Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան | Թագաւորը Կ՛ուզեմ Տեսնել

Հալէպի բերդին ստորոտը նստած եմ քարի մը վրայ, համայնապատկերը վերէն դիտելը քիչ մը վտանգաւոր է, նոր յայտնութիւններ իրենց թաւալքին մէջ կրնան առնել քեզ ու տանիլ շատ հեռուներ։ Ցաւալի պատանքներով, կարկտաններով ու անհամար վիրակապերով քաղաքին պատկերը անճանաչելի դարձած է։ Ծառերէն լերկացած տարածքներ, տեղ-տեղ ալ քարակոյտեր՝ որոնց բաղադրութիւնն ու սկզբնաղբիւրը միայն մնացած է անփոփոխ, թէ՞ այս տարածքին ֆոնին վրայ շարժող ամէն բան նաեւ կու գայ հինէն՝ անփոփոխ արմատներու շնորհիւ։
Վարը ազատագրուած Հալէպն է։ Ինձմէ քիչ մը վեր Տիգրանի բերդի մուտքին արաբ զինուորներ են․ որոնց նահատակ եղբայրներուն արեան գինով, այս անգամ արդէն որերորդ անգամ պահպանուեցաւ բերդը, մնաց հաստատուն ու օրհնուած ինչպէս միշտ ալ եղած է: Մօտս կեցող այս զինուորներուն եւ անոնց ընկերներուն «որոնց մէջ բաբելոնի ժամանակներէն եկող արմատներ կան, բազում ազգերու ներկայացուցիչներ», պարտական ենք այս տանջուած բայց աննկուն քաղաքին յաղթանակն ու պաշտպանութիւնը։ Անոնցմէ քիչ մը ներքեւ, իմ նստած հարթութեանս համահաւասար, ինծի պէս՝ ուրիշ քարի մը վրայ նստած, միջին տարիքը անցած կապոյտ ծաղկաւոր գլխաշորով, սեւ երկար զգեստով արաբ կին մը, բջիջայինով կը խօսի։
Պատկերին ֆոնը հաւանաբար բազմաթիւ դարեր այսպէս նոյնը մնացած է, նոյն՝ հաւասարաչափ տաշուած, իրար կողքի շարուած ու կառոյցին հիմքը կազմող հսկայ քարերը․ բերդաքաղաքը իր պարիսպներով, գարնանային նորածիլ կանաչը, ծաղկած քանի մը ծառը, ու բերդին ամայի լերկ կողերը՝ տեղ-տեղ կանաչ խուրձերով ու մարգարտածաղիկներով զարդարուած․․․
Պատկեր՝ անշարժ հիմքի վրայ։ Յատակին կասկանաչ նորաշունչ մարրգարտագետինով շրջապատուած է բերդը։ Շատ հաւանաբար միայն ես ու այդ արաբ կինը, պատկերը այցելող նորեկներ ենք։ Աւելի ճիշդը միայն ես՝ նորեկ մը ըլլալու եմ․ իմ ֆիզիքական ծանօթութեանս կամ գոյութեանս պատմութիւնը այստեղին հետ, միայն հարիւր տարուան տեւողութիւն ունի։ Ինծի կը թուի թէ այս կնոջ արմատները կու գան բերդին տարածքէն, ինչպէս այս զինուորներուն գոյութիւնը՝ հին ասորեստանէն։ Դեռ աւելին, անոնց արեան հոսքը սկիզբ կ՛առնէ բերդին ստորոտէն, շատ խորերէն, ծառերուն արմատներուն զուգահեռ շարունակականութեամբ մը, երկրագունդի ձեւաւորման օրերէն գոյութիւն ունեցող աւիշէն ու կ՛երկարի օդին մէջ, ճամբորդելով օդային երակներով, կը միանայ իմ եւ ցեղակիցներուս արեան հոսքին ու հոտին։ Այդ կինը հաւանաբար զինուորներէն մէկուն ընտանիքի անդամներէն մին ըլլալու է, մայր, քոյր գուցէ, որ անհամբեր, հաւանաբար անոնցմէ մէկը կը սպասէ, կնկան դիմագիծերուն վրայ սառած ցաւ կայ։
Ես այցելու չեմ, ես ալ իրենց պէս այս վայրերուն մէջ ծնած սնած, իրենց պահպանութենէն օգտուող հողածին մը, թերեւս ալ մշտական բնակիչ՝«աճիւններուս այս տարածքներուն մէջ հանգչելու պարագային»։
Հոտառութիւնս տարբեր բոյրեր կ՛առնէ յանկարծ, ու տարածքները կը խառնուին իրարու։
Մտածողութիւնս ունի անկաշկանդօրէն ճամբորդելու յատկութիւն։ Հասնելու հոն ուր որ ուզէ, տեսնելու պատմական կարծուած դէմքեր, որոնք խորքին մէջ այնքան ալ պատմական չեն, քանի որ անցեալն ու ներկան միշտ ժամանակակիցներ են, որոնք յարատեւօրէն իրար հետ կապուած են, կամ՝ արեան երակներով ճամբորդող, կամ ալ ծառերու արմատներով որոնց արիւնն ու աւիշը կ՛երկարին ու կը գոյատեւեն յաւիտեան, կլոր օղակի մը պէս, մեր ընդմէջէն կը շրջին յարատեւ․ աւազի ժամացոյցի մը պէս՝որու սեփականատէրը միմիայն կը փոխէ անոր ուղղութիւնը։
Միտքս է, որ անարգել հասեր է բերդի դրան մօտ։ Կը տեղեկացնէ, թէ Տիգրան Արքան այստեղ չէ․ գործով այժմ կը գտնուի Արցախի Տիգրանակերտ։ Այդ երկու դռնապանները, զինուորականի համազգեստով երիտասարդները շատ յստակ կը փոխանցեն տեղեկութիւնը, հայերէնով՝ ինծի հասկնալի լեզուով կը խօսին անոնք։ Խորքին մէջ անոնք հայերէն կ՛արտասանեն նախկին ժամանակներու մէջ, բայց այս պահուս անոնց ձայնը կը հասնի արաբերէնով։ Ինչպէս որ մեզի հասած աստղերուն լոյսը միլիարաւոր տարներ առաջ արձակուած են, բայց միայն հիմա անոնք կը հասնին մեզի։ Նոյնիսկ եթէ այժմ անոնք վերածուած են մարած աստղերու։
Քամին ծածկագրերով անմիջապէս կը վերծանէ անոնց խօսակցութիւնը։ Հոնկէ՝ մեր Երկիր Մոլորակին զուգահեռ մոլորակէն, որ կը գտնուի մեր համաստեղութեան զուգահեռ հարթութեան վրայ, բոլոր լեզուները կը հնչեն նոյնանման։ Անոնք, հեռուն եղողները արդէն կը հասկնան բովանդակութիւնը։ Բառերը միայն ձեւեր են իւրաքանչիւրին համար հասանելի իր խօսած լեզուով։
Այո Տիգրան Արքան գործով կը բացակայի քանի մը շաբաթ։ Թերեւս տիեզերական ժամանակով, քանի մը տասնեակ դար ըլլալու է, քանի մը շաբաթը։ Քանի որ մեր հազար տարին իրենց քով, մէկ օր է։
Բայց անպայման Արքան կու գայ կ՛ըսէ զինուորը:
Պէտք է ժամադրութիւն առնես, բայց մինչ այդ խնդրանքդ կամ հարցումդ կրնաս տալ ինծի, որ փոխանցեմ Արքային։
Յանկարծ կը յիշեմ, թէ՝ Տիգրան Արքայի Աղձնիքի արքունական Տիգրանակերտէն՝ քաղաքացի, Տիկին Ծիածանին հարսն եմ, կը մտածեմ ՝-եթէ անունը տամ, անմիջապէս զիս ներս կ՛ընդունին։ Տիկ․ Ծիածանին մայրը Զարուհին զտարիւն Տիգրանակերտցի էր․ իսկ Ծիածանը այս պահուս իր քիչ մը ներքեւ գտնուող․ Թիլելի Հոգետունին կից գտնուող տունէն կը պատրաստուի Քառասնից Մանկանց եկեղեցի իջնել, միանալու իր «Շողակաթ» երգչախումբին։ Եկեղեցւոյ վերնատունը թէեւ քիչ մը անխնամ վիճակի մէջ է, բայց այդպէս ալ կարելի է երգել ու աղօթել։ Հոգետուն հասած կ՛ըլլայ հիմա, ան անպայման։
Զինուորը կ՛ըսէ․- կը խնդրեմ, որ մտահոգութիւնդ ըսես, ի վերջոյ մենք ալ մահկանացուներ ենք։
– Տիգրան Արքային արժանի յարգելի զինուոր։ Թագաւորը ապրի յաւիտեան, ան արժանի է, քանի որ մենք հայերս իրեն կը պարտինք հայ ժողովուրդի փառապանծ օրերէն շատերը, ու դեռ օրեր որ պիտի գան։
Կ՛ուզէի Արքային հարցնել, թէ իր հսկայ թագաւորութեան, ո՞ր տարածքին մէջ ապրիլս աւելի նպատակայարմար կրնայ ըլլալ, մինչ զաւակներուս բնակութեան վայրերը, արեւմուտքի եւ հայկական թագաւորութեան միջեւ կը տարուբերին։
-Մեր Արքային հսկայ թագաւորութիւնը անընդհատ կ՛ընդլայնի, այնքան ատեն որ տիեզերքի տարածքը կ՛ընդլայնի։ Բայց քանի որ մեր Արքան հաւատարիմ կը մնայ տիեզերական Արքային իսկ մեր զօրքերը օրըստօրէ կը բազմանան եւ կը գործեն ի շահ Մեծն Ամենակալի թագաւորութեան, ձեր երկմտանքը անիմաստ է։ Երկիր Մոլորակը մեր հրայանգներուն պիտի հնազանդի այլեւս։ Նոյնիսկ Չինաստանը մեր ենթակայութեան տակ է հիմա։
Թագաւորական պալատի մուտքին, աղջնակս եւս, ինծի հետ, անհամբեր կը սպասէր թագաւորին հետ մեր տեսակցութեան կայանալուն եւ անընդհատ թախանձագին կը կրկնէր, -մամ թագաւորը կ՛ուզեմ տեսնել։
-Հոն քիչ մը հանգստացէք այդ բազկաթոռին վրայ․- ըսաւ զինուորը, ետքը մտէք ներս, որ ձեւակերպէք ձեր հարցումները։ Ետեւ կը նայիմ քառակուսի տաշուած հսկայ քար մըն է մատնացուցած բազկաթոռը։ Ոհ հաւանաբար նախկին դարերու մէջ կ՛ապրիմ տակաւին, կը մտածեմ․-կամ այնքան զարգացած քաղաքակրթութեան մէջ ենք, որ գեղեցիկ բազկաթոռի պատկերը երեւակայելով արդէն իսկ կ՛ունենանք զայն։ Այո յառաջացեալ ժամանակներու մէջ ենք կը կրկնեմ բարձրաձայն, քանի որ այդ արաբ գիւղացի կինը բջիջայինով կը խօսէր, ուրեմն հաստատ՝ հին դարերուն հետ ոչ մէկ կապ ունինք։
Շատ լաւ կ՛ըսեմ։
-Տիգրան Արքան հրամայած էր մեր զօրագունդին, որ Քառասնից Մանկանց տաճարը, բոլոր դարաշրջաններուն, «նոյնիսկ անոր հիմնուելէն առաջ» պաշտպանենք հրոսախումբերէն,-կ՛ըսէ զինուորը։ Քանի որ այդ տաճարը եւ այդտեղի հայերը իրենց ներկայութեամբ աներեւութօրէն պահպանեցին շրջակայ տարածքները կորուստէ ու անհետացումէ․ վկայ եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերէն հոսող ձէթը․․․Նոյնիսկ Սեբաստիոյ «լիճք»ին մէջ նահատկուած մանուկները «զինուորները» իրենց արիւնը հեղեցին, որ դուք հիմա գոյատեւէք իբրեւ հայ քրիստոնեայ։ Որոնց անունով ալ կոչուած է այս տաճարը։
Մենք ալ մեր առաջնորդներուն հսկողութեամբ, անբարբար հառաչանքներով եւ այստեղէն չհեռանալով պաշտպանեցինք եկեղեցին․-կ՛ըսեմ ես։
Աւարտեցաւ պատերազմը․-կը յարէ զինուորը։ Արքան պատերազմի կէսին ստիպուած էր երթալ դաշինք կնքելու հիւսիսի մեծ պետութեան արքային հետ, որպէսզի մնանք անկախ եւ ինքնուրոյն։
Շնորհակալ ենք․-կ՛ըսեմ զինուորներուն։
Ամէն բան Ձեր զոհողութեան կը պարտինք նաեւ՝ բարձրերուն մէջ գահակալող Արքային, որ կրնայ ժամանակները իրար միացնել եւ մեզի հասցնել ամէն տեղ, հոն ուր որ կ՛ուզենք ըլլալ։ Քանի որ ժամանակներուն կառավարումը իր ձեռքերուն մէջ է։
Սերունդներուն արմատներուն միասնակնութեան կապը միշտ անփոփոխ է, աւիշին գոյնը կրնայ փոխուիլ բայց ծառին արմատներուն եւ ճիւղերուն միասնականութեան կապը կը մնայ յաւերժ, ու անով կը պայմանաւորուի ծառին յաւերժականութիւնը։
Անմիջապէս կ՛իջնեմ Մայր Տաճար, քանի որ Ամենակալ երկնաւոր Արքայի փառաբանութեան արարողութիւնները սկսած էին, Տիգրան Արքան կու գար ներկայ գտնուելու տօնակատարութեան․ ժամանակներն ու կենաց ծառի ճիւղերը իրար միացնող աւիշը բերած էր իր հետ, որ ալ ապահով զգանք ու ոչ մէկ բանի մասին չմտահոգուինք։
Քառասնից Մանկանց տաճարին դրան առջեւ գտնուող զինուորական–Առաջնորդ կղերականը, որ թագաւորաց թագաւորը կը ներկայացնէ, որուն ափերուն մէջ խաղողի ողկոյզ մը, ցորենի հասկեր, նուռ մը եւ ձիթենիի ճիւղեր կան, կ՛ըսէ,-այո հոսկէ՝ Հալէպի բերդին ստորոտէն, մինչեւ Աղձնիքի Տիգրանակերտ, Արցախի Տիգրանակերտ, Ուտիքի եւ Գողթնի Տիգրանակերտները մեր Արքային կառուցած բոլոր մայրաքաղաքները, լայն պողոտայով, բանուկ ճանապարհով, իրար պիտի կապուին, մեր թագաւորութեան բոլոր տիրոյթները իրար միացնելով ուր ամենուրեք ձէթ ու գինի պիտի յորդի։ Քանի որ զինուորներն ու այս երկրի բնակիչները որոնք կը հնազանդին Ամենակալ Արքային, արժանի են ամէն վարձատրութեան։Միշտ արեւ պիտի շողայ այս թագաւորութեան վրայ քանի որ Ամենակալ արքան շատ կը սիրէ այս տարածաշրջաններու բնակիչները, ան խոստացաւ իր քաղաքացիները պտտցնել եւ տանիլ, հոն ուր որ անոնք փափաքին երթալ։

13 Մարտ 2018 Հալէպ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *