ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Այս քաղաքի երկնաքերներուն ետին
Երկինքը հազիւ հազ կը շնչէ.
Գործաւոր գետը գորշացած
զբօսանաւերու աղմուկը կը հաւաքէ,
Տանիքները սուսերամարտ կը խաղան
Եւ քամին շարժիլ չկարենալուն համար
գլուխը տեղ մը խցած կը բառաչէ
իսկ պոչերը կայարաններու մէջ լքուած
աղբերը կը տարտղնեն։
Կամուրջները
վայելքներու եւ զրկանքներու միջեւ հեւասպառ
օր մըն է կ՚անցընեն.
Կեդրոնական Այգիի տարեց քաղաքացիներուն
եւ փրէցըլ ծախողներու առջեւէն
շուներ փարթամաշուք կը քալեն։
Փողոցներու բոլոր ցեղերը անփոյթ կը ծերանան
պատմելով այնպիսի բաներ որ ոչ ոք լսելու
ժամանակ ունի.
Քաղաք մը ուր գմբէթները այսքան ցած են
բարձրաբերձ են թերթերու կապոցները
անունները
անհեթեթին ձայնը։
Ցերեկուան ելեկտրական ցնցումներէն ետք
ուր թաքսիներ ձայնագրգիռ մողէզներու նման կը սուրան
Ա՜հ լուսեղէն մրմունջները իրիկուան,
սրսկուած լոյսը Պրոտուէյի
ուր հասուն փորձառութեամբ մայթեր
իրենց պսպղուն ծունկերը կը թխկացնեն
զուգուելով ամենէն փարթամ ճաշարաններուն հետ։
Նիւ Եորքի արուեստը վերաշինել է
ամէն ինչ որ կարելի է եւ անկարելի։
Հաւաքել տնտեսական ոյժ, քաղաքական ոյժ,
գիտաբանական ոյժ, իրաւական ոյժ.
Գնել արուեստ հզօրագոյն
ու ցոյց տալ աշխարհին.
Հաւաքել սրբազան յիմարութիւն
ու բարձրագոյն հանճար
եւ ցնցել մարդկութիւնը։
Թատերասրահ
ուր բեմայարդարումն է միակ մնայունը
իսկ մարդկային կեանքը՝ յարաշարժ ստուերներու
աւազան մը
որ ձգախեժէ ձեռքերով խառնելու է
բան մը հասկնալու համար։
Հասկնալո՞ւ համար
Ի՛նչ պիտի հասկնաս։
Ծեր կինը հանրակառքին մէջ
Մարմնով եւ կասկածներով գէր.
Երակները՝ վերելակի նման
դէմքի թխութեան կռթնած
Երկար գուլպային վրայէն՝ կարճ գուլպայ
ամէն մէկ կարճը տարբեր գոյն,
Փորը մածունի տոպրակի պէս վար կախուած.
Ի՞նչ կը յիշէ արդեօք։
Ջղագար է նայուածքը
Խոհանոցի գոգնոցը դեռ վրան։
Թեւերը նոր ճերմկած մազի նման են
անոյժ, միայնակ։
Ամբողջ կեանքը պայքարեր է ջրանոյշի չվերածուելու,
Տասնամեակներով եփեր է սուտ եւ իրականութիւն,
Զաւակ, թոռնիկ, հոգեբոյժ եւ դարմանատուն։
Այսինքն՝ սորվեր է
Կոտրտած բաժակները շպրտել անհետ
Բայց միայն, միայն
Ինքզինք վիրաւորելէ ետք։
Եկեր է զաւակը վիժեցնելու.
Ուռած որովայնը հում հաւկիթի պէս
կը սպասէ ճեղքուելու։
Գիշերային նէոնները հեռացեր են
Ո՞ւր մնաց Սոթըպիի մէջ աճուրդի դրուած
Քազապլանքա ֆիլմին դաշնակը.
Նուագէ՜, Սէմ, նուագէ։
Ձիւնին մէջ ցցուած գինետուներ՝
Զոհ փնտռող կափկափուն կզակներ
աւերակ ակռաներով լեցուն։
Այս կինը եօթանասուն տարեկանին դեռ կ՚ուզէ պարել
ապրուստի համար։
Կոյր Սամսոնները յաղթառոյգ մեռան
Միայն Տալիթան է որ աչքերը բաց՝ ծերացաւ
Քառասուն տարուայ մետաքսը մարմնին շուրջ պլլած։
Չյիշեր քանի՛ բանալի կորսնցուց
Ո՞ւր մոռցաւ ցանկը իր ցանկութիւններուն
որ կա՛մ ձրի առաւ
կա՛մ սուղ վճառեց։
Հիմա միակ բանալի մը ունի
կարճուկ, կծկուած կողերով.
Ուշադիր կը նայի չորս կողմը, արագ կը բանայ դուռը
Եւ տան խորերէն ծերացած իր կատուն
լնկլնկալէն կու գայ։
Քարթիէն նոր ելեր է, շրջասփիւռ մուշտակէ
վերարկուն ուսին.
Խուժան մը կը ցցուի իր դէմ
– Անասնասպա՜ն, – կը պոռան,
քանի՞ կենդանիի արիւն փակած է մարմնիդ։
Դիմացի սրճարանին անկիւնը
փայտէ սնտուկին վրայ անտուն կինը
Իր միակ տոպրակը գանձի պէս գրկած
Ատամները թափած՝ կը խնդա՜յ։
Տարուան կէսը՝ ուրուականներ
Կրինիչ Վիլէճի ճաշակներու ճազին մէջ
Անկաշկանդ արուեստ
վերելք, վայրէջք
ցոփութիւն ու վայելչութիւն կը ցուցադրեն։
Տարուան միւս կէսը
Պետական շէնքերը լեցուած են ծրագիրներով
անօթի կէսը սնանեցնելու, դաստիարակելու
հարստացնելու, յափշտակելու,
Անտուններու եւ իրաւաբաններու
Այս մեծագոյն մայրաքաղաքը ճոխացնելու.
Մինչ անդադրում կը թորի դարերու խոնաւութիւնը
եւ քաղաքը՝ աղմկայոյզ մրմունջներու մէջ
հազարաւոր լեզուներ կը կլլէ։
Կեանքի կիրքը այնքան յորդ է մեր երկրագունդին մէջ
որ ուրիշ մոլորակներու տեղ չկայ։
Քանի որ չկարողացայ ճամբել
ուրուականը մահուան՝ որ ետ չդառնայ
Կարենայի՜ գոնէ
Մարդկային բնութեան աստուածութիւնը յայտնել,
Բոլոր բնակարանները վերածել տունի,
Բոլոր տխրութիւնները միացնէի, ըսէի՝ վնաս չունի՜
Մի մտածէք թէ ինչու սկսաք եւ ո՛ւր աւարտելու էք,
Բոլոր օրերը
կոտրտած բաժակներու պէս աւլէի, թափէի.
Եւ այս բանաստեղծութիւնը աւարտելէ ետք
սուրճը հանդարտօրէն կարենայի խմել։
ԵԳԻՊՏՈՍ
Մեծ Փառաւոնը շփեց աչքերը վիմադամբանին մէջ
Եւ ուզեց որ իր զարմանալի երազը մեկնաբանեմ իրեն.
Ըսաւ որ խաւարը պահուըտած էր խաւարի մէջ
Եօթ պարարտ եզներ կ՚ընկղմէին Նեղոսի երախին մէջ
Եւ սառած թռչուններ կապոյտ որմերէն ելած էին դուրս
Արձակելով գիտութիւնը հազարաւոր պապիրոսներու մէջ
Ոլորուն՝ լոտասի, մատի, դոդոշի,
եւ ձեռքերը աղօթելու միացուցած դպիրի։
Փառաւոնը կարծելով որ իր նոր շփոթանքը
աշխարհի նոր շրջանկար մը պիտի ստեղծէ՝
Պատմեց իր տեսած օդահէններուն մասին,
Հրթիռներու մասին, անջրպետային ֆորմիւլաներու,
Հրառումբերու, զինանոցներու, առեւանգիչներու,
Տնտեսական եւ յեղափոխական ցանցերու,
Եւ զանազան երկիրներու որոնք ոչ ցամաքի վրայ էին
ոչ ալ ծովուն տակ։
Պատմեց պողպոտային, միավանկ ձայնով
Մեհենագրելով Րոզեթթա Քարին բոլոր նշանները,
Նայուածքը կռթնեցուցած խունկի խոռերուն
որ կը խառնէի։
Ժամանակի շրջանակներուն մէջ
Կը խշշային գերանդիներ եւ հողը կ՚ուռէր,
Եւ ձիերու խրթխրթոցը լոյսը կը պատռէր
Եւ կ՚անցնէին կարաւաններ զանգակներով աստղէ։
Փառաւո՛ն, ըսի, քնացի՜ր նորէն,
Դուն այս բուրգերը պիտի չկառուցանէիր Փառաւոն,
Աս քարէ բացուածքը կը ճանչնաս
Հանգստավայրն է ոգիներուդ,
Հանգստացիր, չէ՞ որ օր մը
Յաւերժութեան անցնելու ձգտումով
Բազմահազար գերիներուդ նահատակութեամբ
Բուրգն այս շինեցիր
որ քու փառահեղ դիակդ հանգչի։
Եւ խօսքերով փորագիր
– Քիոփս կ՚իշխէ հորիզոնին
Մե՜ծ է Քէֆրէն
Եւ աստուածային է Միքերինըս –
Հանգչեցար աւազի եւ հովի դիմաց
Վրանիդ մէջ քարէ
Իբր անապատի եւ երկինքի տիրակալ
Իբր գերիշխան յաւիտենութեան։
Իսկ պատմութիւնը միայն ֆանթասթիք
արկածախնդրութիւն չէ
Եւ աշխարհը՝ Կիզէի մատէն կախուած
քու հոյակերտ խաղալիքդ չէ, Փառաւոն.
Մեսթապաները չմտած՝ ահա
Խաղաղ քաղաքներդ վերածեցինք անապատներու
բացատրելով պատերազմը։
Արդէն ծառաներդ մեռած են,
Իսկ կիներուդ ոսկեգանձերը
Նշանաւոր ապակեդարաններու մէջ կպած են իրար։
Քու խաղաղ անապատներդ վերածած քաղաքներու
կը խօսինք խաղաղութեան մասին։
Երազիդ բովանդակ իրականութիւնը այս բուրգին մէջ է
Այստե՛ղ է Հիրոշիման, Տէր-Զօրը, Կուերնիքան,
Վիեթնամը, Փիւնիկէն,
Այս դամբանիդ մէջ ուրկէ կը յարնէ հոտը խոտերու
մայրիի իւղի եւ զմուռսի դիւասանտր։
Դուրս ել, Փառաւոն, թող արեւագունդի սերմեր
իյնան աչքերուդ, որ դուն ալ
Դո՜ւն ալ դառնաս հողի գուղձ։
Յանկարծ Փառաւոնը ճչալով ելաւ
Չորքոտանի բուրգին ներքեւ դիտեցինք զիրար,
Նայեցայ իր սմքած դէմքին
Իր սերունդներու համատիպ մոմիաներուն,
Տեսայ իր յաղթափառ կիսանդրիները,
Իր ցոլախայտ գինարբուքներու խոլացայտումը
Ուր ազնուազարմ կանայք
թեթեւկուն քայլերով
թափանցկալոյս քօղերով
Անհպելի կը խօսէին՝
«Ի՛նչը աւելի անոյշ է քան քալելը դաշտերուն
մէջէն՝ առջեւէն այն մարդուն զոր կը սիրես։
Իմ ձեռքս քու ձեռքերուդ մէջ է։ Լսելով քու ձայնդ
միտքս կը շփոթի, ամբողջ կեանքս կախուած է
քու շրթներէդ։ Ինծի համար՝ քեզ տեսնելը աւելի
հեշտալի է քան ուտելը եւ ըմպելը։»
Ու կը դառնային ոսկեցոլ ցուլեր
Եւ արձանագրութիւններու ծեր ցնծկոծումներ,
Մինչ կը շարժտկէր Փառաւոնին կերպարը
Ասուանէն մինչեւ Տելթա
Նեղոսի կապոյտ որովայնին մէջ։
Զգոյշ ելաւ Փառաւոնը վիմադամբանէն
Հսկայ մարմինը տուաւ գիշերային մակոյկ դարձած
Նեղոսին,
Եւ լիակտուր չոքած, դիւանագիտօրէն լռած Սֆինքսին
համր բան մը հարցուց։
Շարժեցաւ Սֆինքսը
Գուլայ-գուլայ ծխեց լազուարթ գիշերը
Ներքաշելով յուսահատ ռազմեր եւ
դարերու յուսահատութիւնը,
Մզկիթներուն տարածելով
մահասարսուռ փառաբանանքը ստեղծիչին։
Հեռուէն Նեֆերթիթիի հաստ հիւսկէնները
սկսան խանձուիլ,
Չորս հարիւր կով հրհռալով խեղդուեցան
Եւ չորս հազար տարուան մոմիապատ կոկորդիլոսի
աչքերը լիարծաթ բացուեցան,
Անապատը գալարեցաւ կրակին բռնուած
եգիպտացորենի պէս։
Այսպէս, անապատին ձայնը սկսաւ մերկանալ
Եւ տեսայ որ Փառաւոնին երկար մազերը
տատա՜ն տատան հեռացան բուրգերէն
Իր բոլոր անմեկնելի բառերը
Քամիի երկար լեզուին վրայ ձգած։
Լրագրողներ, հետախոյզներ անոր ոտնահետքերը չգտան
Եւ թուրիսթներ որոնք կու գան զարմանալու
եկան զարմանալու…
Կը խշշար քաղաքակրթութիւնը եւ հողը կը հանգչէր
Եւ կ՚անցնէին կարաւաններ՝ շալկած լուսնի փոշին
ու ժամանակի անլեզու զանգեր,
Կ՚անցնէին մեր հին ճանապարհներէն անսապատ ուղտեր
Խորունկ, հզօր եւ կոյր։
ԱՓՐԻԿԷ
Խխունջները կամաց կամաց կը քալեն
տաքութեան մշուշներու մէջ
Եւ զրկանքի, տառապանքի, կատաղութեան
թափանցիկ գիծեր կը թողուն։
Հնդկընկոյզէ սեւամորթներ
Յուղարկաւորութեան ծփուն զգեստներ կը հագուին,
Մահուան երգիչներ կը շարժին լճափայլ ծառերու ետին
Օձածակերն ու աֆերին եւ սրինգը
միակտուց կը ձայնեն։
Բոլոր թռչունները իջան
փրթան երկինքէն,
իրենց կպչտուն փետուրները
ձգեցին այստեղ
կարմիր փշաքեղի, հուսամաջուրի,
եւ եպնեդեղի բոյրերու մէջ։
Մունջ արեւի երկար ասեղներուն տակ
օձի կեղեւներ կը չորնան,
Աւանդութիւններու եւ նախապաշարումներու հիւթը
Քլորակերպի նման կը հոսի
արարողութիւններու կոճղերէն.
Բոլոր թմբուկները բարձրանալով ջուրէն
Կ՚արձակեն կոհակներ ու վոհմակներ ձայնի։
Աստղացունց թմբուկներուն քով
Ծերացած շրթները դարերու
կը հանգչին անապատի կողերուն,
Կայծակը իր ադամանդները թափելէ ետք
կը հեռանայ լուսակիր գաւազանը ճօճելով։
Գիշերը՝ լրթագոյն քաղաքներու մութ ստուերին դէմ
թիկնապահ լոյսեր չկանգնեցուց,
Այստեղ գիշերը բազմացաւ
Եւ հողէ հիւղակներէն՝ ցաւը
օրօրոցի ծանրութիւնը
անօթութեան մերկութիւնը
պարի վերածուած դուրս եկաւ
իր անծայր կշռոյթը տարածելու։
Աշխարհի բոլոր ճամբաները
իրենց կոչումը ունին,
Ո՞վ վերադարձաւ այստեղ
Ո՞վ վերադարձաւ տուն։
Դո՛ւն,
Քու նայուածքդ ոլորուն մագաղաթի պատմութիւն է,
Եւ կոպերդ պատեանն են փղոսկրեայ ծանրութեամբ,
Հնդկաիւղէ ափերուդ մէջ բռնած ես լուացուած հողը.
Քանի որ դուն կարողացար Ո՛չ պոռալ
Քու զաւակդ այս հողին մահը պիտի չտեսնէ։
Բռնեցիր հօրդ ձեռքերը
Արձակեցիր ձայներդ աղէ,
Եւ արիւնդ ծծող մժեղներէն
ժահրոտ սարդոստայններէն
առիւծներու բաշերէն
Դուրս հանեցիր
կատաղի, շառագոյն նայուածքդ
Առաւօտ մը, երբ մոռցած լացերդ
Եւ յուղարկաւորութեան բոլոր զարդերդ
Յանձնած անապատի հովին,
Թաթխեցի՜ր արիւնդ եւ քրտինքդ
ինքնացնոր երգերուդ մէջ.
Եւ բոլոր, բոլոր վէրքերդ բացած
Դուրս ելար գոյնիդ փշալարերէն,
Վտարեցիր հիւր վարդապետութիւններդ,
Ու նախահայրերուդ վերյարնումին դիմաց
հզօրացած շնչեցիր։
Եւ հիմա
Խխունջներու հետքերը կը սրբես
տուն մտնելէդ առաջ։
ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ
Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին.
Այնտեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը պիտի չմայրանայ այլեւս
Երկիրը կ՚երգէ իր նոր անտունին։
Ճշդուած են սահմանները՝ ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոյն ոռնոցն է նորէն,
Գերճնշուած աչք՝ադամամութի ճեղքուած արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին։
Կանգնած բարձրաճակատ՝ շոգիին մէջ Երկրի
Գիտէ՛ որ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ոչ զոհ է, ոչ հերոս, ոչ նահատակ, ոչ քուրմ,
Միայն պատարագիչը ազատութեան տօնի։
Հեռուն լեռնաշղթայ եւ միտք խանձող գիշեր
Քովը՝ կիսալեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ՝ պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ։
Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ ազատութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,
Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը զոհ կը դառնայ
Եւ յանցապարտը՝ դահիճ
Ո՞վ մեռաւ, ուրիշ ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս…
Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը թեքեց
Եփրատի կոկորդը խզեց եղերգը հին.
Եղիցի լո՜յս
Ճամբան կորսնցուցած անապատին մէջ
Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին։
Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը վառեց
Իսկ խաղողը ճմլեց ստինքներն իր հիւթեղ,
Եւ ծիրանին՝ խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ արեւու նոր գահին,
Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն։
Կանգնած են բազմաճակատ՝ տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած են միաճակատ՝ այդ երկունքի կողքին։
Կանգնած է գերհզօր՝ հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած է բարձրաճակատ, կիսաբաց շրթներով
Ապստամբութիւնը մերկ։
Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ ուր ամենահեռաւոր
կէտերը կը միանան։ Անյայտ շղթաները որ Եղեռնը դրաւ՝
պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես,
շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ
հնձանի մէջ, ու ցորենը համրօրէն իր մարմինը բաժնէ,
քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ
մինչեւ ղօղանջեն։
Ո՞վ լսեց սոյլը վերջին վանկի
Սկիզբ ու վերջ չունեցող քամին հրաթեւ։
Արեւմարը փռեց ոսկի սաւանը
Եւ կարմիր ու կապոյտ լանջախաչեր դրաւ
Այրի Երկրի կուրծքին.
Երկիրը այս անգամ չերգեց Տէր Ողորմիան
Կը շնչէ Երկիրը լռութեան հեղեղի մէջ։
ԱՄՆ