Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի։
Այս ցեղերը ձրձիտ՝ ջղջիկներու նման խաւար փչելով
Մթագներ են ներկաս, Տո՛ւնս քանդել կ՚ուզեն։
Իսկ ես կանգնած
Ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին,
Ապաւինած՝ զէնքիս բազմակառոյց թեմին,
Ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին
Բարի բառեր մի՜սպասէր ինձմէ, դարձաւ հոգիս
Աղետակիր, աղետահար, աղետատեաց,
Արարա՛տ, աչքերդ բաց։
Ճառակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով
Պատմութեանս դարահիւս դիմագիծը կը քերծեն։
Պատմութիւնս փոշի չէ որ հանգուցեալ ննջէ.
Յիշողութի՛ւն է, ճանապա՜րհ։
Օ ճահուկներ ճարահատ, նենգութեան ձեր զրահը
թող ծակծկեմ բարձրագոռ
Որ սեղանս պահպանեմ, պահեմ ճեղանը ծառիս.
Խնկաշունչ չեն աղօթքներս, ոչ ալ խորանս՝ խաղաղ,
Խրտուիլակներ եկեր են, շղթայ նետեր արեւին
Աչքերդ բա՜ց, Արարատ։
Իժալեզու մարդիկ ձգռտալով լկտի
Արեանս քամքէն ետք՝ սահմաններուս պլլուած
Կ՚ուզեն հաշտութիւն կնքեմ ։
Իժալեզու այրերն այդ՝ Երկրէս ներս թէ դուրս
Չեն ուզեր տեսնել թէ իրե՛նց իսկ ստեղծած
Տանջարանին գամուած խաչափայտ եմ արդէն։
Կը խօսին լուծումիս մասին ոսկի պաղպաղակներ ուտելով
Բառէ պղպջակներով կը ծածկեն օրերուս եռքը։
Գերեզմաններուս լո՛յսը կը խափանեն հիմա
Ժանտասերմերը՝ պերճասոսորդ սողոսկումով.
Յենած ժողովրդավարութեան սրբանկարին
Սուտ առաջնորդներու ուռած ոտքերուն մէջ
Միայն թարախներ կ՚եփին։
Փալփլուն սեղաններու շուրջ ծրագրեր են բզկտել
կամքի ցնցուղներս,
Որոտընդոստ ներբաններս այրել։
Գերի բռնել ու յօշոտել կեանքը կամքի ու պայքարի,
Կայծքա՛ր են ձեռքերը այդ ոսոխի, իսկ բառերը՝ թուք են նեխած,
Օ՛ձ կայ անոնց աչքերուն մէջ, իսկ սրտի տեղ՝ թոյնի սրուակ։
Ես ո՛ր մէկը մոռնամ ուղարկուած բիւր-բիւր
մարախներէն մաղձի.
Թալան, աւեր, մղձաւանջ, տարտղնում ու ահագաղթ
Ողջ աշխարհս պատե՜ր են,
Աչքերդ բա՛ց, Արարատ։
Վերադառնա՞լ լեռէ լեռ գաղթած երգերուս գոգին,
Երգեր որոնք մայրերուս օրօրի քաղցրը ունին,
Երգեր որոնք հայրերուս փամփուշտի հոտը կը կրեն.
Երգեր առանց մանկութեան, հիմա արդէն վերածուած
Առասպելի, յաղթերգի, գնդացիրի, դիցութեան.
Երգեր որոնք մանկութենէս ձեռքս բռնած քալեցին
Մեծհօր նման որ գիտէ՜ր ճակտիս օրէնքը դաժան։
Վերադառնալ կը նշանակէ երբեք չհասնիլ։
ԵՐԿԻՐ ՑԱՒԱՀԱԳԱԳ
Ո՞վ կը լսէ խեղդուող հեւքը անմեղներու
Որոնք պարան պարան անցան քուրաներէն բոլոր.
Մայրեր որդեկորոյս, հայրեր գլխիկոր
ու ոճիրի բազէն
Բազուկներու վրայ եւ աչքերու մէջէն
Քաշած հանած կեանքի տարածութիւնը ցնծուն
որ շինուած էր ձեռամբ մաքրամաքուր ազգի։
Մաքրազարդեալ տուներ, դուռեր դարաճռինչ
Բա՜ց մնացին յանկարծ, անտերունչ ու անխօս.
Փախստական մարդիկ՝ աչքերը մնացին ետ
դէպի պատանութեան փողոցները փոշոտ
Որ ապրեցան ձայնով Դաւթածնունդ ազգի։
Ինչո՞ւ պիտի տունս ձգած՝ ապաստանարան որոնէի,
Ինչո՞ւ պիտի բազմաձայն հնձաններս ցամքէին
Ու ողկոյզները ծիծղուն՝ սարսափէին արեւէն.
Գարունը ձմե՜ռ մնար, եւ ծիծեռնակը այլեւս
Տեղ չգտնէր, շիւղ չգտնէր իր նոր բոյնը շինելու։
Ինչո՞ւ պիտի զսպէի բառերուս հոսքը բերրի,
Վայրի բառեր հասնէին, սլքտային Երկրիս մէջ։
Թունաժետ սարդերու ոստայնին մէջ ինկած
Երկի՜ր ցաւահագագ,
Գրկած անապատներ արհամարհանքի
եւ բազում հրդեհներ մահուան,
Լուսահագ աչքերս կը յիշեն ինչպէս
Դարահալած ծոցիդ մէջ ինկած աղբիւրներս
ցնծացին ափերուդ խանդէն։
Թորգոմածիլ ցնցումէն
Լոյսիս ծիրը ծլթելով ծաղկեալ ոստեր ընծայեց քեզ,
Եւ մեր տան մէջ նորածին
Քաղցրահունչ ձայներ թռվռացին ընդմիշտ։
Կը յիշե՞ս ինչպէս հորիզոնիդ դէմ հրաշէկ
երգեց Նարեկացիս,
Լոխումի պէս բառեր բաշխեց Շահնուրս շէկ,
Խորհրդագեղ աչքեր՝ զողորմութիւնդ վերին
Հայցեցին որ ծնիմ լո՜յսն արեգնակէզ։
Եւ հիմա ոչ թէ ողբս է անցամաքելի
Այլ՝զայրոյթիս մշտահոսքը։
Յոգներ եմ մենամարտէ, մեներգներէ խորին,
Յոգներ եմ քաղցրերգութեան սրբատուփէն արբշիռ,
Անօգուտ է մաղտել մարմինը աղաղակի,
Զոհարեան բարձրահասակ ջրվէժներու ընդդէմ
Ձայնիս վերջին վարակն անգամ
Որպէս ցցապատնէշ
հաներ եմ որ խրե՛մ։
Խրեմ իբրեւ խորհուրդ խորին,
Իբրեւ դաշոյն մահաբեր,
Ու խարիսխէն թաքուն հանեմ
Արիւնավազ արցունքիս դէմ
Կանգնեցնեմ դրոշն իբրեւ
լուսահոգի արեգակ։