին՝ երբ ստուերներն խուսափուկ.
Վերեւ լաժուարդ ծովերուն ու ծովափին մենաւոր,
Որք անհունին անձկագին կ’ունկնդրեն խուլ դաշնութեանց,
կը տարածեն լայնասփիւռ թախծութեանց քողն անթոյր.
Իրիկունին՝ Գալապրայի ժայռերուն սեպ կողերէն
Երբ կը ծորի գիշերներու աննիւթական լրջութիւնն,
Ու դարաւոր սարերն իրենց կատարներէն անթափանց
Յաւիտենին դալկադէմ շուքը ծովուն վրայ կ’երկարեն.
Իրիկունին՝ նշուլերանգ մարզերուն մէջն անշշունջ
Հէքեաթներու դիցուհիներն՝ օդերու խօլ պարիկներուն,
Դեռ եւս վրդով ու դողդոչուն անուրջներու տեսիլքէն,
Ծփանքներուն մէջ եթերին, երազանքով կը պատմեն:
Բիւր ճախրալի ճողփիւններով,
Ծովուն մէջէն ծիրաներփեայ,
Նաւեր անբիծ եւ անվրդով
Սահին վճիտ ալեաց վերայ.
Տանին զուարթ կոյս հոգիներ
Թոյր շողերու անգին նուէր:
Եւ ծուփ ի ծուփ նաւերն անքոյթ
Կքին բեռան տակ բերկրալի
Բեռան՝ ոգեաց աներեւոյթ.
Նաւերն գնան եւ խանդով լի
Տանին զուարթ կոյս հոգիներ
Թոյր շողերու անգին նուէր:
Հորիզոնին մէջ շափիւղայ
Շողայ փրփուրն արփիագեղ
Մէջ շողերու ծիրաներփեայ
Հոգիներ կոյս եւ սիրազեղ
Մատչի՜ն, մատչին լոյս խորանին
Թոյր շողերու նուէր անգին:
Իրիկունին՝ հոգւոյս վերեւ ստուերներն երբ սաւառնին,
Ես կ’երազեմ զօրութիւններ որք անպատում հմայքով
Զիս յոյզերուս ծփանքէն վեր բարձրացնեն սարսռագին.
Ու մարզերուն մէջ շողշողուն, լոյս մարզերուն մէջ անխռով,
Զիս անսահման բացարձակին տանին բոցովն սպառելու,
Բագիններու մէջ ոսկեհիւս, ւ’արփիագեղ շողերու:

18 Յունուար 1915

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *