Վեհանոյշ Թեքեան | Ալեքսանդր Թոփչեան

Կարծես չէր բաւեր համընդհանուր կորուստը, մեր գրական երկնակամարէն ալ աստղեր ետեւ ետեւի կ՚երերան, իրենց ժամանակաւոր կացարանէն տեղաւորուելով մշտնջենական լոյսի մէջ։

Եւ հիմա Ալեքսանդր Թոփչեանի լուսեղէն հոգին մնաց։ Հայաստանի մէջ Թոփչեան իսկական երեւոյթ էր։ 1960-ական թուականներուն երբ համաշխարհային գրական աշխարհի տարածքին նորանոր յարանորոգ ձեւեր կը որդեգրուէին,–գրականագէտ Թոփչեան գիսաւոր աստղի պէս կ՚ընթանար առջեւէն իր սերունդի բանաստեղծներով, ստեղծագործողներուվ. գրչակիցներուն ճամբան կը հարթէր ու կը կենար ժամանակի կլիմային վրայ։ Տարբեր աշխարհահայեացք ու նորոգուող լեզու։

Նոյն պահուն տեղի կ՚ունենար միեւնոյն տագնապը տարբեր հեռաւորութեան մը վրայ։ Միաժամանակ զուգահեռական մը կը գոյանար Լիբանանի մէջ, ֆրանսայի մէջ եւ այլուր։ Զոյգ խարիսխներ,՝ իրարմէ անկախ, բայց նոյն մտասեւեռումով, ժամանակակի շնչառութիւնը տուող տենդով։ Պօղոս Սնապեանը «Բագին», ու Սիմոն Սիմոնեանը «Սփիւռք» եւ մենք՝ նորահաս սերունդի գրողները, ( որ տարիներո՜վ «սկսնակ» կոչուեցանք), ի՜նչ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք այդ ելոյթներուն։ Թոփչեան կը բացատրէր, կը թելադրէր, ու կը պաշտպանէր սերնդակիցներու տենդն ու սխրանքը, որ նոր շունչ ու որակ կը բերէին գրական մթնոլորտին։

Հիները հանգիստ էին հրամցուող դասականով. նորարարութիւնը զիրենք – բնականաբար -կը խրտչեցնէր։ Մինչ երիտասարդութիւնը անհանգիստ էր. եւ հո՛ս էր տարբերութիւնը։ Ձայնը միեւնոյն տեղէն կը բխէր բայց տարբեր ոլորտներ կ՚որոնէր, ու շատ յաճախ կր յաջողէր։ Բառերը պատմուճանով չէին ներկայանար, ցնցոտի ալ չէին. նոր փայլք ու սահմանազերծ տարածք ունէին։
Ալիք Թոփչեան միշտ ներկայ էր «թեւերը սոթթած»։ Մամուլի մէջ, համալսարանական բեմերու վրայ։ Յարգելով հանդերձ դասականը, երբ համաշխարհային պատերազմ անցուցած , անհեթեթութիւններով պարուրուած փիլիսոփայութիւն կը յայտնուէր , արուեստի նորանոր ձեւեր կը որդեգրուէին, Թոփչեան փարած հայ մշակոյթի ո՛չ թէ տեղատուութեան՝ այլ՝ զարգացման, կը շեշտէր նոր խօսքի, ոճի, կենսաձեւի, աշխարհահայեացքի անհրաժեշտ քննարկումն ու ընդունելութիւնը։ Բացաւ դարպասը ժամանակակից գրական ճարտարապետութեան։

Ալեքսանդր Թոփչեան կենսաբեր ու բազմաբեղուն էր։
«Բանաստեղծութիւն երբեք չգրեցի» կ՚ըսէր հարցազրոյցի մը ընթացքին, սակայն փորձեց միւս ժանրերը։ Իր «Պանք Օթոման» վէպը – նախաեղեռնաեան եղելութիւններու յենած էր։ «Խորխէ Կղզին» նոր աշխարհի։ Խստապահանջ ինքզինքին նկատմամբ, մանրանասնութեան հետամուտ, բառամթերքով մը որ կրկնակի հաճոյք կը բաշխէ ընթերցողին։
Իր գրադատութիւնները կը խթանէին միտքը, իսկ իր բարձրորակ գրականութիւնը կարելի է դասել համաշխարհային գրականութեան շարքին մէջ։

Թարգմանութիւնները՝ նոյնպէս։
Անխոնջ թարգմանիչ էր, օտարը բերաւ հայ գրականութեան մէջ։ Մօտ ութսուն թարգմանութիւն ֆրանսական գրականութենէ։ Լեզուի վարպետ մը որ գիտեր յուշիկ փախչող թելերը գտնել, ծուարած ներբերանգները հարազատօրէն մատուցել։

Կը մէջբերեմ կրթութեան, Մշակոյթի, (եւայլն) նախարարութեան հաղորդագրութենէն.
«Մեծ է Ա. Թօփչեանի ներդրումը նաեւ շարժապատկերի աշխարհի մէջ: Բեմագրական մշակման ճգնաժամային ժամանակահատուածին մէջ, իբրեւ գլխաւոր խմբագիր, աշխատելով «Հայֆիլմ»-ի մէջ, ան կրցաւ աշխատանքը դնել կանոնաւոր հունի մէջ: Դիտելով 1975-1985 թուականներու նկարահանուած ժապաւէնները` կարելի չէ չտեսնել անոր ձեռագիրը «Երկունք», «Կեանքի լաւագոյն կէսը», «Մեր մանկութեան թանկոն», «Հին օրերու երգը» ժապաւէններուն մէջ: Յաջողութեան գաղտնիքը գրականութիւնը շարժապատկերի հիմքին մէջ պահելու անոր անխախտ սկզբունքն էր:
«Յաջող էր նաեւ Ա. Թօփչեանի ստեղծագործական գործունէութեան վերջին պտուղներէն մէկուն` «Պանք Օթոման» վէպի համաշխարհային ճամբորդութիւնը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ վէպը արտերկրի մէջ հրատարակուած է քանի մը լեզուներով: Նախարարութեան դրամաշնորհով ստեղծուած, եւ վերջերս լոյս տեսած են անոր «Որոգայթ» վէպը եւ Ժորժ Ռոտենպախի «Մշուշներու ճախարակը» ստեղծագործական ժողովածուն` ֆրանսերէնի թարգմանութեամբ»։
Յայտնենք, որ Ա. Թօփչեան Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ արժանացած է «Արուեստներու եւ գրականութեան սպայի» շքանշանի»:

Սփիւռքի գրողի համար ողջունելի երեւոյթ է որ Ալեքսանդր Թօփչեան առաջին օրէն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց նաեւ արեւմտհայ գրողներու գործերուն վրայ։ Հայազգի օտարագիր եւ սփիւռքահայ գրողները` Վահէ Քաչա, Ժան-Պաթիսթ Պարոնեան, Վահէ Կոտել, Վազգէն Շուշանեան, Զահրատ, Զարեհ Խրախունի, Նիկողոս Սարաֆեան Ռուբէն Սեւակ եւ ուրիշներ: Իր «Եւ անգամ մահէն ետք» վէպը արժանացաւ մրցանակի:
Շքանշաններ՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի։

Քանի մը անգամ անդրադարձաւ իմ գործերուս ընդարձակ յօդուածներով։ Գրաքննադատը ան է որ ի յայտ կը բերէ բաներ որուն ստեղծագործողը ինքը գիտակից չէր։ Կ՚իջնէ յատակը գրութեան ու կը բռնէ էութիւնը։
Գլուխ-գործոց որակած է «Մոխիրէ Ծառ»ը. (Նշանագիր», 1987)եւ յայտնած՝ «Այդ պոէմը, («Մոխիրէ Ծառ»), մեր խորին համոզմամբ, Պ. Սեւակի «Զանգակատնից» յետոյ, Եղեռնին անդրադարձող ամենաուշագրաւ գործն է հայ գրականութեան մէջ… »
Պատմեց թէ որքան հեռաձայններ, բողոքներ ստացած է – Սփիւռքահա՞յ, կին գրո՞ղ, Պարոյր Սեւա՞կ։ Իր պատասխանը բոլորին՝ «Նախ կարդացէք գործը, եւ ապա յայտնեցէք ձեր կարծիքը։» Անկէ ետք մա՛րդ չհեռաձանեց. ըսաւ կիսաժպիտ։ Այդ գրախօսականը տեղադրուած է դիմատետրիս երեկուան էջին մէջ, «Գրանիշ»ի միջոցով։

Թոփչեան ոչ միայն կարեւոր կը նկատէր այլեւ կողմնակալութիւն չունէր արեւելահայ-արեւմտահայի միջեւ։ Գրական նուաճումն էր կարեւորը։ Հայ գրող էր ամէն նկատառումէ առաջ, հարազատ կը զգար արեւմտահայ գրողներու հետ եւ արժանին չէր զլանար։

Երբ անձնապէս ճանչցայ զինք, հիացում պատճառեց իր մարդկային առաքինութիւններով ազնուականի՛ կերպարը։ Կեղծիքի, շահախնդրութեան, հաճոյախօսութեան փշուր չկար, նայուածքը մեղմ ու խորաթափանց, խօսքը հաւասարակշռուած։ Անծայրածիր հմտութեան գիտելիքով՝ համաշխարհային գրականութեան, եւ զայն իր ժողովուրդին բաշխելու մտադրութեամբ, յանձնառո՛ւ գրողն էր որ չզլացաւ իր ժամանակը, չընկրկեցաւ պայմաններէն որ ընկլուզեցին Հայաստանը «սեւ ու մութ տարիներուն»։ Ցուրտին մէջ, առօրեայ անհրաժեշտ կարիքներու խիստ զրկանքին մէջ ան՝ վերարկու վերարկուի վրայ խաւ առ խաւ հագած (գրած է նամակով) դարձեալ ու մի՛շտ գրեց։

Այս «միշտ»ը կ՚ընդգրկէ, նաեւ կը յուզէ, իր բացառիկ յարգանքն ու հոգածութիւնը իր կնոջ՝ Անահիտին հանդէպ։ Հիացում ունէր դերասանական տաղանդի կողքին անոր գրականութեա՛ն նկատմամբ։ Իրաւամբ, Անահիտ բացաւ հայ կնոջ ենթաշխարհի մինչ այդ չդրսեւորուած խաւեր՝ ամենայն նրբութեամբ։ Եղաւ ամուսինին առաջին ընթերցողը, իսկ Ալեքսանդրին համար խիստ կարեւոր էր կողակիցին կարծիքը։

Ալեքսանդր եւ Անահիտ, երկու սիւներ՝ կամարուած մեծ սիրով, բարձր գրականութեամբ, եւ գեղատեսիլ։
Անկախութենէն ի վեր իրենց տարին կը կիսէին Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ։ Փարիզ իրենց ընտանիք կազմած դուստրը թոռնիկներ պարգեւած էր։ Իսկ Երեւան երանելի անցեալի մը լուսամուտն էր, ուր կը յայտնուէին իրենց սրտակիցները։

Այո, սիրտ ցաւցուց իր հեռացումը։ Հուսիկ Արային գրածը ճիշդ է սգահարներուն համար որ ծանօթ էին այդ գրագէտին լուսեղէն գոյութեան. «Ինձ միշտ թվացել է, որ Ալեքսանդր Թոփչյանը երբեք չի մեռնելու»։

Իցի՜ւ թէ։
Վեհանոյշ Թեքեան
Սեպտեմբեր 11
******************

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *