Պօսնա—Հէրսէքի խնդրին մէջ չարաչար պարտութիւն կրած ռուս դիւանագիտութիւնը այժմ ամէն կարելին կը փորձէ, Սերպիան գրգռելու եւ զայն իրեն պատուանդան դարձնելու իր յատուկ շահերուն յաջողութեան եւ իր նպատակներուն իրագործման։
Աւստրիա—Հունգարիա՝ երբ պաշտօնապէս յայտնարարեց Պօսնա—Հէրսէքի իւրացման խնդիրը, կանխաւ շօշափած էր Ռուսիոյ տրամադրութիւնները եւ առած՝ անոր հաւանութիւնը։ Ռուս դիւանագիտութիւնը չէր ընդդիմացած աւստրիական մտադրութեան, որովհետեւ կը յուսար թէ այս առիթով կարելի պիտի ըլլար, փոխադարձաբար, ձեռք բերել ինք ալ իր կողմէն՝ նեղուցներու ազատ անցքի արտօնութիւնը։ Սակայն աւստրիական դիւանագիտութիւնը աւելի խորամանկ ու ճարտար՝ վէճն ու բանակցութիւնները սահմանափակեց իր եւ Օսմանեան դիւանագիտութեան մէջ, եւ այսպէս իր գործը գլուխ բերաւ, տեղի չի ձգելով միւս տէրութեանց միջամտութեան։ Ռուս դիւանագիտութիւնը մնաց բացը եւ ձեռնունայն։ Այն ատենն էր որ Ռուսիա ճարահատ եւ նեղը ինկած՝ առաջարկեց նոր դեսպանախորհուրդի մը գումարումը, ուր քննութեան առարկայ պիտի դառնար Պերլինի դառնագրութիւնը։
Ռուսիոյ նպատակն էր գոնէ այս միջոցով աեւելեան խնդիրին մէջ իր միջամտութեան համար բաց դուռ մը ապահովել, որպէս զի կարողանար նոյն դեսպանախորհուրդին մէջ փոխարինութեան տեսակէտը պաշտպանելով իր առաջադրութիւններուն հասնիլ։
Բայց որովհետեւ դեսպանախորհուրդին գումարումը բաւական ջուր կը վերցնէր եւ կրնար դժուարութեանց հանդիպիլ կամ նոյն իսկ գումարուած պահուն չի տալ այն արդիւնքը՝ ինչ որ ցանկալի էր Ռուսիոյ համար, ռուս քաղաքագէտները ձեռք առին Պալքանեան Սլավ ազգերը՝ Սերպիան, Գարատաղը եւ Պուլկարին։ Նախ սկսան ռուս րէաքսիոնէր հայրենասէրներու շրջանակին մէջ համասլավական զգացումներու եւ համասլաւական տրամադրութիւններու ոգեւորութիւն մը, կեղծ խանդավառութիւն մը արծարծել, ինչ որ բնականաբար կը շոյէր պալքաններու Սլավ ժողովուրդներուն եղբայրակցական կապերը եւ կը քաջալերէր անոնց յաւանականութիւնները ներկայ պայմաններուն տակ։
Այսպէս, երբ խնդիրը մէկ կողմէն իր վախճանին կը հասնէր եւ աւստրեւթուրք համաձայնութեան հետեւանքով բոլորովին կը փակուէր, ռուս դիւանագիտութեան էնթրիկներուն շնորհիւ, միւս կողմէն աւեզի կը ծանրանար ու կը մնար տեւականապէս բաց։
Ռուսիա կը միջամտէր թուրքեւպուլկար բանակցութեան, առաջարկելով Պուլկարիոյ վճարելիք հատուցումը ի վրայ առնել եւ իր առնելիքներուն ի հաշիւ կարգադրութեան յանգիլ Թուրքիոյ հետ։
Գաղտնապէս կը թելադրէր Սերպիան ու Գարատաղը՝ դիմելու ամէն ծայրայեղութեան, Աւստրիոյ դէմ, որպէսզի այս սպառնալիքին միջոցով հարկադրէր տէրութիւնները վերջապէս զիջողութեան գալու եւ անխուսաբելի դարձնելու դեսպանախորհուրդին գումարումը։
Իսկ եթէ կարելի չըլլար այս բոլոր հետամտութիւններուն տալ իր բաղձացած հանգամանքը, այն ատեն Պալքաններու մէջ պայթեցնել պատերազմ մը, որուն կայծերը կարող ըլլային նաեւ հրդեհ ձգել Թուրքիոյ մէջ եւ կրակի տալ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը։
Ռուս րէաքսիօնէրական տարրերուն համար, որոնք այս պահուս իշխանութեան գլուխ կանգնած են եւ այդ իշխանութիւնը վերածած ամէնէն անարգ բռնապետութեան, Սահմանադրական Թուրքիան եւ սահմանադրական Պարսկաստանը մեծագոյն վտանգներ են, վտանգնե՜ր ռուս բռնակալութեան, վտանգնե՜ր ռուս տիրապետութեան եւ աշխարհակալութեան ախորժակներուն։ Պէտք է խորտակել այդ վտանգները՝ խեղդելով պարսիկ եւ օսմանի ժողովուրդներուն ազատութիւնը արիւնի մէջ. գինով, արիւնարբու եւ խենէշ Շահին համար ռուս Լիախով մը բաւական է, եւ բաւական եղաւ՝ Մէճլիսը թնդանօթի բռնելու եւ պարսիկ ժողովուրդին ներկայացուցիչները Թեհրանի փողոցներուն մէջ յոշոտելու։ Մնաց օսմանեան Սահմանադրութիւնը անխոցելի, որուն դէմ կը մնայ գրգռել միայն Պալքանեան սլաւ տէրութիւնները, միացնելով զանոնք իրարու հետ եւ նետելով այս պետութեան վրայ։ Եւ այս զզուելի ու շնական նպատակը իրագործելու համար հարկ էր հետեւապէս որ պալքանեան նոյն փոքր տէրութեանց բանակցութիւններուն ու վէճերուն թելերը մէկ առ մէկ հաւաքուած ըլլային Ռուսիոյ ձեռքերու մէջ։
Ռուսիայ հաւաքեց այդ թելերը եւ հիմա ուզածին պէս կը շարժէ զանոնք իրերու ընթացքը վարելով իր բաղձանքներուն եւ քաղաքական թաքթիքին համաձայն։
Այս պատճառով է որ ո՛չ պուլկար եւ թուրք բանակցութիւնները կ՚աւարտին, ո՛չ աւստրեւսերպ վէճը իր սաստկութիւնը կը կորսնցնէ։
Ռուսիա մինչեւ ոչ կա՛մ իր շահերը չապահովէ, կա՛մ դիւանագիտական զօրեէ ընդդիմութեան մը հետեւանքով քաղաքական բացարձակ պարտութեան մը չենթարկուի, թոյլ պիտի չի տայ պալքանեան այս կրկնակ խնդիրներուն հաշտարար եւ բնական լուծմանը, ընդհակառա՛կը, պիտի ջանայ զանոնք միշտ արիւնահոս եւ բորբոքուն վիճակի մը մէջ պահել եւ շարունակ էնթրիկներ լարել պալքաններուն մէջ։
Եթէ աղէտալի պատերազմի մը յայտարարութիւնը անկարելի դառնայ, եթէ գաղտնապէս դէպ ի Սերպիա եւ Պուլկարիա խրկած իր ռազմամթերքներն ու գործակալները բանի մը չի ծառայեն, Դեսպանախորհուրդի մը գումարումը պիտի մնայ Ռուսիոյ վերջին յոյսը։
Թէ այդ դեսպանախորհուրդը ի՛նչ եզրակացութեանց կրնայ յանգիլ, թէ անոր գումարումէն ետք կնճռոտութիւնները վերջապէս կը քակուին կ՚անհետանան՝ նոյնքան դժուար է վճռել այժմէն։
Իրողութիւնը այս է միայն որ մեծ դուքսերու, իշխաններու եւ յետադէմ Ռուսիոյ ամբողջ բանակը ամէն կարելին կը փորձը այս պահուս փորելու օսմ. Սահմանադրութեան հիմերուն տակ եւ կասեցնելու մեր երկրին վերածնութեան գործը։ Այդ նպատակին հասնելու համար կը շահագործէ Գարատաղը, Սերպիան, Պուլկարիան, կը շահագործէ սլավոնական գաղափարը, կը շահագործէ ինչ որ իր ձեռքին տակ կրնայ իյնալ։
Վերածնուող Թուրքիոյ համար կայ մէկ անողոք թշնամի եւ այդ թշնամին ներկայիս ռուս դիւանագիտութիւնն է, որ անհաշտ է ամէն ողովրդապետական գաղափարի, առաւելապէս օսմ. ժողովուրդներու ազատագրութեանը։ Այժմեան Ռուսիան՝ Լոպանովի Ռուսիան է, առանց ամենափոքր փոփոխութեան, եւ եթէ 1895 թուականին այդ Ռուսիան չէր բաղձար իր Կովկասեան սահմաններուն վրայ տեսնել «նոր Պուլկարիա» մը, չպիտի բաղձայ երբեք նոր Պուլկարիայէ մը աւելի հզօր՝ սահմանադրական Թուրքիայի մը։
«Ժամանակ», 1909, թիւ 124, Հինգշաբթի, 12—25 Մարտ