Ի՞նչպէս դուն կրցար, սիրտ իմ խելագար,
Մնալ միշտ այդպէս առոյգ ու դալար,
Երբ իմ թեւերուս եւ ուսիս վրայ,
Կը զգամ օրերու թաթը երկաթեայ…
Քու կանչիդ հզօր եւ տենչիդ անյագ
Ես ի՞նչպէս հասնիմ, սիրտ իմ անառակ,
Կեանքը քեզ համար գարուն է յաւէտ,
Իսկ ես թեւանցուկ կերթամ աշնան հետ:
Դուն դեռ կը թռիս ու կը թռվռաս,
Կարօտովը հին երազին անհաս.
Դուն դեռ միշտ կ’երգես, այս ցուրտ ամայքին,
Պայծառ սէրերու քու հի՜ն մեղեդին…
Սիրտ իմ դեռատի, օ՜ սիրտ իմ պարման,
Ե՞րբ պիտի լսես ձայնն իմաստութեան
Եւ դառնաս վկան անցած օրերուն՝
Ինծի պէս խոհուն, ինծի պէս հասուն…
Ոսկի աշուն, Պէյրութ, 1963, էջ 290
Հեղինակին՝ Մուշեղ Իշխանի ձայնով