Վեհանոյշ Թեքեան | Ոգեզտիչ քերթութիւն

Տարեվերջին՝ Նարեկացի Արուեստի Միութեան կողմէ լոյս տեսաւ հայրենի բանաստեղծուհի Անահիտ Մխիթարեանի առաջին ընտրանին, գրուած 2018-2021ին։ Խորագիրը՝ «Իմ Վերադարձը Ձիւնը Կը Կարդա՞յ» ։ Գիրքը ունի երեք բաժանմունք. «Ես տուել անորսալիին», «Կը սրբեմ ժամանակները հայելիներից», «Լեզու է ծնւում ամայութեան մէջ»։
Ահաւասիկ Անահիտ Մխիթարեանի գիրքին յառաջաբանս, որմէ ետք կը յայտնուի իր ինքնատիպ, առինքող ձայնը։

ՈԳԵԶՏԻՉ ՔԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Երկու տարիէ՝ ամէն անգամ որ դիմատետրին մէջ Անահիտ Մխիթարեանէն բանաստեղծութիւն մը կարդայի՝ կը հրճուէի, տարբե՛ր տեղէ կու գար այս բանաստեղծը։ Դարերու պաշտամունքներէն, երկրի շոգիէն ու կեանքի մշուշէն ելած երեւոյթ մը, որ հասած է «աստղերու եզրին որ մութը սրբի»։
Թաւուտներու ետեւէն կը յայտնուի, շղարշապատ. թեթեւկուն քայլերով։ Չի նայիր քեզի, հեռուն կը նայի, ձեռքին ծաղիկներ, հատ-հատ կը ձգէ ամէն քայլափոխին եւ կ՚անհետի։
Ի՞նչ պատահեցաւ, կը մտածես։ Կը ծռիս կը հաւաքես փերթերը, երբ ձեռքդ հասնին անոնք՝ բա՛ռ կը դառնան, ճիփ ու ճիշդ «յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյս»ի նման։ Որքան մեղեդի, նոյնքան իմաստութիւն պարուրած են տողերը։ Մշուշի մէջ մեղմաշունչ շշունջներ, անորսալի թեւածումներ։
Անունդ ի՞նչ է։ Անահիտ է, կ՚ըսէ։ Հեռուն սպասող Անահիտ դիցուհին գլուխով կը հաստատէ անունը եւ բարակ կը ժպտի։ Մականունին մէջ մխիթարանք կայ։ Իր էջերուն մէջ յաճախ յայտնուող ձիւնի նման փափուկ բառերը շոյանքով կը հպին փաթիլի պէս կը հալին։ Բայց չի ջնջուիր գեղեցկութիւնը որ հոն էր։
Կարճ կարճ են տողերը, սակայն անոնց ետեւ պատմութիւն մը կայ։ Տողէ տող բնական անցում չկայ, ենթադրեալ ձեւով չեն ընթանար, աննախատեսելի դարձուածք մը ունին որ հաճոյքով կը զարմացնէ ընթերցողը։ Թել թել նախադասութիւններ, բայց վերջաւորութեան կը հասկնաս թէ վարպետօրէն աշխատցուած հիւսկէն մըն է։
Երկու անսահմանութիւններու մէջ կ՚ապրի – բնութեան եւ իր ներաշխարհին։ Բարձր ձայնով չի խօսիր, մրմուր է եւ իմաստի պրպտում։ Բայց հարցումներ ունի որ տրտմութեան ծրար ունին իրենց հետ։ Միաժամանակ մանկական նայուածք մը որ հասունութեան հանգրուանէն ե՛տք կը հասնի։
Գունահեղ ծաղկեփունջեր չեն իր էջերը. այստեղ սպիտակներն են, նրբագոյնները, որ զօրութիւն ունին ու չեն կքիր։
Բանաստեղծը ազատած է զանոնք ցաւի կածաններէն ու յանձնած եթերային բերկրանքի։ Ոչինչ կայ վայրի, անմարդկային, անյոյս։ Փոթորկոտ չէ տարածութիւնը, ոչ ալ շլացուցիչ՝ արեւը. մեղմ ու անոյշ է մթնոլորտը։ Սակայն, սակա՜յն անդորրէն առաջ փոթորի՛կ անցած է, կայծակ ինկած է. ինք ծածկած է զանոնք։ Ուշադիր ունկնդրէ եւ անոնց արձագանգը կը լսես, շարժումը կը զգաս։ Ահաւասիկ անդորր երեւացող տագնապ։ Հատորի երկայնքին կը մանրամաղուի ձիւնը, բնութիւնը համագրկող ոգին։
Մէջբերումներ չեմ ըներ բանաստեղծութիւններէն որպէսզի ընթերցողը առաջին հանդիպումը ունենայ անոնց հետ։ Այս բանաստեղծը ժամանակին յարգը եւ սեփակա՛ն յոյզի բարիքը գիտէ. չի տար քեզի ամբողջ պտուղը, կեղեւը կրնայ չորնալ, միջուկը՝ կ՚անթարմանայ։ Կորի՛զն է մնայունը. կուտայ կորիզը որպէսզի քու ձեւովդ ստեղծես պտուղը։
Այս ամէնով հանդերձ Անահիտ գիտէ թէ ի՛նչ պիտի քաղէ կեանքէն. Մէկ ուղեւորութիւն, քանի մը ուղի։ Դեռ պիտի երկարի իր խօսքը, պիտի տարբեր անկիւններ յայտնուին։
Իսկական բանաստեղծութիւնը ան է որ առանց դռներ բանալու կը մտցնէ քեզ կախարդանքի մէջ։
«Հոգիներով է մեր գետը հոսում», բանաստեղծութեան գետն է որ կը թաւալի։ Անխիճ ու վճիտ ջուրը կը զովացնէ հոգին, եղեգները կը սփսփան, որբ թռչունները կը հանգչին սրտին մէջ, օրուան մատներուն համար մատանիներ կը շինէ. երբ նայի երկինքին՝ կ՚անհետին ամպերը եւ երկինքը կապո՜յտ կը դառնայ։
Բիւրեղեայ բանաստեղծութիւն մըն է մատուցուածը, առանց քմայքի, առանց ճիգի։ Հմայքի ուլունքներով ու ոստրէէն նոր դուրս ելած մարգրիտներով կը շնչեն այս գիրքին էջերը։
Երթդ բարի՛, սիրելի Անահիտ, թափանցիկ ու խորհրդաւոր էութիւն։
Բանաստեղծութեան նոր աստուածուհի մը պարգեւէ հայ գրականութեան։

Յունիս, 2021
ԱՄՆ
************************************************************

Բանաստեղծութիւններ՝ ԱՆԱՀԻՏ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ-ի
«Իմ Վերադարձը Ձիւնը Կը Կարդա՞յ» հատորէն

***
Տարածութիւնը պէտք է հող լինի։
Հայրեններ են ու Գողթան,
լոյսն իջնում է թամբարդներից
իբրեւ մեղու ու մեհեան։

Ո՞վ է ժպտում այդպէս հեռուից,
ո՞վ է կանչում ինձ Ցորեան,
ո՞ւր են վազում աղբիւրներից
այսքան վիթեր ու այծեամ։

Հողն հասնում է երիզներին,
ես կը հասնե՞մ Երեզկան,
ի՜նչ օրեր են հոսել այստեղ.
Հոռի՜, Սահմի՜, Ահեկա՜ն։

Ծուխը կ՚ելնի՞ ակութներից,
Ահա Բրգնիք ու Բինկեան,
Հորովել է ակօսներին,
Մի բուռ ցորե՛ն … Վարուժա՜ն…

***

Բանաստեղծութիւնը
Աստղերին
Նայելը չէ,
Այլ այն պտոյտը
Որ հսկում է քեզ
Լուսնամիսներով…

***
Իմ մորմոքները ինձ տուն կը տանեն,
կողք-կողքի կ՚ապրենք ես ու մի ագռաւ,
իմ որդիները ծնուեցին ջրից
(բեկումնային է հարուածը, հարկաւ)։

Ափսոսանքով եմ նայում աշխարհին,
իմ ափսոսանքն են հրթիռներ ու նաւ,
ես չեմ չեղարկի գաղտնիքը դարի.
չխուսափեցի այն ինչ որ եղաւ։

Մարդկութիւնն եմ ես իմ մէջ ամփոփում,
իմ մէջ են նրա կողերը անցաւ,
խաւարի մասին ամէն ինչ գիտեմ,
այն իմ արցունքն էր սալիկին ընկաւ։

Նա էր որ պատմեց ինձ երկինքներից,
Նա էր որ պիտի չծնէր ինձ կաւ,
Հպարտօրէն եմ շրջում անցեալից
Գիրք ճանապարհի, որ ծանր եղաւ…

***
Բոպիկ ոտքերով եղեգն ես եղել,
դու օրօրուել ես Տիգրիսի ափին,
երբ տրորել ես խաղողը ոտքով,
ստինքներիդ պարել է արփին։

Կռունկները քո փրկիրն են գնում,
դու իմ ջրերը խմել ես խռով
ինձ ժառանգեցիր քու ցաւդ կապոյտ,
Տա՛տ, խօսիր ինձ հետ Նինուէի լեզուով…

***
Ոչինչ չեմ լսում,
չեմ կարող լսել.-
փակում է ձեռքը
ճանապարհը տան.
ոչ մի ձեռք այնպէս
չի կարող կանչել,
ոչ մի ձեռք այնպէս նման չէ նրան.

Անվարագոյր են դռները բացւում
անվարագոյր են ամէնը
նշան

Ես իմ թախիծն եմ
պոկում ջրերից…

Ու իմ ծաղիկը
լուանում
անձայն

***
Լեռների վրայ
նժոյգ է վարգում,

Ես կին եմ
եկած առասպելներից,
ծովից ծով անցայ,
նաւերը չեկան,
Ճայեր են թռչում
իմ գլխաշորից…

Առագաստները
քամին չբացեց,
ձուկը , քրքիջով,
նոյն ջուր ն էր խաչում,

Ես կին եկած
առասպելներից,

Տո՜ւր
ինձ
ժամանակ
եւ տարածութիւն

***
Արտը մազերն է սանրում,
ուղղաթիռները գնում են հարաւ,

-Մա՛մ, ի՞նչ ես երգում։
-Կոմիտաս.
Տղա՛ս։

Աղաւնիները աշխարհաթող են։

-Մա՛մ, թռչուններին
Էլի հաց կը տա՞ս։
-Արեւածագը գոգնոցն է
փնտռում,
ուշացանք, տղա՛ս…

***
Քարերը ծանր ջրերը տարան,
Գալիս էր հեռուից անկանոն մի դոփ,
Մտրակներ կային լոյսին թամբաձեւ,
Քարը դեռ չունէր յուզում ու տրոփ։

Ե՞րբ էի եղել այսքան ես վայրի,
Ե՞րբ էի եղել այսքան քարակոփ,
Մաշեցին հոգիս ջրերը վերի,
Վարդագոյն ամպ էր, վարդագոյն ամպրոպ։

Կանաչ դաշտերին ճերմակող ձիեր,
Ճերմակտող ջրեր ու քարեր անթիւ,
Ո՞վ ինձ մօտեցրեց լոյսին այս ամփոփ,
Երբ ես Սէր էի, եւ այն էլ Բանիւ….

***
Վերջին քնքշանքը
ափիս մէջ պահած

կայարաններից
ես ետ եմ դառնում.

եւ ոչ մի ձմեռ,
եւ ոչ մի գարուն,
եւ ոչ մի ամառ

աշուն
չի գնում…

լսո՞ւմ ես,

վիրակապերից
աշուն է
կաթում…

ԱՆԱՀԻՏ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ

***********************************************************************************

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *