ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ | Պ.Սեւակ-Ֆ. Շիլլեր. Գրական-պատմական առընչութիւն մը

zangՊարոյր Սեւակ 1965-ին լոյս ընծայեց իր “Եռաձայն պատարագ” պոեմը: Այնտեղ է յայտնի կրկնասացութիւնը` “ողբամ մեռելոց, բեկանեմ շանթեր, կոչեմ ապրողաց”, որ կ’արտայայտէ գործին բովանդակութիւնը` որպէս եղեռնապատում, որպէս արդարութեան եւ հատուցման պահանջագիր, որպէս եղեռնէն վերապրումի եւ վերականգնումի վկայարան:
Պատահականօրէն ծանօթացայ գերմանացի բանաստեղծ Ֆրիտրիխ Շիլլերի “Զանգի երգը”( “Das Lied von der Glocke” ) քերթուածին, հրատարակուած 1798-ին: Պարզուեցաւ, որ անիկա գերման քերթողութեան ամենայայտնի ստեղծագործութիւններէն մէկն է, թարգմանուած` տասնեակ լեզուներու: Քերթուածի բնաբան կը ծառայէ լատինական խօսք մը` “Vivos voco. Mortuos plango. Fulgura frango”: Անգլերէն անոր թարգմանութիւնն է` “I call the living, Mourn the dead, Shatter lightning”: Այն հայերէնով գրեթէ նոյնն է, ինչ սեւակեան կրկնասացութիւնը, խօսքի միտքերուն տեղադրական տարբերութեամբ` կը կանչեմ ապրողները/կոչեմ ապրողաց, կ’ողբամ մեռելները/ողբամ մեռելոց, կը ցրեմ շանթերը/բեկանեմ շանթեր:
Պարզեցի, որ Շիլլերի քերթուածին բնաբան ծառայած լատինական այս խօսքը արձանագրուած եղած է Գերմանիոյ եւ եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ շատ եկեղեցիներու զանգերու վրայ: Օրինակ, այս արձանագրութիւնը վրան կրող զանգ մը կը գտնուի Անգլիոյ Լանքըշայր քաղաքի Պլեքպըրն քաթետրալին մէջ, իսկ Զուիցերիոյ Շաֆհաուզըն քաղաքի հռչակաւոր «Ամենայն սրբոց թանգարանին» (Museum zu Allerheiligen) մէջ կը գտնուի 4.5 թոն ծանրութեամբ զանգ մը, որ նոյնպէս կը կրէ այս արձանագրութիւնը, եւ աւելին` կը կոչուի գերման բանաստեղծին իսկ անունով`«Շիլլերի զանգ»`( «Schillerglocke»):
Արձանագրութիւնը կը բացատրէ եկեղեցական զանգի` որեւէ յուղարկաւորութեան առիթով մարդու մահը ողբալու եւ ապրողները յուղարկաւորութեան արարողութեան հրաւիրելու գործառոյթը`(կ’ողբամ մեռելները / կը կանչեմ ապրողները), իսկ “կը ցրեմ շանթերը” կը բացատրուի նաեւ այդ դարերուն եւրոպական եկեղեցիներու զանգակատուներուն վրայ հաստատուած շանթարգելներու առկայութեամբ:
Չեմ գիտեր, եթէ Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրողները վեր բերած են այս առընչութիւնը` “Եռաձայն պատարագին”, “Զանգի երգին” եւ զանգերու վրայ արձանագրուած լատինական խօսքին միջեւ: Կանխաւ կը հայցեմ բոլորին ներողամտութիւնը, եթէ գրածս գրականագէտներու եւ ընթերցողներու շրջանակին մէջ արդէն ծանօթ փաստի մը կը վերաբերի:

Նկարը` «Շիլլերի զանգ»ը`( «Schillerglocke») Զուիցերիոյ Շաֆհաուզըն քաղաքի «Ամենայն սրբոց թանգարանի»  (Museum zu Allerheiligen) բակին մէջ

zang

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *