Ծնած քաղաքիս բանալիները, այժմ անհետ կորսուած են, հաւանաբար ծովուն անդունդը ձգուած, բոլոր պատճէններն ալ վտանգուած։
Հիմա սահմանները փակ են, կամ աւելի ճիշդը սահմաններ չկան, մուտքի ճամբան կորսուած է։
Եթէ վերադառնալու ըլլամ եւ դուռդ թակելու, չե՞ս բանար կրկին, երեսդ պիտի դարձնե՞ս ինձմէ, թէ՝ հաշիւ պահանջես։
Կը վախնամ, քեզ եւ սէրդ՝ կորսնցնելէ, այդ գաղափարէն անգամ կը սարսափիմ։ Տարածք կորսնցնելէ աւելի դժուար բան է, սէրէդ զրկուիլը, գրկախառնումէդ… Իսկ հիմա տէրդ, կամ տէրերդ ովքե՞ր են, յայտնի չէ…
Կը սկսիմ կորսնցնել ճամբու քարտէսը…
Սէրս հրեղէն թեւեր կու տայ ՝ թռչելու, որ ոտքս չդպչի քարին եւ անոր վրայ հենելու կարիք չունենայ, ես չ՛արթննամ խոր քունէս եւ ցաւ չզգամ…
Մինչ կը շարունակեմ երեւակայութեամբ, նոյն ատեն, չորս վայրերու մէջ ապրիլ՝ Ներկայ Հայաստան, պատմական Հայաստան՝ պապենական Կիլիկիայով, ծննդավայր Հալէպ՝ այս պահուս խոշտանգուող եւ գրիչս կապտաւուն արեամբ ներկող, իսկ պայմաններու բերումով, իմ շպրտուած՝ Պէյրութ եւ Կլենտել՝ քաղաքները…Եղան հինգ, իսկ վերջինը ուրկէ՞ աւելցաւ…
Հիմա գլխիկոր կը թափառիմ՝ այս իրական եւ մաս մըն ալ երեւակայական տարածքներուն մէջ՝ աչքի լոյսով, ուղեղի լոյսով…
Մանկութիւնս եւ պատանութիւնս անցաւ առաջին երկուքին մասին մտածելով, առանց տեսնելու զանոնք, միայն հմայուած մոլուցքով մը սիրելով զանոնք։ Անոնց վրայ ապրելով՝ ոչ ֆիզիքապէս, միայն հոգիով, անոնք եղան սրբութիւններ, լայնանիստ երկու ծառեր, միաւորուած մէկ կոճղով։ Կեանքի ծառ՝ որու հովանիին տակ կը գոյատեւէ, կը շնչէ կեանքը՝ կեանքը բոլոր կոճղէն հեռու նետուած միրգերուն, ակամաօրէն սաղարթներէն հեռացած, եթերէն անդին ապրելու համար, լոյսէն ստանալով՝ անհրաժեշտ լիցքերը։
Լայնանիստ ծառի տերեւներուն վրայ անձրեւի կաթիլները այժմ, սիրոյ պատմութիւններ կը գրեն, որոնց հերոսները՝ ես եւ իմ նման տարաշխարհի մէջ ապրող անտունիներ են…
Մերթ վար մերթ վեր՝ տերեւներուն վրայ եւ երկնքին մօտիկ… կրնամ երկար գոյատեւել այդ տերեւներուն վրայ՝ գեղեցկօրէն ասեղնագործուած կեանքով, բայց արդեօ՞ք մարմնաւորապէս կրնամ գոյութիւն ունենալ այդ տարածքներուն մէջ…
Դրախտ է, երեւակայելի դրախտը…
Ջանք թափելու պէտք չունիմ՝ զանոնք տեսնելու համար՝ շատ մօտ են՝ հոգիիս մէջ իսկ:
Եդեմ որ կարելի է երազել, հաւատալ անոր եւ հոգիի աչքերով տեսնել զայն՝ այնտեղ հասնելու յոյսով ապրիլ։
Ներկայ Հայաստան-գոյութեանս վեց ամենաերջանիկ ծաղկուն տարիները շոյեցիր, այժմ՝ քեզ, ստիպուած կը միացնեմ պատմականին, քանի որ հեռու ես ինձմէ տարածութեամբ։ Պիտի ուզէի ընդմիշտ քաղաքացիդ ըլլալ, իսկ Կիլիկիոյ Մարաշը հոգիիս մէջ թող առանձին չմնայ, քու հոգատարութիւնդ թող կրէ ՝ օր մը անպայման եւ ես ներկայ ըլլամ այդ տօնական հանդէսին։
Չեմ չափազանցեր՝ Բիքասօն ըսած է՝ «Այն, ինչ կրնաս պատկերացնել, իրական է»։ Հարկ է հաւատալ երազանքներուն։
Հալէպը ֆիզիքական գոյութիւն պարգեւեց ինծի եւ ծնողներուս, հիմա երես դարձուցած է մեզմէ, կը տառապի հարազատներուս հետ, ճանկռտելով հոգիս, ով պիտի պատմէ անոր ցաւին ու տառապանքին մասին։
Ես եւ շատեր, յայտնուեցանք զանազան կայաններու մէջ, հասնելու ու՞ր…դէպի հայրենի՞ք, թէ՝ ցրուելու աշխարհի կուլ տուող անյագ ովկիանոսներուն մէջ, պտղունց մը աղի պէս հալելու անհետանալու, թ՞է վերադառնալու մեր արմատներուն։
Եւ ինծի կը թուի, թէ կենաց ծառս մնաց հոգիիս պատմական՝ ապրող ու շնչող տարածքներուն մէջ, մխրճեցի զայն այնտեղ եւ չեմ ուզեր հետս փոխադրել տեղէ-տեղ, անյայտ տարածքներ, որ չչարչրկեմ զայն ընդմիշտ։ Երազներուս միշտ նոր ճախրանք տուողն է այդ ծառը, նաեւ արթմնի երազներուս, որոնք կեանք են՝ ապրուած, եւ յոյս կը ներշնչեն։
Ու կը զգամ եւ գիտեմ, որ այս տարածքներէն բոլորին մէջ ալ հաւասարապէս կ’ապրինք կը շնչենք։ Նոյնիսկ Մայիներուն փետրաւոր տերեւները իրենց սիգաճեմ ու սլացիկ գեղեցկութեամբ յոյս կուտան, Աստուածային լոյս եւ բառեր կան թաքնուած անոնց շեղջերուն ու մարմանդին մէջ։
Ճատրակ խաղցողի մը պէս կը պաշտպանեմ այս տարածքները, մասունքները՝ որոնց մէջ ունիմ զինուորներ եւ ամրակուռ ծառեր։Կը պաշտպանեմ՝ ամբողջ էութեամբս շատ յաճախ, ուր մտքիս մէջ յստակ գծուած սահմաններ կան։ Կը յարձակիմ անոնց թշնամիներուն վրայ, նոյնիսկ զիրենք մէկը միւսէն կը պաշտպանեմ, կը սպասեմ, կեանքիս օրերէն կ’ընծայեմ եւ խենթի մը պէս կը սիրեմ զանոնք։
Բոլոր քառակուսի տարածքները իմս կը սեպեմ։ Անոնցմէ քանի մը հատը կեանքիս տարբեր շրջաններուն առաջնահերթութիւն կը ստանան, մինչ բարձրադիր աշտարակէս կը շարունակեմ հետեւիլ անոնց բոլոր շարժումներուն՝ յառաջխաղացումներուն կամ նահանջին։
Կեանքը կը սլանայ, մինչ ճատրակին պայքարը կը շարունակուի։ Անոր թագաւորն ու թագուհին կը յանձնեմ նախախնամութեան։ Ես կրկին կը մնամ այն զինուորը սովորական, բայց հետապնդող ու վերահսկող եւ շատ անգամ ՝ ժամանակի հողմերէն անպաշտպան։
Բոլոր իմ նմաններս՝ հետիոտն շարքայինները, կը ստիպուին նոյն մտավախութիւններն ու անորոշութիւնները դիմագրաւել։ Ժամանակը կը սլանայ անողոքաբար, մեր ճատրակին տարածքը դարձնելով անապահով։ Կը կորսնցնենք անոնցմէ մաս մը, կը փորձենք կեանքի գնով պաշտպանել թագաւորն ու թագուհին՝ որոնք թերեւս ալ մեր զաւակներն են, մեր սիրածները, զանոնք հպարտօրէն եւ խենթի մը պէս սիրելով, պաշտպանելով կը շարունակուի կեանքը, մինչ սիրոյ աղաւնին կը թեքերի ճատրակի քառակուսի սահմաններուն վրայ՝ ուր կամաց-կամաց բաժնեգիծերը կը սկսին անհետանալ, կը հաւասարին տարածութիւնները, գոյացնելով մէկ հարթութիւն, մէկ պատուհան ուրկէ հոգին կը դիտէ իր երազը պայքարող, ազատագրուած, գեղեցկացած ամէն ախտէ՝ վարակներէ ձերբազատուած…
Միայն մեր հաւատքով կրնայ ապրիլ եւ մեզ ապրեցնել ՝ հոգեւոր հայաստանը, սիրոյ երազի մը պէս որ իրական է եւ անիրական, շնչուած օդի պէս որ չենք տեսներ բայց առանց շնչելու կրնանք շնչահեղձ ըլլալ եւ մահանալ։ Շատ յաճախ գիտակցօրէն չենք զգար անոր ներկայութիւնը, բայց կը տեսնենք ամէն բարի բանի եւ ճամբաներու ժապաւէններուն մէջ՝ Ալիշանեան հոտառութեամբ ու սիրով։
Կը ձուլուիմ այն երազին հետ, ուր ան մայր է՝ թագուհի եւ ամբողջական, ցաւած թերեւս անարգուած շատ անգամ ու չհասկցուած բայց հոգիի բոցով մեզի համար բոցավառող, ծիրանեգոյն բեհեզներու պերճանքը յիշեցնող սիրով, զինուորներ բնական վարուելակերպով, հրամանատարներ շատ անգամ մարդկային կամ անմարդկային ընթացքով։
Պարտաւոր եմ, պարտաւոր ենք ընդունելու զայն՝ լաւատեսութեամբ ու սիրով, հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն։
Արարատ լերան առթած սարսուռը զգացնել տուող ու տաք լոյսին ջերմութիւնը ըմպեցնող, խաւարին մէջէն լոյսը փնտռող ու քաղող, յարատեւ քալող՝ զինուորներ եւ թագաւորութիւններ…
Ծիրանենիէն, նռնենիէն ծնած թարմութիւն, հասունութիւն։ Տանջուած բազուկներով շինականներ մեզ դէպի իրենց հաւատալիքներուն եւ զոհողութեան, անհեթեթութիւններուն եւ պարզութեան կանչող՝ լոյսի հեղեղներուն ընդմէջէն ընթացող պարզ գեղջուկներ։
Թագուհի իր ամբողջ փառքով, որթան կարմիրով, բիլ ծարիրներով, լոյսի շղարշով, մագաղաթի ծիրանեգոյն տեսքով, ճամբաներու ճաճանչափայլ ծոպերով։
Բայց ալ երազ չես՝ ոչ երեւակայական ճատրակի տարածք, ոչ ալ գոյներու դարան․իրական ես՝ միս ու արիւնով, աւինով շատ անգամ, որ կը կանչես «առէք կերէք, ես ձերն եմ սնուեցէք կաթովս, ստինքներէս վտիտ՝ հարազատ մայրական, ազնուազարմ եւ ոչ ստնտու․պաշտպանուեցէք զինուորներովս դեռատի, ժողովուրդովս՝ անհաւասարակշիռ բայց անկեղծ։ Արտաքնապէս ձմեռ է դուրսս, ներսս ամառ շիկագոյն, անհանգիստ ու տանջուած, ժայթքելու վրայ եղող հրաբուխ»։
Լաւան կը ժայթքի օր մը, հեռու ապագային մէջ եւ կամ նոյնիսկ վաղը։ Աշխարհ մոլորակի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք հազարամեայ թագաւորութեան մէջ իրականանալիք ամենալաւ բաժինը որ ամենաշատը կ’ուրախացնէ, այն է, թէ՝ բոլոր ազգերը պիտի տիրանան իրենց իրաւունքներուն եւ կորսուած տարածքներուն վերամիանան՝ անշուշտ երբ յաղթանակէ արդարութիւնը։
Հիմա իմ տարածքներէս ո՞ր մէկուն մէջ եմ ու երազներս ու՞ր կը ստանան իրենց սնունդը եւ ամենէն շատ կը փայփայուին։
Ապագան մշուշոտ է, ճատրակի խաղի ապագան յայտնի չէ։ Այդ մութն ու խարխափումը ըստ երեւոյթին մեզ ոյժ կու տայ ստեղծագործելու, իրական ճամբան գտնելու, այդ ընթացքին աւելի լաւ կարենալ մենք զմեզ ճանչնալու, ընտրելու եւ որոշելու ապրելու ճիշդ ձեւը։
Հայրենիքը միակն է եւ մէկը կրնայ ըլլալ ինչպէս՝ մայրը․բայց կրնայ ըլլալ նաեւ որ՝ մօրաքոյր, հօրաքոյր եւ մօտիկ պարագաներ եւս մօր կատարելիք դերը ստանձնած ըլլան․․․։ Անոնք օգնեցին ընդմիշտ, գօտեպնդեցին հոգին, կազդուրեցին որ ան որբ չմնայ, իսկական մօր բացակայութեան, կազմեցին անձը՝ որ կարենայ իր իսկական մայրը ճանչնալ ու սիրել։
Արեան շրջանառութիւնը եւ աչքերուն լոյս պարգեւած մայրը պահել սրտին մէջ, հոգիին, իսկ ատեն ատեն ալ խակ մտքերուն մէ․ բայց անպայման գրկել իսկական մայրը։
Առաջնահերթ տարածքս, հէքիաթային երազ չէ։ Հայաստանը իրականութիւն է, Հայաստանը պետութիւն է ինչպէս բոլոր պետութիւնները, կայուն եւ անկայուն, տկար կամ զօրաւոր իր լաւ ու վատ կողմերով, մայրական անհարթ անխնամ մազերով, կտրտուած եղունգներով, հնամաշ հագուստներով որոնք մերթ ընդ մերթ կը զարդարուին՝ կարկտաններուն վրայ տարածուած մետաքսեայ բանուածքներով, թանկարժէք գոհարներով, մարգարտեայ, ադամանդեայ կոճակներով, իր չար ու բարիով, իր խինդ ու լացով, արձանագրած յաջողութիւններով։
Պարտաւոր ենք ընդունիլ զայն՝ սիրել իր բացթողումներով՝ որոնց մեղաւորը, մենք ենք, մեր բացակայութեամբ եւ ծուլութեամբ։
Մեր մարդկային բնութիւնը անկարող է վերծանել այս աստուածային երկրի թերութիւնները։
Եւ ամէն նոր օրուան հետ կ’արթննան անցեալի տարածքները, անցեալէն եկած թագուհին ու թագաւորը, որոնց մէջ կայ՝ հեռուներէն եկած յոյս, սէր եւ հաւատք։ Եւ այդ յոյսը կ’օգնէ կանգնելու, հաւատքը դռներ կը բանայ իսկ սէրը ուժ կու տայ մինչեւ վերջ երթալու համար։
Պիտի գայ իսկական գարունը։ Միայն նահատակներու, վիրաւորներու, մեռածներու երկիր չես, նոյնիսկ կենդանի մնացածները՝ հոգեպէս մեռած կամ հիւանդ, մնալու կամ երթալու երկուութեան մէջ տառապողներ՝ պիտի վերադառնան անպայման՝ հոգեպէս գրաւեն իրենց իսկական քառակուսին, մէկ ոտքը սահմանէն այս կողմ իսկ միւսը այն կողմ թէկուզ. բայց հոգի՞ն, ճիշդ սահմանին վրայ, ճատրակին մէջ, իրեն պատկանող քառակուսիէն ներս․․․։
Հեռանալը ելք չէ, ոչ ալ ազատագրուիլ, հեռացումը վիշտերու նոր շարանի մը սկիզբն է, ետ այբ ու բենէն սկսիլ հարկաւոր կրնայ ըլլալ, նոր ցաւի մը համար որու միայն տեսակը փոխուած ըլլայ թերեւս․ցաւը կը մնայ ցաւ, որքան ալ ջանաս փոխել անոր ձեւը, փորձես հեռանալ անկէ, ան՝ վարժ է եւ չուզեր հրաժարիլ քեզմէ․ հանգիստ է իրը ըլլալուդ համար։Ու արեանդ միջոցով կարծես այս ընտելացած ցաւը կ’անցնի մէկ սերունդէն միւսին․ցաւը անոնց կը հասնի տարբեր երանգով, քիչ մը արդիական, իր գորշութենէն հրաժարած բայց այնուամենայնիւ կը մնայ ցաւ իր կոտտանքով մղկտացնող շիճուկով, տարբեր հագուստ հագած տարբեր լեզուի տիրապետած, հայկական հիւանդութեան պէս ժառանգաբար կ’անցնի թոռէն ծոռին, որ մեզի մեր պապերը յիշեցնել տայ։ Ցաւը հաւանաբար հասնի մինչեւ յաւիտենութիւն եւ պատճառ դառնայ մեր անձերէն մեր ամչնալուն։
Շատ անգամ ալ սովորական զինուորներուն թագաւորական զգեստաւորում կը պարգեւէ ցաւը, իսկ թագաւորներուն՝ աններելի սխալներ գործել կու տայ։
Յետոյ շատ հեռուներէն ճատրակ խաղցողին այնպէս կը թուի թէ յաղթանակը շահուած է, բոլորը համահաւասար են, խաղի բոլոր անդամները իրաւացի, իսկ խաղը բնական՝ մարդկային։
Հայրենիքը չի գնուիր, կը շահուի, կ’ընդունուի միմիայն սիրով եւ ոչ պարտադրաբար կամ ստիպողաբար․սէրը կը յաղթէ ամէն տկարութեան ամէն թերութեանեւ խաւարի, սէրը երկայնամիտ է գիտէ համբերել որ հասնի յաւիտեանին։ Կը շահուի ան ներքին հաւատքով եւ կամքով, խոր գիտակցութեամբ, որ կրնայ կենդանացնել ամէն մեռած բան, անցնիլ արգելքներ եւ խոչնդոտներ, կերտելու հոգեղէն հայրենիք, կոկելու մեր ոգեղէն մերկութիւնը։ Կառուցելու շօշափելի հայրենիքը։
Ճատրակին վրայ տարածուող ոգին միայն մէկ յաղթանակ կը ճանչնայ վերջաւորութեան՝ ժողովուրդին յաղթանակը որ կը հաւատայ կենդանի եւ հզօր հայրենիքի գոյութեան եւ յաղթանակին որու համար ամէն շարքային զինուոր կամ մահկանացու պիտի ուզէ սիրով իր կեանքը նուիրաբերել։
24 Սեպտ. 2013 Պէյրութ, «Բաղբոջող Անմոռուկներ»