Իգնա Սարըասլան | Երազ Կաղանդ

Կիսատ Կաղանդ

Որքան ալ յոգնիս
Որքան ալ տքնիս
Բան մը
Միշտ բան մը պակաս պիտի մնայ
Որքան ալ գրես
Որքան ալ խօսիս
Բան մը
Միշտ բան մը կիսատ պիտի մնայ
Որքան ալ դիմադրես
Որքան ալ պայքարիս
Բան մը
Միշտ բան մը անաւարտ պիտի մնայ
Կաղանդը
Բոլոր կիսատ յոյսերուն
Անաւարտ պայքարներուն
Բոլոր «պակաս» ապրումներուն — կեանքերուն
«Անպակաս» տօնախմբութիւնն է։

 

Սիրոյ ծառը

Երկրագունտին վրայ ծնող – ծաղկող
բոլոր կանանչ յոյսերը հաւաքեցի
տերեւ – տերեւ ճիւղ – ճիւղ

կաղանդի ծառ մը կերտեցի
ճիւղերն ի վեր – ճիւղերն ի վար
ձեր բիբերուն փայլը
ձեր Արտերուն զարկը
ձեր երակներուն խանդը կախեցի

ճիւղերուն քովն ի վեր – ճիւղերուն քովն ի վար
սրինգի մը շունչը
կիթառի մը ծիծաղը
երգեհոնի մը հառաչանքը սփռեցի

ճիւղերուն եզերքն ի վեր – եզերքն ի վար
քրտինքը ձեր ճակտին – կոշկոռները ձեր մատներուն
մարգարիտի հատիկներուն նման
գոյն – գոյն դերձաններու անցուցի

Արմատներուն գիրկ գիրկ
եղբայրութիւն – բարեկամութիւն
զոհաբերութիւն թափեցի

Կաղանդի ծառիս գագաթին
երջանկութեան աստղը զետեղեցի

Ծառս սիրոյ ծառն Է գրկաբաց
հրամեցէք
սիրով լեցուելու – սէր ըմպելու ֊ սէր շնչելու
սիրոյ ծառին տակ
սէր կաղանդով անմահանալու

 

Մաղթանք մեծասքանչ

Այս գիշեր
գաղտագողի պիտի մտնեմ ձեր դռնէն ներս
կաղանդի ծառին վրայ
մոմի նման պլպլացող յոյսը պիտի ըլլամ
Այս գիշեր
յամրօրէն պիտի թափանցեմ ձեր երակներէն ներս
ձեր տառապած Արտերուն մէջ
ճառագայթող երջանկութիւնը պիտի ըլլամ
Այս գիշեր
հեշտօրէն պիտի սուզուիմ ձեր կոպերէն ներս
ձեր հեւ ի հեւ կեանքին – ձեր ցիրուցան ապրումին
երազը պիտի ըլլամ ովկիաններու փրփուրին պէս ձիւնափայլ
Այս գիշեր
մեղմօրէն պիտի թառիմ ձեր շրթներուն վրայ
եւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ արձագանգող իմ լեզուով
խաղաղութեան մաղթանք մը պիտի ըլլամ համասփիւռ

Կաղ կաղանդներով կաղաց մեր կաղ կեանքը

Թէ որքան ուզեցի այս գիշեր
Երգ մը ըլլալ ձեր շրթներուն վրայ
Կամ պուտ մը ապագայ ձեր աչքերուն մէջ
Թէ որքան ուզեցի այս գիշեր
Պար մը ըլլալ ձեր քայլերուն քով
Կամ բուռ մը բերկրանք ձեր սրտին մէջ
Բայց
Կագ կաղանդներով կաղաց մեր կաղ կեանքը
Եւ մեր աչքին մէջ լոյս մը
Լոյս մը եւս մարեցաւ

 

Կէս գիշեր էր

Դեկտեմբերի վերջին օրը – կէս գիշերին
Սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցանք
Կաղանդը պիտի գայ ըսին
Սպասեցինք
Եւ չեկաւ

 

Եւ բոլոր անոնց

Եւ բոլոր անոնց համար որ կ՚աշխատին այս գիշեր
Անոնց
որ պահ մը իսկ չեն զգար թէ կաղանդ է
Անոնց
համար որ կաղանդ չունին
Անոնց
որոնց համար կաղանդ չէ այս գիշեր
Բաժակս բոլոր անոնց գալիք կաղանդներուն
ձիւնի նման հալող երազներուն համար կը բարձրացնեմ
Բաժակս բոլոր անոնց հուժկու մկաններուն
հզօր ուղեղներուն կենաց կը պարպեմ
Բայց
բայց բաժակս
հեծլկտուքի
հեծկլտուքի մը նման
փշուր – փշուր
կը փշրուի

 

Բանաատեղծին կաղանդը

Եքեք տաբերակներով

Ա
Այբը եղեւին մը ունէր
Բենը եղեւին մը – աաւել մոմեր
Գիմը եղեւին ֊ մոմեր – առաւել զարդեր
Բանաստեղծը մինչդեռ ոչ եղեւին ունէր
ոչ մոմ – ոչ զարդ
ձիւնափայլ եղեւիններուն
պլպլացող մոմերուն
ցոլարձակ զարդերուն երգը միայն
կ՚երգէր ան
երգը յաւերժական

 

Բ
Զահրատին

Ամէն ոք եղեւին մը ունէր
ան չունէր
եւ որովհետեւ բանաստեղծ էր
ճիտին պարտքն էր
պիտի եղեւինին երգը երգէր
պատրանքն իրեն միթէ չէ՞ր բաւեր

Գ
Խրախունիին

Խելայեղ անեզրութեան լուսաճաճանչ հովանիին տակ
Ամանորի գեղուղէշ եղեւինի մը իբր տէր սեպուելու
նկատուելու
համարուելու
յարգուելու
անհրապոյր էակ – անարժէք ծառայ – աննշան ստրուկ չըլլալու
նախապայմանը մէկ չէ – երկու է
նախ արփաշող մոմեր – յետոյ զարդեր քմայափայլ
ոսկեզօծ մայրամուտի մը ցոլքերուն պէս փրփրադէզ
լոյսին բացուած հազարամատ ձեռքի նման կարօտակէզ
Մինչ քերթողը
որ ոչ եղեւին ունի լուսագագաթ –
ոչ մոմ – ոչ զարդ պսպղուն
կը ցանկայ ձեռք երկարել ամէն ինչի որ վերն է
Դուք կը կարծէք որ ան
վաղանցուկ երգը կ՚երգէ արմատախիլ եղեւինին լուսաթեւ
մինչ ան կը մագլցի վեր – դէպի վեր արշաւասոյր
կոյս աստղերու յորդ աւիշով արբշիռ
կ՚երգէ հրաշազօր երգը յաւերժութեան

 

Առասպել

Թել թել
Առասպելներ հիւսեցի յոյսերով
Ձեզի համար
ճիւղ ճիւղ
Եղեւիններ զարդարեցի մոմերով
Ձեզի հետ
Թերթ թերթ
Օրացոյցներ թղթատեցի մատներով
Ձեզի պէս
Մինչ օրերու խօլ պարին մէջ
Առասպելները փշրուեցան
Եղեւինները թառամեցան
Օրացոյցները փճացան
Եւ հիմա
ժամացոյցը երբ 12 անգամ լացաւ
Ան դարձեալ չեկաւ
Թէեւ խոստացած էր – պիտի գար
Ան իմ երջանկութիւնս էր – քու խաղաղութիւնդ
Ան մեր ազատութիւնն էր
Ան իմ – Ան քու – Ան մեր առասպելն էր խաբուսիկ

 

Դուն իմ կաղանդս ես Լօ

Կաղանդի ծառին վրայ պլպլացող մոմեր կան
Դուն
Սրտիս մէջ մոմի նման պլպլացող յոյսն ես Լօ
Կաղանդին ծառին քով ճառագայթող գինին կայ
Դուն
Երակներուս մէջ գինիի պէս ճառագայթող տենչանքն ես Լօ
Կաղանդի ծառին տակ քաղցրահամ անուշապուրը կայ
Դուն
Շրթներուս վրայ անուշապուրի նման քաղցրահամ համբոյրն ես Լօ
Դուն իմ Կաղանդի ծառս – պլպլացող մոմս
Դուն իմ ճառագայթող գինիս – քաղցրահամ անուշապուրս
Դուն
իմ Կաղանդս ես Լօ

 

Երազ Կաղանդ

Պճնուած ցուցափեղկերու մէջ բոլոր Կաղանդ
Պապաները հասակ – հասակ
Հարսի պէս զարդարուած եղեւնիները տեսակ – տեսակ
Բոլոր բառերը շրթներու մէջ – ժպիտները դէմքերու վրայ
Կեղծ են – սուտ են – ձերը չեն – դուք ալ գիտէք
Նոյն կարօտը չէ՞ միթէ որ կը բերէ նոր տարին
Նոյն տառապանքը – նոյն տանջանքը – նոյն տենչանքը չէ՞ միթէ
Ինչու՞ կ՚երթան հիները ֊ ի՞նչ է իրենց յանցանքը
Ինչու կ՚ուգան նորերը միշտ նոյն մթութեամբ բեռնաւոր
Ես ուիսքի չեմ խմեր – ձկնկիթ չեմ ուտեր
Ես փարթամ սեղաններու բաժակաճառերը չեմ սիրեր
Ինծի քիչ մը եղբայրասիրութիւն տուէք
Ըմպեմ կաթիլ-կաթիլ վերանամ
Կեղծը ֊ սուտը – իմս ֊ ձերը մէկդի դրած
Յոյսի պէս – համբոյրի պէս Կաղանդ մ՚ունենամ
Տառապանքը – տանջանքը – տենչանքը մոռցած
Հեքիաթի պէս – երազի պէս Կաղանդով մ՚արբենամ

Փաթիլներ

Երկնուղէշ աղօթքներու մէջ երփներանգ բողոքներ
Անմեկնելի բառեր վիրաւոր ճնճղուկի մը փետուրներուն
Ահագնատեսիլ ամայութեան գոգը մզկիթներ համր
Ինքնաշարժներու անիւներուն եռանկիւն ապրումներ
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն կը տեղար
Երկու տարբեր փաթիլ էինք
Երկու տարբեր սրտէ ներս
Այս եղանակին ջուր չէք կրնար ըլլալ – կը սառիք
Չէք կրնար թափառիլ – չէք կրնար սիրաբանիլ
Այլ ձեր յոյսերուն լոյսին տակ – պանդոկի մը սենեակը
Գարուն մը կ՚երազէք արձաններու հետ – արձաններու նման
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն կը տեղայ
Երկու տարբեր փաթիլ էք
Երկու տարբեր սրտէ ներս
Ադամալոյսին կիթառի մը հեծկլտուքը պիտի լսէք
Պիտի լռէք – պիտի երգէք – պիտի լաք ակամայ
Յղի աղջամուղջին աչքերը պիտի փորէք
Վագր հորիզոնը արեւներ պիտի լափէ
Մինչ քաղաքին վրայ դարձեալ ձիւն պիտի տեղայ
Երկու տարբեր փաթիլ պիտի ըլլաք
Երկու տարբեր սրտէ ներս:

ՀՈՐԻԶՈՆԷՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՄԸ ԾԱԳԵՑԱՒ

Վերջալոյսովն սառ արեւին
Դէպի անցեալ տարի մըն ալ սահեցաւ
Սրընթաց իբր ճառագայթ մը ոսկեփայլ
Քաղցր իբր երազ մը երփներանգ
Զուարթ իբր երգ մը հայրենի
Մեղմ իբր շունչ մը զեփիւռի
Ջինջ իբր երկինք մը գարնան
Արշալոյսովն վառ արեւին
Հորիզոնէն նոր տարի մը պիտ ծագի
Դեռափթիթ յոյսերով բեռնաւոր
Ու յետոյ յամրօրէն
Ան ալ մայր պիտի մտնէ
Մեր անձուկ աշխարհի
Բոլոր անմահ կարծուող ապրումներուն նման
Հորիզոնէն նոր տարի մը պիտ ծագի

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *