Վեհանոյշ Թեքեան | Թակոց Ամանորի

Սեմը՝ սուտի
Դուռը՝ անդունդի
Եւ կղպանքը թնդանօթի
Վերածեցին։

Պիլիոնամեայ, խառնափնթոր աշխարհի մէջ
Ուր երկու օր ունինք արդէն
Մէկը գնաց, մնաց մէկը –
Բառը գնաց, մնաց իմաստը
Խազը գնաց, մնաց ձայնը
Ձեւը գնաց, մնաց տեղը
Նիւթը գնաց, մնաց արժեքը
Եւ վերջապէս ձիւնն ալ գնաց, մնաց գոյնը
Ես ի՛նչ ընեմ սպիտակը, մաքրութիւնը
Երբոր այսքան թունապալար է օդը։

Իսկ անոր որ
տունն ալ գնաց, մնաց կեանքը
բարեհամբոյր մաղթանքներ ծրար-ծրար ծուարեցան
բայց խլուած է իրմէ կեանքը, յիշողութեան պարտէզները
սիրտն օրն ի բուն կը հեկեկայ –
Հակառակ որ Ամանոր է՝ յոյսի օր է
Սուրբ Ծնունդ է՝ լոյսի օր է
Թող սեմը՝ յոյս
եւ դուռը՝ լոյս
թնդանօթը իմաստութեան ծնունդը թող աւետէ։

Գնաց մէկը, մնաց կէսը
Սխալ ըսի վերը տեղ մը – մէկուկէ՜ս է ընդամէնը։

Գնաց տարին
Մեր օրերը օրհնանք, գգուանք բաշխեցին
զզուանք ու չարք վտարեցին

Իսկ մեր սրտին մէջ հայահմայ
Տրտո՜ւմ-տխո՜ւր եղանակներ մնացին։

*****

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *