Կարէն Ճալլաթեան | Սփիւռքը չուշացնել

Ակնարկ համագումարի մը շուրջ[1]

Անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Ֆիլատելֆիա քաղաքը, Փէնսիլուանիոյ Համալսարանի պատերէն ներս տեղի ունեցաւ «Անհաւատարմութիւններ։ Հայագիտութիւնը՝ այլկերպ» (Infidelities: Armenian Studies Otherwise) խորագրով համագումարը Տէյվիտ Գազանճեանի, Վերոնիկա Զաբլոտսկիի եւ Դիանա Խաչոեան-Շանցի կազմակերպութեամբ։ Ճոխ համագումար մը՝ նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ բացի համալսարանական զեկոյցներէ, ընթացիկ աշխատանքներ ներկայացնելու հրաւիրուած էին արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ բնապահպանական եւ քաղաքական պայքարներ ստանձնած յանձնառու գործիչներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։ Ճոխ՝ նաեւ այն պատճառով, որ հայագիտական որեւէ հաստատութիւն դժբախտաբար սա պահուս գոյութիւն չունի Փէնսիլուանիոյ Համալսարանը։ Սակայն հայագիտութիւնը նոր չէ հոն. Վարդան Գրիգորեան եւ Վահէ Օշական այս համալսարանին մէջ դասաւանդած են հայութեան վերաբերող նիւթեր (բայց ոչ միայն) եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն։ Սոյն գրութիւնը ստորագրողը եւս ներկայ էր համագումարին՝ որպէս զեկուցող եւ քննարկող։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ հակազդեցութիւնս, առանց թուարկելու հրաւիրեալներու ամբողջական ցանկը, բան մը որ դժուար չէ առցանց ճարել։

Ընդհանուր առմամբ, համագումարը կ՚առանձնանար տեսաբանական մտածողութեան քննական գործիքներ բանեցնելու կամեցողութեամբ եւ իր բարձր մակարդակով։ Այս ամբողջին մէջ նշանակալից տեղ ունէին յետգաղութատիրական եւ ապագաղութատիրական, քաղաքական-տնտեսական, կնոջական եւ «սէռայնական» ուսումնասիրութեանց մօտեցումները։ Նելլի Սարգսեան, Թամար Շիրինեան, Վերոնիկա Զաբլոտսկի, Մաշինկա Ֆիրունց Յակոբեան, Մարիաննա Յովհաննիսեան, Էլիզ Սեմերճեան, Արլին Աւագեան եւ այլոք բարձրաձայնեցին եւ տեսաբանեցին քննական այս հոսանքներու միջահատումներուն (intersections) շուրջ, զանազան համածիրերէ ներս։ Շարժանկարներու ցուցադրութիւնները եւ անոնց յաջորդող քննարկումները եւս առիթը հանդիսացան անդրադարձներ կատարելու այս նիւթերուն շուրջ, բան մը որ առողջ եւ դրական երեւոյթ մըն է հայագիտութեան համար, քանզի այդ ձեւով՝ նկատի կ՚առնուին այնպիսի երեւոյթներ, որոնք ազդեցութիւն թողած են եւ կը շարունակեն թողուլ Արեւմուտքի ընթացիկ քննական մտածողութեան վրայ։ Ինչպէս Տէյվիտ Գազանճեան նշեց, քննական այս ախատանքը հարկաւոր է, որ նախ արժանի կերպով գնահատուի հայագիտական կառոյցներու կողմէ:

Համագումարին ծիրէն ներս տեղ գտած էին այլ մօտեցումներ եւս։ Այկատերինի Կէկիսեան մեր ժամանակաշրջանի գերիշխող արխիւները խախտող լուսանկարչութեան ներուժին մասին վկայող իր աշխատանքներէն ներկայացուց։ Մարիաննա Յովհաննիսեան արխիւները կազմաւորող ներքին տրամաբանութիւնը ապակառուցող մօտեցումներու ակնարկնեց, իր խնամակալական (curatorial) գործերուն ընդմէջէն։ Արխիւի խնդիր մը կար նաեւ Անահիտ Ղազարեանի տարած ուսումնասիրութիւններուն մէջ, որոնք պոլսահայ Մարիամ Շահինեան լուսանկարչուհիի գործունէութեան շուրջ վաւերագրական շարժանկարի մը յանգած են։ Էլիզ Սեմերճեան ներկայացուց վերջերս հրատարակած իր գիրքէն՝ Remnants: Embodied Archives of the Armenian Genocide (Մնացորդաց։ Հայոց ցեղասպանութեան մարմնաւոր արխիւները), ուր արխիւը մարմնաւոր ըլլալէ զատ ի միջի այլոց կը տեսաբանուի նաեւ որպէս կոտորակուած։ Աղէտի արձագանգներուն անդրադարձաւ Շուշան Աւագեանի զեկոյցը` քննարկման նիւթ ունենալով Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ»ի անգլերէն թարգմանութիւնը Ճէֆրի Միքայէլ Կօշկարեանի կողմէ։ Համագումարին վերջաւորութեան թարգմանութեան չափազանց կարեւոր երեւոյթին անգամ մը եւս անդրադարձ եղաւ, այս անգամ մեր ուշադրութիւնը հրաւիրելով Շուշան Աւագեանի Անվերնագիր գիրքին Դիանա Խաչոեան-Շանցի կողմէ վերջերս կատարուած անգլերէն թարգմանութեան վրայ։

Համագումարը եզրափակող սակայն ոչ ամենէն վերջին նիստը՝ կլոր սեղան մըն էր Հուրի Պէրպէրեանի, Արլին Աւագեանի, Հրակ Վարդանեանի, Թամար Պոյաճեանի եւ Մարիաննա Յովհաննիսեանի մասնակցութեամբ։ Տէյվիտ Գազանճեան կը վարէր նիստը, որուն ընթացքին Հրակ Վարդանեան յորդորեց որ հայութիւնը ցեղայնականացնող (racializing) մօտեցումներուն անդրադանռնանք քննական եւ գիտական ձեւով։ Նկատի ունենալով որ աւելի կանուխ՝ Նելլի Սարգսեան, Թամար Շիրինեան եւ նոյն նիստին Արլին Աւագեան թելադրած էին կնոջական, շրջապատի պաշտպանութեան, քաղաքական տնտեսութեան նկատառումները կողք-կողքի բերել յանուն կիներու, բնութեան, կենդանիներու ազատագրման, հետեւեալ հարցումը կ՚արժէ տալ. ի՞նչն է որ կը պակսի այս ամբողջին։ Պատասխան՝ Սփիւռքը։ Ըսել կ՚ուզեմ որ տեսաբանական-քննական վերոյիշեալ մօտեցումները պէտք է սփիւռքացնել։ Ի միջի այլոց նաեւ արեւմտահայերէնով։ Ցեղայնականութիւնը, հայրատիրութիւնը, գաղութատիրութիւնը ապակառուցելու հրամայական մը կայ, յանուն բազմամշակոյթ եւ բազմալեզու հայկականութեան մը, որ բացայայտ կերպով եւ հետզհետէ աւելի՝ նաեւ սփիւռքեա՛ն բնոյթ ունի։ Հրամայական՝ Սփիւռքը (կամ աւելի ճիշդ սփիւռքացումը) որպէս համահաւասար բայց տարբեր ստորոգութիւն գործածել վերոյիշեալ եզրաբանական-քննական մօտեցումներու հետ մէկտեղ։ Հարց տալ օրինակ՝ թէ հայերուն առնչուող սփիւռքեան երեւոյթները ինչպէ՛ս կարելի է նկատի առնել, ապակառուցելու համար հիւսիսային ամերիկեան ցեղայնականութիւնը։ Նոյնը՝ կնոջական, սեռային հարցերուն վերաբերեալ։ Հոս է որ միջահատողականութեան (intersectionality) գաղափարը կարելի է ընդլայնել ներառնելով «սփիւռքացում»ը որպէս ստորոգութիւն։ Այսպէս է որ սփիւռքեան մեր գոյավիճակը կրնայ ստանալ իր արժանի տեղը։

Սփիւռքը ի գործ դնելով որպէս համահաւասար բայց տարբեր երեւոյթ՝ հարկ է նաեւ պատմականացնել սփիւռքացման շարժընթացները, որոնք մեզ կը ձեւաւորեն ներքնապէս։ Այս առումով Դալար Շահինեանի ներկայացուցած նիւթը (որ կը համեմատէր Փարիզեան Մենքի սերունդի եւ քաղաքացիական պատերազէն առաջուան Պէյրութի սփիւռքեան գաղափարաբանութիւնները) չափազանց շահեկան էր։ Ուշագրաւ է որ Դալար Շահինեանին գիրքը Stateless: The Politics of Armenian Language in Exile (Առանց պետականութեան։ Հայերէն լեզուի քաղաքականութիւնը աքսորի մէջ) վերջերս լոյս տեսաւ։ Իմ զեկոյցս եւս ուղղուած էր սփիւռքը պատմականեցնելուն. անիկա անդրադարձաւ Վահէ Օշականի թատերական գործերուն որպէս Ալեքսանդր Շիրվանզադէի, Լեւոն Շանթի եւ Յակոբ Օշականի թատրոններէն տարբերուղող գործեր, որոնք՝ ներշնչուած ըլլալով յետ-պատերազմեան Եւրոպական գոյապաշտական անհեթեթի թատրոնէն, կը միտէին սփիւռքացնել արեւմտահայերէն թատրոնը։

Հարկ է նաեւ յիշեցնել որ հայկական սփիւռքի մէջ դասակարգային քաղաքական-տնտեսական իշխելակերպերը վերլուծելու կոչեր եղած են ասկէ առաջ։ Երկու օրինակ պիտի տամ։ Նախ՝ La struttura negata [Ժխտուած կառոյցը] վերնագրով Միլանօ տեղի ունեցած ICOMի համագումարները (1978-1981), ուր ի շարս այլոց՝  Գրիգոր Պըլտեան եւ Ժիրայր Լիպարիտեան ուզած են առաջարկել նման վերլուծումներ, սփիւռքացման շարժընթացները պահպանողական, ազգայնական նեղ գաղափարաբանութիւններէ ազատագրելու ուղղութեամբ։ Համագումարներուն արդիւնքները երկու հատորով լոյս տեսած են, Մարկ Նշանեանի եւ Ռէմօ Փօնփօնիօի խմբագրութեամբ։ Երկրորդ օրինակ. Ժիրայր Լիպարիտեանի ղեկաւարած շրջանին Զորեան Հիմնարկի աշխատանքներուն ցոլացնող What Is to Be Asked? (Ի՞նչ հարցումներ ուղղել, 1984) խորագրով գրքոյկը (առցանց մատչելի), հրապարակ ելած Խաչիկ Թէօլէօլեանի եւ Հիմնարկի աշխատակիցուներուն խմբագրութեամբ։ Մեր Սփիւռքի մտաւորական անցեալն է, որ արձանագրուած է հոն, իր բոլոր անկարելիութիւններով։

Յուսանք՝ Հայաստանի մեր նորահաս մտաւորականութիւնը պիտի կարենայ Սփիւռքը ճանչնալ եւ ընդունիլ որպէս այդ։ Սփիւռքի մէջ ծնած եւ անոր պայմաններով կազմաւորուած մտածողները յուսանք՝ պիտի ընդունին որ իրենց ճակատագիրը, առանձնացնող նշանը՝ նոյն ինքն Սփիւռքն է, որուն ստեղծագործական ներուժի առումով ընծայած դիրքէն՝ անոնք չափազանց արժէքաւոր ներդրում կրնան ունենալ քննական ընթացիկ եւ կարեւոր այդ բոլոր հոսանքներուն մէջ, որոնք նկատի առնուեցան «Անհաւատարմութիւններ» համագումարին առիթով։ Սփիւռքի հետ «բնականաբար» կ՚ուշանայ նաեւ արեւմտահայերէնը։ Պարզ չէ թէ ինչու լեզու մը սորվիլը եւ գործածելը այդքան անհնարին բան մը պէտք է ըլլայ։ Անձնական գետնի վրայ պարտութիւնները շատ են։ Կառուցային, հաւաքական գետնի վրայ նորոգելիք եւ ստեղծելիք շատ աշխատանք ունինք տանելիք։

Մարտ-Ապրիլ, 2023, Ֆիլատելֆիա-Լոս Անճելըս

[1] Երախտագիտութեան խօսքս կ՚յայտնեմ Մարկ Նշանեանին սոյն գրութիւնը խմբագրելու համար։ Այնուամենայնիւ, անոր մէջ տեղ գտած առաջադրութիւններու ճշգրտութեան եւ խոհեմութեան համար պատասխանատուն կը մնամ սոսկ ես։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *