Վեհանոյշ Թեքեան | Պետրոս Դուրեան

Առաջին սէ՜րս
Այնքան խնամեցի լուսնահար տարիներուս
Իր Մահը յետաձգուեցաւ
Մինչեւ հիմա կ՚ապրի

Սնարս հսկող պատուհանէն
Լուսնի լոյսին տակ Պետրոս Դուրեանին
Պետրո՜ս Դուրեանին Պետրոս Դուրեանի՜ն հոգոցը լսեցի
Մրմուռ ու հառաչ
Ապշահար լիճին քով իր արտօսրը տեսայ
սրտին խորերէն ճամբայ կելլէր ձայնը
Մարգարտածաղիկ ու փշածաղիկ
Աչքերը միշտ գոց կը գրէր
Մեղրանոյշ պատանի նշաձեւ աչքեր
Հազիւ կեանքի շեմէն ներս մտած
Իր փափուկ մարմնին մէջ վարակը սպրդեցաւ
Կեանք մը առանց մանկութեան, առանց երիտասարդութեան Մօրմէն եւ գիրքերէ զատ բան չտեսաւ

Այնքան անմեղ ու կրքոտ, սրբագիրները չեն սրբագրուիր
Միայն իր սեւ ճակատագիրը սրբագրուելու էր
յիշեցուց Աստուծոյ –
Ծնած օրէն Աստուած իրեն կրակէ գրիչ մը տուած էր
կախարդական գրիչ մը
որ բահ կը դառնայ՝ հոգին կը փորփրէ
ղեկի կը վերածուի որ ալիքները ետին հրէ ու քալէ
կայծակ կ՚ըլլայ, քրտինքներու կայլակ կ՚ըլլայ
իր գրիչով արնահոս ու արեւահոս
թախծաշողուն իր մատեանը գեղօն ըրաւ հայ քերթութեան

Ո՞ւր է, երկինքը կապոյտ ըլլալու է
Որու՞ համար ոտքերուն տակ հողը տեղ կը պատրաստէ
Պատանի էր, պիտի մէկդի հրէր մահուան տարածուող ամպերը
«Ապրիլ կ՚ուզեմ ես, ապրիլ ՚ւ ապրիլ, »
Ահա՜, կու տայ ինչ որ ունի
վճիտ խօսքի թրթիռ ու պոռթկումի ժայթք
Սիրել ուզեց ու մեղմածորուն նկարեց,
յետոյ բռնկած բողոքեց
ժպտիլ ուզեց բայց արտասուեց վճիտահոս ակի նման
Կեանքը ուզեց սակայն մահուան ուրուականը զինք պարուրեց

Տագնապ ու դող էր, քրտինք էր դեղին
բայց չկարծրացաւ հոգին
վարդի պէս բացաւ, փուշի պէս քերթեց
Լուսածին ալեծուփ քնար
Պետրոս Դուրեան, Այբուբենի պալատին մէջ նորընծայ
ու թախծանցոյց քնարերգու
հայ հանճարի սլացք ունէր, հասաւ Աստուծոյ, բայց չհասաւ երկինքներու

Ժամանակ չունեցաւ հորիզոնական դիտելու աշխարհը
Իր ու իր արարիչի միջեւ՝ ուղղահայեաց
սուրսրան կայծակներ կը հուրհրային
Ծաղկամանեակ մերկածածան դիցուհին կը կանչէր զինք
Սակայն իրեն բաժին ինկած էր թաց անկողին մը
լեղի բաժակ մը
Չարը անդին հրած՝ բնութիւն բարութիւն գեղեցկութիւն
կը բուռվառէր
Իր բարակ մարմնով աժդահա աշխարհի մէջ
Մանկական զարմանքով եւ զայրոյթով հասուն
Հառաչանքի շոգիով եւ ահասքեմ բռունցքով
Մերթ մեկուսի ձայնով մերթ բարձրագոչուն
Կու տա՜ր, կուտար ի՛նչ որ ունէր
Մահը իրմէ ի՞նչ կ՚ուզէր

Սէր էր անմարմին, հոգի նրբավառ
Անխարիսխ խոյանք ,անոստում անկում
Պատուհանին ծայրէն՝ աչքերուն առջեւէն
Սիրոյ շղարշը ծփաց ու անցաւ
Հեռուն երբեք չմօտիկցաւ
Տառապանքը թաց՝ կը թաթխուի չոր ժամանակին մէջ
ժամանակը կը դոդղացնէ տառապեալը
ու կը կապկպէ ցաւին
Ժամանակը կը մարմրի, կը վառի, իրեն յենողներուն կը
հիւծեցնէ

Տապահար ու տագնապահար
Վերմակի շոգին մէջ
գեղահունչ սոխակն է Սկիւտարի
Յանձնուած է մարմինը, հոգին՝ ոչ
շոգետատան կծկահող կսկիծ
Դգալ դգալ ապուր, թոքատապի անյագուրդ հազ
Հիւծախտը հազիւ հազ՝ արիւնող թոքերով կը յառաջանար։

Մթնալուսին է, փղձկում դարձեալ
մեղմանուազ բաբախում վերջին
Իր բարակ արիւնը սրտիդ մէջ կը քամուի
Կաթիլ կաթիլ
կը մարի ձայնը
թոյլ թրթռացող արձագանգը՝ յանկարծ խրուած դանակի պէս
կը պղպջայ, հոսած արիւնը կը պսպղայ
փոթորիկ է կը փրփրի
եւ Արարիչը վերջնականապէս կը զղջայ

Մտածեցի թէ ես ալ քսանմէկ տարեկանիս մահանալու եմ
Մինչեւ իսկ տապանագիրս որոշեցի
«Թուղթ մը մատիտ մը խօսք մը
Այս պիտի ըլլար իմ ամբողջ կեանքը »

Իր նկարը սնարիս վրայ կախուած էր
Բոլոր թոքախտաւոր քերթողները հաւաքուեցան այդտեղ
Մինչեւ հասաւ դարաշրջանը եղեռնազոհ գրողներուն

Դուրեանը դաշնակ, Մեծարենցը ջութակ,
Վարուժանը՝ նուագախումբ
Տէրեանը սրինգ , Չարենցը երգեհոն
Ես ալ թաւջութակ
Մենք գիշերները աղուոր երգեր երգեցինք։
Շինեցինք ու թաւալեցինք
Հայրենի տուն պահպանեցինք
Հայրենիքը կամարեցինք
Մեր տա՜ք սրտէն անցան դարեր
Բայց մանկութեան ծափը, պարմանութեան թափը երիտասաըդութեան ափը չլքեցինք
Չհրկիզեցինք
Մենք իրարու երգերը սիրատոչոր երգեցինք։

«Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ո՜հ, այն ատեն ես կը մեռնիմ»

Նոյնիսկ եթէ յիշատակը մահանայ
Յետմահու կեանքը կը շարունակէ ապրիլ
Կորսուած երկրի, հողով ծածկուած քաղաքներու պէս
Հանդարտ ու հաւատացեալ

Գուցէ օր մը երկնահաս
Ալետատան հոգիով
Գիրերկրին մէջ ակնածանքով ծունկի կուգաս
Ու կ՚ողջունես հայերէնո՛վ։

Մարտ 10

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *