Վեհանոյշ Թեքեան | Օրհնութիւն ու փառք հերոսներուն որ բարձրացան ու բարձրացուցին

Անոնք որ ինկան իրենց ծունկերուն վրայ
եւ չկրցան ցոյց տալ երկարութիւնը ցաւին,
անոնք որ ինկան թշնամիին գիշատիչ
եւ կ՚արիւնին երկարութեան տակ ցաւին,

Օգնութի՜ւն անսանձ եւ օրհնութի՜ւն Աստուածային։

Համր ու անձայն եկան, եկան հերոսավառ աչքերով
իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէ՜ր վերածուած,
եկան ոստայնանկեալ մեր պատմութիւնը մատնելու
կրակի՛ն։
Եւ արդարութիւնն էր
արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ
ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ։
Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան
խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը.
վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն
դիակները մնացին հայրենական հողերուն։

Նորընծայ, մատաղատի նուիրեալներ
Հոգատար քոյրեր ու կամաւորներ ուխտի ,
Իրենց տան դրան անցեալներէ ելած
հում եւ յուսաշաղախ խռովքներով
ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ։
Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք
աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ,
կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
իրենց արեան հետ յո՜յսը հոսեցուցին
–Եւ Յոյսն այդ սառեցուեցաւ ճանապարհի կէսին–։

Երանաբաղձ եւ լուսանցոյց այդ դէմքերը
մումիացած աչքերով այդ դէմքերը ինկած
իրենց արեան շապիկներուն վրայ
ուր կը կպէր յուսափշուր սիրտը ցեղին
կը տեսնէին կը տեսնէին կը տեսնէին
իրենց ընտանիքը՝ ծաղկող ծիրանին
հայրենիքը անկախ՝ դրօշակը կուրծքին։

Համազգեստները արեան՝ սահմանացիր, անտես
բարձի նման կակուղ եւ կարծր՝ բարձի պէս ։

Պէտք չունիս բերելու ամոքում աշխարհի սարսափին
երբ մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի,
տրտմութիւնը՝ զայրոյթի , աղէտը՝ կշիռքի, եւ ցաւը՝ ձայնի։
Կամուրջներ չկան.
աշխարհի երեսին շպրտէ իր քարոզած
կեղծ բարեկամութեան շեղջակոյտերը,
երբ չի թողուր որ մեր պողպատէ ձեռքերը
մեր մանուկ ուրախութիւնները շոյեն.
Մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ,
Որպէսզի ինքնախաբէութիւնը ցմրուր չխմես։
Ծնրադրէ՛ արեան երկրատարած բազուկներուն քով
եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
որ այսպէս է
երբ սէրը կեանքէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ։

Ոտքի՛ ելիր,
մենք շիփշիտակ պիտի նայինք ողբերգութեան աչքին
անահ ահաբեկման լոյսը հեղելով մեր հոգիին
փակ դժոխքէն,
Արտաւազդի քով բանտարկուած ձիերը թառանչ կը քաշեն,
մեր յուսաբեկման աղջամուղջը փարատի պիտի,
կամարներէն եւ աստիճաններէն ոչինչ կը յայտնուի
դե՛րդ է որ պիտի պաշտպանէ քեզի։ Պաշտպանէ՛ դերդ։

Զգացական ջրհեղեղներէ դուրս, թեւարձակ
ներքայլումդ դէպի հոգիիդ հեղանուտը,
պատռտենք Սեւը ուրկէ կրակը կ՚անցնի
անձուկ, զարհուրագին, կպչուն։

Շողաթոյր երկինքին տակ անշնչացած աչուկներ,
մեր հոգիին թանգարաններուն մէջ դնենք
դնենք անոնց սուրբ մատնահետքերը
իրենց տրուած մահավճիռին վրայ
որպէսզի
պահ մը դուրս գայ Արդարութիւնը
եւ շնչահեղձէ բուն ոճրարարները։

Եռաբլուր՝
ուր սառած է արիւնը, բայց զօրութիւնը կ՚աճի՜։
Պահպանել այդ հայրենասուրբ անունները
որոնք թիթեռնիկներ չբռնած՝ ինկան ռազմի երախին մէջ,
անոր մահաբեր ախորժին մէջ
արշալոյսի միջանցքները փնտռելով
որպէսզի արեւին խիղճը չխաւարի դարձեալ։

Դեռ քանի՛ դիակ պիտի գլտորի ապագային մէջ
հզօրագոյն սերմերն են որ ընդմիշտ կ՚անհետանան։
Ճարճատիւն տարածութեան վրայ՝ անշարժ օրօրոցներ,
չկառուցուած սեմեր, չմրոտած կաթսաներ,
կապարակոծ քերթեր,
ծնողներու հառաչանքներ առանց ձայնաւորի,
ցաւը համր ու ներաբնակ՝ ինչպէս կեանքը հողին,
ինչպէս զաւակի վերադարձի յուսափշրումը։

Մեր անցեալի եւ ներկայի աղաղակները
հոգիիդ մէջ դիր եւ դուրս մի՛ հաներ
աղաղակները ձայնապնակ չեն։

Ազգի մը հա՛ցն է արդարութիւնը եւ ամբողջ ազգս անօթի է։

Անոնք չինկա՛ն
Որպէսզի սառնասիրտ դեւեր կործանեն
Մեր ժողովուրդին թոյրը բազմադարեան։
Անոնք չինկան որ անէութեան զարհուրանքը
Խլէ հայաշխարհը սահման առ սահման։
Իւրաքանչիւրիս մէջ արեգնածին աստուած մը կայ
Որ պէտք է դուրս ժայթքէ ու յաղթաժեռ գոռա՜յ
Հարկ է հալածէ դեւերը ազգակործան,
Մինչեւ ծիածան կապեն օրերը
Ճանոտ-ճիկերոտ
Ազգիս հայոց սէր, միութեան,
Յաղթութեան եւ յա՜ւե՜րժո՜ւթեա՛ն։

***

Սեպտեմբեր 27

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *