Վեհանոյշ Թեքեան | Քաղաքներ

Վեհանոյշ  Թեքեան

ԿԱՐՍ

Այստեղ ծննդավայր է։ Այստեղ բերդ կայ թաղուած,

Այստեղ արեւը ճզմուած է։

Հարթողը գերաններ չէ բարձրացուցած։

Այստեղ վեց տասնամեակ է՝ որմնադիրնեը չկան։

Սեւաթափ, լքուած քարերը յանկարծ քեզ կը ճանչնան

Անոնք նշաններ ունին

եւ կը սպասեն։

 

Այս է սէրը.

Մտերիմ գոյն մը ինք իր մէջ կը լոգնայ

Տարեց հայուհիի պէս, որուն մարդը

պանդխտութեան վէրքը կ՚ապրի։

Հին ժամանակներուն պատմուած պատմութիւն է

Որուն հանդէպ հաւատքը դեռ կը պահպանուի.

Հոս նոր սէր մը կը լռէ երբ հնչիւնները մսին։

Ծննդավայր է։

 

Կը խեղդուի գորշ քարի գոյնը,

Եթէ հեռանայ տեսողութենէդ՝

Լոյսերուդ մէջ

աչքերուդ հետ կը խեղդուի ինչպէ՜ս։

 

Ալումինիում թուղթէ ճմռթկուած արեւը

Կողերը քակած կը հազայ թոքախտաւոր օրուան մէջ,

Եւ քաղաքը՝ վաթսուն տարի բանտարկուած

ոճրագործի համրութեամբ կը հալի։

 

Հնդկահաւելու կչկչոցը կ՚երերայ շալվարներու ետեւէն.

Անշարժ նայուածք մը կայ, պահուա՛ծ է քարերուն մէջ,

Անշարժ նայուածք մը կայ, պահուած է քարերո՛ւն մէջ,

Ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս քունին մէջ արտասանելով

Չարենց։

Մենք անձրեւին տակ տեսանք զիրար,

Անանուն, երջանկօրէն փակ մեր աչքերուն տակ

կարմիր կրակով.

Եւ ինչպէս որ խլաթակ գիշերուան մէջ

Ովկիանոսը կ՚ոռնայ ոստրէի բարակ պատերէն՝

մեր կարօտը մօտեցուցինք։

Եւ ինչպէս որ մորֆինի ասեղը կը խրի

Ցաւատանջ մաշկէն՝

Մեր կարօտը ներսուզեցինք։

 

Երբ թռչուններ քանալներու մէջ կ՚ողբային

Անգոյն երկնակամարին վրայ ծառեր կը խեղդուէին

սուլոցներէն հովի

Ու տակառներու մէջ ձեռագիրներ կը մղկտային

Ան անձնասպա՛ն եղաւ։

Ոչ ոք հարցուց թէ ինչու։

Բանաստեղծ մը տասներեք տարեկան էր

Ուրիշ մը երեսուն

Ուրիշ մը եօթանասուն

Ան սպաննուեցաւ իր վերջին երգը թողած պատերո՛ւն.

Գիտէր՝ պատերը հալիլ գիտէին,

պատերը երբեմն լռե՜լ գիտէին։

 

Մեծհայր մը սարսափած մարանի աղօտ լոյսին տակ

Հայր Մեր-ը խաչակնքեց

 

Ո՞վ մեռաւ անցեալ ամիս արտասանելով Չարենց։

 

Այստեղ ծննդավայր է։  Ճրագները կը վառին,

Կառապաններ եւ հովիւներ կը վերադառնան

Մեռած երգերու դիակները թողած

խոպան արտերուն եւ ջղջիկներուն.

Ալի՛, կ՚ըսեմ, չայ մը բեր,

Պանդոկին մէջ երեք հայ կայ հսկումի

Բազմութիւններ կան հեռուն

ողբերգութիւն կը կարդան։

Ալի՛, կ՚ըսեմ, թակարդ մը բեր, հոս մուկերը կը վխտա՜ն։

Կը փակեմ դուռը, կը գծեմ Եղիշէ Չարենցի դէմքը թաքնապիրկ

Պարոյր Սեւակի լուսաճայթ դէմքին վրայ,

Նոյն տեղը կը գծեմ ուրիշ ուրիշ ուրիշ դէմքեր…

Անիւը ետ կը դառնայ։

Գետի ափին անտաշ տուն մը կը տեսնեմ

Լուսամփոփի պէս աղջիկ մը նուաղուն,

Յարդագողի ուղեւոր մը հրաքանքար

Որ հնամեայ քերթողութեան ճակտին գրեց

Շոգ, ոգելից խոհի տողեր հռնդուն,

Եւ հեռացող արօտներէն արիւնահոտ

Կը մօտենան կախաղանի թեւերը զո՛յգ….

Ալի՛, կ՚ըսեմ, աս ի՞նչ շուն է, ամէն գիշեր

Այսպէս կու լա՞յ։

Ալիին նալինները մթապատ նրբանցքներու

Հեգնանքին մէջ կը հռհռան։

 

Ի՛նչպէս շարժեմ գաղափարը

Եւ ստուերը ձգեմ փոխաբերականի մէջ։

 

Ոստրէի թաց պատերը կը լսեն

Ամէն Ուրբաթ երբ մուազզինը իր մինարէն բարձրանայ

«Աստուած մե՜ծ է» կանչելու՝

Շոգեկառք մը կը խորտակուի

Էշերու եւ տէնկերու քամլքուած նայուածքին մէջ։

 

Պատմութիւնը՝ գաղթի ճամբան մնացած

կապոցի պէս հինցած,

Արեւր ճզմուած է սպաննուած բանաստեղծին պէս,

Այդ թոքախտաւոր կապուտաչեայ սիրուհին

Բանաստեղծին չունեցած շիրիմը

Հասկագոյն թեւերով գրկած

կը հազայ

խլաթակ

Մաղաղկուն թոքերը հանած՝ ծակտիքներէն արիւնը

կը կաթեցնէ վրաս

վրա՛դ

մեր բոլորի՜ն վրայ

 

Ոչ, ընդամէնը հրաժեշտ մը չէ

Այս հանդիպումը արնոտ՝ ոչ թէ նարօտ ու պատարագ

Վերածնո՛ւնդ կը բուրէ։

 

Սի՜րտ մը թաղուած է հոս

Հոս անթեղուած է բերդ մը ամրասիւն։

 

Այստեղ ծննդավա՛յր է։

 

 

ՓԱՐԻԶ

Երբոր Հեմինկուէյի նմանող ծերունին

Ձեռքի դատարկ շիշին մէջ բացակայ Աստուածը ցոյց կու տար

Եւ քովի կինը որուն բերանը աւրուած հովանոցի պէս էր

Կ՚ըսէր՝ ճիճի պիճի պիկուտինե՜ր  ձեր վերջը այստեղ է

Եւ կոյրը միջանցքին ճիշդ մէջտեղ աթոռը դրած

Ճաթած ձայնով սիրային պալլատներ կ՚երգէր

Եւ երիտասարդ մեքսիքացին ոսկեդրամներ կը կլլէր

Եւ բանաստեղծը աչքէ կ՚անցընէր

Հրատարակչատուն տանելիք ձեռագիրը

Եւ քսակահատը ոստիկանէն առջեւէն կը փախչէր

Եւ մեքենագէտը ելեկտրական աստիճանը կը նորոգէր

Եւ կապարով ժամացոյցի կոթ կազմած սեւամորթը

Կապոյտ վզնոցով աղջկան կը համբուրէր

Եւ ֆեմինիստ մը կը պնդէր թէ անկրծկալ պէտք է քալել

Եւ զբօսաշրջիկ մը Յաղթութեան Կամարը

Նկարել կ՚ուզէր

վայրկեան մը կեցաւ

 

Սեւամորթը շոյեց աղջկան շոգիացած շրթնաներկը

Ելեկտրական աստիճանը՝ մարդոց կօշիկները

Քսակահատը՝ իր գողօնը

Մեքսիքացին՝ ոսկեդրամը

Կոյրը՝ մեթրոյին խորութիւնը

Ֆեմինիստը՝ ընկերուհիին կուրծքը

Բանաստեղծը՝ առաջին տողերը

Եւ Հեմինկուէյի նմանող ծերունին՝ գինիի դատարկ շիշը

Եւ երբ հովանոցի բերանով պառաւին հետ սկսան երգել

Զբօսաշրջիկը նկարե՜ց

նկարե՛ց  Յաղթութեան Կամարը

 

Կոյրը հանեց ակնոցները

Մեքսիքացին՝ կլլած դրամները

Սեւամորթը՝ դալկահար աղջկան կապոյտ վզնոցը

Քսակահատը՝ թատրոնի տոմսը

Բանաստեղծը՝ մեքենագէտի հագուստները

Մեքենագէտը՝ փրոֆէսէօրի անձնաթուղթը

Եւ Հենիկուէյի նմանող ծերունին

Տափատին կոճակները քակած՝ ըսաւ որ

վերը Աստուա՛ծ կայ

Աստուած կա՜յ վերը

 

Եւ մնաց Սէն Լազարի մեթրոյի նստարանին վրայ

Պատկերի պէս զոր Ռամպրանթը չնկարեց

 

Թափառաշրջիկները անցան

Եւ անցան շտապողները

 

 

ԼՈՆՏՈՆ

 

«Գիտցիր թէ ինչ կը պակսի քեզի

Լոնտոնի զնդանը»

«Յիսուս Քրիստոս գերաստղ»

«Կը հանդիպիմ քեզի կենդանաբանական պարտէզին մէջ»

«Փալփլուն, տարաշխարհիկ հանդիսավայելում մը»

«Կարդացէք ու տարածեցէք Լանտըն մէկէզինը»

«Կեանքը աւելի հեզասահ է Թիչըրզ-ով»

«Միջազգային ձիու ցուցահանդէս»

«Աստուած մեր ապաւէնն է եւ զօրութիւնը

Սաղմոս 46:1

Ուր ալ ապրիք պէտք ունիք ապաւէնի եւ

ընդհանուր ապահովագրութիւններու»

«Նորթ Թէյմզ Կէզ – ինչպէ՞ս այս կայարանը

իր անունը ստացաւ»

«Լեվիս – ճի՛շդ կոխէ կոճակին վրայ»

«Աստղ մը ծնած է»

«Բացարձակ իրականութիւնը – Քրաքուս –

շարունակեցէք փորձութեան ենթարկել»

«Յղութեան քննութիւն որուն համար պէտք չունիք

ժամադրութիւն առնելու»

«Շփոթ մի ըլլաք – խնդրեցէք Հէյկը»

«Գեղեցկութեան ածելի – աւելի կակուղ միջոցը

սրունքներդ մերկացնելու»

«Շէյքսփիր կը սպասէ քեզի անկիւնադարձին»

Շէյքսփի՛րը կը սպասէ քեզի

Շէյքսփիրը

«Կը ճաղատնա՞ս՝ հեռաձայնէ 797-82-63»

 

Փիքատելլի Սըրքըսին վրայ ութ հարիւր իննիսունմէկ

Ֆլիփըրներ կան

որոնք իրենց տեսածները չեն պատմեր.

Եւ որպէսզի քսանմէկերորդ դարու քաղաքացին

Երբեմն չմտածէ

Կորիզային սուզանաւի, անգործութեան տոկոսի,

Ամուսնալուծման դատի, պակսող թմրեցուցիչի մասին՝

Ֆլիփըրներ իրենց ընկերակցութիւնը ունին

Շատախօս պառաւներու, անհանդարտ պատանիներու

Ճոգիներու, միականի գնդակներու

որոնք միմիայն զիրենք սպասող փոսը կը տեսնեն։

Ֆլիփըրներ կան որ գիշերներ կը հաւաքեն

Ֆլիփըրներ կան որ դրամ կը հաւաքեն

Կան որ մարդ կ՚ուտեն

Կան որ ժամանակը մէկ ումպով կը պարպեն

Իրենց դանայեան կոկորդներէն։

Բայց որեւէ կազմակերպութեան պէս

Ֆլիփըրներն ալ ստեղծուած են

մարդկային վե՜հ նպատակներու սատարելու

Ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Պօղոսի Տաճարը

կամ Բրիտանական Թանգարանը

Կամ ալ Գիտութեան Թանգարանը, ուր

Միջազգային Առուտուրի Հաշուիչ մեքենան

Որ ամբողջ կեանքը մուգ ապակիի եւ

մանր-մունր հաշիւներու մէջ անցուցած է

Իր վերջին բանաստեղծութիւնը կ՚արտասանէ

հովի՛ մասին։

 

Եթէ Թրաֆալկըր Սքուէրէն դէպի Խորհրդարան

թռած աղաւնիները տակաւին չվերադարձան

Եւ Սուրբ Մարկրիթ եկեղեցիին մէջ յանկարծ

Պախը փրփրած ինկաւ

Եւ դուրսը հեռախօսիկներէն ոչ մէկը պարապ է

Եւ եթէ կիշէի պաշտօնեան քեզ չխաբէ

Անպայմա՛ն տես

Ակաթա Քրիսթիի «Մուկը եւ Թակարդը»

 

Կ՚ըսեն թէ չորս հարիւր տարի է՝ կը խաղայ։

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *