Վեհանոյշ Թեքեան | Մայր քաղաք Անի

Ո՛չ թէ արմատը, արմատին փոշին մնաց
Կանաչը անհետացաւ, կարմիր հողը մնաց
Ծանրակիր պարիսպները յաղթանդամ պահակներ
այլեւս արշաւանք չդիմագրաւեցին
Նժոյգներու եւ նետերու թափը կասեցաւ հեռուն
Եւ Արեւը դարձուց էջը կոթողական մայրաքաղաքին

Ո՛չ թէ պատարագը, եկեղեցին մնաց
Միւսները փլան, մայր տաճարը մնաց
Հանգստեան հողը այլեւս ալիք-ալիք
անսահման լռութիւն կ՚եղերերգէ

Աչքապատար սեւասոյր օր մը
ուժաթափուեցաւ երկիրը
գալարաթափ գետէն վիշապներ բարձրացան
երկիրասպան երկրաշարժը կը գոռգոռա՜ր
Անանուն հովիւին նուիրուած մատուռին
սիրտը ճեղքուեցաւ կէսէն
Հողին ձայնը խզուեցաւ, համրացաւ երկիրը
Հողին յատակը հիմա համայն արտասուք է

Կայտռուն կեանքի կայծ, ապարանք ու գանձ
Վարդերու պուրակ, խնդութեան առուակ
Թոնիր ու խսիր, նախիր ու գոմեր
Հովահար լուացք, ծխնելոյծի ծուխ
Կարմրախայտ հորիզոն, թափանցիկ մշուշ
Սրինգ ու զուռնա, հովիւը ձիով կու գայ
Քոյր մոմեր ու խունկ մայրեր, հաւատքը եկած ծունկի
Անցեալը արթուն է, ներկան է յուռթի
Արանքներուն մէջէն ապագան կ՚ապրի
Որթատունկ է ոսկեծիր, փոթորիկ է ոսկեհունչ
Առաքեալ է մեղրամոմ, շարական է զուարթուն
Հասկաքաղ է, մայրամուտ, առաւօտ է ծիրանի
Ու ծածանող հարսի քօղ, ճչալ սորված նորածին
Յոյսի երանգ ծիածանուող, վերադարձող ծիծեռնակ

Ի՛նչ, ի՜նչ եղաւ, ի՜նչ ցնցում է ցաքուցիր
Ընդերքներէն ելած ոյժ է սեւահագագ, գլխահակ
Խաւարեցա՜ւ յանկարծակի օրը դողաց, ինկաւ վար
ու գետնին տակ փխրուեցան ամէն յուշ ու յիշատակ
Սրինգները՝ կտոր կտոր, նախշուն գորգը պատառ պատառ
տակառներէն թափած գինին արիւն դարձաւ ու չորցաւ

Դա՜ր ու դարեր բարդուեցան
Անի քաղաք նստեր կու լայ
Չկայ ըսող մի լար մի լար
Հողէն երկինք լարուած լարեր
Իշխաններու ճոխ ու հնչեղ կեանքերուն
կորուստը կը նուագէին

Մինչ ամէն գիշեր աստղերը վերէն
Լոյս կուտային ու ջերմութիւն,
յոյս կուտային, յուշապատում
Բրդագանգուր նախշերն անգամ ձուլուած էին կարմիր հողին
Առաւօտներու կարաւանները դանդաղ դանդաղ կ՚երթային

Բայց Արեւը մնաց
Բացաւ մատեանը եւ էջը դարձուց
Հետզհետէ խումբ առ խումբ
հասան ժառանգորդները
եղերնալուր քաղաքին
Թագերն ու ոսկիները խառնուած էին հողի գիրկին
Վիհեր կային բաց աչքերով
Ջուրեր կային անձայն երգով
Հոգի դարձած մարդիկ եկան
Չոր լացերու լաթերուն մէջ փաթթուած
հարիւրաւոր խորածածկ տուներ կային
արգանդները դատարկուած
կոպերը քակուած

Հոգետարածք էր ու հոգետուն էր
եղանակներու եղանակը կեանքի նշան էր
Մայր տաճարը ուխտաւորին սեղմեց կուրծքին
Գմբեթը վիրաւոր էր
Բայց թեւերուն՝ ամուր բռնած հայու հոգին
Վեր բարձրացուց ու ցոյց տուաւ տիեզերքի արարիչին
Թէ՝ ի՛նչ աղետ ալ պատահի,
Ինչ Ճակատագիր ալ հարուածէ
Ըլլա՛յ կեանքի խզում թէ այրիութիւն երկրի
Ամայութիւն բռնի թէ կործանում իրաւունքի
Իր զաւակները իր արիւնէն սերած
իր կարօտով սնած
պատմութեան խորհուրդը ահա սրտացուցած
պիտի գան իր մօտ
շարականներ խնկեն ու ակնածանք սփռեն

Շաղախուած հրկիզուն ճառագայթներով
ու քամիներով անքոյթ
Սպասելէ պարտասուն գետին փռուած Անին
Ձեռքերը բարձրացուց վեր ու ցոյց տուաւ Աստուծոյ
թէ սերունդներ ահա եկա՛ն օր մը երանաբաղձ
համբուրեցին զինք երկար ու խոկացին անձայն

Գետը փռնգտաց
Վիհը աչքերը շփեց
Պարիսպը դռները բացաւ
Առասպելը ելաւ ոտքի
Վերադարձա՛ւ Հայը իր պապերուն տունը
Մօրենական գիրկը

Չփակուեցաւ գիրքը

Մարտ, 2024

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *