Վեհանոյշ Թեքեան | Երկու պատճառ երկար ապրելու

Մէկ աքլոր էր, տասնըմէկ հաւ։

Հազիւ եօթանասուն տարեկանին Տային եկաւ Պոլիսէն
մեծմայրս գացեր համոզեր բերեր էր զինք,
վաթսուն տարի ետք վայելելու իր չորս քոյրերը
Աղաւնի, Թագուհի, Սրբուհի, Արմէնուհի։
Ամուճա, պարոն Կոստան , օղլում Սարգիս, ռահմէթլիքներ,
Թոռնիկ-մոռնիկ ի՛նչ կուզես կար։
Քոյրերը վըզըր-վըզըր չորս կողմը կը դառնային
մէկ խօսքը երկու չէին ըներ,
բայց Տայիին ուրախութիւնը ուրիշ տեղ էր,
«սա եաւրուներ»ուն համար հոգի կուտար։
Փայտէ կենդանիներ կը շինէր
ծայրը թել մը կը կապես, ուր որ քաշես կ՚երթայ։

Օր մըն ալ շինարարութեան հարցը մեծցաւ,
պարտէզին այն անկիւնը որ ամբողջ օրը
նոր արեւ մը կը փալփլէր
երկու պտղատու ծառերը կտրեց Տային,
մէկ շաբաթ սուսիկ-փուսիկ միսմինակը
աստիճան ելաւ իջաւ, յատուկ հող բերաւ.
թելով ցանկապատ, փայտեր փայտիկներ
Ճիշդ եօթ մեթր երկայնք, երեք մեթր լայնք՝
հաւնո՜ց մը շինեց։
Ծածկուած երդիք, երկու ննջարան
մէկը հաւերուն եւ անոնց աքլորին արքայ,
միւսը՝ պուճուճիկ ճուտիկներուն.
քանի մը յարկի վրայ
ամէն մէկը իր սեփական թառը ունէր։
Դիմացի անկիւնը, ծառի շուքին տակ
երկու բազմոց դրաւ՝ հաւկիթ ածելու.
Այդ մեծ բակինմէջ ամբողջ օրը
քջուջ կ՚ընէին հաւազգիները։

Իսկ եաւրուներուն համար՝ ցանցաթելէն դուրս
երկար կոճղ մը պառկեցուց, ուր Կիրակի օրերը
թռվռուն թռչուններու պէս քով քովի փակած
մենք՝ գերդաստանին տասը աղջիկները
– միայն եղբայրս կար արու,-
հաւնոցին բնակիչներուն զբօսնուլը կը դիտէինք։
Ժամր ճիշդ չորսին դրան կղպանքը քակելով
Մեծմաման ոտք կը դնէր անոնց թաղը
բուռբուռ կը ցանէր թէ՛ կերը, թէ՛ փաղաքշանքները։

Այդ պահուն է որ տրամը կը սկսէր.
կոկոզավիզ աքլորը հանդիսաւոր քայլերով
կ՚ուղղուէր սփռուած կերին քով,
Վա՜յ որ քանի մը անօթի հաւեր
համարձակէին հետեւիլ
աքլորը իսկոյն ետեւ կը դառնար խժալուր մռլտոցով
պիտի յարձակէ՛ր եթէ անմիջապէս չնահանջէին։
Ինչպէ՞ս չէին սորված մինչեւ հիմա
Իրեն կրնար ընկերակցիլ միա՛յն այն հաւը,
որուն Ստեփան Տային մկրտած էր Մայր Հաւ։
Ուրիշը չկար. աքլորին ընտրեալը Մայր Հաւն էր միայն։

Իր երկար հասակով մեր ետեւը կանգնած Տային
կը բացատրէր թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ
բակին մէջ,
-կարծես ֆութպոլի խաղ կար -կը մեկնաբանէր
ո՛վ քիւսմիւշ եղեր է, ո՛վ շատակեր է,
ով միւսին ի՛նչ կ՚ըսէ,
ո՛վ է զաւալլըն, ո՛վ է մանչ-աղջիկը.
Մինչ այդ գոռոզ խորոզը կտուցը իջեցնելով հանելով կը ճաշակէր
Կշտանալուն պէս անդին կը կենար,
Մայր հաւուն տեղ կը բանար. ան ալ երբ յագենար
օրօր-շորոր քով-քովի՝ կը հեռանային։
Հերթը կը հասնէր միւս հաւիկներուն,
ճուտիկներով շրջապատուած
կը սկսէին կըտկըտ ընել, մեծմայրս նորէն կորեկ կը ցանէր։
Այն ատեն Թի Վի իսկ չկար, բայց Տայի՜ն կար
ուզէինք անգամ՝ չէինք կրնար ձանձրանալ,
Մեծերուն խօսակցութեան ներկայ չէինք կրնար ըլլալ,
սակայն Տային, օհօ՜, ինչե՜ր կը պատմէր.
հաւատալիք չէր բայց կը հաւատայինք.
Աչքերէն յայտնի է որ ամէն բան գիտէր։
Գիտէր թէ աքլորը ճուտիկներուն ձայնին չէր դիմանար
բայց պարտականութեան գիտակից էր,
պահակի պէս կը կենար կը հսկէր
Ի՛նչ կանցնի կը դառնայ իր հաւնոցէն ներս.
Լաւ որ ուրիշ աքլոր մըն ալ չկար
եթէ փորձեր նայիլ Մայր Հաւուն՝ անոր վերջը կուգար.
Զորպազ է, աման ի՜նչ զորպա՜զ է, կ՚ըսէր Տային։

Օր մըն ալ – այստեղ «չարաբաստիկ» բառը պէտք է գործածեմ –
թաղին շէնքերուն կչկչուն հաւիկները լռեցին,
համաճարակ հասած էր կենդանական աշխարհին։
Մեր հաւնոցին մէջ ամէն օր հաւիկ մը վիզը գետին դրաւ,
շունչը կտրեցաւ։
Մեռան մէկիկ մէկիկ,
յետոյ վայրըսը հասաւ աքլորին
ան ալ խորունկ շունչ փչեց, ոտքերը օդը տնկեց։
Բազմահաւ աւանին մէջ ո՞վ մնաց. Մայր Հա՛ւը մնաց։
Միս-մինակը, գդակը դեռ գլուխը.
այլեւս հաւկիթ չածեց
կ՚երթեւեկէր դանդաղ, յաճախ իր խուցն էր,
Ձեռքէն գար՝ յուշերը պիտի գրէ՜ր ու գրէր։
«Հէլպէթ տէ պիտի ապրէր Մայր Հաւը.
այդ հաւը ապրեցաւ որովհետեւ շա՜տ սիրուած էր,
թագուհիի պէս ապրած էր,
անիկա սէ՜՜՜ր տեսած էր. միւսներուն պէս չիւրիկ չէր»։
«Ամէն ինչ բախտ է», կ՚ըսէր Թագու նէնէն։
«Դուն կեանքէն բան չես հասկնար, Թագուհի՛,
Աս հաւը սիրտը զովացած, հանգի՜ստ կեանք ունեցած է
Րահմէթլիք խորոզը ասոր շատ սիրած է»։

Այս ամէնը ինչպէ՞ս պիտի յիշէի մանաւանդ հիմա։
եթէ Մայր հաւը չապրէր։
Ան դարձեալ գոգէթ-գոգէթ պտըտեցաւ
ընկերուհիները կը շրջապատէին զինք,
Վեց ճուտիկ ունէր
ամենէն առաջ ի՛ր ճուտիկները մեռան.
Միւս ճուտերուն հոգ տարաւ,
անոնք ալ ճստիկ-պստիկ հողին փռուեցան.
մնացին ողորմելի մայրերը, կարգը անոնց հասաւ.
Համաճարակին դէմ ճար չկար,
ճարակեց բոլոր թռչնազգիները։

Մայր Հաւը երբեք չխեղճացաւ, միայն միայնակ մնաց.
Քալած ատեն պահ մը ինծի կը նայէր
Կ՚ակնկալէր որ նկարագրեմ իր գերդաստանին կորուստը։
«Խաղաղ կեանք ունէինք, ինքնաբաւ էինք,
մեր միսը կ՚ուտէիք, դեռ հաւկիթ կը հայթայթէինք
դուռ-դրացիի հետ հարց չունէինք,
ինչո՞ւ անարդար է կեանքը։
Ես ինչպէ՞ս ապրիմ առանց աքլորիս»։

Եւ օր մը յանկարծ – չարաբաստիկ-ը նորէն պէտք է հոս –
Ութ թաթով աղէտ մը ուրկէ՛ց-ուր հասաւ, ծանրացաւ
Յաւերժահարս, կենսուրախ Լիբանանի վրայ.
Լիբանանը պէտք է քանդուէր որ տարբեր շինուէր,
Ո՛չ, Լիբանանը պէտք է անաղարտ մնար ու ծաղկէր,
Ամէն կռուող ինքզինք Լիբանանի տէրն ու տիրակալը
կը կարծէր։
Դուրսէն՝ երկիրներ գիշատիչի պէս աչքերնին լարեր էին
շող ու շաղի մէջ ապրած շքեղ գեղուհիին։
Ռումբերուն որոտը, զէնքերուն բազմազանութիւնը,
Պողոտաներն ու շէնքերը ծակոտկէն եղան
դուռ-պատուհանները բաց ու լերկ մնացին։
Եղաւ-չեղաւ՝ մեր հաւնո՜ցն ալ փլաւ, դղեա՛կն ալ փլաւ
Եեղեցիները համրացան
ինքնաշարժները այրեցան
խանութները թալանուեցան
ծառերը չորցան
որթատունկերը կքեցան
Տուներու հոգին ճզմուեցաւ
Եւ ցուպերը ճամբանին փոխեցին,
միայն հողը մնաց։ Վիրաւոր եւ անյաղթ։

Բայց Մայր Հաւը իր սուր բնազդին ապաւինած
պահուըտած է տեղ մը,
Աչուկները գոց՝ կը վերյիշէ իր երբեմնի կեանքը
-Այն՝ որ կարօտով, մանաւանդ այս օրերուն, ձեզի եւ ինծի պատմեցի։
Կը յուսայ մօտակայ օր մը արփետարափ հաւնոցը
դարձեալ շէննայ, նորոգուի, խնդութիւն հագուի։
Ան ուրկէ՛ գիտնայ
Թէ համաճարակով, պատերազմով կորսուած կեանքերը
ալ չեն երեւնար, կը գծուին միայն։
Արեւը իսկ կը փոխուի, կը մռայլի. ալ ցնծութիւն չմաղէր։

Բայց ինչ ալ ըլլայ՝ Մայր Հաւը կ՚ապրի՛,
Ես իր պահուըտած տեղը լա՜ւ գիտեմ։

ԱՄՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *