Արա Գազանճեան | Տողառկախ

Արա Գազանճեան

ինչ լաւ եղաւ որ ծնանք

առաւօտէն մէկ քայլ առաջ
հոսելով ներս քաղաքէն
եւ հողէն դուրս բառ-առ-բառ
մնացինք խօսք անհաղորդ
լուսնի լոյսին տակ արծաթ

աշունը զիս մասնատեց
եւ բառ-առ-բառ
կ’իյնամ ցած
– ալ խօսք չկայ մեծնալու –
պատին տակ լուռ կծկուած
աշունը զիս կը ներկէ
ու գունաթափ կը մնամ
խրտուիլակի պէս կանգնած
հայելիին մէջ կեանքին

ինչ լաւ եղաւ որ ծնայ
բայց քայլ-առ-քայլ հեռացայ
ինքնութենէն իմ անյայտ

1 Հոկտեմբեր, 1996

 

***
ըլլալ
ամէն բանէ վերջ
միշտ
գիշեր
եւ բախտին հետ օրօրուիլ
լոյսին համար

ըլլալ
ամէն ինչի հետ
միշտ խաւար
եւ յոյսին հետ սպասել
աւարտին

ըլլալ
ամէն երկրի մէջ
նոյն ատեն
եւ զգալ մինակ
առանձին

23 Փետրուար, 2000

 

***
ես լռութիւն
բառերուն մէջ գիշերուան
փողոցներուն մէջ
բզկտուող անձրեւին տակ
ես լռութիւն անարձագանգ
քարերուն մէջ շէնքեր դարձած
եւ աչքերուն մէջ
սեւ աչքերուն
ես լռութիւն չմերկացող
քաղաքիս մէջ աղմկարար
քաղաքիս մէջ պարտուած հոգւով
ես լռութիւն մեքենական
ճամբաներէն շատոնց անցած
ես լռութիւն մոռցուած

5 Յունիս, 2005
Երեւան

 

Տողառկախ

տողերուս պէս առկախ
– մէջը սրտին
ուր կ’ապրիմ –
ամէն առտու ես ծնած
դարձած կէտ մը
աւելորդ
էջին վրայ չդրուած
(սրտին վրայ
բառերուն)
ծնած
դարձած
կէտ մը հոն
անհիւրընկալ էջերուս…

10 Յունիս, 2006

 

***
Վերջ ի վերջոյ
Պիտի ծնի առաւօտը
Լուռ ու դատարկ
Պատերուն տակ
Պիտի տաքնայ
ձանձրոյթը հին մեր մտերիմ
ու ճամբուն մէջ
որ մեզ բերաւ
այստեղ
կրկին
պիտ հանդիպինք ժամանակին
որ խաբեբայ
իր հետ տարաւ
ինչ որ տուինք
կամ չտուինք
ինչ որ ծնանք երազներով
բայց չունեցանք
ինչ որ տեսանք ճամբու եզրին
բայց չգտանք
ինչ որ մնաց անհիւրընկալ
յիշատակ

վերջ ի վերջոյ
ճամբուն վրայ հանդիպեցանք
կարօտին

14 Սեպտեմբեր, 2012

 

Զուլալին

Վերջերուն վերջն էր այդպէս
Մեկնումովդ հեզ,
Սրտերուն բացը թողած՝
Կեանքի ասպարէզ։

Ժամը՝ փոխուած է վաղուց
Տարիները՝ լերկ,
Սիրտս դարձած փորձառու՝
Ցաւին կիսամերկ։

Թէ արցունքդ կը հոսի
Սէնէն՝ Նորատուզ
Հոգիդ դեռ կը սաւառնի
Թափանցիկ, անյոյզ։

Եկայ քովդ Ռըշըշուառ
Դուռդ մնաց փակ
Սպասեցի անսպառ
Այս արեւուն տակ։

Չմօտեցայ դրացի
Լակոտ արաբին
Դեռ բոլորը փողոցի
Նոյն կեանքը կ’ապրին։

Եկայ քովդ Երեւան
Անունս մոռցած,
Դեռ ծառերը կը մեծնան
Պարտէզիդ՝ հինցած։

Վերջերուն վերջն է այսպէս
Ամէն բան փոխուած,
Ցաւը դարձած իսկապէս
Սիրոյ ամանակ։

24 Փետրուար, 2012


Տողառկախ

 

Քերթուածները առնուած են նորատիպ ՏՈՂԱՌԿԱԽ հատորէն (Լոս Անճելոս, 2015)

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *