Քրիստիան Բատիկեան | Կաղանդի Հէքեաթ

Առտու 7-ին արթննալը հաճելի բան մը չէ: Մանաւանդ դպրոցական արձակուրդի շրջանին. ան ալ՝ կաղանդի արձակուրդի: Բայց մեծ մամայի տունին կարգն է անանկ: Դեռ երազը աչքերէս ամբողջովին չթօթուած՝ նրբանցք կ՚ելլեմ, ուր կը հանդիպիմ ոչինչ հասկցող քրոջս եւ յուսահատօրէն յօրանջող հօրս: Մեծ մաման արդէն բազմած է տօնական նախաճաշի սեղանին գլուխը եւ դժգոհութիւն արտայայտող աչքերով մեզի կը հետեւի:
– Աճապարելու հարկ չկայ, դեռ շատ չէք ուշացած. կէս ժամ միայն, – կ՚ըսէ հեգնական, յետոյ մեր յուսահատ նայուածքը տեսնելով կ՚անդրադառնայ որ ֆրանսերէն ըսուած իր խօսքը միայն մայրս հասկցաւ. ալ աւելի կը խոժոռի եւ դժկամութեամբ նոյնը անգլերէնով կ՚ըսէ:
– Անուշապուր չկա՞յ, – կ՚ըսեմ զարմացած, ինծի յատկացուած տեղս զբաղեցնելով սեղանին շուրջ:
– Կարկանդակդ կե՛ր, – կը շշնջէ մայրս:
– Բայց անի միսով է, ես միս չեմ ուտեր…
– Ուրեմն անօթի մնա՛, – կտրուկ կ՚ըսէ մեծ մաման, եւ ամէնքս ուտելու կը սկսինք անախորժ լռութեան մէջ:
Պանիրի կտոր մը կը ծամեմ առանց ախորժակի, մինչ սիրտս կը կոտտայ: Երկու օր է միայն որ հոս ենք, բայց արդէն քաղաքս կարօտցած եմ: Արդէն սկիզբէն ալ չէի ուզեր գալ: Կաղանդը քաղաքէս եւ ընկերներէս հազարաւոր քիլօմեթրեր անդին տօնելու գաղափարն սկիզբէն չսիրեցի: Մանաւանդ շատ կարեւոր բան մը որոշած էի իրագործել կաղանդին: Վարժարանի 7-Ա դասարանը այդ օրերուն ծրագրած էր պտոյտի ելլել. նաեւ սինէմա պիտի երթայինք: Որոշած էի այդ օրը վերջապէս մօտենալ անոր, որմով վերջին մէկ տարին մտքերս ամբողջ լեցուած էին, եւ վերջապէս ըսել զգացումներուս մասին: Պիտի այնպէս կարգադրէի գործերը, որ սինէմայի տոմսակի պոչին մէջ քով քովի գտնուէինք, յետոյ շարժանկարի սրահին մէջ իրարու քով գայինք. պիտի զգացումներուս մասին շշնջէի իր ականջն ի վար: Այդ օրուան տոմսակը պիտի պահէի իբրեւ յիշատակ եւ տարիներ վերջ օր մը հանէի գրպանէս եւ վերապրէի հեռաւոր այն օրը… Բայց այդ ամէնուն փոխարէն ստիպուեցայ ծնողքիս հետ Պէլճիքա գալ, որովհետեւ «մեծ հօրդ մահուընէ ի վեր մեծ մամադ միս-մինակ է, թող գոնէ այս տարի իր կաղանդը տխուր չըլլայ»: Բայց տխուր եւ հեզ մեծ մամայի փոխարէն գտայ բաւական խիստ եւ դժկամ մեծ մամա մը, որ ակնյայտօրէն չէր ախորժեր մեզմէ: Զինք տեսած էի միայն լուսանկարներու վրայ եւ մէկ բան գիտէի իր մասին. պելժիացի էր: Մայրս, որ իր հօրը մասին շատ կը խօսէր, ոչինչ կը պատմէր մօրը մասին: Կամ ես մոռցած էի: Այն հին լուսանկարին վրայ, որ մեր տան բուխերիկին վերը փակցուած էր, պատկերուած էին մամաս, մօրաքոյրս եւ քեռիս իրենց մանկութեան շրջանին, իսկ անոնց վերը ոտքի կեցած էին մեծ մամաս եւ մեծ պապաս: Ամէնը երջանիկ կը ժպտէին գարնանային հեռաւոր այն օրը, ուր մամաս դեռ պզտիկ աղջիկ էր: Ամէնը, բացի մեծ մամայէն: Մեծ մաման քիչ մը քովնտի կեցած, բարակ շուրթերը կղպած դէպի առաջ կը նայէր: Գեղեցիկ էր, բայց տիրական: Իր ազնուական կազմուածքին իբրեւ հակապատկեր կը հանդիսանար ժպտադէմ եւ քիչ մը կարճահասակ մեծ պապան: Միշտ կը ջանայի հասկնալ, թէ ի՞նչ կ’ընէր ազնուական, այլ պաղ այդ կինը այն ջերմ լուսանկարին վրայ:
Եւ հիմա նստած եմ այդ խոժոռ տիկնոջ ամէն բանէ դժգոհ հայեացքի ներքոյ եւ կը ջանամ չատել մայրս եւ հայրս որ հոս բերին զիս:
– Իմացա՞ր որ Սէզարն ալ հոս է, – կ՚ըսէ մեծ մաման:
– Օ՜հ, իրա՞ւ…
Մայրս կը շիկնի:
– Սէզարն ո՞վ է, – կը հարցնեմ:
Մեծ մաման արհամարհոտ նայուածքի մը կ՚արժանացնէ զիս:
– Սէզար համբաւաւոր նուագավար է: Բովանդակ Եւորոպան անոր մասին կը խօսի: Մօրդ դասընկերը եղեր է: Սէզար մամադ կը սիրէր, բայց մայրդ…
– Կը բաւէ, մամա, – կտրուկ կ՚ըսէ մայրս ֆրանսերէն:
– Ես չեմ ճանչնար այդ համբաւաւոր նուագավարը, իր անունը բնաւ լսած չունիմ, – կ՚ըսեմ ես, արժանանալով հօրս սիրով եւ երախտագիտութեամբ լի հայեացքին:
– Ձեր գիւղին մէջ հարկաւ որ չէք լսած, – կ՚ըսէ մեծ մաման:
– Իսթանպուլ գիւղ չէ…
Մեծ մաման միայն հեգնական ժպիտ մը կը պարգեւէ, իսկ մայրս կսմիթ մը կուտայ՝ հասկցնելով որ լռեմ ալ:
Նախաճաշէն վերջ հայրս ու մայրս կը պատրաստուին բարեկամի մը այցի երթալ, ինծի եւ քրոջս ձգելով մեծ մօրս քով, որ ընկերակից ըլլանք անոր:
– Խելօք կ՚ըլլաք, – կ՚ըսէ մաման եւ դուրս կ՚ելլեն:
Նախանձոտ ակնարկով կ՚ուղեկցիմ անոնց:
– Կրնա՞մ քիչիկ մը թի-վի դիտել, – կը հարցնեմ մեծ մամային:
– Ինչ կ՚ուզես ըրէ, միայն թէ անաղմուկ եւ զիս անհանգիստ չընես, – կ՚ըսէ եւ քայլերը դէպի խոհանոց կ՚ուղղէ:
Տասը վայրկեան վերջ կը հասկնամ որ տեղական հեռատեսիլային կայաններն ինծի համար հետաքրքրական ոչինչ ունին եւ կը սկսիմ սենեակներու մէջ աննպատակ պտըտիլ, մինչ քոյրս կը ջանայ տունի ծեր կատուին թաթը փրցնել: Ձանձրացած խոհանոց կ՚երթամ: Մեծ մաման նստած է սեղանին առջեւ, դիմացը կէս պարպուած գինիի շիշ մը եւ ձեռքին գաւաթ մը: Կը խմէ եւ ձայնասփիւռէն ֆրանսերէն յատագիր մը մտիկ կ՚ընէ:
– Ի՞նչ կ՚ընես կոր…
– Լռէ՛, – կը հրամայէ եւ կը շարունակէ մտիկ ընել:
Կը նստիմ քովի աթոռակին եւ կը ջանամ բան մը հասկնալ յայտագիրէն: Ռատիօ-նովէլ մըն է կարծես: Աղջիկ մը կրքոտ ձայնով բաներ կ՚ըսէ տղու մը: Տղան կարծես տեղ մը պիտի երթայ եւ աղջիկը կ՚աղաչէ չերթալ: Իմ տկար ֆրանսերէնովս այսքանը միայն կրցայ հասկնալ, թէեւ վստահ չեմ թէ ճիշդ հասկցայ:
Մեծ մամային դէմքին արտայայտութիւնը չի փոխուիր. կում կում գինին կը խմէ, յետոյ նորէն պարպուած գաւաթը կը լեցնէ: Յայտագրին աւարտին շիշը գրեթէ պարպուած է:
– Դպրոց կ՚երթա՞ս, – կ՚ըսէ՝ բան մը ըսած ըլլալու համար:
– Հիմա արձակուրդ է:
– Հասկցայ…
– Պապան եւ մաման ո՞ւշ պիտի գան, – կ՚ըսեմ՝ բան մը ըսած ըլլալու համար:
– Կրնայ ըլլալ:
– Ինչո՞ւ չես սիրեր պապաս, – կը հարցնեմ մէկէն, չեմ գիտեր թէ ինչու:
Դէմքին արտայայտութիւնը չի փոխուիր. անակնկալի չի գար:
– Ո՞վ ըսաւ չեմ սիրեր:
– Անանկ թուեցաւ..
Երկվայրկեան մը զիս կը դիտէ լուռ, յետոյ կտրուկ կ՚ըսէ.
– Կը բաւէ ալ, յոգնեցուցիր: Գնա խաղա՛:
– Ի՞նչ խաղամ:
– Չեմ գիտեր. գնա բան մը ըրէ:
– Ի՞նչ ընեմ:
– Ինչ կ՚ուզես, ան ալ ըրէ:
– Ոչինչ կ՚ուզեմ, – կ՚ըսեմ:
– Իսկ ինձմէ՞ ինչ կ՚ուզես, – կ՚ըսէ սրտնեղած:
– Ոչինչ…
Կը լռենք: Ձայնասփիւռը Ծննդեան հին երգ մը կը հեռարձակէ, պատուհանին վրայ սառը անիմանալի նախշեր գծած է, քոյրս դժբախտ կատուն պոչէն քաշած խոհանոց կը բերէ:
– Իսկ դուն սիրահարա՞ծ ես, երբ իմ տարիքիս աղջիկ էիր, – կը հարցնեմ:
Այս անգամ անակնկալի կու գայ:
– Ի՞նչ:
– Կ՚ըսեմ չե՞ս սիրահարած, երբ իմ տարիքիս էիր…
– Իսկ դուն սիրահարա՞ծ ես հիմա, – կը հարցնէ:
– Այո, – կ՚ըսեմ հպարտութեամբ:
– Պարզ է…
– Եւ այս օրերու պիտի իրարու հետ սինէմա երթայինք…
– Պարզ է…
– Բայց հիմա հոս եմ, եւ ամէն բան ջուրը ինկաւ…
– Վնաս չունի: Լաւ պիտի ըլլայ, միայն զիս հանգիստ ձգէ:
– Իրարու հետ մէկ վարժարան կը յաճախենք…
– Շատ լաւ, միայն…
– Արդէն լման մէկ տարի եղաւ, որ կը սիրեմ զինք…
Մեծ մամայի ճարահատ նայուածքին տակ սիրոյ պատմութիւնս կ՚ընեմ, մինչ ինք գինիի նոր շիշ մը կը բանայ: Երբ պատմութիւնս լրումի կը հասցնեմ, շիշն արդէն կէս է: Մեծ մամային այտերը կարմիր են եւ աչքերուն խորը չարաճճի կրակներ կան:
– Տղայ մը կար, մեզի դրացի՝ ոսկի մազերով, կապոյտ աչքերով… Ագսէլ էր անունը. իրեն սիրահարած էի երբ 12-13 տարու էի, – կ՚ըսէ մէկէն:
– Օօհ, պատմէ, – կ՚ըսեմ խանդավառ:
– Պատմելիք ոչինչ կայ: Անուշիկ տղայ մըն էր, իրարու հետ դպրոցական օթոպիւսով ամէն առտու կ՚երթայինք դպրոց: Բայց տարբեր դասարաններ էինք: Ամէն օր կը սպասէի, թէ պիտի մօտենայ ու խօսէ ինծի, բայց չմօտեցաւ:
– Յետո՞յ:
– Այսչափ:
– Եւ անկէ ետք չե՞ս տեսած զինք:
– Երէկ խանութը տեսայ:
– Հրամմէ՞:
Կը մօտենայ պատուհանին:
– Այն կարմիր դուռով տունը կը տեսնե՞ս: Իր տունն է: Տիկինը անցեալ գարնան մեռաւ, տղաքը Պրիւքսէլ գացին. հիմա մինակ է:
– Ինք գիտցա՞ւ, որ կը սիրէիր զինք:
– Ապո՞ւշ ես: Հարկաւ որ ոչ:
Մեծ մամային կոպերը կը ծանրանան: Ննջելու կը սկսի աթոռին վրայ:
Կամացուկ դուրս կ՚ելլեմ տունէն: Ձիւնի մէջէն կը քալեմ դէպի կարմիր դուռով տունը: Դուռը բացողը ոսկի մազերով եւ կապոյտ աչքերով անուշիկ տղայ մը չէ, այլ սիկառէթէ դեղնած պէխով, ճաղատ գլուխով եւ անգոյն աչքերով գէր ծերուկ մը:
– Բարեւ, – կ՚ըսեմ, – մեծ մամաս ըսաւ որ մեզի գաք ընթրելու:
– Մեծ մամադ ո՞վ է, կ՚ըսէ կոտրած անգլերէնով:
– Մարիան. իրարու հետ դպրոց գացեր էք:
– Իրա՞ւ: Չեմ յիշեր:
– Մարիա՞ն չէք յիշեր:
– Մարիան կը ճանչնամ, դասընկեր ըլլալնիս է որ չեմ յիշեր :
– Չէ, տարբեր դասարաններ եղած էք: Դպրոցական օթոպիւսով իրարու հետ դպրոց կ՚երթայիք…
– Հմմմ, վստա՞հ ես… Չեմ յիշեր…
– Պիտի գա՞ք, Պր. Ագսէլ:
– Թերեւս այո… այո… պիտի գամ…

***
Դժուարութեամբ մեծ մաման կ՚արթնցնեմ:
– Պր. Ագսէլը մեզի պիտի գայ ընթրելու:
– Ո՞վ… Ինչո՞ւ պիտի գայ…
– Ես հրաւիրեցի:
– Ապո՛ւշ տղայ, ինչո՞ւ անանկ բան ըրիր, խայտառակ պիտի ըլլանք, – կ՚ըսէ եւ կը վազէ դէպի իր սենեակը:
Միջոց մը վերջ դուրս կ՚ելլէ՝ տօնական զգեստներ հագուած եւ քիչիկ մըն ալ կարծես շպարուած: Աճապարանօք կը սկսի տունի մաքրութեան կարգադրութիւններ ընել եւ ընթրիքի պատրաստութիւն տեսնել: Գինիէն կարմրած այտերը ալ աւելի կը կարմրին:
Երեկոյեան դուռը կը զարնուի, եւ ներս կը մտնէ Պր. Ագսէլ՝ ձեռքը շօքօլայի պզտիկ տուփ մը: Յայտնի է որ մասնաւոր ճիգ ըրած է տօնական հագուիլ. հնաոճ գորշ բաճկոն մը եւ բծաւոր լայն կարմիր փողկապ մը, որոնք ակնյայտօրէն արդուկուելու կարիք ունին:
– Օ՜հ, Պր. Ագսէլ, ի՜նչ անակնկալ մեզի համար, – սեթեւեթ կ՚ըսէ մեծ մաման, ժպտելու ատեն ջանալով ձեռքով ծածկել բերնին այն մասը, ուր ակռայ մը կը պակսի:
– Ինծի համար ալ անակնկալ եղաւ, Տիկ. Մարիա, այսչափ տարուան դրացիներ ենք, բայց առաջին անգամն է որ….
– Հրամմեցէք, Պր. Ագսէլ, հրամմեցէք:
– Շիտակը, շատ զարմացայ, երբ այսպէս անսպասելի հրաւէր մը ստացայ… թէեւ երեկոյեան մասնաւոր ընելիք չունէի… գիտէք, այս տարիքէն վերջ… շատ ազնիւ էք…, – կ’ըսէ ջանալով առաւել պարզ արտասանել անգլերէն բառերը:
Մեծ մաման պզտիկ աղջկան մը պէս կարմրելով Պր. Ագսէլի պնակին մէջ ընտիր պատառներ կը դնէ, երկվայրկեանը անգամ մը անիմաստ խնդուք մը արձակելով:
– Ձեր մանչն ըսաւ իրարու հետ դպրոց գացած ենք..
– Մանչս չէ, թոռս է…
– Իրա՞ւ, այնքան երիտասարդ կ՚երեւիք որ…
Մեծ մաման շիկնելով կը ժպտի, իսկ ես կ՚ըսեմ.
– Պր. Ագսէլ, այն ատեն մեծ մաման ձեզի սիրահարած է եղեր, միշտ սպասած է թէ օր մը չէ օր մը պիտի մօտենաք եւ խօսիք իրեն, բայց դուք չէք մօտեցած…
– Օ՜, ուշադրութիւն մի՚նէք Պր. Ագսէլ, ապուշ բաներ կը խօսի կոր, – կ՚ըսէ եւ սեղանի տակէն ոտքիս վրայ կը կոխէ:
– Համով է շատ, – կ՚ըսէ Պր. Ագսէլ պնակին պարունակութիւնը պատառ առ պատառ դէպի իր մեծ բերանը տանելով:
– Շնորհակալ եմ, շատ բարի էք, աւա՜ղ որ քիչ ժամանակ ունէի պատշաճ ընթրիք մը պատրաստելու համար..
– Օ՜, կ’աղաչեմ, ասանկ համով բաներ տիկնոջս մահուընէ ի վեր չէի կերած…
Անյարմար լռութիւն մը կը պարուրէ սենեակը: Յետոյ մեծ մաման անուշը կը բերէ: Յանկարծ Պր. Ագսէլ ձայնը կը ցածցնէ եւ ինծի անծանօթ լեզուով մը, հաւանաբար ֆլամաներէն, բաներ մը կ՚ըսէ մեծ մամային: Մեծ մաման ալ կը պատասխանէ նոյն լեզուով: Քիչ առ քիչ ձայներնին կը բարձրանայ եւ արդէն պոռալ կը սկսին իրարու վրայ, երբ մեծ սենեակէն զօրաւոր աղմուկ մը կը լսուի: Կը վազենք դէպի աղմուկը. քոյրս կաղանդի ծառը տապալած է: Մեծ մաման կը ջանայ քոյրիկս հանդարտեցնել, մինչ ես եւ Պր. Ագսէլ ծառը կեցնել կը ջանանք:
Վերջապէս քոյրիկս կը հանդարտի, իսկ մենք կաղանդի ծառը նորէն իր տեղը կը բերենք:
– Շնորհակալ եմ, – անսովոր ջերմ ձայնով կ՚ըսէ մեծ մաման եւ կը ժպտի:
Պր. Ագսէլն ալ ջերմօրէն կը ժպտի, իսկ մեծ մաման սուրճ կ’առաջարկէ: Մեր հիւրը սուրճին գինի կը նախընտրէ. քիչ վերջ նաեւ մեծ մամաս անոր ընկերակից կ՚ըլլայ: Պր. Ագսէլ կը գրկէ մեծ մօրս ուսերը եւ կը սկսի անհաճոյ ձայնով տխուր երգ մը երգել: Եօթանասուննոց Մարիան գինիէ եւ զգացումներէ մշուշուած նայուածքով երանօրէն կը ժպտի: Քոյրս կը ջանայ տունի կատուին աչքերը փորել: Ես կը խորհիմ սինէմայի այն տոմսակին որ պիտի պահէի իբրեւ յիշատակ:
Արդէն երեկոյ է, երբ Պր. Ագսէլ կը հեռանայ դողդոջ համբոյր մը դրոշմելով իր վաղեմի ընկերուհիին շուրթերուն:

***
Շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնայինք Պոլիս:
– Գալ տարի նորէն պիտի գամ, – կ՚ըսեմ:
– Շնորհակալ եմ այդ սուտիդ համար, – կ՚ըսէ մեծ մաման:
– Սուտ չէ, պիտի գամ:
– Կը հաւատամ որ պիտի ուզես գալ…
Վերջին անգամն էր որ կը տեսնէինք զիրար:

Հիմա, այսքան տարի վերջ, սինէմայի տոմսակը չունիմ իբրեւ յիշատակ, բայց այդ տարիէն ինծի մնացին յիշողութիւններ հեռաւոր տան մը մասին, ուր Պր. Ագսէլ տխուր կ’երգէր մեծ մամայիս երանութենէն մշուշուած նայուածքի ներքոյ:

2013
(արտատպված Ստամբուլի «Մարմարա» թերթից)

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *